14 C
Yerevan

Դաշնակցութեան Փրկօ­ղա­կը. (Մաս Ա)

Դժբախտա­բար Դաշնակցութիւնը ապաւի­նե­լով յատկա­պէս իր անցեա­լի փառքին, առանց գործնա­կան դասեր քաղե­լու նոյն այդ անցեա­լէն:

Յարութ Աղբա­լեան

Հայաստա­նի անկա­խա­ցումը 1991ին, անկիւնա­դարձ մը եղաւ Դաշնակցութեան համար: Անկախ այն իրո­ղութե­նէն որ քաղա­քա­կան նոր հանգրուան մը կը թեւա­կո­խէինք եւ այդ մէկը կ’ենթադրէր աշխա­տանքի նոր հորի­զոններ, նոր մօտե­ցումներ եւ ամէ­նէն կարեւո­րը քաղա­քա­կան, կազմա­կերպա­կան եւ գաղա­փա­րա­կան արժէքնե­րու կիրառման նոր գործե­լաոճ:

Դժբախտա­բար Դաշնակցութիւնը ապաւի­նե­լով յատկա­պէս իր անցեա­լի փառքին, առանց գործնա­կան դասեր քաղե­լու նոյն այդ անցեա­լէն, հայրե­նի­քի մէջ սկսաւ գործել իր արդէն մաշած կառոյցով, կազմա­կերպա­կան ոչ այնքան առողջ վիճա­կով եւ հայաստա­նեան փորձա­ռութիւնը փոխա­նակ զինք զգաստացնե­լու եւ ներքնա­պէս աւե­լիով կազմա­կերպուե­լու եւ ժամա­նա­կա­կից դառնա­լու, իր շարքե­րը իսկա­պէս քաղա­քա­կա­նացնե­լու, հայաստա­նեան քաղա­քա­կան ճահի­ճին պատճա­ռով աւե­լի ու աւե­լի մխրճուե­ցաւ ներկազմա­կերպա­կան խնդիրնե­րու մէջ, ու տարի­ներ, թերեւս տասնա­մեակնե­րէ յամե­ցող կառուցա­յին խնդիրնե­րը աւե­լի պարզո­րոշ դարձան:

Ցաւով պէտք է նշել որ Դաշնակցութեան վերնա­խաւը վերջին տասնա­մեակնե­րուն, նոյնիսկ Հայաստա­նի անկա­խա­ցումէն առաջ, լաւա­գոյնս օգտա­գործած է կազմա­կերպա­կան կանոննե­րը եւ ՀՅԴ շարքե­րը հլու հնա­զանդ ենթարկուած են եւ ոչ մէկ հիմնա­կան փոփո­խութիւն չէ կատա­րուած հաստա­տուած կառոյցին: Սփիւռքեան պայմաննե­րու մէջ հաւա­նա­բար այդ պահանջքը նուա­զա­գոյն չափով եղած է, եթէ ի մտի ունե­նանք որոշ մտաւո­րա­կաննե­րու կողմէ պարբե­րա­կան պոռթկումնե­րու:

Ներկազմա­կերպա­կան վիճա­կի սրա­ցումը աւե­լիով շեշտուե­ցաւ ՀՅԴ Հայաստա­նեան կառոյցի ստեղծումով եւ գործունէութեամբ, որու դէմ մասնաւո­րա­բար բարձրա­ձայնուեա­ցաւ սփիւռքեան կառոյցին կողմէ, մասնաւո­րա­բար առա­ջին շրջա­նին, իսկ 1998էն ետք այդ դժգո­հութեան ալի­քը ժամա­նա­կի ընթացքին փորձուե­ցաւ եւ մինչեւ այսօր ալ կը փորձուի «լռեցնել»: ՀՅԴ վերնա­խաւին կողմէ կազմա­կերպա­կան այս իրա­վի­ճա­կը շրջանցե­լու համար, դժբախտա­բար, դիմուե­ցաւ ՀՅԴ կանո­նագրին եւ ՀՅԴ օրէնքնե­րը լաւա­պէս շահա­գործուե­ցան կառոյցի բուրգին գագա­թը անսա­սան պահե­լու համար:

ՀՅԴ կանո­նա­գի­րը չէ հանրայնա­ցուած, թէ ի՞նչ պատճա­ռով, ցարդ անհասկնա­լի է: Բայց, ինչպէս ամէն հասա­րա­կութիւն իր խնդիրնե­րը լուծե­լու համար կը դիմէ իր օրէնքնե­րուն, նոյն տրա­մա­բա­նութեամբ ալ ՀՅԴ կազմա­կերպա­կան բոլոր խնդիրնե­րուն պատասխա­նը պէտք է ունե­նայ ՀՅԴ կանո­նա­գի­րը: Բայց արդեօ՞ք Դաշնակցութեան կազմա­կերպա­կան խնդիրնե­րուն կանո­նա­գի­րը ունի սպա­ռիչ լուծումներ:

Նախ պէտք է ընդգծել որ թիւր կարծիք ձեւաւո­րուած է թէ Դաշնակցա­կան շարքե­րուն եւ թէ առհա­սա­րակ, որ Դաշնակցութիւնը կանո­նա­գիրն է: Երբեք: Դաշնակցութիւնը իր ծրա­գիրն է, ամբողջ սերունդնե­րու հաւա­տամքի գրքոյկը, գաղա­փա­րա­կան եւ քաղա­քա­կան այն հունաւո­րումը, որուն վրայ խարսխուած է Դաշնակցութեան էութիւնը: Անոր հիմնա­կան դրոյթնե­րը (ընկերվա­րութիւն, Ազատ Անկախ եւ Միա­ցեալ Հայաստան) անփո­փո­խե­լի են: Կառոյցը այն մեքե­նան է, որուն անդա­մակցե­լով անհա­տը կը ծառա­յէ Դաշնակցութեան տեսլա­կա­նին, որ ըստ այդ դաւա­նանքին, կը բխի բովանդակ հայութեան շահե­րէն:

Երկրորդ թիւր կարծի­քը որ ձեւաւո­րուած է, այն է թէ կարե­լի չէ արմա­տա­կան փոփո­խութիւններ կատա­րել կանո­նա­գի­րին մէջ, որովհե­տեւ այդ մէկը կրնայ առաջնորդել ՀՅԴի գաղա­փա­րա­խօ­սութեան եւ կազմա­կերպութեան տկա­րացման: Կանո­նա­գի­րի այս թիւրըմբռնումը պատճառ հանդի­սա­ցած է որ կանո­նա­գի­րը վերջին հարիւր տարի­նե­րուն մնայ իր հիմնա­կան ձեւին մէջ, առանց նուա­զա­գոյն փորձը կատա­րե­լու զայն արդիա­կա­նացնե­լու, համա­հունչ դարձնե­լու ժամա­նա­կի ըմբռնումնե­րուն եւ պայմաննե­րուն: Այս փաստը, ինչպէս վերեւը յիշուե­ցաւ, ՀՅԴի վերնա­խաւին կողմէ լաւա­գոյնս օգտա­գործուած է ինքզինք վերարտադրե­լու:

Կանո­նա­գի­րի մեկնա­բա­նութիւնը եւս դաշնակցութեան որոշ շրջա­նա­կի մը «ատե­նա­խօսնե­րու» եւ «գրչակնե­րու» կողմէ կատա­րուած է պատե­հա­պաշտօ­րէն: Ակնյայտ է որ խորքա­յին հակա­սութիւններ կան ՀՅԴ ծրա­գի­րին եւ կանո­նա­գի­րին միջեւ, եւ աւե­լին, հակա­սութիւն կայ նոյնինքն կանո­նա­գի­րի հիմնա­կան երկու սկզբունքնե­րուն՝ գաղա­փա­րա­կան կեդրո­նա­ցում եւ կազմա­կերպա­կան ապա­կեդրո­նա­ցում, եւ կանո­նա­գի­րի կարգ մը յօդուածնե­րուն եւ դրոյթնե­րուն միջեւ: Նոյնիսկ կանո­նա­գի­րին մէջ կան հակա­սա­կան յօդուածներ:

Ի՞նչ են այդ հակա­սութիւննե­րը, ի՞նչ ազդե­ցութիւն ունե­ցած են կազմա­կերպութեան վրայ եւ ինչպէ՞ս ՀՅԴ վերնա­խաւը կանո­նա­գի­րը կրցած է ծառա­յեցնել նեղ խմբա­կա­յին շահե­րու եւ վերարտադրուե­լու: Այս բոլո­րը հասկնա­լու համար պէտք է քննարկել կանո­նա­գի­րը առանց թապունե­րու:

Շարունա­կե­լի…

Առնչվող Հոդվածներ