14.7 C
Yerevan

Խոցուած Արժա­նա­պա­տուութեան Ըմբոստա­ցումն Անսանձե­լի

Բարի լոյս՝ մեր հաւա­քա­կան արժա­նա­պա­տուութիւնը ՊԻՆԴ ՊԱՀԵԼՈՒ ծանր կռուին մէջ կռնա­կէն դաշունա­հա­րուած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒՆ, որոնք դաշնակցա­կան անկեղծ զինուորնե­րու անձնուրա­ցութեամբ եւ անսա­կարկ անձնա­զո­հութեամբ՝ ակռա­նե­րով կը պահեն, կը պահպա­նեն ՀԱՅՈՑ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈՂՆԱ­ՇԱ­Րը կազմած ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը ընդդէմ նոյնինքն միայն անուա­նա­պէս «դաշնակցա­կան» եւ խորքով «իշխա­նա­կեր»․․․ գաղա­փա­րի փերե­զակնե­րուն։

Ն. Պէրպէ­րեան

Բարի Լոյս

18 Փետրուար 1921.

Բարի լոյս՝ Հայ Ազգի եւ Հայոց Հայրե­նի­քի, Մեր Ժողո­վուրդի ու Ազգա­յին Պետա­կա­նութեան գաղա­փա­րա­կան ԿԻԶԱ­ԿԷՏն ու անփո­խա­րի­նե­լի ԿՌՈՒԱ­Նը ՀԱՅՈ՛Ւ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ մէջ գտած, անոր վրայ խարսխած աշխարհասփիւռ Հայորդի­նե­րուն, որոնք Փետրուա­րի 18ին ահա վերստին շուրջպար կը բռնեն ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ հայութեան ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ ու ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ գաղա­փա­րա­կան մշտարծարծ խարոյկին շուրջ։

Բարի լոյս՝ հայ քաղա­քա­կան մտքի անունով «հրամցուած» աշխարհա­քա­ղա­քա­կան եւ ընկե­րատնտե­սա­կան պատե­հա­պաշտ բոլոր կարգա­խօսնե­րէն յոգնած ու զզուած ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ հաստա­տա­կամ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ամէն բանէ առաջ եւ վեր՝ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԵՐ ԱՐԺԱ­ՆԱ­ՊԱ­ՏՈՒՈՒԹԻՒՆը փրկե­լու եւ վերա­կանգնե­լու ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՅՔԱ­Րին մէջ խտա­ցած կը տեսնեն հայ ազա­տագրա­կան ու յեղա­փո­խա­կան շարժման մերօ­րեայ ԹԻՒ 1 ՕՐԱ­ԿԱՐԳը։

Բարի լոյս՝ տարա­ծաշրջա­նա­յին թէ մեծա­պե­տա­կան ամէն կարգի սադրանքի եւ նենգ հարուա­ծի տակ առնուած բազմա­չարչար մեր ժողո­վուրդի վերապրումին, որ բարո­յալքումի եւ յուսա­հա­տութեան անդունդնե­րէն անգամ ՍԻԶԻՖԵԱՆ ՄՇՏԱՆՈՐՈԳ ՄԱԳԼՑՈՒՄի անընկճե­լի ԿԱՄՔն ու ՄԱՐՏՈՒՆԱ­ԿՈՒԹԻՒՆը կը ներարկէ ՀԱՅՈՑ ՆՈՐԱՀԱՍ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ՝ Կեղծ Մարգա­րէ­նե­րու եւ ՆՈՐՕՐԵԱՅ ՓԱՆՋՈՒՆԻ­ՆԵ­Րու դէմ մշտարթուն հսկե­լու Իմաստութիւնն ու Պայծա­ռա­տե­սութիւնը անխոնջ յուշե­լով․․․

Բարի լոյս՝ պատմութեան ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒՆ եւ ԴԱՍԵՐՈՒՆ ականջա­լուր մեր սերունդնե­րուն, որոնք կը գիտակցին, թէ մեր ժողո­վուրդը 100 տարի առաջ ինքնա­բուխ դիմեց համա­ժո­ղովրդա­յին ապստամբութեան՝ բանտե­րէն ազա­տե­լու եւ աքսո­րէ վերա­դարձնե­լու համար ՀԱՅՈ՛Ւ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ողնա­շար տուած եւ մէջքը շտկած ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵ­Րուն։ Ոչ միայն Հ․Յ․Դ․ կազմա­կերպա­կան մարմիննե­րու որո­շումին ծնունդը չէր Փետրուա­րեան Ապստամբութիւնը, այլեւ նոյնինքն Դաշնակցութիւնը վերականգնելո՛ւ համար էր մեր ժողո­վուրդին տարե­րա­յին ԸՄԲՈՍՏԱ­ՑՈՒՄը։

Բարի լոյս՝ մեր հաւա­քա­կան արժա­նա­պա­տուութիւնը ՊԻՆԴ ՊԱՀԵԼՈՒ ծանր կռուին մէջ կռնա­կէն դաշունա­հա­րուած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՈՒՆ, որոնք դաշնակցա­կան անկեղծ զինուորնե­րու անձնուրա­ցութեամբ եւ անսա­կարկ անձնա­զո­հութեամբ՝ ակռա­նե­րով կը պահեն, կը պահպա­նեն ՀԱՅՈՑ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈՂՆԱ­ՇԱ­Րը կազմած ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը ընդդէմ նոյնինքն միայն անուա­նա­պէս «դաշնակցա­կան» եւ խորքով «իշխա­նա­կեր»․․․ գաղա­փա­րի փերե­զակնե­րուն։

Բարի լոյս՝ Դաշնակցութիւնը իբրեւ Հայ Ժողո­վուրդին նոյնինքն ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ միս ու ոսկոր կապած մարմնաւո­րումը ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻ ՊԱՀԵԼՈՒ ուղին ընտրած գաղա­փա­րի նուի­րեալնե­րուն, որոնք 1921ի Փետրուար 18ի Հայոց Համա­ժո­ղովրդա­յին Ապստամբութեան տարե­դարձին հետ կը նշեն, անվիճելիօրէ՛ն, վերա­նո­րոգ ՈՒԽՏը ՍՐԲԱԶԱՆ ԸՄԲՈՍՏԱՑՄԱՆ՝ յանուն ՀԱՅՈՒ ԽՈՑՈՒԱԾ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ վերա­կանգնումին, այլեւ՝ ընդդէմ ափ մը «փառք»ի եւ «իշխա­նութեան» համար ազգա­յին ու գաղա­փա­րա­կան ամէն ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ վաճառքի հանող անցեա­լի թէ մերօ­րեայ պիղծ ու ցեց ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏԵՐՈՒՆ։

18 Փետրուար 2022

Առնչվող Հոդվածներ