26.1 C
Yerevan

Լեռնա­հա­յաստա­նը Պարտութեան Մատնեց Կարմիր Բանա­կի 28րդ Զօրա­բա­ժի­նը

Հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին, քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան միասնա­կա­նութեան շնորհիւ էր, որ Լեռնա­հա­յաստա­նը յաջո­ղե­ցաւ երկար ամիսներ դիմադրել թշնա­մա­կան գրոհնե­րուն եւ մեր սերունդնե­րու կտա­կել Նժդե­հեան պատգամը.-«Ազգային ոգի — ահա՜ գերա­գոյն հերո­սը, միա՜կը, մեր պատմութեան անիւը դարձնող, մեր հաւա­քա­կան ճակա­տա­գի­րը վարող հերո­սը»:

Յուշա­տետր. 21 Հոկտեմբեր 1920

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

101 տարի առաջ, Հոկտեմբե­րի այս օրե­րուն, Լեռնա­հա­յաստա­նը յայտնուած էր կենաց-մահու թէժ մարտե­րու կրա­կին մէջ։

Ամբողջ Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը բռնուած էր երկու կրա­կի միջեւ՝ արեւմուտքէն քեմա­լա­կան զօրքե­րու ներխուժումով, իսկ արեւելքէն Լենի­նի Կարմիր Բանա­կին ու խորհրդա­յին համազգեստ հագած ազե­րի փանթուրքիստնե­րու ընդհա­նուր գրո­հին հետեւանքով։

Բայց յատկա­պէս հարաւա­յին կողմն Հայաստա­նի՝ Արցա­խի եւ Զանգե­զուրի ճակա­տին վրայ, կը մղուէր Հայաստա­նի լինե­լիութեան օրհա­սա­կան կռիւը՝ ընդդէմ Քեմալ-Լենին սադա­յէ­լա­կան զինակցութեան։

Փլուզուած զոյգ բռնա­տի­րութեանց՝ Օսմա­նեան եւ Ցարա­կան Կայսրութեանց փլա­տակնե­րուն վրայ, մեծա­պե­տա­կան իրենց ուժը վերա­հաստա­տե­լու շարժումին լծուած քեմա­լա­կան թուրքն ու պոլշեւիկ ռուսը, իրա­րու դէմ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան գերակշռութեան համար բուռն մրցա­պայքա­րի մէջ գտնուե­լով հանդերձ, փաստօ­րէն զինակցութիւն կնքած էին «հայկա­կան սեպէն» ձերբա­զա­տուե­լու նպա­տա­կին շուրջ։

Այդպէ՛ս, կայսե­րա­պե­տա­կան յաւակնութիւննե­րով տարուած հայ ժողո­վուրդի զոյգ հարեւաննե­րուն արիւնա­լի մրցա­պայքա­րին բերումով՝ Հոկտեմբեր 1920ին, Լեռնա­հա­յաստա­նը յայտնուե­ցաւ բոցե­րու մէջ։

* * *

Հայ ժողո­վուրդի նորա­գոյն պատմութեան ամէ­նէն հերո­սա­կան եւ փայլուն էջե­րէն է 1920ի Լեռնա­հա­յաստա­նի գոյա­մարտը, որուն ըստ արժանւոյն ընկա­լումը, խորհրդա­յին լուծի 70ամեայ ժամա­նա­կաշրջա­նին, հայրե­նի­քի մէջ արգի­լուած նիւթ հռչա­կուե­ցաւ հայ քաղա­քա­կան մտքին համար։

Բացա­ռա­պէս Սփիւռքի տարածքին եւ այդ ալ միայն դաշնակցա­կան մտքին կողմէ արժանի՛ն մատուցուե­ցաւ Լեռնա­հա­յաստա­նի հերո­սա­մարտին։

Ներկա­յիս հիմնո­վին փոխուած է կացութիւնը եւ Հայաստա­նի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին մեր ժողո­վուրդը ինքնա­ճա­նաչման ու հպարտութեան վարար աղբիւրի վերա­ծած է Լեռնա­հա­յաստա­նի գոյա­մարտն ու անոր կերտիչնե­րը, յատկա­պէս անմահն Նժդե­հը, որ հանդի­սա­ցաւ Լեռնա­հա­յաստա­նի ազա­տագրութեան Հայոց Սպա­րա­պե­տը։

