20.4 C
Yerevan

ՀՅԴ Ծրա­գիր

Մարդկութեան առջեւ ծառա­ցած գլխաւոր մարտահրաւէրներն են‘ ամբո­խա­վա­րութիւնը, կեղծ լուրե­րը, դաւադրութեան տեսութիւնը, կլի­մա­յա­կան փոփո­խութեան ժխտումը եւ ջնջումի մշա­կոյթը:

Նաթան Պետրո­սեան

«Տիրա­պե­տութեան եւ շահա­գործման տարբեր ձեւերն են‘ դրա­մա­տի­րութիւնը, կայսե­րա­պաշտութիւնը, ամբողջա­տի­րութիւնը, գաղութա­տի­րութիւնը, որոնք կը դրսեւո­րուին‘ ռազմա­պաշտութեամբ, ցեղա­պաշտութեամբ, սակաւա­պե­տութեամբ, տնտե­սա­կան, գաղա­փա­րա­կան եւ մշա­կութա­յին ծաւա­լա­պաշտութեամբ»

Այս տարի ամբողջ աշխարհի մէջ‘ ովկիա­նո­սէ ովկիա­նոս, ցամա­քա­մա­սէ ցամա­քա­մաս, երկրէ երկիր եւ տարա­ծաշրջա­նէ տարա­ծաշրջան, հայութիւնը կը տօնա­կա­տա­րէ հայկա­կան իրա­կա­նութեան մէջ ազգա­յին, ընկե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան ազա­տագրութեան յառա­ջա­մարտիկ Հայ յեղա­փո­խա­կան դաշնակցութեան հիմնադրութեան 131-ամեա­կը:

Այս տարի, ինչպէս նախորդ տարի, ՀՅԴ‑ի հիմնադրութեան տարե­դարձը կը նշենք իւրա­յա­տուկ պայմաննե­րու մէջ: Մէկ կողմէ «Քորո­նա» ժահրի համա­ճա­րակն է, որ իր պատճա­ռած առողջա­պա­հա­կան մեծ վնասնե­րով մեզ բոլորս ֆիզի­քա­պէս հեռու կը պահէ մեր ծնողնե­րէն, ընկերնե­րէն եւ բարե­կամնե­րէն: Ժահր մը, որ նոյնիսկ մեր հարա­զատնե­րուն կեանքե­րը խլեց, եւ որուն ծանր հետեւանքնե­րուն (ինչպէս պատմութեան ընթացքին գոյութիւն ունե­ցած որեւէ համա­ճա­րակ) շարքին էին գործե­րու դադրե­ցումը, դպրոցնե­րու փակումը եւ երթեւե­կի սահմա­նա­փա­կումը: Միւս կողմէ‘ կայ հայութեան մէջ թափ ստա­ցած եւ հասակ նետած ամբո­խա­վա­րա­կան քաղա­քա­կան մշա­կոյթի յառա­ջա­ցումը, մշա­կոյթ մը, որ դժբախտա­բար այսօր Հայաստա­նի մէջ դարձած է նոյնիսկ կառա­վա­րութեան ղեկը ստանձնած քաղա­քա­կան ուժի ուղղութիւն, որով վերջինս կը փորձէ հռե­տո­րա­բա­նութեան միջո­ցով քողարկել ներկայ սխալնե­րը, ժողո­վուրդի առօ­րեայ կեանքէն հեռու պահել այժմէա­կան մարտահրաւէրնե­րը, արդիա­կա­նացման հոլո­վոյթի չդի­մե­լու համար մի՛շտ յիշա­տա­կել անցեա­լը, յիշեցնել այդ անցեա­լին մասին, եւ ամէ­նէն կարեւո­րը‘ չունե­նալ երկա­րա­ժամկէտ ռազմա­վա­րութիւններ եւ կառչիլ պատե­հա­պաշտութեան:

Եկէք‘ հարց տանք, թէ ի՞նչ կրնանք եզրա­կացնել վերը յիշեալ երկու պայմաննե­րէն: Ի՞նչ է անոնց միջեւ զուգա­հե­ռը արդեօք:

Ամբո­խա­վա­րութիւն

Ընդհա­նուր առմամբ, պատմա­կան ճգնա­ժա­մա­յին պայմաննե­րու ընթացքին ի յայտ կու գան ընկե­րութեան մէջ կուտա­կուած ախտե­րը. պատկե­րասփիւռ դիտե­լով թէ ընկե­րա­յին ցանցե­րու նորութիւննե­րուն հետեւե­լով, թերթե­րու մէջ կարդա­լով թէ ձայնասփիւռի կայաննե­րու յայտա­գիրներ ունկնդրե­լով‘ տեսանք, որ աշխարհի չորս կողմը ցոյցեր տեղի ունե­ցան (ոգեւո­րուե­լով ծայրա­յեղ աջա­կողմեան քաղա­քա­կան գործիչնե­րու հռե­տո­րա­բա­նութիւննե­րէն)‘ ընդդէմ «Քորոնա»-ի ժահրի համա­ճա­րա­կի առողջա­պա­հա­կան-գիտա­կան փաստե­րու վրայ հիմնուած նախազգուշա­կան եւ կանխարգիլման միջո­ցա­ռումնե­րուն, խորհրդա­րաննե­րուն մէջ չարա­չար (հակա­ռակ ՄԱԿ‑ի եւ անոր հետեւող կազմա­կերպութիւննե­րու հրա­տապ որո­շումնե­րուն) կը յետաձգուին կլի­մա­յա­կան փոփո­խութեան նկատմամբ դիմադրութեան առումով որդեգրուե­լիք միջո­ցա­ռումնե­րը‘ քարիւղի հետ կապուած մեծ ընկե­րութիւննե­րու բարե­կամ երեսփո­խաննե­րուն կողմէ, եւ վերջա­պէս, նոյնինքն ծայրա­յեղ աջա­կողմեան կուսակցութիւննե­րը քաղա­քա­կան եւ համա­մարդկա­յին մարտահրաւէրներն ու առաջնա­հերթութիւննե­րը կը դիտեն դաւադրութեան տեսութեան վրայ հիմնուած կեղծ գիտութեան (Pseudoscience), կարծրա­տի­պա­յին եւ պատմութեան ընթացքին ընկե­րա­յին մակարդա­կի վրայ ստեղծուած առասպելնե­րու եւ ջնջումի մշա­կոյթի (անգլե­րէն‘ cancel culture, որ վտա­րումի վրայ հիմնուած ժամա­նա­կա­կից ձեւ մըն է, ուր ընկե­րա­յին խումբե­րը կը դատա­պարտուին արտա­յայտութեան ազա­տութե­նէ եւ աջակցութե­նէ զրկուե­լու եւ կ՛ենթարկուին լուսանցքայնացման) տեսանկիւնէն, որ հեռու է գիտութեան վրայ հիմնուած ըլլա­լէ:

Եզրա­կացնե­լով այս բոլո­րը‘ կրնանք ըսել, որ ներկա­յիս մարդկութեան առջեւ ծառա­ցած գլխաւոր մարտահրաւէրներն են‘ ամբո­խա­վա­րութիւնը, կեղծ լուրե­րը, դաւադրութեան տեսութիւնը, կլի­մա­յա­կան փոփո­խութեան ժխտումը եւ ջնջումի մշա­կոյթը:

Այս բոլո­րը‘ համաշխարհա­յին գետնի վրայ, բայց արդեօ՞ք հայութեան մէջ նաեւ առկայ էին նմա­նօ­րի­նակ ախտեր:

Անցեալ տարի թրքա­կան կառա­վա­րութիւնը, վերա­նո­րո­գե­լով իր նոր-օսմա­նա­կան ախորժակնե­րը, քաջա­լե­րեց Ազրպէյճա­նի ամբողջա­տի­րա­կան եւ բռնա­տի­րա­կան իշխա­նութիւննե­րը‘ Արցա­խի դէմ շղթա­յա­զերծե­լու պատե­րազմ, եւ ասոր իբրեւ հետեւանք‘ ի յայտ եկան Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ռազմա­կան եւ դիւա­նա­գի­տա­կան բացթո­ղումներն ու տկա­րութիւննե­րը, իսկ իբրեւ տարածքնե­րու կորուստի եւ պատե­րազմի անմի­ջա­կան հետեւանք‘ թափ ստա­ցաւ սղա­ճը, յառա­ջա­ցաւ ջուրի եւ կազի աղբիւրնե­րու սակաւութիւնը: Քաղա­քա­ցիա­կան պայմա­նա­գիր կուսակցութեան ղեկա­վա­րած կառա­վա­րութիւնը, փոխա­նակ անհրա­ժեշտ լուծումներ գտնել յետպա­տե­րազմեան առաջնա­հերթ ընկե­րա­յին-տնտե­սա­կան մարտահրաւէրնե­րուն, դիմեց իր որդեգրած մնա­յուն ուղղութեան‘ ամբո­խա­վա­րութեան, ներկա­յի բացթո­ղումներն ու տկա­րութիւննե­րը իբրեւ յանցանք բարդե­լով  լոկ նախկին իշխա­նութիւննե­րուն վրայ: Բոլորս ալ ունինք բարե­կամներ, որոնք հետեւե­լով ընկե­րա­յին ցանցե­րու վրայ կեղծ լուրե­րուն կամ մտիկ ընե­լով կեղծ գիտութեան քարոզչութիւնը‘ մերժե­ցին (եւ դժբախտա­բար կը շարունա­կեն մերժել) «Քորո­նա» ժահրի գիտա­կան-առողջա­պա­հա­կան փաստե­րը եւ չենթարկուե­լով նախազգուշա­ցումնե­րուն‘ մեր բոլո­րին կեանքը վտանգած եղան (ինչ որ նոյնիսկ պատճառ դարձաւ եւ կը շարունա­կէ դառնալ մեր հարա­զատնե­րու մահուան) եւ կը շարունա­կեն ըլլալ, այնպի­սի պահու մը, երբ հակա­քա­րոզչութիւնը թափ կ՛առնէ հակա­հա­մա­ճա­րա­կա­յին պատուաստումին դէմ: Շատ մտա­հո­գիչ երեւոյթ է, որ մինչեւ իսկ օրս շատ չնչին է Հայաստա­նի մէջ «Քորո­նա» ժահրին դէմ  պատուաստուածնե­րուն թիւը (ինչ որ պատճառ կը դառնայ մահե­րու թիւի աճին) կամ նախազգուշութիւննե­րու հետեւողնե­րու տոկո­սը: Մեր ընկե­րութեան մէջ իրապէ՛ս շատ մտա­հո­գիչ է «Քորո­նա» ժահրի համա­վա­րա­կին մօտե­նալ դաւադրա­կան տեսութեան դիտանկիւնէն:

Միայն վերջին տասնա­մեակնե­րուն մարդկութիւնը մեծ ցատկ մը կատա­րեց գիտա­կան, թուայնա­ցումի, արհեստա­գի­տութեան ու առողջա­պա­հութեան մարզե­րուն մէջ, եւ վերլուծե­լով մարդկա­յին կեանքի ներկայ փուլը‘ կրնանք ըսել, որ ներկա­յիս մարդու յառաջդի­մութեան եւ եղա­փո­խութեան շարունակման թիւ մէկ մարտահրաւէրն է ամբո­խա­վար գաղա­փա­րա­խօ­սութեան ու մշա­կոյթի յաղթա­հա­րումը:

Արդեօք ամբո­խա­վա­րութեան դէմ պէտք է պայքա­րիլ ամբո­խա­վա­րա­կան ա՞յլ տարբե­րա­կով:

Բնա­կա­նա­բար‘ կտրա­կա­նա­պէս Ո՛Չ:

Կա՞յ պայքա­րի այլ ուղղութիւն:

Ովկիա­նո­սէ ովկիա­նոս եւ ցամա­քա­մա­սէ ցամա­քա­մաս, յառաջդի­մա­կան կառա­վա­րութիւննե­րը, վերա­հաստա­տե­լով տնտե­սա­գէտ Ճոն Մայնըրտ Քէյնզի ուսմունքը, որդեգրե­ցին իրենց խթա­նիչ փաթեթնե­րը‘ մղում տալով պիւտճէա­կան ծախսե­րուն: Յաւե­լեալ ներդրումներ կատա­րուե­ցան տնտե­սութեան վերա­ճարտա­րա­րուեստա­կա­նացման, աշխա­տանքի եւ շուկա­յի թուայնացման, կրթութեան, արհեստա­կան բանա­կա­նութեան, տեղե­կա­տուա­կան արհեստա­գի­տութեան եւ ընտա­նե­կան բռնութեան դէմ պայքա­րի բնա­գաւառնե­րուն մէջ, իսկ բռնութեան ենթարկուողնե­րուն տրա­մադրուե­ցաւ խնամք, համա­ցանցի հասա­նե­լիութեան աստի­ճա­նը բարե­լաւուե­ցաւ, եւ միջին ու փոքր ձեռնարկութիւննե­րու աջակցութիւն տրա­մադրուե­ցաւ:

Միջոցներ, որոնք բարձրօ­րէն գնա­հա­տուե­ցան համաշխարհայնօ­րէն եւ դարձան իտէա­լա­կան քայլեր, զորս իւրա­քանչիւր պետութիւն կը փափա­քի ընդօ­րի­նա­կել:

Նաեւ, նոյն յառաջդի­մա­կան կառա­վա­րութիւննե­րը բարձր ցուցա­նիշներ արձա­նագրե­ցին հարկա­յին փախուստի դէմ պայքա­րի, կեանքի բարձր չափա­նիշնե­րու (առողջա­պա­հութիւն, թոշակ, աշխա­տաւորնե­րու իրաւունքներ, երե­խա­նե­րու խնամք եւ այլն), երկու սեռե­րու միջեւ հաւա­սար ներկա­յա­ցուցչութեան, սերնդա­փո­խութեան, վերա­նո­րո­գուող ուժա­նիւթի  եւ տնտե­սա­կան արտադրութեան մէջ ածխաթթուի արտա­նե­տումնե­րը նուա­զեցնե­լու բնա­գաւառնե­րուն մէջ:

Ընթերցողնե­րը վստա­հա­բար հարց պիտի տան, թէ արդեօք կա՞ն գործնա­կան օրի­նակներ, որոնք կը փաստեն, թէ ինչպէ՛ս յառաջդի­մա­կան ուժե­րը կրցան յաղթա­հա­րել ամբո­խա­վա­րութիւնը:

2020-ին Միա­ցեալ Նահանգնե­րու նախա­գա­հա­կան, ծերա­կոյտի եւ Ներկա­յա­ցուցիչնե­րու տան ընտրութիւննե­րուն, երբ Թրամփն ու հանրա­պե­տա­կաննե­րը լուրջի չառին «Քորոնա»-ի համա­ճա­րա­կը, ուշա­ցան երկրին ընդհա­նուր փակումը յայտա­րա­րե­լու, ժահրին տուին «Չինա­կան ժահր» անունը‘ մեկնե­լով ցեղա­պաշտա­կան դրոշմով համե­մուած դաւադրա­կան տեսութիւննե­րէն, դեմոկրա­տա­կաններն ու իրենց նախա­գա­հա­կան թեկնա­ծուն (Ճօ Պայտըն) իրենց քարո­զարշաւը մղե­ցին «Քորոնա»-ի ժահրէն կանխազգուշա­ցումնե­րուն եւ տնտե­սա­կան վերա­կանգնման կարգա­խօսնե­րուն հիման վրայ: Ասոր շնորհիւ‘ Դեմոկրա­տա­կան կուսակցութիւնը ձեռք բերաւ յաղթա­նակներ, վերա­շա­հե­լով աշխա­տաւոր ընտա­նիքնե­րու համակրանքը‘ Պայտըն ընտրուե­ցաւ Միա­ցեալ Նահանգնե­րու նախա­գահ, իսկ դեմոկրա­տա­կաննե­րը ձեռք բերին մեծա­մասնութիւն Քոնկրե­սին մէջ (ծերա­կոյտ եւ Ներկա­յա­ցուցիչնե­րու տուն): Դեմոկրա­տա­կան գլխաւոր օրէնսդրա­կան նուա­ճումը դարձաւ 19 նոյեմբեր 2021-ին Ներկա­յա­ցուցիչնե­րու տան մէջ անցած «Build Back Better» օրի­նա­գի­ծը, որ լայնա­ծաւալ ներդրումներ կ՛ընդգրկէ ենթա­կա­ռուցա­յին, առողջա­պա­հա­կան, կրթա­կան, փոխադրութեան  եւ ընկե­րա­յին ծառա­յութիւննե­րու մարզե­րուն մէջ: Արդիւնք մը, որ ոգեւո­րեց յառաջդի­մա­կաննե­րը նոյնիսկ ովկիա­նո­սէն անդին եւ միջազգա­յին գետնի վրայ յառաջ մղեց անոնց նախընտրա­կան պայքարնե­րը‘ ընդդէմ ամբո­խա­վա­րութեան:

Ովկիա­նո­սէն ասդին, 2021‑ի Գերմա­նիոյ խորհրդա­րա­նա­կան ընտրութիւննե­րուն ընկերվար-ժողովրդա­վարնե­րու 25,7 առ հարիւր համե­մա­տութեամբ յաղթա­նա­կը վերա­կանգնման յոյս ներշնչեց Եւրո­պա­յի ընկերվար-ժողովրդա­վա­րա­կան կուսակցութիւննե­րուն, ապա 25 նոյեմբեր 2021-ին անոնք Կանաչնե­րուն եւ ազա­տա­կաննե­րուն հետ կազմե­ցին «Վտանգուիլ‘ յանուն յառաջդի­մութեան» անուա­նումով կառա­վա­րա­կան դաշինք մը, որուն նպա­տակն է վերա­տե­սութեան ենթարկել աւե­լի քան 10 տարի­նե­րու քրիստո­նեայ-ժողովրդա­վարնե­րու ուղղութիւնը‘ զայն փոխա­րի­նե­լով աւե­լի բաց եւ արդիա­կան օրէնսդրութիւննե­րով:

Վերջա­պէս, ինչ կը վերա­բե­րի հայկա­կան քաղա­քա­կան դաշտին, հայութեան մէջ ներկա­յա­նա­լով իբրեւ ընկերվա­րա­կան կուսակցութիւն, ՀՅԴ‑ն ինչպէ՞ս կրնայ օգտուիլ միջազգա­յին նուա­ճումնե­րէն:

Նախ եւ առաջ, նկա­տի առնե­լով առողջա­պա­հա­կան համընդհա­նուր լրջութեան պահը, պէտք է Հայաստա­նէն սկսեալ արշաւ մղել յանուն «Քորո­նա» ժահրին կապուած նախազգուշա­ցումնե­րու յարգման ու նաեւ պատուաստ ստա­նա­լու հոլո­վոյթի արա­գացման: Նկա­տի ունե­նա­լով Արցա­խի դէմ Ազրպէյճա­նի շղթա­յա­զերծած պատե­րազմին պատճա­ռով հայկա­կան տարածքնե­րու բռնագրաւման հետեւանքնե­րէն կազի ու ջուրի Հայաստա­նի աղբիւրնե­րու նուա­զումը, ՀՅԴ‑ն պէտք է դառնայ Հայաստա­նի մէջ յառա­ջա­տար քաղա­քա­կան ուժը, որ կը քաջա­լե­րէ վերա­նո­րո­գուող ուժա­նի­թի օգտա­գործումը, շուկա­յի թուայնա­ցումը, համա­ցանցի ծառա­յութիւննե­րու բարե­լաւումը, եւ ամէ­նէն կարեւո­րը‘ ապա­գա­յի փայլուն ճամբան հարթող կրթա­կան համա­կարգի արդիա­կա­նա­ցումը: Յետպա­տե­րազմեան իրա­վի­ճա­կին պատճա­ռով ստեղծուած սղա­ճի, անգործութեան եւ արտա­գաղթի մարտահրաւէրնե­րուն դէմ յանդի­ման‘ ՀՅԴ‑ն առաջնա­հերթ պէտք է նկա­տէ ու վերա­նո­րո­գէ պայքա­րը ընդդէմ համա­հարթ հարկումին եւ կենսա­թո­շակնե­րու պարտա­դիր կուտա­կա­յին համա­կարգի օրի­նա­գի­ծին, պէտք է աշխա­տաւորնե­րու միութե­նա­կա­նացման ճիգ թափել, գիւղե­րուն մէջ համա­գործակցա­կաննե­րու հիմնադրման փորձեր կատա­րել եւ քաղա­քա­պե­տութիւննե­րուն միջո­ցով հանրա­յին բնա­կա­րաններ ապա­հո­վել (նաեւ‘ ներա­ռել հայրե­նա­դարձնե­րը յիշեալ ծրա­գի­րին մէջ): Հայաստա­նի Ա. Հանրա­պե­տութեան ժամա­նա­կաշրջա­նին, աշխարհին շնորհե­լով առա­ջին կին դեսպա­նը եւ Հայաստա­նը դարձնե­լով աշխարհի մէջ յառա­ջա­տար պետութիւննե­րէն, որ իգա­կան սեռին շնորհեց քուէարկե­լու իրաւունք, Դաշնակցութիւնը պարտի ներկա­յիս կինե­րուն ապա­հո­վել հաւա­սար ներկա­յութիւն‘ պետա­կան մարմիննե­րուն մէջ եւ արծարծել կինե­րուն նկատմամբ բռնութեան հարցը:

Հայ յեղա­փո­խա­կան դաշնակցութիւնը իր աշխարհա­յեացքով‘ իբրեւ ազգա­յին, ընկերվա­րա­կան եւ յեղա­փո­խա­կան կուսակցութիւն, պէտք է հայութեան եւ իր երթը զուգա­հեռ դարձնէ Պայտը­նի ու Շոլցի (ներկա­յի Գերմա­նիոյ ընկերվար-ժողովրդա­վար վարչա­պե­տը) ծովա­շարժին‘ ընդդէմ Թրամփի ու անոր աջա­կողմեան ամբո­խա­վար ծովա­շարժին:

Հայ յեղա­փո­խա­կան դաշնակցութիւնը իր աշխարհա­յեացքով‘ իբրեւ ազգա­յին, ընկերվա­րա­կան եւ յեղա­փո­խա­կան կուսակցութիւն եւ հաւա­տա­րիմ մնա­լով մանաւանդ իր յեղա­փո­խա­կան գաղա­փա­րա­բա­նա­կան հիմքին, պէտք է դառնայ այն գաղա­փա­րա­բա­նա­կան փարո­սը, որ կը մատնանշէ մարդու եղա­փո­խութեան եւ ներկայ փուլի յառաջդի­մութեան ճամբան խոչընդո­տող մեծա­գոյն չարի­քը‘ ամբո­խա­վա­րութիւնը եւ անկէ յառա­ջա­ցած կեղծ գիտութիւնը, կեղծ լուրե­րը, դաւադրա­կան տեսութիւնը, կլի­մա­յա­կան փոփո­խութեան ժխտումն ու ջնջումի մշա­կոյթը եւ զանոնք միա­սին ամբո­խա­վա­րութեան հետ թաղէ պատմութեան սեւ էջե­րուն մէջ ընդմիշտ:

Հայութիւնը անմի­ջա­կան կարի­քը ունի արդի կեդրոն-ձախ քաղա­քա­կան ուժի, եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պէտք է կեդրոն-ձախ ուղղութեան բացը գոցէ հայկա­կան քաղա­քա­կան կեանքին մէջ:

Aztagdaily.com

Առնչվող Հոդվածներ