Երկու անձնական շփումներ ընկեր Աբոյին հետ կը մնան խարսխուած յիշողութեանս մէջ։ Երկուքն ալ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենատաք օրերուն։
Յարութ Գալայճեան
Կազմակերպական կեանքին մէջ անփոխարինելի մարդ չկայ. բայց կան շատ քիչեր, որոնք իրենց պահուածքի տեսակով, ճիշդ անձը ճիշդ գործին մէջ տեղադրելու ընդունակութեամբ, իրենց ուրուականային գործին պարտադրանքով համապատասխան ապրելակերպ որդեգրելու անշե՜ղ կտրուածքով, իրենց «ճարտարապետանման գործ»ի ընթացքին եւ անկէ դուրս հազուադէպօրէն երեւալու եւ նոյնքան աւելի պակաս արտայայտուելու խորհրդաւոր զսպուածութեամբ, իրենց ակնթարթային անզուգական ժպիտովկամ այլ սեղմ արտայայտութեամբ դիմացինին շատ բան փոխանցելու եւ միաժամանակ այդ փոխանցուածը անոր յիշողութեան մէջ արգելափակելու տաղանդականութեամբ եւ վերջապէս ու մանաւանդ՝ նպատակի ամբողջական իրականացման համար մահուան սպառնալու պատրաստուածութեամբ եւ այլ մասնաւորներու հոգիներուն մէջհաւասարակշռուած ու նպատակասլաց կրակը ներմուծելու վարպետութեամբ կը մնան ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ։
Այդ բոլորի գումարն էր ԸՆԿԵՐ ԱԲՈՆ։
Երկու անձնական շփումներ ընկեր Աբոյին հետ կը մնան խարսխուած յիշողութեանս մէջ։ Երկուքն ալ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենատաք օրերուն։
Մին՝ 1979-ին. իսկ միւսը՝ քանի մը տարի ետք։
Առաջինի մասին չեմ կրնար գրել. բայց կրնամ ըսել՝ որ ԿԿ-ի Գործավարն էի ու ան ամէն շաբաթական նիստինկը հասնէր Երեւանեան Ակումբ, ժողովի ժամէն քանի մը վայրկեան կանուխ, միայնակ կը կտրէր Թապարիսի վտանգաւոր սահմանագիծը ու երբ կը հասնէր ակումբ կը գրաւէր ժողովասրահի դրան մօտ գտնուող վերջին աթոռը եւ շատ ուշադիր կը հետեւէր ժողովի ընթացքին ընդհանրապէս ոչ մէկ բառ ըսելով բայց միշտ ալ ժողովի ընթացքին վրայ իր ներկայութիւնը զգացնելով։
Երկրորդը՝ հանդիպում մըն էր, որ ունեցայ Պուրճ Համուտի ընկեր Աբոյի աշխատանոցին մէջ՝ երբ Ազգային Խորհուրդի տնօրէն էի ու գացած էի իր մօտ զեկուցելու համար ժողովրդային ամսական դրամահաւաքի գանձիչներու պատասխանատու ընկերոջ մասին, որ դժգոհ ըլլալով գանձիչի մը արարքին նկատմամբ առած իմ կարգապահական որոշումէս՝ հեռացած էր իր գրասենեակէն ու քանի մօր արդէն կը մերժէր ներկայանալ իր առօրեայ աշխատանքին։
Ընկեր Աբոն իր ակնթարթային ժպիտով պատասխանեց բարեւիս եւ իր իր սեղանին ետեւ շարունակեց մեծ կաշին ձեւելու եւ կտրելու աշխատանքը միաժամանակ ունկնդրելով զեկուցումս, որուն աւարտէն անմիջապէս ետք վերցուց հեռախօս-ընկալուչը եւ ձայնեց խնդրոյ առարկայ ընկերոջ։ Շնորհակալութիւն յայտնեցի ու ինք պատասխանեց նոյն ժպիտով։
Երբ Ազգային Խորհուրդ հասայ՝ գանձիչներու պատասխանատուն իր գրասեղանին ետեւ նստած էր։
Երկար տարիներ ետք, գուցէ քանի մը սերունդ ետք, հայ ժողովուրդը շատ բան պիտի իմանայ ԱԲՈՅԱԿԱՆ անկրկնելի վաստակի մասին. վաստակ մը, որ նուիրաբերուեցաւ լիբանահայութեան ֆիզիքական գոյութեան պահպանման եւ Հայ Դատի կրակը անմար պահելու սրբազան գործին համար։
Կեցցեք