* * *

Դաշնակցա­կան ծանօթ գործիչ եւ մտաւո­րա­կան Վարդան Գէորգեան, «Լեռնա­հա­յաստա­նի գոյա­մարտը» անունով իր գործին մէջ, հիմնուե­լով նոյնինքն Գարե­գին Նժդե­հի յուշագրա­կան եւ արխիւա­յին նիւթե­րուն վրայ, կարեւոր չափով լոյս սփռած է Զանգե­զուրի ազա­տագրա­կան պայքա­րին վրայ։

Վ. Գէորգեա­նի գրքէն առանձնա­ցուած տարե­թիւ է 21 Հոկտեմբեր 1920ը, որովհե­տեւ այդ օրը, 101 տարի առաջ, տեղի ունե­ցաւ Լեռնա­հա­յաստա­նի գոյա­մարտի կարեւոր ճակա­տա­մարտնե­րէն մէկը, որ վերջ գտաւ Կարմիր Բանա­կի զօրա­յիննե­րուն անփա­ռունակ պարտութեամբ՝ Սիսիա­նի ճակա­տին վրայ։

Խօսքը կը վերա­բե­րի Կարմիր Բանա­կի 28րդ զօրա­բաժնին եւ անոր երդուեալ «մեծա­մասնա­կան» (պոլշեւիկ) հրա­մա­նա­տա­րին՝ Նեստե­րեովսկիին կրած ջախջա­խիչ պարտութեան։

Վ. Գէորգեա­նի յիշա­տա­կած արխիւա­յին փաստա­թուղթե­րու շարքին է զինուո­րա­կան հետեւեալ հրա­հանգը.-

«ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԵՄ 83րդ եւ 84րդ բրի­գա­տա­նե­րու հրա­մա­նա­տարնե­րուն խուսա­փիլ ամէն տեսակ մարդա­սի­րա­կան միջոցնե­րէ եւ դաժան ըլլալ ապստամբ բնակչութեան հանդէպ, որպէս զի զգայ ան բանուո­րա­կան բռունցքի թափը: Դիմադրողնե­րուն գերի չվերցնել եւ կենդա­նի բաց չթողնել ոչ մէկ աւա­զա­կի: Մի միայն ապստամբ կուլակնե­րը ոչնչացնե­լով եւ անոնց ամբողջ կայքը գրաւե­լով կը հասնինք խաղա­ղութեան: Եթէ հանգա­մանքնե­րը կը ստի­պեն‘ աւե­րել ամբողջ գիւղե­րը. յիշե­լով այն, որ աննե­րո­ղամտութիւնն ու դաժա­նութիւնը, նամա­նաւանդ Կովկա­սի մէջ, կը հասցնէ լաւ հետեւանքի: Գրաւած գիւղե­րու մէջ սովէն ապա­հո­վել զօրա­մա­սե­րը ի հաշիւ ապստամբնե­րու: (28րդ Դիւի­զիա­յի պետ‘ ՆԵՍՏԵՐՈՎՍԿԻ, Զին.Կոմիսարի փոխա­նորդ‘ ՍԱՐԱԵԶ, 28րդ Դիւի­զիա­յի շտա­պի պետ‘ ՓԸՐՈԼՈՎ)»։

Նման ոգիով եւ մոլուցքով կ՚առաջնորդուէին կարմիր բանա­կա­յիննե­րը՝ Լեռնա­հա­յաստա­նի վրայ իրենց ներխուժման ընթացքին։

Այդպէս, «Հոկտեմբեր 16ին, Զանգե­զուրի գաւա­ռի Կոռնձոր գիւղին մէջ, իբրեւ հակա­մե­ծա­մասնա­կան կը գնդա­կա­հա­րուին 13 հայ բանտարկեալներ:

«Ռումբե­րու տարա­փով կը յառա­ջա­նար ահա կարմիր բանա­կը, որ կը կռուէր Ասկիւլում-Ղզլդաշ-Ինջա­բէլ գծի — այսինքն Ղափա­նի հիւսիս-արեւե­լեան ամբողջ սահմաննե­րուն վրայ:

«Իր ձախ թեւը ճակա­տէն գիւղի դէմ սկսած ձախող յարձա­կումէ մը վերջ, ծեծուած ու պարտուած‘ ետ կը քաշուէր:

«Կեդրո­նը‘ գրաւե­լով Արծուե­նիկ գիւղը, կ՚աշխատէր օգտուիլ իր ժամա­նա­կաւոր յաջո­ղութե­նէն:

«Աջ թեւը՝ մխրճուած Ղափա­նի եւ Տաթեւի միջեւ, կը ջանար գրաւել Խոտա­նան գիւղը:

«Կեդրո­նէն կը ռմբա­կո­ծեն երկու թնդա­նօթներ: Թեւե­րուն վրայ քառա­սունի չափ գնդա­ցիրներ կը գործեն անդադրումօ­րէն:

«Կռուի երկրորդ օրը՝ 17 Հոկտեմբե­րին, Նժդեհ դէպի Ինջա­բէլ հետեւեալ հրա­հանգը կը ղրկէ.- «Խուսա­փիլ ցերե­կուայ գրոհնե­րից եւ զոհեր տալուց. ընդունել մուրճ եւ ոստայն ձեւը եւ սպա­սել ինձ: Ձեզ մօտ կը լինեմ մի ժամէն»: Վաշտա­պետ Կ‑ի դեկա­վա­րութեամբ զօրա­խումբ մը, թշնա­միին թիկունքը անցնե­լու համար, Գետա­թա­ղի բարձունքնե­րով կը շարժի դէպի Տափա­սար: Որո­շեալ ժամուն Նժդեհ կը գտնուի Ինջա­բէլ:

«Տրուած մարտագրին համա­ձայն, Հոկտեմբեր 18ի լուսա­բա­ցին, ուժա­նա­կա­յին գրո­հով մը Խոտա­նա­նի զօրա­սիւնը շփո­թի կը մատնէ հակա­ռա­կորդ ուժե­րը՝ Ինջա­բէ­լի ամբողջ ճակա­տին վրայ: Նոյն ժամուն վաշտա­պետ Կ‑ի զօրա­խումբը թեւանցա­յին շարժումով մը Տափա­սա­րէն կը հարուա­ծէ թշնա­մին՝ թեւէն ու թիկունքէն: Գրե­թէ նոյն ատեն կապ պահե­լով՝ Տաթեւի կողմէն թշնա­մին կը հարուա­ծեն Պօղոս Տէր-Դաւի­թեանն ու սպայ Տէր-Պետրո­սեա­նը:

«Կռուի ընթացքին Մեծա­մասնա­կան ուժե­րու մէկ մասը անձնա­տուութեան կը դիմէ, իսկ մնա­ցած մասը կը նահանջէ խուճա­պա­հար: Նահանջող թշնա­մին կը հետապնդուի տեղա­կալ Տէր-Դաւի­թեա­նի ուժե­րէն: Իրենց կարգին Ղափա­նի հետեւակ վաշտե­րը մեծ խանդա­վա­ռութիւնով կը սուրան դէպի Արծուե­նիկ: Այդ ճակա­տին վրայ կռուող մեծա­մասնա­կան 84րդ բրի­գա­տան թեթեւ դիմադրութե­նէ մը վերջ՝ կը յանձնուի. Հոկտեմբեր 18ին Կապարգողթի սահմաննե­րուն վրայ մեծա­մասնա­կան ուժե­րու հետքը չէր մնար:

«Հոկտեմբեր 21ին հայկա­կան ուժե­րու յաղթա­նա­կը եղաւ ամբողջա­կան։

«Յաղթա­կան հայ վաշտե­րը, բազմա­թիւ գերի­նե­րով, ձեռք ձգած գնդա­ցիրնե­րով, հրա­ցաննե­րով, հեռա­խօ­սա­յին գործիքնե­րով, խրա­մա­շի­նութեան վերա­բե­րեալ կազմածնե­րով ու դրօ­շակնե­րով՝ կը վերա­դառնան դէպի Հանքե­րը, տօնե­լու Սիւնի­քի ժամա­նա­կա­կից պատմութեան մէջ փառքի շքեղ էջ մը գրկող իրենց այս նոր յաղթա­նա­կը»:

* * *

Կարմիր Բանա­կի կրած պարտութեան վերա­բե­րեալ Վ. Գէորգեան նաեւ դիտել կուտայ.-

«Մեծա­մասնա­կան ուժե­րու պարտութե­նէն ետք, Բագու հրա­տա­րա­կուող «Կրասնիյ Աւանկարդ» թերթը, «ՀԶՕՐ ԶԷՆՔ — ՄԵՐ ԿՌՈՒԻ ՁԵՒԸ» խորագրին ներքեւ, այսպէ՛ս կ՚արտայայտուէր.-

«Արեւելքի մէջ յայտնուած է կրտսեր քոյրը մեծ դաշնա­կիցնե­րու — Արեւե­լեան Համա­ձայնութիւնը, Հայաստա­նի, Վրաստա­նի, Ռումա­նիոյ եւ Յունաստա­նի բուրժուա­զիա­ներն են կազմած այդ դաշնակցութիւնը, որպէս զի խեղդեն ծագող յեղա­փո­խա­կան շարժումը արեւելքին մէջ: Արեւե­լեան Համա­ձայնութեան անմի­ջա­կան ներկա­յա­ցուցիչնե­րէն մէկը աւա­զա­կա­պետ Նժդեհն է, որ իր բանա­կը կազմած է ազգա­յին ատե­լութեամբ լեցուած հայե­րէ: Մինչ Նժդե­հը Զանգե­զուրի լեռնե­րուն վրայ աւա­զա­կութեամբ կը գբա­ղուէր, Կարմիր սուիննե­րը փախցուցին ուրիշ գայլ մը՝ Դրօն: Ընկեր կարմիրնե­րը պէտք է ամուր սեղմեն իրենց հրա­ցաննե­րը եւ քշեն սեւ գայլ Նժդե­հին: Կարմիր բանա­կի հանդէպ խորա­մանկ եւ յամառ թշնա­մի Նժդե­հը, Դրօն եւ այլ հին գայլե­րը, լաւ գիտեն զինուո­րա­կան գործը: Ուստի եւ այդ ապստամբնե­րու դէմ անհրա­ժեշտ է մեծ ուժ, ջարդե­լու համար անոնց հրո­սա­կա­խումբե­րը: Նոյն ատեն մենք պիտի չմոռնանք, որ ապստամբնե­րու յաջո­ղութիւնը մեծա­պէս կախուած է ազգաբնակչութեան տրա­մադրութիւննե­րէն: Ահա թէ ինչու կարմիր բանա­կը, թշնա­միին կենդա­նի ուժե­րը խորտա­կե­լէ զատ, պիտի ձգտի ժողո­վուրդը ըմբոստացնել, թշնա­մացնել ապստամբութեան ղեկա­վարնե­րուն դէմ»…

Պոլշեւի­կեան եւ ազե­րի-թրքա­կան զինակցութիւնը այսպի­սի՛ թոյնով լեցուած էր Հայաստա­նի եւ հայ ժողո­վուրդին նկատմամբ։

Հակա­հայ այդ մոլուցքին դէմ ըմբոստա­նա­լով էր, որ Լեռնա­հա­յաստա­նը 21 Հոկտեմբեր 1920ին պարտութեան մատնեց Քեմալ-Լենին զինակցութեան առա­ջին գրո­հը։

* * *

Հայոց պատմութեան նորա­գոյն շրջա­նի լիարժէք ընկա­լումը խորհրդա­յին կեղտա­ջուրե­րէն մաքրե­լու դիտանկիւնէն՝ բանա­լի նշա­նա­կութիւն ունի Լեռնա­հա­յաստա­նի գոյա­մարտին ամբողջա­կան արժեւո­րումը։

Զանգե­զուրը թշնա­մի հարուա­ծի տակ ինկաւ ոչ թէ հայ ժողո­վուրդի ներքին՝ գաղա­փա­րա­կան-քաղա­քա­կան տարա­կարծութեանց ենթադրեալ, անգոյ եւ շինծու չարի­քին հետեւանքով, այլ Լենին-Քեմալ սադա­յէ­լա­կան զինակցութեան հրահրումով։

Ընդհա­կա­ռակն՝ հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին, քաղա­քա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան միասնա­կա­նութեան շնորհիւ էր, որ Լեռնա­հա­յաստա­նը յաջո­ղե­ցաւ երկար ամիսներ դիմադրել թշնա­մա­կան գրոհնե­րուն եւ մեր սերունդնե­րու կտա­կել Նժդե­հեան պատգամը.-«Ազգային ոգի — ահա՜ գերա­գոյն հերո­սը, միա՜կը, մեր պատմութեան անիւը դարձնող, մեր հաւա­քա­կան ճակա­տա­գի­րը վարող հերո­սը»:

Առնչվող Հոդվածներ