Սփիւռք

Դաշնակցութեան Փրկօղակը. (Բ Մաս)

Գաղափարական կեդրոնացումը պէտք չէ շփոթել նաեւ ՀՅԴ կանոնագիրի կարգապահութեան դրոյթներուն հետ: Կարգապահութիւն կը նշանակէ դաշնակցական գործը բծախնդրութեամբ եւ անձնուիրութեամբ կատարել մինչեւ գործին աւարտը:

Յարութ Աղբալեան

ՀՅԴ կանոնագիրի սկզբնաւորութեան իբրեւ հիմնական սկզբունք որդեգրուած ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ ԵՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ դրոյթը, ինչպէս նշուեցաւ, աղաւաղուած ձեւով մեկնաբանուած է եւ կը մեկնաբանուի:

Ըստ էութեան այս երկու հասկացութիւնները իրար շաղկապուած եւ իրար ամբողջացնող են: Կազմակերպական ապակեդրոնացումը (իմա՝ քաղաքական) պէտք է մեկնի գաղափարական (իմա՝ նպատակի, ծրագիրի) կեդրոնացումով: Տարբեր միջավայրերու, քաղաքական տարբեր պայմաններու մէջ գործող դաշնակցական պատասխանատու մարմինները (Կեդրոնական Կոմիտէ), իրենց պայմաններէն մեկնած (կազմակերպական ապակեդրոնացում), դաշնակցական գործունէութիւն տանին (գաղափարական կեդրոնացում): 1890ականներուն անհեթեթութիւն էր ակնկալել, որ Մուշի մէջ կարելի է բանուորական իրաւունքներու պայքար տանիլ եւ Թիֆլիսի մէջ զինեալ յեղափոխական կռիւ: Բայց թէ Թիֆլիսի կամ Պաքուի մէջ բանուորական իրաւունքներու համար տարուող պայքարը եւ թէ Մուշի եւ Վանի մէջ կատարուող յեղափոխական կռիւը (կազմակերպական ապակեդրոնացում), պիտի ծառայէին դաշնակցութեան նպատակներու իրագործման (գաղափարական կեղրոնացում): Գործելու այս ազատութիւնը, այսինքն ապակեդրոնացումը, հնարաւորութիւն ստեղծած է որ դաշնակցութեան մէջ ծնին ԱՐԱՄՆԵՐ, ՌՈՒԲԷՆՆԵՐ, ԴՈՒՄԱՆՆԵՐ, ՆԺԴԵՀՆԵՐ եւայլն, որոնցմէ շատեր վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցան Հայ կեանքին մէջ: Այլ խօսքով, կազմակերպական-քաղաքական ապակեդրոնացումը եղած է այն դարբնոցը, ուր անհատականութիւններ յաջողած են իրենք զիրենք դրսեւորել:

Դժբախտաբար այսօր այս երկու հասկացութիւնները այլափոխուած են, որուն հետեւանքով այլափոխուած է նաեւ ՀՅԴի դիմագիծը: Գաղափարական կեդրոնացում չի նշանակեր դաշնակցական մարմինի մը կամ ժողովի մը որոշումներուն համաձայնիլ անտրտունջօրէն: Այս հասկացութիւնը յատուկ է ամբողջատիրական կուսակցութիւններուն միայն, բայց երբեք ազատութեան հաւատացող դաշնակցութեան: Գաղափարական կեդրոնացումը պէտք չէ շփոթել նաեւ ՀՅԴ կանոնագիրի կարգապահութեան դրոյթներուն հետ: Կարգապահութիւն կը նշանակէ դաշնակցական գործը բծախնդրութեամբ եւ անձնուիրութեամբ կատարել մինչեւ գործին աւարտը:

Կանոնագիրի այս երկու հիմնական սկզբունքներու կը հակասէ նոյն կանոնագիրին մէջ այն յօդուածը, որու համաձայն, դաշնակցութեան արտաքին քաղաքականութիւնը կը ճշղէ Բիւրօն: Այս յօդուածը հակա-ապակեդրոնացում յօդուած է, որու հետեւանքով, տասնամեակներու ընթացքին նուազած են Շրջանային ժողովներու, Կ. Կոմիտէներու եւ նոյնիսկ Ընդհանուր Ժողովի դերակատարութիւնն ու արժէքը: Հետեւանքը եղած է այն որ այսօր ապակեդրոնացումով հպարտացող դաշնակցութեան մէջ, առաջացած է կեդրոնաձիգ մարմին մը, որ ինք կը ճշդէ եւ կ’որոշէ ամէն ինչ: Մինչդեռ երբ կը կարդանք ՀՅԴ պատմութեան առաջին երեսնամեակը, կը տեսնենք որ հիմնական դերակատարները շրջաններու Կեդրոնական Կոմիտէներն են, իսկ Բիւրօն ունի լուսանցքային դերակատարութիւն: Հիմնականին մէջ ան եղած է աշխատանքները համակարգող հսկող եւ հունաւորող մարմին:

Հետզհետէ կեդրոնաձիգ կուսակցութեան վերածուելով, դաշնակցութեան մէջ աղաւաղուած է նաեւ ազատ խօսքի հասկացութիւնը; Կանոնագիրը այն մեքանիզմն է, որ կեանքի պէտք է կոչէ ծրագիրը եւ առ այդ, կանոնագիրին բարոյական եւ գաղափարական հիմքը ՀՅԴ ծրագիրն է, որուն հաւատամքին անքակտելի մասնիկն 1, մտքի, խօսքի, եւ կամքի ազատութիւնը:

Այստեղ եւս խեղաթիւրում կը կատարուի: Կանոնագիրի կարգապահութեան հասկացութեան դրոյթներուն հիման վրայ, կ’ոտնակոխուի դաշնակցականներուն ազատ մտածելու եւ ազատօրէն արտայայտուելու ծրագրային իրենց իրաւունքը: Այսօր Դաշնակցութեան մէջ այլակարծութիւնը մերժուած երեւոյթ է: Մինչդեռ յեղափոխական գործունէութեան ժամանակաշրջանին, Դաշնակցութեան օրկանը՝ ԴՐՕՇԱԿը տպած է Հրայր Դժոխքի նամակները, ուր քննադատութիւն կայ Դաշնակցութեան հասցէին: 1900ականներուն երբ Դաշնակցութիւնը կը պատրաստու էր ընդունելու ընկերվարութիւնը իբրեւ հիմնական գաղափարախօսութիւն, Վանայ Իշխանը Դրօշակի մէջ կը գովերգէր լիբերալիզմը;

Այս հակասութիւնները եւ աղաւաղումները հիմնական վերնագիրներն են ՀՅԴ կանոնագիրի հակասութիւններուն, որոնք առանցքային են եւ Դաշնակցական շարքայինին համար պէտք է որ դառնան անընդունելի: Այս հակասութիւններու հետեւանքով աղաւաղուած է նաեւ Դաշնակցութեան էութիւնը եւ դիմագիծը:

Բայց ՀՅԴ կանոնագիրի ամէնէն մեծ թերութիւնը կը մնայ իր ոչ-ժողովրդավար դրոյթները, որոնք յանգեցուցած են այսօրուայ աղիտալի վիճակին:

Շարունակելի…

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *