14.8 C
Yerevan

Դեբե­տի Լուսաւոր Փոխա­կերպումը

Հայկա­կան գիւղե­րու գլուխնե­րուն անէծքի նման կախուած, տարի­նե­րու անհո­գութեան ու անտարբե­րութեան պատճա­ռաւ գիւղա­ցի­նե­րու մօտ անյուսութեան զգա­ցում յառա­ջացնող դժուա­րութիւններն ու խոչընդոտնե­րը, որոնք մարդկա­յին իրաւունքնե­րու իսկ տեսա­կէ­տէն անընդունե­լի եւ դատա­պարտե­լի պէտք է ըլլան, ահա վերա­ցուե­լու ընթացքի մէջ են Դեբե­տի պարա­գա­յին եւ քանի մը տարիէն գրե­թէ վերջնա­կան տեսքով կ՝ունենանք ժամա­նա­կա­կից օրի­նա­կե­լի գիւղ մը։ 

Աբօ Պողկիեան

Դեպե­տի լուսաւոր փոխա­կերպման վկա­նե­րէն էի անցեալ Շաբաթ։ Սիվիլնեթի նկա­րա­հա­նող խումբին (Լուսի­նէ, Ժաննա եւ Տիգրան) հետ Լոռիի Դեպետ գիւղ գացի՝ նորո­գուած, ներո­ղութիւն, ժամա­նա­կա­կից, արդիա­կան տեսք ու բովանդա­կութիւն ստա­ցած գիւղա­պե­տա­րա­նի բացման հանդի­սութեան ներկայ ըլլա­լու։

Սիվիլնե­թի հետաքրքրութիւնը անշուշտ չէր կրնար սահմա­նա­փա­կուիլ գիւղա­պե­տա­րա­նի բացման պաշտօ­նա­կան արա­րո­ղութեամբ։ Պէտք էր աւե­լի ընդգրկուն պատկեր մը ներկա­յացնել գիւղի ընդհա­նուր փոխա­կերպման, 21րդ դարու համա­պա­տասխան համայնքի վերա­ծուե­լու գործընթա­ցը, որ դժբա­խա­տա­բար կ՝ընթանար յայտնի ու անյայտ խոչընդոտներ յաղթա­հա­րե­լու լարումնե­րով։

Այո, գիւղա­պե­տա­րա­նը կը փայլէր, սակայն՝ լոյսը այդ ժամե­րուն անջա­տուած էր։ Ամբողջ գիւղը լոյս չունէր։ Բացման հանդի­սութիւնը կազմա­կերպողնե­րը անյարմար կը զգա­յին, բայց, անշուշտ, իրենց ձեռքէն դուրս էր։ 

Գիւղը նաեւ խմե­լու ջուր չունի, ճանա­պարհնե­րը գրե­թէ անանցա­նե­լի։ Գիւղի մուտքին կառուցուած եւ արդէն գործող «Սմարթ» կեդրո­նը շուտով համա­կողմա­նի զարգացման խոստումի վկա­յութիւնն է, իսկ Հայաստա­նի Մանուկներ (COAF)բարեգործական հիմնարկութեան պատասխա­նա­տունե­րու եւ իրենց հետ գործակցող՝ գիւղա­պե­տա­րա­նի վճռա­կա­նութիւնը երաշխիքն է, որ մինչեւ 2025 ենթա­կա­ռուցուածքա­յին հիմնա­կան խնդիրնե­րը կը լուծուին։ Օրի­նակ, աշխա­տանք կը տարուի ելեկտրա­կան կայա­նը ուժե­ղա­ցա­նե­լու, գիւղի մուտքի ճանա­պարհը միջազգա­յին կազմա­կերպութեան մը ծախսե­րով սկսած են ասֆալթա­պա­տել, Հայաստա­նի Մանուկներ հիմնադրա­մի միջոցնե­րով գիւղի ներքին ճանա­պարհնե­րը պիտի ասֆալթա­պա­տուին, դպրոց ու մանկա­պարտէզ պիտի վերա­կա­ռուցուին, գիւղա­պե­տա­րա­նը, գիւղա­պետ Աշոտ Ղազա­րեա­նի գլխաւո­րութեամբ, կը կատա­րէ գիւղի ջուրի հարցը լուծե­լու եւ 25 քիլո­մեթր հեռուէն ջուր բերե­լու աշխա­տանքը, որ 80 տոկո­սով իրա­կա­նա­ցած է։

Հայկա­կան գիւղե­րու գլուխնե­րուն անէծքի նման կախուած, տարի­նե­րու անհո­գութեան ու անտարբե­րութեան պատճա­ռաւ գիւղա­ցի­նե­րու մօտ անյուսութեան զգա­ցում յառա­ջացնող դժուա­րութիւններն ու խոչընդոտնե­րը, որոնք մարդկա­յին իրաւունքնե­րու իսկ տեսա­կէ­տէն անընդունե­լի եւ դատա­պարտե­լի պէտք է ըլլան, ահա վերա­ցուե­լու ընթացքի մէջ են Դեբե­տի պարա­գա­յին եւ քանի մը տարիէն գրե­թէ վերջնա­կան տեսքով կ՝ունենանք ժամա­նա­կա­կից օրի­նա­կե­լի գիւղ մը։ 

 Հապա մի՞ւս գիւղե­րը։

Գիւղե­րու, բոլոր գիւղե­րու մէջ համընդհա­նուր զարգացման միջոցներ եւ ծրա­գիրներ իրա­կա­նացնե­լու պարտաւո­րութիւնն ու պատասխա­նա­տուութիւնը անշուշտ պետութեան վրայ կ՝իյնայ։ Պիւտճէի սահմա­նա­փա­կութիւնը միշտ եղած է պատրուակ ոչինչ ընե­լու։ Որոշ բարե­լաւման ուրուա­գի­ծը կ՝երեւի ու յոյսով ենք, որ թէ գիւղա­ցի­նե­րու ցոյց տրուած աջակցութեան աճով եւ  գիւղե­րու ենթա­կա­ռուցածքնե­րը բարե­կարգե­լու ծրա­գիրնե­րը աւե­լի արագ թափով կ՝ընթանան եւ գիւղե­րը կը դառնան աւե­լի արժա­նա­պա­տուօ­րէն ապրե­լու, երի­տա­սարդը հողին կապող բոլոր հմայքնե­րով, աշխա­տանքով ապա­հո­վող վայրեր։ Մինչ այդ, Հայաստա­նի մանուկներ հիմնադրա­մի օրի­նա­կով օրի­նա­կե­լի գիւղեր ստեղծե­լու ծրագրին կրնան լծուիլ նաեւ այլ մեծ հիմնադրամներ, գործե­լով Հայաստա­նի ու Արցա­խի տարբեր շրջաննե­րու մէջ։

Դեբե­տի պարա­գա­յին, հիմնադրա­մի պատասխանտունե­րէն Կորիւն Խաչատրեան կը վստա­հեցնէ, որ զարգացման ծրագրին մէջ պիտի ներգրաւուին նաեւ հարեւան գիւղե­րը, որոնց գիւղա­պետներն ալ ներկայ էին բացման հանդի­սութեան։ Բնա­կան պարտադրանք մըն է ատի­կա։ Գիւղը մնա­ցեալ շրջաննե­րէն կղզիա­ցած, առանձնա­ցած տեղ մը չէ։ Հարեւան գիւղե­րու հետ կենդա­նի կապեր կան, պիտի աւելնան, մանաւանդ երբ բարձր մակարդա­կով դպրոց պիտի կառուցուի, որուն բարիքնե­րէն միւս գիւղե­րու երե­խա­նե­րը չեն կրնար չօգտուիլ։ Հարեւան Դսե­ղի մէջ արդէն կը մշա­կուի առողջա­պա­հա­կան արդիա­կան կեդրո­նի մը ծրա­գի­րը՝ ամբողջ շրջա­նի համար, գիւղե­րը իրա­րու եւ շրջա­նի կեդրոննե­րուն կապե­լու հաղորդակցութեան միջոցներ պիտի գործեն։

Սիվիլնե­թի խումբը դիմաւո­րեց Լիբա­նան ծնած, Եւրո­պա ապրած ու ուսա­նած Պետօ Տեմիրճեա­նը, որուն հետ մեր խումբը շրջե­ցաւ Դեպե­տի թաղե­րը, աչքով տեսաւ իրա­կա­նա­ցած աշխա­տանքնե­րը, լսեց նոր ծրա­գիրնե­րու մասին։ Օրուան վերջաւո­րութեան, առիթ ունե­ցայ առանձին խօսե­լու Պետո­յին հետ։ Յոգնած ու սպա­ռած էր, սակայն իր պարզա­գոյն բառե­րով, զաւա­կին՝ փոքրիկն Շանթ Ռուբէ­նին մազե­րը շոյե­լով, ինծի փոխանցեց ամբողջա­կան բաւա­րա­րութեամբ հայրե­նի­քի մէջ աշխա­տե­լու զգայնութիւնը։  

 Սիվիլնեթ կը վերա­դառնայ Դեբետ եւ մեզ հետեւողնե­րուն կը փոխանցէ աշխա­տանքնե­րու ընթացքը։

Առնչվող Հոդվածներ