Սփիւռք

ԿեցցԷ ՛Քննադատութիւնը

Անցեալէն թէ ներկայէն քանի՞ պարագայ կարելի է նշել, ուր քննադատութիւնը իր անմիջական արդիւնքը տուած ըլլայ քննադատուողին վրայ,– հազուադէպ, գրեթէ ոչ մէկ պարագայ,-:Մինչ հակառակին օրինակները ամէն ժամ կը վխտան մեր շուրջը: Որեւէ պահու բացէ’ք ֆէյսպուքը եւ տեսէ’ք:

Միհրան Քիւրտօղլեան

Քննադատութիւններու տարափով յատկանշուող մեր անմիջական շրջապատէն կամ անկէ դուրս կարելի՞ է արդեօք գտնել երկու-երեք օրինակ, որ ցոյց տայ, թէ նոյնիսկ արդար քննադատութիւնը առաջնորդած ըլլայ քննադատուողը իր «սխալը» ընդունելու կեցուածքին:
Ով գիտէ քանի անգամներ մենք ալ գտնուած ենք երկու վիճակներու մէջ. Քննադատելու եւ քննադատուելու:

Առաջին պարագային, հաւանաբար գերակայ զգացումով ունեցած ենք «յաղթանակ» մը արձանագրած ըլլալու ինքնագոհութիւնը, իսկ երկրորդին՝ մեր հպարտութեան մէջ վիրաւորուած՝ ստորակայ զգացումը համակած է մեզ եւ մղուած ենք ինքնապաշտպանութեան:
Մարդկային բնութեան անբաժանելի գիծը կը կազմէ հակազդելու մղումը: Որքան որ բնական կը թուի գործի կամ տեսակէտի մը յառաջացուցած քննադատութիւնը, նոյնքան եւ հակազդեցութեան բնական օրէնքով, տրամաբանական է պաշտպանութեան դիրքի վրայ մնալու քննադատուողին յամառութիւնը, կամ լաւագոյն պարագային՝ արդարացում-պատճառաբանութիւն որոնելու միջոցը:

Իրապէս. անցեալէն թէ ներկայէն քանի՞ պարագայ կարելի է նշել, ուր քննադատութիւնը իր անմիջական արդիւնքը տուած ըլլայ քննադատուողին վրայ,– հազուադէպ, գրեթէ ոչ մէկ պարագայ,–: Մինչ հակառակին օրինակները ամէն ժամ կը վխտան մեր շուրջը: Որեւէ պահու բացէ’ք ֆէյպսուքը եւ տեսէ’ք:

Բայց թողունք ֆէյսպուքը, ուր յաճախ յոխորտանքն ու հայհոյանքը շփոթուած են քննադատութեան հետ եւ ցոյց տանք երկու հանրածանօթ պատկերներ:
Նշանաւոր կանկսթեր Ալ Գաբոնէ, որ կը նկատուէր «ընկերութեան թիւ 1 թշնամին», ձերբակալութենէն ետք, ակնարկելով արգիլեալ խմիչքի ու բախտախաղի իր ապօրէն գործունէութեան, կը յայտարարէր. «Կեանքիս լաւագոյն տարիները վատնեցի մարդիկը հաճոյացնելու, անոնց օգնելու որ ուրախ պահեր ունենան առօրեայ դժուարութեանց մէջ, բայց փոխարէնը ստացայ հալածանք ու պարսաւանք…»:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտին, Ֆրանսան Հիթլերի բանակներուն յանձնող նախագահը՝ Ֆիլիփ Փեթեն, երբ կը դատապարտուէր իբրեւ հայրենիքի դաւաճան, ան կը շարունակէր մնալ իր համոզումին մէջ ու կը յայտարարէր. «իմ արարքներուս առաջնորդը Ֆրանսայի բարիքն էր ու շահը. Խիղճս հանդարտ է…»:

Ահա պատահական, բայց ցցուն երկու պարագաները անձերու, որոնք ընկերութենէ մեկուսացած ու դատարանէ խարանուած յանցանքը իրենց ճակտին՝ չէին ընդուներ, որ սխալ գործած են:
Մարդիկ չե՞ն անդրադառնար, որ այս այսպէս է:

Կ’անդրադառնան, բայց կը շարունակեն քննադատել:
Գիտութեան յառաջընթացի ներկայ փուլն իսկ ոչ միայն չէ չափաւորած մարդոց քննադատելու եռանդը, այլ ընդհակառակն՝ աւելի բորբոքած է զայն ու թափ տուած անոր: Աչք մը նետենք մեր շուրջը. ամէնուրեք գերիշխողը բորբոքած ոճով քննադատութիւնն է:

Պետութիւններ քննադատութիւնը կ’ընեն դաշնակից թէ թշնամի պետութիւններուն, կուսակցութիւններ՝ կուսակցութիւններուն, միեւնոյն կուսակցութեան անդամներ՝ իրենց կուսակիցներուն, գործաւորներ՝ գործատէրերուն, քաղաքացիներ՝ կառավարութիւններուն, պատգամաւորներ՝ գործընկեր պատգամաւորներուն եւ այսպէս կեանքի անիւը կը դառնայ ու կ’առաջամղուի քննադատութեամբ, բոլոր մարզերու մէջ եւ բոլոր մակարդակներու վրայ:
Կ’եզրակացուի ուրեմն, որ մարդկային մտածողութիւնը իր սնունդը եւ ուժականութիւնը կ’առնէ քննադատութենէն եւ այդ ուժականութիւնը կը սպառէ…քննադատութեամբ:
Եւ որքան շատ սպառէ, այնքան աւելի ուժ կ’ամբարէ: Զարտուղի պարագայ, ուր սպառումը ոչ միայն չի պակսեցնէր պաշարը, այլ ընդհակառակն. նոր կուտակում կը բերէ մտքի ու դատումի հարստութեան:

Ուրեմն, կեցցէ’ քննադատութիւնը:

Սակայն զգո՜յշ. Քննադատութիւնն ալ ունի իր ծուղակը, որուն մէջ ինկողը կ’աղքատանայ եւ ուժաքամ կը դառնայ:

Անշուշտ…մտքով:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *