16.2 C
Yerevan

ՀՅԴ Կանո­նա­գի­րը Եւ Բիւրո­յի Անկումը

Կանո­նագրի տարրի ու ոգիի միա­ձուլումն է, որ պինդ պահած է Դաշնակցութեան Ողնա­շա­րը աւե­լի քան 100 տարի։

Յարութ Գալայճեան

Իւրա­քանչիւր դաշնակցա­կա­նի համար Կանո­նա­գի­րը ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ է իր երդումով եւ կարգապահական/ժողովավարական կանոննե­րով։
ԱՅԼ ԽՕՍՔ՝ որ ամէն կանո­նա­գիր պէտք է քայլ պահէ իր ժամա­նա­կին հետ…

Կանո­նագրի ՏԱՐՐԻ ՈՒ ՈԳԻԻ միա­ձուլումն է, որ պինդ պահած է Դաշնակցութեան Ողնա­շա­րը աւե­լի քան 100 տարի։

Այդ Ողնա­շա­րի քայքա­յումը ծայր առաւ ՀՅԴ‑ի Հայաստան «սխալ ու հապճեպ» (ընկեր Վ.Օշականի բառերն են) Մուտքով եւ կանո­նագրա­յին ահաւոր խախտումնե­րով։

ՀՅԴ-Կանո­նագրին մէջ յստա­կօ­րէն արձա­նագրուած է, որ Դաշնակցութեան Բիւրո­յի անդամ կրնայ ըլլալ կուսակցա­կան ցենզ ունե­ցող այն դաշնակցա­կա­նը, որ ԱՌՆՈՒԱԶՆ 15 տարի անդա­մակցած է կազմա­կերպութեան։ 1992-ին, Բիւրո­յի անդամ դարձան՝ Վահան Յովհաննէ­սեան, Ռուբէն Յովսէ­փեան, Վարդան Յակո­բեան եւ Մասիս Պաղտա­սա­րեան, որոնք միայն 2–3 տարի­նե­րու դաշնակցա­կան փորձ ունէին. այսինքն, ոչ իսկ Գերա­գոյն Մարմին՝ այլ միայն Կոմի­տէի անդամներ կրնա­յին դառնալ։ Անոնք երկար տարի­ներ այլ աւա­զաննե­րու մէջ երկար լողա­լէ ետք սպրդած էին Դաշնակցութեան Հնոց ու դարձած Բիւրո։

Կանո­նագրա­յին ՆՈՅՆԻՄԱՍՏ խախտումներ կատա­րուե­ցան ԳՄ‑ի ընտրութիւննե­րուն, ուր գմ-ական (կկ-ական) դարձան 10 տարիէն շա՜տ վար՝ ՆՈՐԵԼՈՒԿ «դաշնակցա­կա­նա­սէր» անհատներ…

Եւ այդպէ՜ս, սկսաւ ՀՅԴ-Կանո­նագրի խախտումը Հայաստա­նի մէջ ու հետզհե­տէ վերա­ծուե­ցաւ «հաշիւներ մաքրող եւ պատգա­մաւորներ սարքող» Կարգա­պա­հա­կան Գործի­քի…

Եւ այսօր, Դաշնակցութեան իսկա­կան Բիւրոն իրա­կա­նութեան մէջ՝ Հայաստա­նի Գերա­գոյն Մարմինն է, որ թէկուզ իր անդա­մա­լուծուած շարքե­րով Եւ գաղափարական/ քաղա­քա­կան սարսա­փե­լի այլա­փո­խուա­ծութեամբ կը շարունա­կէ ծանրակշիռ ազդե­ցութիւն ունե­նալ ՀՅԴ-Ընդհա­նուր Ժողովնե­րուն վրայ…

Անցնինք այլ Կանո­նագրա­յին Երեւոյթի մը՝ որ անմի­ջա­կա­նօ­րէն կ’առնչուի Կանո­նագրի Ոգիին։
ՀՅԴ-Բիւրո­յէն ինքնա­կամ հրա­ժա­րի­լը շատ հազուադէ՜պ (չըսե­լու համար՝ զարմա­նա­լի) երեւոյթ է Դաշնակցութեան Ընտա­նի­քին համար եւ պէտք է անպայման մեկնա­բա­նել ԱՅԴ հրա­ժա­րա­կա­նը իր բոլոր ԾԱԼՔԵՐՈՎ…

Եւ այդ հազուա­դէ­պութիւնը կը կայա­նայ այն
Իրո­ղութեամբ, որ Դաշնակցութեան բովանդակ Պատմութեան մէջ ՄԻԱՅՆ 2 անգամ Բիւրո­յէն Հրա­ժա­րա­կան ներկա­յա­ցուած է. առա­ջի­նը՝ գաղա­փա­րա­կան պատճա­ռով, իսկ միւսը՝ կազմա­կերպա­կան։
Արդա­րեւ, Քրիստա­փո­րի մահէն անմի­ջա­պէս ետք, 1905-ին, ՀՅԴ-Բիւրո­յի անդամ՝ Լորիս Մելի­քո­վը գրեց իր հրա­ժա­րա­կա­նը Բիւրո­յէն ու զայն ներկա­յա­ցուց 1907-ին՝ Վարանդեա­նի, Ակնունիի եւ Ահա­րո­նեա­նի Ընկերվա­րա­կան Դիրքո­րո­շումնե­րուն դէմ իր բանա­վէ­ճե­րը աւարտե­լէ ետք։

113 տարի ետք, ՀՅԴ-Բիւրո­յին ներկա­յա­ցուած ԵՐԿՐՈՐԴ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱԸ՝ ընկեր Վիգէն Եագուպեա­նինն է, որ պատա­հե­ցաւ Բիւրո-ԱՄՆ‑ի Արեւմտեան ԿԿ՝ կազմա­կերպա­կան բուռն բանակցութիւննե­րու հոլո­վոյթին իբրեւ բնա­կան հետեւանք…
Եւ այդ հոլո­վոյթի ողջմիտ վերլուծումնե­րը կատա­րե­լէ ետք միայն կարե­լի պիտի ըլլայ ընկա­լել ՀՅԴ Արեւմտեա­նի Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէի երէ­կուան ԱՐԴԱՐ ու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ Յայտա­րա­րութիւնը։

Առնչվող Հոդվածներ