ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Իրա՛ւ Ղեկավարութիւնը Ծառայութիւն Է

Երբ խօսքը եւ գործը կը լրացնեն զիրար, ժողովուրդը կը կառչի անոր, իսկ երբ խօսքին, գաղափարներուն եւ անոր գործնականացումին միջեւ տարբերութիւն ու մանաւանդ հակասութիւն գոյութիւն ունի, ժողովուրդը կը հեռանայ իր ղեկավարութենէն եւ խզում կը յառաջանայ։

Վարուժան Թէնպէլեան

Ղեկավարութիւնը ինքնանպատակ չէ, ոչ ալ ինքնակոչ եւ վերէն վար ինքզինք ընտրող ընտրանիի մը մենաշնորհը։ Անիկա կոչուած է ծառայելու ժողովուրդին, ըլլալու անոր հետ եւ անոր համար։ Ղեկավարը պէտք է հանդիսանայ ժողովուրդին իտէալներուն, ցաւերուն հարազատ արտայայտիչը, մարմնաւորողը, համադրողը եւ ըստայմն գործողը։

Խօսքը առանց գործի ունայնութիւն է, իսկ գործը՝ առանց ժողովրդային հեռանկարներու հետապնդումին, դատապարտուած է ձախողութեան, եւ մանաւանդ՝ ժողովուրդին հետ յարաբերութեանց խզումին։ Ժողովուրդի մը պարտադրուած ազգային թէ ընկերային ոչ մէկ կարգուսարք կրնայ մնայուն ըլլալ եւ յառաջդիմել, եթէ չի համապատասխաներ այդ ժողովուրդին արժէքներուն եւ երազներուն։

Ժողովուրդին ծառայելու կոչումով հրապարակ ելած ղեկավարը ուղղակիօրէն ենթակայ է ժողովուրդին դատողութեան։ Անոր իւրաքանչիւր խօսքը եւ գործը կը դառնան ժողովուրդին սեփականութիւնը։

Երբ խօսքը եւ գործը կը լրացնեն զիրար, ժողովուրդը կը կառչի անոր, իսկ երբ խօսքին, գաղափարներուն եւ անոր գործնականացումին միջեւ տարբերութիւն ու մանաւանդ հակասութիւն գոյութիւն ունի, ժողովուրդը կը հեռանայ իր ղեկավարութենէն եւ խզում կը յառաջանայ։ Իսկ երբ գործը եւ խօսքը հակառակ ուղղութիւններով կ’ընթանան՝ խզումը կը յանգի հակադրութեան, ինչ որ կ’առաջնորդէ ժողովրդային ըմբոստութեան։

Ասոնք ճշմարտութիւններ են պետութիւններու, նոյնպէս կուսակցութիւններու մակարդակին վրայ:

Կուսակցական առաջադրանքներ տարածում կը գտնեն, երբ անոնք խարսխուած են ժողովրդային լայն ենթահողի վրայ, երբ անոնք ժողովուրդին սեփականութիւնն են։ Իսկ անոնք ժողովուրդի սեփականութիւնը կը դառնան, երբ խօսքի սահմանէն անցնելով, ղեկավարութեան առօրեայ ընթացքով միս ու ոսկոր կը ստանան եւ ղեկավարին նիստ ու կացով ներկայութիւն կը դառնան ժողովուրդին իրականութեան մէջ։

Հետեւաբար, ղեկավարութիւն մը անհրաժաշտ է՝ ժողովրդային տեսլականներ հետապնդելու համար, բայց ոչ այն ընտրանին՝ որ ղեկավարութիւնը մասնագիտացած եւ ինքնանպատակ դարձնելով, կը հետապնդէ եսակեդրոն եւ շահադիտական նպատակներ։

Կուսակցութիւններու անկումը ընդհանրապէս կը սկսի ղեկավարման ընտրանիացումով եւ հետեւաբար՝ մեկուսացումով:

Միւս կողմէ, բարոյականի տէր, մտաւորական պաշարով, ժողովուրդի ծոցէն ծնած ղեկավարութիւնը, որ գիտէ խօսքը մարմնաւորել իր գործով ու բարոյականով եւ կենդանի ներկայութիւն դառնալ ժողովուրդի խաւերուն մօտ, կրնա՛յ քանդել արուեստական բոլոր պատնէշները, որոնք ժողովուրդը կը հեռացնեն իր ղեկավարութենէն:

Տակաւին, ժողովուրդին պահանջները լսելով՝ զանոնք իրագործելու յանձնառութիւնը իր ամէնօրեայ նիստ ու կացով արտայայտելով՝ ղեկավարը կը դառնայ ժողովուրդին սիրելին ու առաջնորդը:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *