16.2 C
Yerevan

Լիբա­նա­նի Հայե­րը Հայաստա­նի Կարիքն Ունեն

Հիմա նոյն այդ Լիբա­նա­նա­հա­յութիւնը ինքը կարի­քը ունի ազգի մնա­ցեալ տարրի զօրակցութեան։ Համազգա­յին ծրա­գիրնե­րու եւ ատոնցմէ բխող խրատնե­րու կարեւո­րութիւնը չանտե­սե­լով հանդերձ, այսօր անմի­ջա­կան ու սարսա­փե­լի աղէտ է որ կը դիմագրաւեն մեր հայրե­նա­կիցնե­րը։

Վիգէն Արշաւիր Յովսէ­փեան 

Լիբա­նա­նա­հա­յութեան այսօ­րուան վիճա­կին առնչուող երկու իրա­կա­նութիւններ կան, որոնք կը խորհիմ թէ անա­ռարկե­լի են:

Առա­ջին, Լիբա­նա­նի մէջ պարզուած ընկե­րա-տնտե­սա­կան իրա­վի­ճա­կը եւ անկէ բխող մարդա­սի­րա­կան տագնա­պը, աննա­խընթաց աղէտ մըն է որ օրէ օր կը զարգա­նայ։ Աղէտ, որուն իբր հետեւանք ոչ միայն ազգա­յին կեանքն ու հաստա­տութիւննե­րը կ՚անդամալուծուին, այլ անհատ հայե­րու օրուան հացի, դեղո­րայքի, եւ ամե­նա­տարրա­կան կարիքնե­րու գծով անմի­ջա­կան ճգնա­ժամ ստեղծուած է։ Նոյնիսկ Լիբա­նա­նեան քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմի ամե­նէ թէժ պահե­րուն, Լիբա­նանցի ժողո­վուրդը, ու այս պարա­գա­յին Լիբա­նա­նա­հա­յութիւնը նման իրա­վի­ճա­կի մէջ չէ գտնուած։ Սա ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՂԷՏ է։

Երկրորդ, ոչ ոք կրնայ կասկա­ծի տակ առնել տարի­նե­րու եւ տասնա­մեակնե­րու ընթացքին Լիբա­նա­նա­հա­յութեան ներդրումը համազգա­յին բոլոր կարիքնե­րու եւ նախա­ձեռնութիւննե­րու մէջ։ Լիբա­նա­նա­հա­յութիւնը հասած է բոլոր մեր ազգա­յին կարիքնե­րուն՝ Հայաստա­նէն ու Արցա­խէն, մինչեւ Սուրիա­հա­յութեան, Իրա­քա­հա­յութեան սպառնա­ցող կարիքնե­րուն, հասցուցած է մարդուժ, հասցուցած է նիւթա­կան օժանդա­կութիւն ու անվե­րա­պահ բարո­յա­կան զօրակցութիւն։

Հիմա նոյն այդ Լիբա­նա­նա­հա­յութիւնը ինքը կարի­քը ունի ազգի մնա­ցեալ տարրի զօրակցութեան։ Համազգա­յին ծրա­գիրնե­րու եւ ատոնցմէ բխող խրատնե­րու կարեւո­րութիւնը չանտե­սե­լով հանդերձ, այսօր անմի­ջա­կան ու սարսա­փե­լի աղէտ է որ կը դիմագրաւեն մեր հայրե­նա­կիցնե­րը։ Որքան ալ բարի նպա­տակնե­րով եղած, այսօր «Ելէք Հայաստան փոխադրուեցէք»ի կարգի խրատներ հարկաւոր չեն մեր քոյրե­րուն եւ եղբայրնե­րուն՝ այլ օրուան հացը եւ գոյա­տեւումի անմի­ջա­կան շունչը։ Մնա­ցա­ծը, հեռա­հար ծրա­գիրնե­րը՝ ապա­գա­յին ու իրենց կարգին։ Այսօր՝ հաց, դեղո­րայք, կեանք…

Հետեւա­բար, մենք բոլորս պահ մը եւս դուրս պիտի գանք մեր յարա­բե­րա­կան հանգիստէն, ու պիտի նուի­րա­բե­րենք մեր հայրե­նա­կիցնե­րուն հասնե­լու համար։ Բոլորս անխտիր, եթէ կ՚ըսենք թէ ՀԱՅ ենք։ Կարեւոր չէ թէ ինչքա­նով, կամ ո ՞ր հաստա­տուած եւ հեղի­նա­կաւոր կազմա­կերպութեան ճամբով կը նուի­րա­բե­րենք, միայն թէ նուի­րա­բե­րենք անմի­ջա­պէս։

Փափաքս է եւ կոչս — անշուշտ եթէ լսող կայ — որ Հայաստա­նի ժողո­վուրդը եւ մանաւանդ ՀՀ իշխա­նութիւննե­րը անմասն չի մնան Լիբա­նա­նա­հա­յութեան հասնե­լու հրա­մա­յա­կա­նէն։ Ինչ ալ ըլլան տարբեր տեսա­կի հիմնադրամնե­րու նպա­տակնե­րը, այսօր մարդա­սի­րա­կան աղէ­տի իրա­կա­նութիւննե­րը անմի­ջա­կան առաջնա­հերթութիւն մը կը պարտադրեն բոլո­րիս վրայ: Ազգը մէկ է, մանաւանդ անոր մէկ մասնի­կի կարի­քի պահուն։

Պէտք է հասնիլ Լիբա­նա­նա­հա­յութեան, պէտք է հասնիլ այսօր, պէտք է հասնիլ անմի­ջա­պէս եւ համազգա­յին տարո­ղութեամբ։


Viken Hovsepian

Առնչվող Հոդվածներ