21.4 C
Yerevan

Դաշնակցութեան Յոյսը Դեռ Կենդա­նի Է

Ամբողջ 30 տարի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը գործե­լէ ետք «վերանկա­խա­ցած» Հայաստա­նի քաղա­քա­կան դաշտին մէջ, ամէ՜ն քայլա­փո­խի՝ կը խուսա­փի ինքնիշխա­նութիւն բառն իսկ գործա­ծե­լէ ու կը մնայ թաքնուած գաղա­փա­րա­զուրկ եւ մեր ժողո­վուրդը լլկած քոչա­րեաննե­րու փէշե­րուն տակ…

Հայոց Ցեղասպա­նութեան իբրեւ անո­ղոք հակաի­րա­դարձութիւն ամբողջ Արեւմտեան Հայաստա­նը դարձաւ գաղթա­կա­նա­ցած հասա­րա­կութիւն, բռնիա­բար տեղա­հա­նուած հայկա­կան ցիր ու ցան զանգուածներ, գաղութներ, մէկ խօսքով՝ Հայկա­կան Սփիւռք։ Եւ այնտեղ, ամէն բան ծայր առաւ լոկ զերո­յէն ու տարի­նե­րու ընթացքին այդ հասա­րա­կութիւնը դարձաւ տուն ու դպրոց, գրա­կա­նութիւն եւ արուեստ, քաղա­քա­կան մշա­կոյթ եւ Հայ Դատի ցուցա­կան գործունէութիւն։

Այդ Սփիւռքն էր, որ շնորհիւ հայկա­կան աւանդա­կան 3 կուսակցութիւննե­րու անխոնջ կազմա­կերպուա­ծութեան եւ գլխաւո­րա­բար Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան նուի­րեալ ղեկա­վա­րութիւննե­րու գաղա­փա­րա­կան անտե­ղի­տա­լի պայքա­րին՝ ոչ միայն դաժան ու օտար պայմաննե­րու մէջ հայա­պահպա­նում կերտե­ցին, այլեւ, իրենց գերա­գոյն նպա­տա­կին համար յարա­տեւօ­րէն «օր մը անպայման Հայաստան վերա­դառնալ» երգե­ցին, եռա­գոյնն ու անկա­խութեան գաղա­փա­րը նոր սերունդնե­րու հոգի­նե­րուն մէջ մկրտե­ցին աւե­լի քան 70 տարի­նե­րու երկայնքով։Եւ ոչ միայն այդքան։ Այդ բոլո­րին զուգա­հեռ, անոնք հայրե­նի ժողո­վուրդին ներշնչե­ցին այն ՍԹԱՓԵՑՆՈՂ ՅՈՅՍԸ, որ հակա­ռակ մուրճ-մանգա­ղի բռնա­տի­րա­կան սարսա­փին՝ համարձա­կի Ծիծեռնա­կա­բերդ ճարտա­րա­պե­տել եւ «մեր հողե­րը, մեր հողեր»ը շարա­կա­նել։

Իսկ այսօր, արդէն ամբողջ 30 տարի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը գործե­լէ ետք «վերանկա­խա­ցած» Հայաստա­նի քաղա­քա­կան դաշտին մէջ, ամէ՜ն քայլա­փո­խի՝ ԿԸ ԽՈՒՍԱՓԻ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՌՆ ԻՍԿ ԳՈՐԾԱԾԵԼԷ ու կը մնայ թաքնուած գաղա­փա­րա­զուրկ եւ մեր ժողո­վուրդը լլկած քոչա­րեաննե­րու փէշե­րուն տակ… Աւելի՜ն, այսօ­րուան Դաշնակցութեան ղեկա­վա­րութիւնը ամէն ճիգ կը թափէ խեղդա­մա­հե­լու համար Սփիւռքի Իրա’ւ Ձայնը։ Եւ ցարդ, այդ անդի­մա­գիծ ու հիմնո­վին դաշնակցա­կա­նա­դէմ քաղա­քա­կա­նութիւնը ԳՐԵԹԷ յաջո­ղած է Գաղա­փա­րա­կան Պայքա­րը պահել քոչա­րեա­նա­թա­թախ ճահի­ճին մէջ։

Ակնյայտօ­րէն, ի տես այդ ճահճոտ իրա­կա­նութեան, դաշնակցա­կան ոչ մէկ շրջան, ոչ մէկ դաշնակցա­կան մտաւո­րա­կան (եթէ կայ), ոչ մէկ դաշնակցա­կան մամլոյ խորհրդա­ժո­ղով կամ Ընդհա­նուր Ժողով անդրա­դարձած է ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ-ուն վերա­դառնա­լու գործնա­կան պահանջ ներկա­յացնե­լու մասին։ Տակաւի’ն, ոչ մէկը այդ բոլո­րէն փորձած է կասեցնել ռուսա­կան գաղութա­տի­րա­կան բռնա­բա­րումը Հայաստա­նին։

ԲԱՐԵԲԱԽՏԱԲԱՐ, Դաշնակցութեան Յոյսը դեռ կենդա­նի է։ Դեռեւս կան Դաշնակցա­կան 3 Միաւորներ, որոնք, ոգի ի բռին եւ անջա­տա­բար, որո­շած են վառ պահել Դաշնակցութեան Գաղա­փա­րա­կան Կանթե­ղը. Հայաստա­նի Անկա­խութեան Սերունդը, Մեր Ուղին-Գաղա­փա­րա­կան Հարթա­կը եւ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէութիւնը։

Եւ այդ Յարա­տեւ Պայքա­րը ունի ընդարձակման ամէն հնա­րաւո­րութիւն։

Առնչվող Հոդվածներ