20.4 C
Yerevan

Կը Փնտռուի․․․Օրակարգ

Բամբա­սանքի, զրպարտութեան եւ հայհո­յանքի տիղմին մէջ միայն խեղդա­մահ կրնան ըլլալ Գաղա­փա­րի եւ Բարո­յա­կա­նութեան պատմա­կերտ հունտե­րը։

Բարի լոյս

Երբ սպա­ռած են բամբա­սանքի, զրպարտութեան եւ հայհո­յանքի ամբո­խա­վա­րա­կան պաշարնե­րը

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ հայ քաղա­քա­կան մտքի վերաշխուժացման ուղին, այլեւ համա­հայկա­կան վերա­կանգնումի լոյսի ելքը որո­նող գաղա­փա­րա­կիր բոլոր զինուո­րագրեալնե­րուն, որոնք տակաւ կը փորձեն թօթա­փել բոլո­րիս մտքին, սրտին եւ խղճմտանքին վրայ ծանրօ­րէն նստած ՊԱՐՏԵԱԼ Ազգի եւ Հայրե­նի­քի, Ժողո­վուրդի եւ Պետութեան յուսալքումի ու անճար անձկութեան ԲԵՌը։

Բարի լոյս՝ Արցա­խեան Պահանջա­տի­րութեան ճակատնե­րուն վրայ արիւնա­քամ ինկած, անփո­խա­րի­նե­լի հայրե­նի հող կորսնցուցած, բայց այդուհանդերձ Հայ Դատի պայքա­րին առջեւ վերա­զարթնումի յոյսն ու հաւատքը վերարծարծե­լու Դրօ­շին նորո­վի՛ հաւա­տարմագրուած հայ քաղա­քա­կան մտքի բոլոր արթուն պահակնե­րուն, որոնք վերա­նո­րոգ թափով կ՚աշխատին մարտունակ շունչ եւ ոգի հասցնել Մեր Ուղին հարթե­լու համազգա­յին ԵՐԹին։

Մենք քակած ենք եւ մէկդի նետած ենք նահանջի բոլոր կամուրջնե­րը, ընկրկե­լու եւ ետ դառնա­լու բոլոր փորձութիւննե­րը յաղթա­հա­րուած են, աւելի՛ն՝ սպա­ռած են մէկ տարիէ ի վեր հայ քաղա­քա­կան միտքը ներքին արիւնա­հո­սութեան մատնած եւ ազգո­վին մեզ ջլա­տած բամբա­սանքի, զրպարտութեան եւ հայհո­յանքի ամբո­խա­վա­րա­կան բոլոր պաշարները։Ի վերջոյ բոլո­րով ապրե­ցանք ու տեսանք, թէ ինչպէ՜ս մեր ժողո­վուրդին անա­րիւն յեղա­փո­խութեան դէմ կեանքի կոչուե­ցաւ Ատե­լութեան Փողո­ցը, որ կրկէս մը դարձաւ Անձնա­կան Մրցա­պայքա­րի եւ որ յանգե­ցաւ Հայոց Ազգա­յին Ժողո­վը վարկազրկե­լու կոչուած Շիշեր Շպրտե­լու․․․ բեմա­հարթա­կի։

Բարի լոյս՝ մեր ժողո­վուրդին աչքե­րէն ամէն կարգի փականնե­րը պոկող ու պատռող եւ, բաց մտքով, վաղուան մեր պայծառ օրուան սեւե­ռե­լու զանգե­րը հնչեցնող հայ քաղա­քա­կան մտքի բոլոր երախտաւորնե­րուն, որոնք սեփա­կան փորձութիւննե­րը, մոլո­րանքը եւ ձեռնթա­փութիւննե­րը խոստո­վա­նե­լով ու յաղթա­հա­րե­լով՝ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺի մեր պաշարնե­րը կը մաքրաջրեն ու կը մաքրազտեն։

Բամբա­սանքի, զրպարտութեան եւ հայհո­յանքի տիղմին մէջ միայն խեղդա­մահ կրնան ըլլալ Գաղա­փա­րի եւ Բարո­յա­կա­նութեան պատմա­կերտ ՀՈՒՆՏերը։

Վաղուան մեր ՕՐը հունաւո­րե­լու, հարթե­լու եւ նուա­ճե­լու ՕՐԱԿԱՐԳի ժամա­նակն է։

Առնչվող Հոդվածներ