Սփիւռք

Բարձր Նշաձողերէն Հեռանալու Պահը

Յունիսի ընտրութիւններու նախօրէին 1-2 տոկոս վարկանիշ ապահոված Դաշնակցութեան համար, այսօր խորհրդարանին մէջ 12 կուսակցական պատգամաւորներ եւ խորհրդարանի փոխնախագահ մը ունենալը, ոմանք քաղաքական հանճարութեան կրնան վերագրել: Այլ հարց է, անշուշտ, որ իբրեւ կուսակցութիւն՝ քաղաքական եւ գաղափարական կապիտուլացիայի (անձնատուութեան) ինչ սուղ գին վճարած ենք ատոր համար:

Արման Պաղտոյեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի 8րդ գումարման առաջին նստաշրջանին, ընդդիմութեան եւ իշխանական կողմերուն միջեւ հնչած փոխադարձ մեղադրանքի, ծանրակշիռ ամբաստանութիւններու եւ վիրաւորանքներու տարափէն պարզ կը դառնայ, որ անիմաստ է քաղաքական որեւէ բովանդակալից բան ակնկալել: Շուրջ երեք շաբաթներու վրայ երկարած նստաշրջանը, իրականութեան մէջ, մինիաթիւրն (մանրանկարը) էր ապաքաղաքականացած այն մթնոլորտին, որ շուրջ երեք տարիէ ի վեր կը տիրէ երկրին մէջ:

Եթէ քաղաքականութիւն ըսուածը երկրին, պետութեան եւ ժողովուրդին ծառայելու արուեստն է, ապա այս խորհրդարանը, իր ընդդիմադիր եւ իշխանական ուժերու համատեղումով, ըստ երեւոյթին, դեռ երկար ճանապարհ ունի կտրելիք այդ արուեստը իւրացնելու ընդունակութիւնը ձեռք բերելու համար: Գործնական առումով, առայժմ իրատեսական չի թուիր ըլլալ գաղափարը՝ որ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կողմերը որեւէ բանով կարելի է կամրջել: Այլ հարց է, թէ քաղաքական կեանքի մէջ այսօրուան անիրատեսականը վաղը կրնայ իրականութիւն դառնալ եւ կամուրջներ արձակել քանի մը ուղղութիւններով: Բայց անիկա քաղաքական կեանքին մէջ այդպէս է եւ ոչ՝ կրկէսի:

Առայժմ մեր գործը կրկէսի հետ է. չնայած որ երկիրը տագնապեցնող ճգնաժամերը առաւել քան բաւարար են լրջախոհութիւն պարտադրելու ազգի պատգամաւորներուն:

Դժբախտաբար, այդքան խզուած է կապը երկրի կենդանի իրականութեան եւ անլուրջ ու անպատասխանատու ելոյթներով յագեցած խորհրդարանին միջեւ: Եւ ասիկա, դեռ չհասած՝ «օր ու արեւ չտեսնելու» պահուն:

Ինչպէս ըսինք, Ազգային ժողովի յարկին տակ պարզուած պատկերը չի զարմացներ: Եթէ ինչ որ առումով հասկնալի էր մինչեւ երէկ, արտահերթ ընտրութիւններու նախօրէին, երկուստեք հնչած ամբաստանութիւններու, մեղադրանքներու եւ վիրաւորանքի հռետորաբանութիւնը գործի դնելու տրամաբանութիւնը, հիմա որ ընտրութիւնները աւարտած են՝ այդ նոյն հռետորաբանութեան հոլովումը խորհրդարանին մէջ ճիշդ ինչի կը ծառայէ՝ հասկնալի չէ:

Անցնող երեք տարիներուն եւ մինչեւ Յունիսի արտահերթ ընտրութիւնները իշխանութեան հասած ուժի հռետորաբանութիւնը, որուն հիմքը նախկին իշխանաւորներու քրէական վարքը ձաղկելը եւ այսօրուան իրավիճակին պատասխանատուութեան մեծ մասը անոնց ուսերուն բարդելն է, խորքին մէջ իշխանութիւն պահելու քարոզչական միջոցի վերածուելէն անդին շատ բանի չծառայեց:

Երեք տարին անցաւ եւ այդպէս նախորդ խորհրդարանը, ինչպէս խոստացուած էր, չկրցաւ յստակ քաղաքական գնահատական տալ վերջին 25 տարիներուն իշխանութեան եկած ուժերու ըրածին եւ չըրածին մասին: Իսկ այժմ, երբ արտահերթ ընտրութիւնները մեր ետին են, եւ 2018ին իշխանութեան եկած ուժերը կը շարունակեն մնալ երկրի ղեկին, ինչի կը ծառայէ նոյն յանկերգի շարունակութիւնը՝ յստակ չէ:

Յետ ընտրութեան իրականութեան, այսինքն՝ իշխանութեան ղեկին ինքզինք չտեսնելու իրականութեան հետ հաշտուելու դժուարութեան բարդոյթը կ՛ապրի նախկին իշխանաւորներու համախմբումով կազմուած ընդդիմութիւնը: Այս բարդոյթը ասոնց համար նոր հոգեվիճակ չէ անշուշտ: Մինչեւ 2018ի Գարունը, երկրի իշխանութիւնը, այլեւ երկիրը ամբողջութեամբ իրենց մենաշնորհը համարած այս ուժերուն համար անհաշտուելի իրականութիւն էր ինքնին երկրի իշխանութիւնը կորսնցնելու փաստը, անկախ այն իրողութենէն, թէ ո՛ր ուժն էր ժողովրդային ըմբոստութեան ճամբով իշխանութեան եկողը: 

Անցնող երեք տարիներուն, Հայաստանի քաղաքական կեանքին հետեւողներու ուշադրութենէն չի վրիպիր յետ ժողովրդային շարժումին այս ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ հրապարակ նետուած քաղաքական հռետորաբանութիւն մը, որուն «ազգային գաղափարական» խարիսխը նախորդ իշխանաւորներու համախմբումով ձեւաւորուած «ազգային» ուժերու պայքարն էր «ապազգային» իշխանութիւններուն դէմ: Պայքարի այս ենթահողին վրայ ալ ժողովրդավարական հասարակարգերու մէջ ընդունուած քաղաքական ընդդիմութեան եւ անոր դերին դասական հասկացողութենէն անդին անցնելով, «ազգային» ուժերու ընդդիմութիւնը սկսաւ զարգացնել քաղաքական հռետորաբանութիւն մը, որ չէր բաւարարուէր իշխանութիւններու թերացումները կամ ձախողութիւնները քննադատելով, այլ ամէն առիթի հարցականի տակ կ՛առնէր իշխանութիւններու ազգային ինքնութիւնը եւ անոնց ազգային պետական շահ պաշտպանելու միտումները: Եւ այսպէս, քաղաքական եւ գաղափարական սնանկութեան մէջ տուայտող քրէաօլիկարգներուն համար «ազգային»ի խաղաքարտը դարձաւ քաղաքական փրկութեան լաստ: Անցնող երեք տարիներուն, նոյն այս ընդդիմութեան կողմէ հետեւողական եւ սիստեմաթիք աշխատանք տարուեցաւ զարկ տալու այս նոր հռետորաբանութեան՝ երկրի բոլոր խնդիրները «ազգային»ի եւ «ապազգային»ի խոշորացոյցին տակ զետեղելով: Ուսումնական, ակադեմական, արուեստի, մարդու եւ կնոջ իրաւունքի, մանուկներու դաստիարակութեան, եկեղեցւոյ, բանակին եւ հասնելով մինչեւ Արցախի եւ շրջանային քաղաքականութեան խնդիրներուն բռնասզբօսիկ հռետորական շեշտադրումով տրուեցան «ազգային» եւ «ապազգային» երանգաւորումները, միշտ հարցականի տակ առնելով իշխանութիւններու ազգային ինքնութիւնը: 

Օրըստօրէ զարգացող այս հռետորաբանութիւնը օրինաչափօրէն ապրեցաւ նաեւ իր «ծաղկում»ը 44օրեայ պատերազմի աւարտին՝ իր մէջ ներառելով «ազգադաւ», «հողատու», «կապիտուլանտ» եւ նման գունաւոր ածականներ: Եւ, բնականաբար, մինչեւ Ազգային ժողովի 8րդ գումարման նստաշրջանը, այս հռետորաբանութեան նշաձողը այնքան բարձրացուած էր քաղաքական խօսոյթին մէջ, որ անիրատեսական էր ակնկալել, որ մարդիկ լրջանային անգամ մը որ խորհրդարան մուտք գործէին:

Ի դէպ, այս բոլորին մէջ կայ հեգնական իրականութիւն մըն ալ, զոր կարելի չէ անտեսել: Երէկ եւ այսօր «սեւ» ու «ճերմակ»ի բաժանարար պիտակաւորումներ դատապարտողները եւ մեղադրական սլաքներ արձակողները այսօր դարձած են «ազգային»ի ու «ապազգային»ի բաժանարար լեզուն եւ տրամաբանութիւնը գործածողները, առանց գիտակցելու, որ նոյնքան եւ աւելի աղէտաբեր է մեր ժողովուրդին համար «ազգային»ականներու եւ «ապազգային»ականներու միջեւ բաժանարար, շինծու եւ արհեստական գիծեր ստեղծելը:

Պարզ է, որ արհեստականօրէն ստեղծուած «ազգային» եւ «ապազգային» ճակատումին վրայ է, որ վարկաբեկուած նախկին իշխանաւորները դրած են իրենց քաղաքական վերականգումի գրաւը: Առանց «ազգային»ի խաբուսիկ հանդերձանքին դժուար է պատկերացնել այս ուժերու քաղաքական վերականգումը եւ իշխանութեան ղեկին վերադարձը, նոյնիսկ նիւթական հսկայական եւ այլ միջոցներու առկայութեան պայմաններուն մէջ:

Պէտք է հասկնալ, որ երէկուան վարկաբեկուած այս իշխանաւորները ո՛չ քաղաքական, ո՛չ գաղափարական պատկառելի ժառանգութիւն մը ունին ձգած իրենց ետին, ոչ ալ՝ բարոյական դրամագլուխ, որոնց վրայ յենելով կարենան իրենց քաղաքական վերականգնումը ապահովել: Իշխանութիւնը կառուցողականօրէն քննադատելը կամ կառուցողական ընդդիմութիւն ըլլալը անբարեյոյս քաղաքական մարզանքներ են ասոնց համար: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ստեղծել ներքին թշնամիներու, այս պարագային «ապազգային» թշնամիներու կերպարներ, որոնց դէմ ամէն տեսակի շահարկում, պայքարի ամէն եղանակ, քարոզչութեան մէջ ամէնէն նուաստացուցիչ բառամթերքի գործածութիւնն անգամ միանշանակօրէն արդարացուած է:

Ահա իր այս էութեամբ պէտք է հասկնալ «ազգային»ի պատմուճան հագած, երբեմն նոյնիսկ յետադիմական ֆաշիզմ հոտող ազգայնականութեան կերպարանքով ներկայացող երէկուան աւազակապետներուն կազմած քաղաքական ընդդիմութիւնը:

Կասկած պէտք չէ ունենալ, որ 2018ին, ժողովրդային շարժումի ալիքով որեւէ այլ ուժի իշխանութեան գալու պարագային ալ նախկին իշխանաւորներու ընդդիմութեան վերաբերմունքը  տարբեր պիտի չըլլար։ «Ապազգային» պիտի համարուէր եթէ նոյնիսկ Դաշնակցութիւնը ըլլար այդ ժողովրդային շարժումի գլխուն: Անոր դաւանած ժողովրդավարութեան ետին արեւմտեան ուժերու միջամտութիւնը պիտի տեսնէին: Ընկերային եւ տնտեսական ամէն տեսակի կապանքներէ մարդու ազատագրման, մարդկային իրաւունքի պաշտպանութեան անոր դաւանած ընկերվարութեան ետին ազգն ու ընտանիքը կործանող դաւադրութիւններ պիտի յայտարարէին: Կրօնքը անհատական խիղճի հարց համարելու եւ յետադիմական փտած կղերականութեան դէմ պայքարը մեր ազգային արժեհամակարգը ոտնակոխ ընելու ծրագիրներ պիտի հոլովէին:

Ընդդիմադիր այս ուժերուն համար հարցը, ըստ էութեան, այնքան ալ եկող քաղաքական ուժի առաքինութիւններուն, որակական յատկութիւններուն կամ գաղափարական ուղղութեան մասին չէ, որքան՝ անոր իշխանութեան հասնելու եւ զայն պահելու ձեւին կամ եղանակին: Վերջին հաշուով, այս ընդդիմութիւնը ժողովուրդի կամքը արհամարհելու, ժողովուրդի իշխանութիւն յղացքը հեգնելու աւելի քան քսանամեայ պատմութիւն մը ունի իր ետին: 

Այս բոլորի խորապատկերին վրայ, աւելորդ է Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցի վարքագիծին մասին երկար խօսիլը: Ինչպէս երէկ, հանրապետականներուն հետ դաշինքի օրերուն վճռորոշ խօսք չունէր այդ կառոյցը օլիկարգներու ուժին եւ փողին առջեւ, այսօր ալ այդ իրականութենէն շատ բան չէ փոխուած: Մինչեւ 20 Յունիսի ընտրութիւններու նախօրէին 1-2 տոկոս վարկանիշ ապահոված Դաշնակցութեան համար, այսօր խորհրդարանին մէջ 12 կուսակցական պատգամաւորներ եւ խորհրդարանի փոխնախագահ մը ունենալը, ոմանք քաղաքական հանճարութեան կրնան վերագրել: Այլ հարց է, անշուշտ, որ իբրեւ կուսակցութիւն՝ քաղաքական եւ գաղափարական կապիտուլացիայի (անձնատուութեան) ինչ սուղ գին վճարած ենք ատոր համար:

Անցեալի հռետորաբանութեան բարձր նշաձողերէն հեռանալու, «օր ու արեւ» ցոյց չտալու անօգուտ փոփուլիստական (ժողովրդահաճութեան) վարժանքներէն հրաժարելու պահն է այսօր: Քաղաքական ուժերուն համար իշխանութիւն պահելու կամ քաղաքական վերականգնում ապահովելու այլ ձեւեր չկան՝ բացի քաղաքականութեան արուեստին տիրանալու միջոցէն:

Աղբյուրը` Asbarez.am

    

One Response to “Բարձր Նշաձողերէն Հեռանալու Պահը”

  1. Kevork parseghian Reply

    Ays oreroun ot ou churi chap anhrajeshd a ellal miasnagan nvirvel veraganknoghagan lourch askhadank kordsatrel tshnamou tem baykarelou

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *