Սփիւռք

Դաշնակցութեան Փրկօղակը. (Մաս Ա)

Դժբախտաբար Դաշնակցութիւնը ապաւինելով յատկապէս իր անցեալի փառքին, առանց գործնական դասեր քաղելու նոյն այդ անցեալէն:

Յարութ Աղբալեան

Հայաստանի անկախացումը 1991ին, անկիւնադարձ մը եղաւ Դաշնակցութեան համար: Անկախ այն իրողութենէն որ քաղաքական նոր հանգրուան մը կը թեւակոխէինք եւ այդ մէկը կ’ենթադրէր աշխատանքի նոր հորիզոններ, նոր մօտեցումներ եւ ամէնէն կարեւորը քաղաքական, կազմակերպական եւ գաղափարական արժէքներու կիրառման նոր գործելաոճ:

Դժբախտաբար Դաշնակցութիւնը ապաւինելով յատկապէս իր անցեալի փառքին, առանց գործնական դասեր քաղելու նոյն այդ անցեալէն, հայրենիքի մէջ սկսաւ գործել իր արդէն մաշած կառոյցով, կազմակերպական ոչ այնքան առողջ վիճակով եւ հայաստանեան փորձառութիւնը փոխանակ զինք զգաստացնելու եւ ներքնապէս աւելիով կազմակերպուելու եւ ժամանակակից դառնալու, իր շարքերը իսկապէս քաղաքականացնելու, հայաստանեան քաղաքական ճահիճին պատճառով աւելի ու աւելի մխրճուեցաւ ներկազմակերպական խնդիրներու մէջ, ու տարիներ, թերեւս տասնամեակներէ յամեցող կառուցային խնդիրները աւելի պարզորոշ դարձան:

Ցաւով պէտք է նշել որ Դաշնակցութեան վերնախաւը վերջին տասնամեակներուն, նոյնիսկ Հայաստանի անկախացումէն առաջ, լաւագոյնս օգտագործած է կազմակերպական կանոնները եւ ՀՅԴ շարքերը հլու հնազանդ ենթարկուած են եւ ոչ մէկ հիմնական փոփոխութիւն չէ կատարուած հաստատուած կառոյցին: Սփիւռքեան պայմաններու մէջ հաւանաբար այդ պահանջքը նուազագոյն չափով եղած է, եթէ ի մտի ունենանք որոշ մտաւորականներու կողմէ պարբերական պոռթկումներու:

Ներկազմակերպական վիճակի սրացումը աւելիով շեշտուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանեան կառոյցի ստեղծումով եւ գործունէութեամբ, որու դէմ մասնաւորաբար բարձրաձայնուեացաւ սփիւռքեան կառոյցին կողմէ, մասնաւորաբար առաջին շրջանին, իսկ 1998էն ետք այդ դժգոհութեան ալիքը ժամանակի ընթացքին փորձուեցաւ եւ մինչեւ այսօր ալ կը փորձուի «լռեցնել»: ՀՅԴ վերնախաւին կողմէ կազմակերպական այս իրավիճակը շրջանցելու համար, դժբախտաբար, դիմուեցաւ ՀՅԴ կանոնագրին եւ ՀՅԴ օրէնքները լաւապէս շահագործուեցան կառոյցի բուրգին գագաթը անսասան պահելու համար:

ՀՅԴ կանոնագիրը չէ հանրայնացուած, թէ ի՞նչ պատճառով, ցարդ անհասկնալի է: Բայց, ինչպէս ամէն հասարակութիւն իր խնդիրները լուծելու համար կը դիմէ իր օրէնքներուն, նոյն տրամաբանութեամբ ալ ՀՅԴ կազմակերպական բոլոր խնդիրներուն պատասխանը պէտք է ունենայ ՀՅԴ կանոնագիրը: Բայց արդեօ՞ք Դաշնակցութեան կազմակերպական խնդիրներուն կանոնագիրը ունի սպառիչ լուծումներ:

Նախ պէտք է ընդգծել որ թիւր կարծիք ձեւաւորուած է թէ Դաշնակցական շարքերուն եւ թէ առհասարակ, որ Դաշնակցութիւնը կանոնագիրն է: Երբեք: Դաշնակցութիւնը իր ծրագիրն է, ամբողջ սերունդներու հաւատամքի գրքոյկը, գաղափարական եւ քաղաքական այն հունաւորումը, որուն վրայ խարսխուած է Դաշնակցութեան էութիւնը: Անոր հիմնական դրոյթները (ընկերվարութիւն, Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան) անփոփոխելի են: Կառոյցը այն մեքենան է, որուն անդամակցելով անհատը կը ծառայէ Դաշնակցութեան տեսլականին, որ ըստ այդ դաւանանքին, կը բխի բովանդակ հայութեան շահերէն:

Երկրորդ թիւր կարծիքը որ ձեւաւորուած է, այն է թէ կարելի չէ արմատական փոփոխութիւններ կատարել կանոնագիրին մէջ, որովհետեւ այդ մէկը կրնայ առաջնորդել ՀՅԴի գաղափարախօսութեան եւ կազմակերպութեան տկարացման: Կանոնագիրի այս թիւրըմբռնումը պատճառ հանդիսացած է որ կանոնագիրը վերջին հարիւր տարիներուն մնայ իր հիմնական ձեւին մէջ, առանց նուազագոյն փորձը կատարելու զայն արդիականացնելու, համահունչ դարձնելու ժամանակի ըմբռնումներուն եւ պայմաններուն: Այս փաստը, ինչպէս վերեւը յիշուեցաւ, ՀՅԴի վերնախաւին կողմէ լաւագոյնս օգտագործուած է ինքզինք վերարտադրելու:

Կանոնագիրի մեկնաբանութիւնը եւս դաշնակցութեան որոշ շրջանակի մը «ատենախօսներու» եւ «գրչակներու» կողմէ կատարուած է պատեհապաշտօրէն: Ակնյայտ է որ խորքային հակասութիւններ կան ՀՅԴ ծրագիրին եւ կանոնագիրին միջեւ, եւ աւելին, հակասութիւն կայ նոյնինքն կանոնագիրի հիմնական երկու սկզբունքներուն՝ գաղափարական կեդրոնացում եւ կազմակերպական ապակեդրոնացում, եւ կանոնագիրի կարգ մը յօդուածներուն եւ դրոյթներուն միջեւ: Նոյնիսկ կանոնագիրին մէջ կան հակասական յօդուածներ:

Ի՞նչ են այդ հակասութիւնները, ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած են կազմակերպութեան վրայ եւ ինչպէ՞ս ՀՅԴ վերնախաւը կանոնագիրը կրցած է ծառայեցնել նեղ խմբակային շահերու եւ վերարտադրուելու: Այս բոլորը հասկնալու համար պէտք է քննարկել կանոնագիրը առանց թապուներու:

Շարունակելի…

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *