16.2 C
Yerevan

Բարձր Նշա­ձո­ղե­րէն Հեռա­նա­լու Պահը

Յունի­սի ընտրութիւննե­րու նախօ­րէին 1–2 տոկոս վարկա­նիշ ապա­հո­ված Դաշնակցութեան համար, այսօր խորհրդա­րա­նին մէջ 12 կուսակցա­կան պատգա­մաւորներ եւ խորհրդա­րա­նի փոխնա­խա­գահ մը ունե­նա­լը, ոմանք քաղա­քա­կան հանճա­րութեան կրնան վերագրել: Այլ հարց է, անշուշտ, որ իբրեւ կուսակցութիւն՝ քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան կապի­տուլա­ցիա­յի (անձնա­տուութեան) ինչ սուղ գին վճա­րած ենք ատոր համար:

Արման Պաղտո­յեան

Հայաստա­նի Ազգա­յին ժողո­վի 8րդ գումարման առա­ջին նստաշրջա­նին, ընդդի­մութեան եւ իշխա­նա­կան կողմե­րուն միջեւ հնչած փոխա­դարձ մեղադրանքի, ծանրակշիռ ամբաստա­նութիւննե­րու եւ վիրաւո­րանքնե­րու տարա­փէն պարզ կը դառնայ, որ անի­մաստ է քաղա­քա­կան որեւէ բովանդա­կա­լից բան ակնկա­լել: Շուրջ երեք շաբաթնե­րու վրայ երկա­րած նստաշրջա­նը, իրա­կա­նութեան մէջ, մինիա­թիւրն (մանրանկա­րը) էր ապա­քա­ղա­քա­կա­նա­ցած այն մթնո­լորտին, որ շուրջ երեք տարիէ ի վեր կը տիրէ երկրին մէջ:

Եթէ քաղա­քա­կա­նութիւն ըսուա­ծը երկրին, պետութեան եւ ժողո­վուրդին ծառա­յե­լու արուեստն է, ապա այս խորհրդա­րա­նը, իր ընդդի­մա­դիր եւ իշխա­նա­կան ուժե­րու համա­տե­ղումով, ըստ երեւոյթին, դեռ երկար ճանա­պարհ ունի կտրե­լիք այդ արուեստը իւրացնե­լու ընդունա­կութիւնը ձեռք բերե­լու համար: Գործնա­կան առումով, առայժմ իրա­տե­սա­կան չի թուիր ըլլալ գաղա­փա­րը՝ որ խորհրդա­րա­նին մէջ ներկա­յա­ցուած կողմե­րը որեւէ բանով կարե­լի է կամրջել: Այլ հարց է, թէ քաղա­քա­կան կեանքի մէջ այսօ­րուան անի­րա­տե­սա­կա­նը վաղը կրնայ իրա­կա­նութիւն դառնալ եւ կամուրջներ արձա­կել քանի մը ուղղութիւննե­րով: Բայց անի­կա քաղա­քա­կան կեանքին մէջ այդպէս է եւ ոչ՝ կրկէ­սի:

Առայժմ մեր գործը կրկէ­սի հետ է. չնա­յած որ երկի­րը տագնա­պեցնող ճգնա­ժա­մե­րը առաւել քան բաւա­րար են լրջա­խո­հութիւն պարտադրե­լու ազգի պատգա­մաւորնե­րուն:

Դժբախտա­բար, այդքան խզուած է կապը երկրի կենդա­նի իրա­կա­նութեան եւ անլուրջ ու անպա­տասխա­նա­տու ելոյթնե­րով յագե­ցած խորհրդա­րա­նին միջեւ: Եւ ասի­կա, դեռ չհա­սած՝ «օր ու արեւ չտեսնե­լու» պահուն:

Ինչպէս ըսինք, Ազգա­յին ժողո­վի յարկին տակ պարզուած պատկե­րը չի զարմացներ: Եթէ ինչ որ առումով հասկնա­լի էր մինչեւ երէկ, արտա­հերթ ընտրութիւննե­րու նախօ­րէին, երկուստեք հնչած ամբաստա­նութիւննե­րու, մեղադրանքնե­րու եւ վիրաւո­րանքի հռե­տո­րա­բա­նութիւնը գործի դնե­լու տրա­մա­բա­նութիւնը, հիմա որ ընտրութիւննե­րը աւարտած են՝ այդ նոյն հռե­տո­րա­բա­նութեան հոլո­վումը խորհրդա­րա­նին մէջ ճիշդ ինչի կը ծառա­յէ՝ հասկնա­լի չէ:

Անցնող երեք տարի­նե­րուն եւ մինչեւ Յունի­սի արտա­հերթ ընտրութիւննե­րը իշխա­նութեան հասած ուժի հռե­տո­րա­բա­նութիւնը, որուն հիմքը նախկին իշխա­նաւորնե­րու քրէա­կան վարքը ձաղկե­լը եւ այսօ­րուան իրա­վի­ճա­կին պատասխա­նա­տուութեան մեծ մասը անոնց ուսե­րուն բարդելն է, խորքին մէջ իշխա­նութիւն պահե­լու քարոզչա­կան միջո­ցի վերա­ծուե­լէն անդին շատ բանի չծա­ռա­յեց:

Երեք տարին անցաւ եւ այդպէս նախորդ խորհրդա­րա­նը, ինչպէս խոստա­ցուած էր, չկրցաւ յստակ քաղա­քա­կան գնա­հա­տա­կան տալ վերջին 25 տարի­նե­րուն իշխա­նութեան եկած ուժե­րու ըրա­ծին եւ չըրա­ծին մասին: Իսկ այժմ, երբ արտա­հերթ ընտրութիւննե­րը մեր ետին են, եւ 2018ին իշխա­նութեան եկած ուժե­րը կը շարունա­կեն մնալ երկրի ղեկին, ինչի կը ծառա­յէ նոյն յանկերգի շարունա­կութիւնը՝ յստակ չէ:

Յետ ընտրութեան իրա­կա­նութեան, այսինքն՝ իշխա­նութեան ղեկին ինքզինք չտեսնե­լու իրա­կա­նութեան հետ հաշտուե­լու դժուա­րութեան բարդոյթը կ՛ապրի նախկին իշխա­նաւորնե­րու համախմբումով կազմուած ընդդի­մութիւնը: Այս բարդոյթը ասոնց համար նոր հոգե­վի­ճակ չէ անշուշտ: Մինչեւ 2018ի Գարունը, երկրի իշխա­նութիւնը, այլեւ երկի­րը ամբողջութեամբ իրենց մենաշնորհը համա­րած այս ուժե­րուն համար անհաշտուե­լի իրա­կա­նութիւն էր ինքնին երկրի իշխա­նութիւնը կորսնցնե­լու փաստը, անկախ այն իրո­ղութե­նէն, թէ ո՛ր ուժն էր ժողովրդա­յին ըմբոստութեան ճամբով իշխա­նութեան եկո­ղը: 

Անցնող երեք տարի­նե­րուն, Հայաստա­նի քաղա­քա­կան կեանքին հետեւողնե­րու ուշադրութե­նէն չի վրի­պիր յետ ժողովրդա­յին շարժումին այս ընդդի­մա­դիր ուժե­րուն կողմէ հրա­պա­րակ նետուած քաղա­քա­կան հռե­տո­րա­բա­նութիւն մը, որուն «ազգա­յին գաղա­փա­րա­կան» խարիսխը նախորդ իշխա­նաւորնե­րու համախմբումով ձեւաւո­րուած «ազգա­յին» ուժե­րու պայքարն էր «ապազգա­յին» իշխա­նութիւննե­րուն դէմ: Պայքա­րի այս ենթա­հո­ղին վրայ ալ ժողովրդա­վա­րա­կան հասա­րա­կարգե­րու մէջ ընդունուած քաղա­քա­կան ընդդի­մութեան եւ անոր դերին դասա­կան հասկա­ցո­ղութե­նէն անդին անցնե­լով, «ազգա­յին» ուժե­րու ընդդի­մութիւնը սկսաւ զարգացնել քաղա­քա­կան հռե­տո­րա­բա­նութիւն մը, որ չէր բաւա­րա­րուէր իշխա­նութիւննե­րու թերա­ցումնե­րը կամ ձախո­ղութիւննե­րը քննա­դա­տե­լով, այլ ամէն առի­թի հարցա­կա­նի տակ կ՛առնէր իշխա­նութիւննե­րու ազգա­յին ինքնութիւնը եւ անոնց ազգա­յին պետա­կան շահ պաշտպա­նե­լու միտումնե­րը: Եւ այսպէս, քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան սնանկութեան մէջ տուայտող քրէաօ­լի­կարգնե­րուն համար «ազգային»ի խաղա­քարտը դարձաւ քաղա­քա­կան փրկութեան լաստ: Անցնող երեք տարի­նե­րուն, նոյն այս ընդդի­մութեան կողմէ հետեւո­ղա­կան եւ սիստե­մա­թիք աշխա­տանք տարուե­ցաւ զարկ տալու այս նոր հռե­տո­րա­բա­նութեան՝ երկրի բոլոր խնդիրնե­րը «ազգային»ի եւ «ապազգային»ի խոշո­րա­ցոյցին տակ զետե­ղե­լով: Ուսումնա­կան, ակա­դե­մա­կան, արուեստի, մարդու եւ կնոջ իրաւունքի, մանուկնե­րու դաստիա­րա­կութեան, եկե­ղեցւոյ, բանա­կին եւ հասնե­լով մինչեւ Արցա­խի եւ շրջա­նա­յին քաղա­քա­կա­նութեան խնդիրնե­րուն բռնասզբօ­սիկ հռե­տո­րա­կան շեշտադրումով տրուե­ցան «ազգա­յին» եւ «ապազգա­յին» երանգաւո­րումնե­րը, միշտ հարցա­կա­նի տակ առնե­լով իշխա­նութիւննե­րու ազգա­յին ինքնութիւնը: 

Օրըստօ­րէ զարգա­ցող այս հռե­տո­րա­բա­նութիւնը օրի­նա­չա­փօ­րէն ապրե­ցաւ նաեւ իր «ծաղկում»ը 44օրեայ պատե­րազմի աւարտին՝ իր մէջ ներա­ռե­լով «ազգա­դաւ», «հողա­տու», «կապի­տուլանտ» եւ նման գունաւոր ածա­կաններ: Եւ, բնա­կա­նա­բար, մինչեւ Ազգա­յին ժողո­վի 8րդ գումարման նստաշրջա­նը, այս հռե­տո­րա­բա­նութեան նշա­ձո­ղը այնքան բարձրա­ցուած էր քաղա­քա­կան խօսոյթին մէջ, որ անի­րա­տե­սա­կան էր ակնկա­լել, որ մարդիկ լրջա­նա­յին անգամ մը որ խորհրդա­րան մուտք գործէին:

Ի դէպ, այս բոլո­րին մէջ կայ հեգնա­կան իրա­կա­նութիւն մըն ալ, զոր կարե­լի չէ անտե­սել: Երէկ եւ այսօր «սեւ» ու «ճերմակ»ի բաժա­նա­րար պիտա­կաւո­րումներ դատա­պարտողնե­րը եւ մեղադրա­կան սլաքներ արձա­կողնե­րը այսօր դարձած են «ազգային»ի ու «ապազգային»ի բաժա­նա­րար լեզուն եւ տրա­մա­բա­նութիւնը գործա­ծողնե­րը, առանց գիտակցե­լու, որ նոյնքան եւ աւե­լի աղէ­տա­բեր է մեր ժողո­վուրդին համար «ազգային»ականներու եւ «ապազգային»ականներու միջեւ բաժա­նա­րար, շինծու եւ արհեստա­կան գիծեր ստեղծե­լը:

Պարզ է, որ արհեստա­կա­նօ­րէն ստեղծուած «ազգա­յին» եւ «ապազգա­յին» ճակա­տումին վրայ է, որ վարկա­բե­կուած նախկին իշխա­նաւորնե­րը դրած են իրենց քաղա­քա­կան վերա­կանգումի գրաւը: Առանց «ազգային»ի խաբուսիկ հանդերձանքին դժուար է պատկե­րացնել այս ուժե­րու քաղա­քա­կան վերա­կանգումը եւ իշխա­նութեան ղեկին վերա­դարձը, նոյնիսկ նիւթա­կան հսկա­յա­կան եւ այլ միջոցնե­րու առկա­յութեան պայմաննե­րուն մէջ:

Պէտք է հասկնալ, որ երէ­կուան վարկա­բե­կուած այս իշխա­նաւորնե­րը ո՛չ քաղա­քա­կան, ո՛չ գաղա­փա­րա­կան պատկա­ռե­լի ժառանգութիւն մը ունին ձգած իրենց ետին, ոչ ալ՝ բարո­յա­կան դրա­մագլուխ, որոնց վրայ յենե­լով կարե­նան իրենց քաղա­քա­կան վերա­կանգնումը ապա­հո­վել: Իշխա­նութիւնը կառուցո­ղա­կա­նօ­րէն քննա­դա­տե­լը կամ կառուցո­ղա­կան ընդդի­մութիւն ըլլա­լը անբա­րե­յոյս քաղա­քա­կան մարզանքներ են ասոնց համար: Հետեւա­բար, անհրա­ժեշտ է ստեղծել ներքին թշնա­մի­նե­րու, այս պարա­գա­յին «ապազգա­յին» թշնա­մի­նե­րու կերպարներ, որոնց դէմ ամէն տեսա­կի շահարկում, պայքա­րի ամէն եղա­նակ, քարոզչութեան մէջ ամէ­նէն նուաստա­ցուցիչ բառամթերքի գործա­ծութիւնն անգամ միանշա­նա­կօ­րէն արդա­րա­ցուած է:

Ահա իր այս էութեամբ պէտք է հասկնալ «ազգային»ի պատմուճան հագած, երբեմն նոյնիսկ յետա­դի­մա­կան ֆաշիզմ հոտող ազգայնա­կա­նութեան կերպա­րանքով ներկա­յա­ցող երէ­կուան աւա­զա­կա­պետնե­րուն կազմած քաղա­քա­կան ընդդի­մութիւնը:

Կասկած պէտք չէ ունե­նալ, որ 2018ին, ժողովրդա­յին շարժումի ալի­քով որեւէ այլ ուժի իշխա­նութեան գալու պարա­գա­յին ալ նախկին իշխա­նաւորնե­րու ընդդի­մութեան վերա­բերմունքը  տարբեր պիտի չըլլար։ «Ապազգա­յին» պիտի համա­րուէր եթէ նոյնիսկ Դաշնակցութիւնը ըլլար այդ ժողովրդա­յին շարժումի գլխուն: Անոր դաւա­նած ժողովրդա­վա­րութեան ետին արեւմտեան ուժե­րու միջամտութիւնը պիտի տեսնէին: Ընկե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան ամէն տեսա­կի կապանքնե­րէ մարդու ազա­տագրման, մարդկա­յին իրաւունքի պաշտպա­նութեան անոր դաւա­նած ընկերվա­րութեան ետին ազգն ու ընտա­նի­քը կործա­նող դաւադրութիւններ պիտի յայտա­րա­րէին: Կրօնքը անհա­տա­կան խիղճի հարց համա­րե­լու եւ յետա­դի­մա­կան փտած կղե­րա­կա­նութեան դէմ պայքա­րը մեր ազգա­յին արժե­հա­մա­կարգը ոտնա­կոխ ընե­լու ծրա­գիրներ պիտի հոլո­վէին:

Ընդդի­մա­դիր այս ուժե­րուն համար հարցը, ըստ էութեան, այնքան ալ եկող քաղա­քա­կան ուժի առա­քի­նութիւննե­րուն, որա­կա­կան յատկութիւննե­րուն կամ գաղա­փա­րա­կան ուղղութեան մասին չէ, որքան՝ անոր իշխա­նութեան հասնե­լու եւ զայն պահե­լու ձեւին կամ եղա­նա­կին: Վերջին հաշուով, այս ընդդի­մութիւնը ժողո­վուրդի կամքը արհա­մարհե­լու, ժողո­վուրդի իշխա­նութիւն յղացքը հեգնե­լու աւե­լի քան քսա­նա­մեայ պատմութիւն մը ունի իր ետին: 

Այս բոլո­րի խորա­պատկե­րին վրայ, աւե­լորդ է Դաշնակցութեան հայաստա­նեան կառոյցի վարքա­գի­ծին մասին երկար խօսի­լը: Ինչպէս երէկ, հանրա­պե­տա­կաննե­րուն հետ դաշինքի օրե­րուն վճռո­րոշ խօսք չունէր այդ կառոյցը օլի­կարգնե­րու ուժին եւ փողին առջեւ, այսօր ալ այդ իրա­կա­նութե­նէն շատ բան չէ փոխուած: Մինչեւ 20 Յունի­սի ընտրութիւննե­րու նախօ­րէին 1–2 տոկոս վարկա­նիշ ապա­հո­ված Դաշնակցութեան համար, այսօր խորհրդա­րա­նին մէջ 12 կուսակցա­կան պատգա­մաւորներ եւ խորհրդա­րա­նի փոխնա­խա­գահ մը ունե­նա­լը, ոմանք քաղա­քա­կան հանճա­րութեան կրնան վերագրել: Այլ հարց է, անշուշտ, որ իբրեւ կուսակցութիւն՝ քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան կապի­տուլա­ցիա­յի (անձնա­տուութեան) ինչ սուղ գին վճա­րած ենք ատոր համար:

Անցեա­լի հռե­տո­րա­բա­նութեան բարձր նշա­ձո­ղե­րէն հեռա­նա­լու, «օր ու արեւ» ցոյց չտա­լու անօ­գուտ փոփուլիստա­կան (ժողովրդա­հա­ճութեան) վարժանքնե­րէն հրա­ժա­րե­լու պահն է այսօր: Քաղա­քա­կան ուժե­րուն համար իշխա­նութիւն պահե­լու կամ քաղա­քա­կան վերա­կանգնում ապա­հո­վե­լու այլ ձեւեր չկան՝ բացի քաղա­քա­կա­նութեան արուեստին տիրա­նա­լու միջո­ցէն:

Աղբյուրը‘ Asbarez.am

Առնչվող Հոդվածներ