Սխալներու գումարումով մնացած բեկորը պահելու անկարողութեան եւ ամլութեան դատապարտած ենք մենք մեզ եւ կը շարունակենք նոյն ուղիին վրայ: Սխալած ըլլալու ինքնաքննադատութիւն չենք ըներ եւ «յանցանք»ը կը տեսնենք մեզմէ դուրս:
Յակոբ Պալեան
«Մարդ էակը երբեք պէտք չէ դադրի մտածելէ: Ան միակ պատուարն է բարբարոսութեան դէմ: Գործ եւ խօսք զոյգ կրողներն են ազատութեան: Եթէ դադրի մտածելէ, մարդ էակը կրնայ գործել բարբարոսի պէս»:
«Ամբողջատիրութեան սկզբնաւորումները»,
Հաննա Արէնտ, իմաստասէր, Ի դար
Հայ կեանքով հետաքրքրուողը, անոնք որոնք ազգի ներկային եւ ապագային գիտակից յանձնառութեամբ կ’ուզեն ներկայ եւ մասնակից ըլլալ, պարզապէս շուարումի կը մատնուին, ի տես եւ ի լուր բազմապատկուող կուսակցութիւններու յայտարարութիւններուն, համագումարներուն, յայտարարութիւններուն, խորհրդաժողովներուն, լոյս տանող-բերող ճամբորդութիւններուն: Միշտ բազմապատիկ ճշմարտութեան մենաշնրհը ունեցողի յաւակնութեամբ: Կարծէք մամուլը բաւարար բեմ չէ մտածումներ արտայայտելու, ծրագիրներ ներկայացնելու:
Քաղաքականութիւն, ազատագրական պայքար, իրաւունքի հետապնդում եւ ձեռքբերում, թշնամիի եւ բարեկամի գնահատում, երկիր պահել եւ պաշտպանել որպէս հայրենիք, ունենալ ինքնութեամբ ինքզինք սահմանող յանձնառու ժողովուրդ, միջազգային հրապարակներու վրայ ոտնակոխ չըլլալ, առաջին հերթին կը պահանջեն ազատագրուիլ ամբոխավարական զեղումներէ, երբ բառերու շառաչը կը փոխարինէ կոշտ ու կոպիտ իրականութիւնը: Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ այս անհեթեթութեան ցաւագին օրինակը, երբ հազարաւոր երիտասարդներ կը զոհուէին եւ թշնամին անարգել կը յառաջանար հայկական հողերու վրայ, մենք արցունքով եւ յուզումով կը լսէինք. «Յաղթելու ենք»: Ճշմարտութիւնը թաքցնելու եւ ինքխաբէութեան ճապկում:
Այս օրինակ մըն էր, որուն լոյսին տակ կատարենք քննութիւնը «ղեկավար»ներու, հրապարակագիրներու, բազմագոյն լրատուամիջոցներու յայտարարութիւնները: Եթէ այդ ճիգը ընենք, պիտի տեսնենք, որ աջի եւ ձախի, թերի եւ դէմի, կողմնակիցի եւ ընդդիմադիրի խօսքերը ո՛չ ճիշդ են ո՛չ սխալ, այլ իրաւի եւ նախատեսութիւններու կողքով կ’անցնին, «ցանկալի իրակականութիւն» կը ներկայացնեն, փոխադարձ քննադատութիւններով եւ տեսութիւններով, որոնք անմիջապէս իրենց տեղը կու տան նոր տեսութիւններու, քննադատութիւններու եւ ծրագիրներու: Կը հասնինք հոն, ուր ամէնքը ամէնքի դէմ են, ամէնքը իրաւունք ունին, բայց իրաւունքը կը բացակայի:
Հանրային կարծիքը շուարումի եւ ընդարմացման կը մատնուի, կը ստեղծուի խուճապ եւ անկառավարելիութեան մթնոլորտ:
Ողջախոհութիւնը իմաստութիւն է, կը թելադրէ օգտուիլ ուրիշներու կենսափորձէն: Այդ ընելով որակ կու տանք մեր ընտրանքներուն եւ դատումներուն: Ինչպէս Հաննա Արէնտ կ’ըսէ, «Մարդ էակը երբեք պէտք չէ դադրի մտածելէ»: Իսկական հարստացում կը սկսի երբ կը մտածենք միասնաբար, մտածումը ճամբայ կը հարթէ փոխհասկացողութեան, հանդուրժողութեան: Իմաստութիւն, որպէսզի, ինչպէս կ’ըսէ Հաննա Արէնտ, մարդ էակը չգործէ բաբարոսի պէս: Ուրիշներու եւ իրարու դէմ:
Հայ կեանքը, ներսը եւ դուրսը, բռնուած է ազատարար եւ վերջնական ճշմարտութեան կրողը ըլլալու կուսակցութիւններու (որոնց թիւը տեւաբար կ’աճի), միութիւններու (որոնք բարեսիրական եւ մշակութային, նոյնիսկ մարզական ըլլալու պիտակ կրելով հանդերձ, քաղաքականութիւն կը խաղան) աքցանին մէջ: Գործի փոխարէն կայ աղմուկ, ուժի կամ նախախնամական առաքելութիւն ունենալու ցուցահանդէս: Ի՞նչ կ’ըսէ իրականութիւնը, եթէ զայն դիտենք փառասիրութիւններ եւ սխալած չըլլալու յանձնապաստանութիւն մէկդի դնելով. ի՞նչ մնացած է Հայաստանէն: Սխալներու գումարումով մնացած բեկորը պահելու անկարողութեան եւ ամլութեան դատապարտած ենք մենք մեզ եւ կը շարունակենք նոյն ուղիին վրայ: Սխալած ըլլալու ինքնաքննադատութիւն չենք ըներ եւ «յանցանք»ը կը տեսնենք մեզմէ դուրս:
Տասնեակներով կուսակցութիւններու խորհրդաժողովները, փրկութեան ուղի ճշդող յայտարարութիւնները, ինչով կը տարբերին մէկը միւսէն, եթէ անոնց կէսը դադրին խօսելէ եւ աղմկելէ, կը կարծէ՞ք որ հայկական իրականութեան մէջ բան մը կը փոխուի, ան աւելի վատ կ’ըլլայ: Մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդի մը լինելութիւնը եւ անոր հայրենիքը (ինչ որ մնացած է այդ հայրենիքէն) ի՞նչ բանի կարիք ունին իրենք զիրենք որպէս ազգ պահելու եւ իրաւունք վերականգնելու համար: Խօսքով, հանրահաւաքով, խորհրդժողովով, կուսակցութիւնները բազմապատկելով ցարդ չենք հասած խոստում-երազներու իրականացման, ընդհակառակն ձախողած եւ պարտուած ենք: Ուստի, տարրական ողջմտութիւնը պիտի թելադրէ հասկնալ, որ խօսքերու գումարումը հով է, կրկներեւոյթ, չէ նպաստած ազգի եւ հայրենիքի դիմագրաւած հարցերու լուծման եւ դրական արդիւնքներու ձեռքբերման:
Ոչ ոք կ’ուզէ ընդունիլ բիրտ ճշմարտութիւնը. ամբոխավարական-ամբոխահաճական համատարած մթնոլորտը ոչ մէկ դրական ձեռքբերման առաջնորդած է մեզ: Երեւոյթը նոր չէ: Ընդհակառակն, բազմապատկուած են նահանջները, խուճապը, պարտութիւնները, որոնց ետին կան պատեհապաշտներ, շահախնդիրներ, փառասէրներ: Այս յոռետեսութիւն չէ, այլ՝ իրատեսութեան հրաւէր: Այդ պատկերացման մէջ ենք հաւաքաբար, ոչ ոք ինքզինք դուրս պէտք է համարէ ստեղծուած բացասականութիւններէն:
Եթէ պահ մը կանգ առնէինք եւ լսէինք, թէ ինչպիսի իմաստութեան կարիք ունինք ճիշդ կողմնորոշուելու եւ գործելու համար, որպէսզի յաջողինք եւ իրաւունք վերականգնենք: Այնքա՜ն խորիմաստ է Ի դարու ներհուն իմաստասէր Հաննա Արէնտի միտքը. «Երբ ամէն ոք տեւաբար ձեզի սուտ կը խօսի, արդիւնքը այն չէ, որ դուք կը հաւատաք այդ սուտերուն, այլ այն՝ որ ոչ ոք կը հաւատայ ոեւէ բանի: Ժողովուրդ մը որ ոչ մէկ բանի կը հաւատայ չի կրնար կարծիք կազմել: Ան զրկուած կ’ըլլայ ոչ միայն իր գործելու կարողութենէն, այլ նաեւ իր մտածելու եւ դատելու կարողութենէն: Եւ նման ժողովուրդի մը հետ կրնաք ընել ինչ որ ուզէք»:
Ամբոխավարական եւ ամբոխահաճական ճառը, ճշմարտութեան շպարի տակ սուտի զանգուածը ընդարմացնող հանդէս է: Այս սուտի եւ կեղծիքի ճառի մասին այնքա՜ն նուրբ եւ դիպուկ է նոյն Հաննա Արէնտի միտքը. «Խաբէութիւնը երբեք բախում չ’ունենար բանականութեան հետ, քանի որ դէպքերը կրնային իսկապէս ընթանալ այնպէս ինչպէս ստախօսը կ’ենթադրէ: Սուտը յաճախ աւելի ընդունելի է քան իրականութիւնը, բանականութեան համար աւելի փորձիչ քան՝ իրականութիւնը, քանի որ ստախօսը ունի նախօրօք գիտնալու այն առաւելութիւնը, թէ ի՞նչ կը ցանկայ կամ կը սպասէ լսել հանրութիւնը: Իր մեկնաբանութիւնը պատրաստուած է հանրութեան հասնելու միտումով, մասնաւորաբար կապուելով վստահելիութեան, մինչդեռ իրականութիւնը ունի մեզ անսպասելիին առջեւ կանգնեցնելու շփոթեցնող այն բնոյթը, որուն համար մենք երբեք պատրաստուած չէինք»:
Եթէ մտածենք այս արտայայտութիւններուն հունով, եթէ մեր ժողովուրդը, ներսը եւ դուրսը, վարժեցնենք այս ձեւով մտածել եւ դատել, լաւագոյն ծառայութիւնը կը մատուցենք ազգին եւ հայրենիքին: Եւ մեծեր ու համեստներ ոչ թէ իրարու դէմ, այլ՝ միասին կը գործեն: Եթէ հասկնանք, որ «Սուտը յաճախ աւելի ընդունելի է քան իրականութիւնը, բանականութեան համար աւելի փորձիչ քան՝ իրականութիւնը…», ինչե՜ր կը փոխուին մեր անհատական, բայց մանաւանդ հաւաքական կենաքին մէջ: Կեղծիք եւ ախտեր կը յաղթահարուին:
Հաննա Արէնտի հետ պէտք է մտածել ոչ միայն քննադատելու համար ՄԻՒՍը, այլ՝ ամենագէտ մեր ԵՍը:
Լեզուի ճարտարութիւններով չընդարամանալ, չընդարմացնել: Տասնեակներով կուսակցութիւններով, կազմակեպութիւններով եւ բոլորի անսխալական ըլլալու յաւակնութիւններով, առանց ողբերգական հնչեղ արտայայտութիւններու, ինչպէ՞ս փոխել մեր անլոյս ներկան:
Հայկական իրականութեան մէջ, ներսը եւ դուրսը, ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարուին ամենագիտական կեղծիքի աւեր գործող ամբոխավարութիւնը եւ ամբոխահաճութիւնը: Ինչպէ՞ս այդ հրաշքը պիտի իրականացնէ ժողովուրդը իր ազգային իրաւ հայրենասիրական ողջախոհութեամբ:
Հարազատ մտաւորականութիւնը ինչո՞ւ այս չի պահանջեր ժողովուրդէն, որ ազգ է եւ իսկական տէր հայրենիքի, ո՛չ «էլիատ»-ներէն եւ «էսթէպլիշմընթ»-ներէն:
Նյութի աղբյուրը` hairenikweekly.com