14 C
Yerevan

Ո՛չ Ամբո­խա­վա­րա­կան Զեղումի, Այո՛ Մտածման

Սխալնե­րու գումա­րումով մնա­ցած բեկո­րը պահե­լու անկա­րո­ղութեան եւ ամլութեան դատա­պարտած ենք մենք մեզ եւ կը շարունա­կենք նոյն ուղիին վրայ: Սխա­լած ըլլա­լու ինքնաքննա­դա­տութիւն չենք ըներ եւ «յանցանք»ը կը տեսնենք մեզմէ դուրս:

Յակոբ Պալեան

«Մարդ էակը երբեք պէտք չէ դադրի մտա­ծե­լէ: Ան միակ պատուարն է բարբա­րո­սութեան դէմ: Գործ եւ խօսք զոյգ կրողներն են ազա­տութեան: Եթէ դադրի մտա­ծե­լէ, մարդ էակը կրնայ գործել բարբա­րո­սի պէս»:

«Ամբողջա­տի­րութեան սկզբնաւո­րումնե­րը»,

Հաննա Արէնտ, իմաստա­սէր, Ի դար

            Հայ կեանքով հետաքրքրուո­ղը, անոնք որոնք ազգի ներկա­յին եւ ապա­գա­յին գիտա­կից յանձնա­ռութեամբ կ’ուզեն ներկայ եւ մասնա­կից ըլլալ, պարզա­պէս շուա­րումի կը մատնուին, ի տես եւ ի լուր բազմա­պատկուող կուսակցութիւննե­րու յայտա­րա­րութիւննե­րուն, համա­գումարնե­րուն, յայտա­րա­րութիւննե­րուն, խորհրդա­ժո­ղովնե­րուն, լոյս տանող-բերող ճամբորդութիւննե­րուն: Միշտ բազմա­պա­տիկ ճշմարտութեան մենաշնրհը ունե­ցո­ղի յաւակնութեամբ: Կարծէք մամուլը բաւա­րար բեմ չէ մտա­ծումներ արտա­յայտե­լու, ծրա­գիրներ ներկա­յացնե­լու:

            Քաղա­քա­կա­նութիւն, ազա­տագրա­կան պայքար, իրաւունքի հետապնդում եւ ձեռքբե­րում, թշնա­միի եւ բարե­կա­մի գնա­հա­տում, երկիր պահել եւ պաշտպա­նել որպէս հայրե­նիք, ունե­նալ ինքնութեամբ ինքզինք սահմա­նող յանձնա­ռու ժողո­վուրդ, միջազգա­յին հրա­պա­րակնե­րու վրայ ոտնա­կոխ չըլլալ, առա­ջին հերթին կը պահանջեն ազա­տագրուիլ ամբո­խա­վա­րա­կան զեղումնե­րէ, երբ բառե­րու շառա­չը կը փոխա­րի­նէ կոշտ ու կոպիտ իրա­կա­նութիւնը: Պատմութիւնը պիտի արձա­նագրէ այս անհե­թե­թութեան ցաւա­գին օրի­նա­կը, երբ հազա­րաւոր երի­տա­սարդներ կը զոհուէին եւ թշնա­մին անարգել կը յառա­ջա­նար հայկա­կան հողե­րու վրայ, մենք արցունքով եւ յուզումով կը լսէինք. «Յաղթե­լու ենք»: Ճշմարտութիւնը թաքցնե­լու եւ ինքխա­բէութեան ճապկում:

            Այս օրի­նակ մըն էր, որուն լոյսին տակ կատա­րենք քննութիւնը «ղեկավար»ներու, հրա­պա­րա­կա­գիրնե­րու, բազմա­գոյն լրա­տուա­մի­ջոցնե­րու յայտա­րա­րութիւննե­րը: Եթէ այդ ճիգը ընենք, պիտի տեսնենք, որ աջի եւ ձախի, թերի եւ դէմի, կողմնա­կի­ցի եւ ընդդի­մա­դի­րի խօսքե­րը ո՛չ ճիշդ են ո՛չ սխալ, այլ իրաւի եւ նախա­տե­սութիւննե­րու կողքով կ’անցնին, «ցանկա­լի իրա­կա­կա­նութիւն» կը ներկա­յացնեն, փոխա­դարձ քննա­դա­տութիւննե­րով եւ տեսութիւննե­րով, որոնք անմի­ջա­պէս իրենց տեղը կու տան նոր տեսութիւննե­րու, քննա­դա­տութիւննե­րու եւ ծրա­գիրնե­րու: Կը հասնինք հոն, ուր ամէնքը ամէնքի դէմ են, ամէնքը իրաւունք ունինբայց իրաւունքը կը բացա­կա­յի:

Հանրա­յին կարծի­քը շուա­րումի եւ ընդարմացման կը մատնուի, կը ստեղծուի խուճապ եւ անկա­ռա­վա­րե­լիութեան մթնո­լորտ:

            Ողջա­խո­հութիւնը իմաստութիւն է, կը թելադրէ օգտուիլ ուրիշնե­րու կենսա­փորձէն: Այդ ընե­լով որակ կու տանք մեր ընտրանքնե­րուն եւ դատումնե­րուն: Ինչպէս Հաննա Արէնտ կ’ըսէ, «Մարդ էակը երբեք պէտք չէ դադրի մտա­ծե­լէ»: Իսկա­կան հարստա­ցում կը սկսի երբ կը մտա­ծենք միասնա­բար, մտա­ծումը ճամբայ կը հարթէ փոխհասկա­ցո­ղութեան, հանդուրժո­ղութեան: Իմաստութիւն, որպէսզի, ինչպէս կ’ըսէ Հաննա Արէնտ, մարդ էակը չգործէ բաբա­րո­սի պէս: Ուրիշնե­րու եւ իրա­րու դէմ:

            Հայ կեանքը, ներսը եւ դուրսը, բռնուած է ազա­տա­րար եւ վերջնա­կան ճշմարտութեան կրո­ղը ըլլա­լու կուսակցութիւննե­րու (որոնց թիւը տեւա­բար կ’աճի), միութիւննե­րու (որոնք բարե­սի­րա­կան եւ մշա­կութա­յին, նոյնիսկ մարզա­կան ըլլա­լու պիտակ կրե­լով հանդերձ, քաղա­քա­կա­նութիւն կը խաղան) աքցա­նին մէջ: Գործի փոխա­րէն կայ աղմուկ, ուժի կամ նախախնա­մա­կան առա­քե­լութիւն ունե­նա­լու ցուցա­հանդէս: Ի՞նչ կ’ըսէ իրա­կա­նութիւնը, եթէ զայն դիտենք փառա­սի­րութիւններ եւ սխա­լած չըլլա­լու յանձնա­պաստա­նութիւն մէկդի դնե­լով. ի՞նչ մնա­ցած է Հայաստա­նէն: Սխալնե­րու գումա­րումով մնա­ցած բեկո­րը պահե­լու անկա­րո­ղութեան եւ ամլութեան դատա­պարտած ենք մենք մեզ եւ կը շարունա­կենք նոյն ուղիին վրայ: Սխա­լած ըլլա­լու ինքնաքննա­դա­տութիւն չենք ըներ եւ «յանցանք»ը կը տեսնենք մեզմէ դուրս:

            Տասնեակնե­րով կուսակցութիւննե­րու խորհրդա­ժո­ղովնե­րը, փրկութեան ուղի ճշդող յայտա­րա­րութիւննե­րը, ինչով կը տարբե­րին մէկը միւսէն, եթէ անոնց կէսը դադրին խօսե­լէ եւ աղմկե­լէ, կը կարծէ՞ք որ հայկա­կան իրա­կա­նութեան մէջ բան մը կը փոխուի, ան աւե­լի վատ կ’ըլլայ: Մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողո­վուրդի մը լինե­լութիւնը եւ անոր հայրե­նի­քը (ինչ որ մնա­ցած է այդ հայրե­նի­քէն) ի՞նչ բանի կարիք ունին իրենք զիրենք որպէս ազգ պահե­լու եւ իրաւունք վերա­կանգնե­լու համար: Խօսքով, հանրա­հաւա­քով, խորհրդժո­ղո­վով, կուսակցութիւննե­րը բազմա­պատկե­լով ցարդ չենք հասած խոստում-երազնե­րու իրա­կա­նացման, ընդհա­կա­ռակն ձախո­ղած եւ պարտուած ենք: Ուստի, տարրա­կան ողջմտութիւնը պիտի թելադրէ հասկնալ, որ խօսքե­րու գումա­րումը հով է, կրկնե­րեւոյթ, չէ նպաստած ազգի եւ հայրե­նի­քի դիմագրաւած հարցե­րու լուծման եւ դրա­կան արդիւնքնե­րու ձեռքբերման:

            Ոչ ոք կ’ուզէ ընդունիլ բիրտ ճշմարտութիւնը. ամբո­խա­վա­րա­կան-ամբո­խա­հա­ճա­կան համա­տա­րած մթնո­լորտը ոչ մէկ դրա­կան ձեռքբերման առաջնորդած է մեզ: Երեւոյթը նոր չէ: Ընդհա­կա­ռակն, բազմա­պատկուած են նահանջնե­րը, խուճա­պը, պարտութիւննե­րը, որոնց ետին կան պատե­հա­պաշտներ, շահախնդիրներ, փառա­սէրներ: Այս յոռե­տե­սութիւն չէ, այլ՝ իրա­տե­սութեան հրաւէր: Այդ պատկե­րացման մէջ ենք հաւա­քա­բար, ոչ ոք ինքզինք դուրս պէտք է համա­րէ ստեղծուած բացա­սա­կա­նութիւննե­րէն:

            Եթէ պահ մը կանգ առնէինք եւ լսէինք, թէ ինչպի­սի իմաստութեան կարիք ունինք ճիշդ կողմնո­րո­շուե­լու եւ գործե­լու համար, որպէսզի յաջո­ղինք եւ իրաւունք վերա­կանգնենք: Այնքա՜ն խորի­մաստ է Ի դարու ներհուն իմաստա­սէր Հաննա Արէնտի միտքը. «Երբ ամէն ոք տեւա­բար ձեզի սուտ կը խօսի, արդիւնքը այն չէ, որ դուք կը հաւա­տաք այդ սուտե­րուն, այլ այն՝ որ ոչ ոք կը հաւա­տայ ոեւէ բանի: Ժողո­վուրդ մը որ ոչ մէկ բանի կը հաւա­տայ չի կրնար կարծիք կազմել: Ան զրկուած կ’ըլլայ ոչ միայն իր գործե­լու կարո­ղութե­նէն, այլ նաեւ իր մտա­ծե­լու եւ դատե­լու կարո­ղութե­նէն: Եւ նման ժողո­վուրդի մը հետ կրնաք ընել ինչ որ ուզէք»:

            Ամբո­խա­վա­րա­կան եւ ամբո­խա­հա­ճա­կան ճառը, ճշմարտութեան շպա­րի տակ սուտի զանգուա­ծը ընդարմացնող հանդէս է: Այս սուտի եւ կեղծի­քի ճառի մասին այնքա՜ն նուրբ եւ դիպուկ է նոյն Հաննա Արէնտի միտքը. «Խաբէութիւնը երբեք բախում չ’ունենար բանա­կա­նութեան հետ, քանի որ դէպքե­րը կրնա­յին իսկա­պէս ընթա­նալ այնպէս ինչպէս ստա­խօ­սը կ’ենթադրէ: Սուտը յաճախ աւե­լի ընդունե­լի է քան իրա­կա­նութիւնը, բանա­կա­նութեան համար աւե­լի փորձիչ քան՝ իրա­կա­նութիւնը, քանի որ ստա­խօ­սը ունի նախօ­րօք գիտնա­լու այն առաւե­լութիւնը, թէ ի՞նչ կը ցանկայ կամ կը սպա­սէ լսել հանրութիւնը: Իր մեկնա­բա­նութիւնը պատրաստուած է հանրութեան հասնե­լու միտումով, մասնաւո­րա­բար կապուե­լով վստա­հե­լիութեան, մինչդեռ իրա­կա­նութիւնը ունի մեզ անսպա­սե­լիին առջեւ կանգնեցնե­լու շփո­թեցնող այն բնոյթը, որուն համար մենք երբեք պատրաստուած չէինք»:

            Եթէ մտա­ծենք այս արտա­յայտութիւննե­րուն հունով, եթէ մեր ժողո­վուրդը, ներսը եւ դուրսը, վարժեցնենք այս ձեւով մտա­ծել եւ դատել, լաւա­գոյն ծառա­յութիւնը կը մատուցենք ազգին եւ հայրե­նի­քին: Եւ մեծեր ու համեստներ ոչ թէ իրա­րու դէմ, այլ՝ միա­սին կը գործեն: Եթէ հասկնանք, որ «Սուտը յաճախ աւե­լի ընդունե­լի է քան իրա­կա­նութիւնը, բանա­կա­նութեան համար աւե­լի փորձիչ քան՝ իրա­կա­նութիւնը…», ինչե՜ր կը փոխուին մեր անհա­տա­կան, բայց մանաւանդ հաւա­քա­կան կենա­քին մէջ: Կեղծիք եւ ախտեր կը յաղթա­հա­րուին:

            Հաննա Արէնտի հետ պէտք է մտա­ծել ոչ միայն քննա­դա­տե­լու համար ՄԻՒՍը, այլ՝ ամե­նա­գէտ մեր ԵՍը:

            Լեզուի ճարտա­րութիւննե­րով չընդա­րա­մա­նալ, չընդարմացնել: Տասնեակնե­րով կուսակցութիւննե­րով, կազմա­կե­պութիւննե­րով եւ բոլո­րի անսխա­լա­կան ըլլա­լու յաւակնութիւննե­րով, առանց ողբերգա­կան հնչեղ արտա­յայտութիւննե­րու, ինչպէ՞ս փոխել մեր անլոյս ներկան:

            Հայկա­կան իրա­կա­նութեան մէջ, ներսը եւ դուրսը, ինչպէ՞ս պիտի յաղթա­հա­րուին ամե­նա­գի­տա­կան կեղծի­քի աւեր գործող ամբո­խա­վա­րութիւնը եւ ամբո­խա­հա­ճութիւնը: Ինչպէ՞ս այդ հրաշքը պիտի իրա­կա­նացնէ ժողո­վուրդը իր ազգա­յին իրաւ հայրե­նա­սի­րա­կան ողջա­խո­հութեամբ:

            Հարա­զատ մտաւո­րա­կա­նութիւնը ինչո՞ւ այս չի պահանջեր ժողո­վուրդէն, որ ազգ է եւ իսկա­կան տէր հայրե­նի­քի, ո՛չ «էլիատ»-ներէն եւ «էսթէպլիշմընթ»-ներէն:

Նյութի աղբյուրը‘ hairenikweekly.com

Առնչվող Հոդվածներ