20.4 C
Yerevan

Օրակա՞րգ, Ի՞նչ Օրա­կարգ

Ամէն ինչի ի պաշտօ­նէ տէր կանգնե­լու ժամա­նակնե­րը անցած-անվե­րա­դարձ գացած են․- Հայ Դպրո­ցը, Հայոց Եկե­ղե­ցին, Հայկա­կան Ակումբը եւ Հայ Մամուլը միայն շքանշան չեն կրնար ըլլալ՝ զարդա­րե­լու համար կուրծքը արժա­նաւոր Հայրե­րու անպէտք կամ ապի­կար զաւակներւն։

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

․․․Երբ միայն կաղա­պա­րը կամ ցուցա­փեղկը մնա­ցած է՝ առանց բովանդա­կութեան, խորհուրդի եւ, մանաւա՛նդ, զո՜ւրկ պատգա­մէն։

Բարի լոյս՝ ազա­տագրեալ Ազգի ու Հայրե­նի­քի, յատկա­պէս սեփա­կան ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ուղին հարթե­լու եւ ամրապնդե­լու վճռա­կա­նութեամբ ու յանձնա­ռութեամբ տոգո­րուած ԻՐԱՒԱՏԷՐ հայութեան ժողովրդա­յին լայն խաւե­րուն, որոնք հայ քաղա­քա­կան մտքի հնաւանդ թէ նորա­յայտ հոսանքնե­րէն համա­պա­տասխան ՕՐԱԿԱ՛ՐԳ կը սպա­սեն․․․

Բարի լոյս՝ մեր ժողո­վուրդի ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ այն բոլոր զինուո­րագրեալնե­րուն, որոնք այլեւս չեն համա­կերպիր «լացող մանկան հացի տեղ քար տալու» հայ քաղա­քա­կան մտքի ճահճա­ցած ու նարգի­սա­կա­նութեան գիրկը ընկողմա­նած․․․ սնանկ փերե­զակնե­րու պատե­հա­պաշտութեանց։

Քաղա­քա­կա­նօ­րէն սպա­ռած ու գաղա­փա­րա­կա­նօ­րէն մերկա­ցած են իրենց անցեա­լի դրա­մագլուխը չարա­շա­հե­լով սեփա­կան ժողո­վուրդը քնացնե­լու եւ մոլո­րեցնե­լու ելած ԿԵՂԾ ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐը։

Մեր ժողո­վուրդին համբե­րութեան բաժա­կը յորդած է եւ այլեւս հանդուրժե­լի չեն ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ հետ սոսկ կեղեւի եւ կաղա­պա­րի պէս վարուե­լու աջէն թէ ահեա­կէն հնչող ամբո­խա­վա­րա­կան․․․ աճպա­րա­րութիւննե­րը։

Ամէն ինչի Ի ՊԱՇՏՕՆԷ տէր կանգնե­լու ժամա­նակնե­րը անցած-անվե­րա­դարձ գացած են․- Հայ Դպրո­ցը, Հայոց Եկե­ղե­ցին, Հայկա­կան Ակումբը եւ Հայ Մամուլը միայն ՇՔԱՆՇԱՆ չեն կրնար ըլլալ՝ զարդա­րե­լու համար կուրծքը արժա­նաւոր ՀԱՅՐԵՐՈՒ անպէտք կամ ապի­կար ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ։

Հայա­պահպանման ու հայա­կերտումի ամէն ՕՃԱԽ այսօր մէկ ու միակ ՕՐԱԿԱՐԳ ունի, որ վերա­հաստա­տումն ու վերա­նուա­ճումն է իւրա­քանչիւրի ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆը իմաստաւո­րող եւ հունաւո­րող ԿՈՉՈՒՄԻՆ։

Բարի լոյս՝ մեր կեանքը ծիսա­կա­նութիւննե­րու եւ ձեւա­պաշտութեանց, այլեւ ՍՈՒՏ, ԽԱՐԴԱԽՈՒԱԾ ու ԱՆԲՈՎԱՆԴԱԿ օրա­կարգնե­րու դէմ պաշտպա­նող՝ կեղեւէն առաջ եւ վեր միջուկին արժէ­քը պահպա­նող ու սերունդնե­րուն ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ջամբող հայ ժողո­վուրդի անկեղծ նուի­րեալնե­րուն։

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրե­նի­քի, Հասա­րա­կութեան ու Պետութեան ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ Ուղին հունաւո­րե­լու եւ հարթե­լու, մեր Հաւա­քա­կան Ուժի կռուաննե­րը վերա­կանգնե­լու օրա­կարգին սեւե­ռող գաղա­փա­րա­կան ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ, որ շարժիչ ուժն է ընկե­րա­յին ամէն զարգացման եւ նուա­ճումի։

Առնչվող Հոդվածներ