Բարի Լոյս

Օրակա՞րգ, Ի՞նչ Օրակարգ

Ամէն ինչի ի պաշտօնէ տէր կանգնելու ժամանակները անցած-անվերադարձ գացած են․- Հայ Դպրոցը, Հայոց Եկեղեցին, Հայկական Ակումբը եւ Հայ Մամուլը միայն շքանշան չեն կրնար ըլլալ՝ զարդարելու համար կուրծքը արժանաւոր Հայրերու անպէտք կամ ապիկար զաւակներւն։

Նազարէթ Պէրպէրեան

․․․Երբ միայն կաղապարը կամ ցուցափեղկը մնացած է՝ առանց բովանդակութեան, խորհուրդի եւ, մանաւա՛նդ, զո՜ւրկ պատգամէն։

Բարի լոյս՝ ազատագրեալ Ազգի ու Հայրենիքի, յատկապէս սեփական ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ուղին հարթելու եւ ամրապնդելու վճռականութեամբ ու յանձնառութեամբ տոգորուած ԻՐԱՒԱՏԷՐ հայութեան ժողովրդային լայն խաւերուն, որոնք հայ քաղաքական մտքի հնաւանդ թէ նորայայտ հոսանքներէն համապատասխան ՕՐԱԿԱ՛ՐԳ կը սպասեն․․․

Բարի լոյս՝ մեր ժողովուրդի ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ այն բոլոր զինուորագրեալներուն, որոնք այլեւս չեն համակերպիր «լացող մանկան հացի տեղ քար տալու» հայ քաղաքական մտքի ճահճացած ու նարգիսականութեան գիրկը ընկողմանած․․․ սնանկ փերեզակներու պատեհապաշտութեանց։

Քաղաքականօրէն սպառած ու գաղափարականօրէն մերկացած են իրենց անցեալի դրամագլուխը չարաշահելով սեփական ժողովուրդը քնացնելու եւ մոլորեցնելու ելած ԿԵՂԾ ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐը։

Մեր ժողովուրդին համբերութեան բաժակը յորդած է եւ այլեւս հանդուրժելի չեն ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ հետ սոսկ կեղեւի եւ կաղապարի պէս վարուելու աջէն թէ ահեակէն հնչող ամբոխավարական․․․ աճպարարութիւնները։

Ամէն ինչի Ի ՊԱՇՏՕՆԷ տէր կանգնելու ժամանակները անցած-անվերադարձ գացած են․- Հայ Դպրոցը, Հայոց Եկեղեցին, Հայկական Ակումբը եւ Հայ Մամուլը միայն ՇՔԱՆՇԱՆ չեն կրնար ըլլալ՝ զարդարելու համար կուրծքը արժանաւոր ՀԱՅՐԵՐՈՒ անպէտք կամ ապիկար ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ։

Հայապահպանման ու հայակերտումի ամէն ՕՃԱԽ այսօր մէկ ու միակ ՕՐԱԿԱՐԳ ունի, որ վերահաստատումն ու վերանուաճումն է իւրաքանչիւրի ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆը իմաստաւորող եւ հունաւորող ԿՈՉՈՒՄԻՆ։

Բարի լոյս՝ մեր կեանքը ծիսականութիւններու եւ ձեւապաշտութեանց, այլեւ ՍՈՒՏ, ԽԱՐԴԱԽՈՒԱԾ ու ԱՆԲՈՎԱՆԴԱԿ օրակարգներու դէմ պաշտպանող՝ կեղեւէն առաջ եւ վեր միջուկին արժէքը պահպանող ու սերունդներուն ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ջամբող հայ ժողովուրդի անկեղծ նուիրեալներուն։

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի, Հասարակութեան ու Պետութեան ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ Ուղին հունաւորելու եւ հարթելու, մեր Հաւաքական Ուժի կռուանները վերականգնելու օրակարգին սեւեռող գաղափարական ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ, որ շարժիչ ուժն է ընկերային ամէն զարգացման եւ նուաճումի։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *