26.1 C
Yerevan

Իրա՛ւ Ղեկա­վա­րութիւնը Ծառա­յութիւն Է

Երբ խօսքը եւ գործը կը լրացնեն զիրար, ժողո­վուրդը կը կառչի անոր, իսկ երբ խօսքին, գաղա­փարնե­րուն եւ անոր գործնա­կա­նա­ցումին միջեւ տարբե­րութիւն ու մանաւանդ հակա­սութիւն գոյութիւն ունի, ժողո­վուրդը կը հեռա­նայ իր ղեկա­վա­րութե­նէն եւ խզում կը յառա­ջա­նայ։

Վարուժան Թէնպէ­լեան

Ղեկա­վա­րութիւնը ինքնանպա­տակ չէ, ոչ ալ ինքնա­կոչ եւ վերէն վար ինքզինք ընտրող ընտրա­նիի մը մենաշնորհը։ Անի­կա կոչուած է ծառա­յե­լու ժողո­վուրդին, ըլլա­լու անոր հետ եւ անոր համար։ Ղեկա­վա­րը պէտք է հանդի­սա­նայ ժողո­վուրդին իտէալնե­րուն, ցաւե­րուն հարա­զատ արտա­յայտի­չը, մարմնաւո­րո­ղը, համադրո­ղը եւ ըստայմն գործո­ղը։

Խօսքը առանց գործի ունայնութիւն է, իսկ գործը՝ առանց ժողովրդա­յին հեռանկարնե­րու հետապնդումին, դատա­պարտուած է ձախո­ղութեան, եւ մանաւանդ՝ ժողո­վուրդին հետ յարա­բե­րութեանց խզումին։ Ժողո­վուրդի մը պարտադրուած ազգա­յին թէ ընկե­րա­յին ոչ մէկ կարգուսարք կրնայ մնա­յուն ըլլալ եւ յառաջդի­մել, եթէ չի համա­պա­տասխա­ներ այդ ժողո­վուրդին արժէքնե­րուն եւ երազնե­րուն։

Ժողո­վուրդին ծառա­յե­լու կոչումով հրա­պա­րակ ելած ղեկա­վա­րը ուղղա­կիօ­րէն ենթա­կայ է ժողո­վուրդին դատո­ղութեան։ Անոր իւրա­քանչիւր խօսքը եւ գործը կը դառնան ժողո­վուրդին սեփա­կա­նութիւնը։

Երբ խօսքը եւ գործը կը լրացնեն զիրար, ժողո­վուրդը կը կառչի անոր, իսկ երբ խօսքին, գաղա­փարնե­րուն եւ անոր գործնա­կա­նա­ցումին միջեւ տարբե­րութիւն ու մանաւանդ հակա­սութիւն գոյութիւն ունի, ժողո­վուրդը կը հեռա­նայ իր ղեկա­վա­րութե­նէն եւ խզում կը յառա­ջա­նայ։ Իսկ երբ գործը եւ խօսքը հակա­ռակ ուղղութիւննե­րով կ’ընթանան՝ խզումը կը յանգի հակադրութեան, ինչ որ կ’առաջնորդէ ժողովրդա­յին ըմբոստութեան։

Ասոնք ճշմարտութիւններ են պետութիւննե­րու, նոյնպէս կուսակցութիւննե­րու մակարդա­կին վրայ:

Կուսակցա­կան առա­ջադրանքներ տարա­ծում կը գտնեն, երբ անոնք խարսխուած են ժողովրդա­յին լայն ենթա­հո­ղի վրայ, երբ անոնք ժողո­վուրդին սեփա­կա­նութիւնն են։ Իսկ անոնք ժողո­վուրդի սեփա­կա­նութիւնը կը դառնան, երբ խօսքի սահմա­նէն անցնե­լով, ղեկա­վա­րութեան առօ­րեայ ընթացքով միս ու ոսկոր կը ստա­նան եւ ղեկա­վա­րին նիստ ու կացով ներկա­յութիւն կը դառնան ժողո­վուրդին իրա­կա­նութեան մէջ։

Հետեւա­բար, ղեկա­վա­րութիւն մը անհրա­ժաշտ է՝ ժողովրդա­յին տեսլա­կաններ հետապնդե­լու համար, բայց ոչ այն ընտրա­նին՝ որ ղեկա­վա­րութիւնը մասնա­գի­տա­ցած եւ ինքնանպա­տակ դարձնե­լով, կը հետապնդէ եսա­կեդրոն եւ շահա­դի­տա­կան նպա­տակներ։

Կուսակցութիւննե­րու անկումը ընդհանրա­պէս կը սկսի ղեկա­վարման ընտրա­նիա­ցումով եւ հետեւա­բար՝ մեկուսա­ցումով:

Միւս կողմէ, բարո­յա­կա­նի տէր, մտաւո­րա­կան պաշա­րով, ժողո­վուրդի ծոցէն ծնած ղեկա­վա­րութիւնը, որ գիտէ խօսքը մարմնաւո­րել իր գործով ու բարո­յա­կա­նով եւ կենդա­նի ներկա­յութիւն դառնալ ժողո­վուրդի խաւե­րուն մօտ, կրնա՛յ քանդել արուեստա­կան բոլոր պատնէշնե­րը, որոնք ժողո­վուրդը կը հեռացնեն իր ղեկա­վա­րութե­նէն:

Տակաւին, ժողո­վուրդին պահանջնե­րը լսե­լով՝ զանոնք իրա­գործե­լու յանձնա­ռութիւնը իր ամէ­նօ­րեայ նիստ ու կացով արտա­յայտե­լով՝ ղեկա­վա­րը կը դառնայ ժողո­վուրդին սիրե­լին ու առաջնորդը:

Առնչվող Հոդվածներ