14.6 C
Yerevan

ՀՅԴ Ապա­կեդրո­նա­ցումը Գաղա­փա­րա­կան Խարիսխ Է

Որոնք կը փորձեն ԱՄԷՆ ԳՆՈՎ անձեռնմխե­լի ու անսա­կարկե­լի պահել Մեր Ազգի Ազա­տութիւնն ու Հայոց Հայրե­նի­քի Անկա­խութիւնը՝ մեծ կամ փոքր հարեւաննե­րու բարեա­ցա­կամ թէ թշնա­մա­կան շահագրգռութեանց ու ոտնձգութեանց դէմ․․․

Ն. Պէրպէ­րեան


Բարի Լոյս

ԿԵԴՐՈՆԱՑՄԱՆ ԽՈՑԸ ԵՒ ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՄԱՆ ԺԱՆԻՔԸ

Բարի լոյս՝ ծանրա­գոյն հարուածնե­րու տակ ինկած Հայ Ազգի եւ Հայոց Հայրե­նի­քի, Մեր Ժողո­վուրդի ու Սեփա­կան Պետա­կա­նութեան ԽՈՑՈՒԱԾ ԱՐԺԱ­ՆԱ­ՊԱ­ՏՈՒՈՒԹԻՒՆը վերա­կանգնե­լու, այլեւ մեր հաւա­քա­կան ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿՌԻՒը վերա­նո­րոգ մարտունա­կութեամբ յառաջ մղե­լու զօրա­շարժին զինուո­րագրուած հայոց նորօ­րեայ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵ­Րուն։

Բարի լոյս՝ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի բոլոր ծագե­րէն իրա­րու ձայն տուող եւ միասնա­բար մեր ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺը նորո­վի թափով ՇՂԹԱՅԱԶԵՐԾԵԼՈՒ Պայքա­րի Դրօ­շը պարզած Նուի­րեալ Հայորդի­նե­րուն, որոնք կը փորձեն 21րդ դարու երրորդ տասնա­մեա­կին համա­հունչ ՈՒՂԻ ՀԱՐԹԵԼ Մեր Փոքր Ածուի Ինքնա­հաստատման Երթին առջեւ։

Բարի լոյս՝ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ Ազգա­յին, Քաղա­քատնտե­սա­կան եւ Պետա­կան Ուժի Կռուաննե­րը ՍԵՓԱԿԱՆ ԺՈՂՈ­ՎՈՒՐԴի Արժա­նաւո­րութեան եւ Արժա­նա­պա­տուութեան ՆԵՐՈՒԺին մէջ գտած եւ ամրագրած Գաղա­փա­րի Դրօ­շա­կիրնե­րուն, որոնք կը փորձեն ԱՄԷՆ ԳՆՈՎ անձեռնմխե­լի ու անսա­կարկե­լի պահել Մեր Ազգի Ազա­տութիւնն ու Հայոց Հայրե­նի­քի Անկա­խութիւնը՝ մեծ կամ փոքր հարեւաննե­րու բարեա­ցա­կամ թէ թշնա­մա­կան շահագրգռութեանց ու ոտնձգութեանց դէմ․․․

Բարի լոյս՝ ԱՐԹՆԱՄՏՈՒԹԵԱՆ եւ ՊԱՅԾԱՌԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ այն Գաղա­փա­րա­պաշտ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ, որոնք Ազգի եւ Հարե­նի­քի, ժողո­վուրդի ու Պետա­կա­նութեան Ուժի անխտիր բոլոր կռուաննե­րը համախմբող ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ մէջ կը տենեն ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԵԼՔը։

Այո՛, 132 տարի առաջ Հայ Յեղա­փո­խա­կաննե­րու ընտրած ԱՊԱԿԵԴՐՈՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը սոսկ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ՏԱՐԱԶ չէր, մանաւանդ՝ սոսկ դիմա­յարդարման ԼԾՈՐԴ ՉԷՐ որեւէ տեսակ ԿԵԴՐՈ­ՆԱ­ՑՈՒՄի, նոյնիսկ ու մանաւանդ երբ այս վերջի­նը կը ներկա­յա­նայ գաղա­փա­րա­կան ու բարո­յա­կան ՇՊԱ­Րով․․․

Աւելի՛ն․ Ապա­կեդրո­նա­ցումը ԷՈՒԹԻՒՆն էր Դաշնակցութեան, որուն անդա­մագրուո­ղը կուսակցա­կան իրաւունքի խնդիր չունէր, որպէսզի ԵՐԱՇԽԱՒՈՐ ԿԵԴՐՈ­Նի կարի­քը զգար, այլ ունէր միայն բարո­յա­կան բաւա­րա­րութեան խնդիր, որուն ԵՐԱՇԽԻ­Քը նոյնինքն ԱՊԱ­ԿԵԴՐՈ­ՆԱ­ՑՈՒՄն իսկ էր։

Բարի լոյս՝ Ապա­կեդրո­նացման ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԵԱՄԲ Հայ Ժողո­վուրդի եւ Հայաստան Աշխարհի ազա­տագրութեան, անկա­խացման եւ ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՈՒՂԻն հունաւո­րող Յանձնա­ռու Հայորդի­նե­րուն, որոնք արթուն կը հսկեն Դաշնակցութիւնը ներսէն կրծող ՑԵՑԵՐՈՒՆ դէմ, որպէսզի ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՊԱՀԱԾ ՈՒ ՓԱՅՓԱՅԱԾ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը զոհ չդառնայ ՀԱՅ ՄԻՏՔ ՈՒ ԿԱՄՔ ԿԱՂԱՊԱՐԵԼՈՒ եւ ՋԼԱՏԵԼՈՒ ճամբով ամէն կարգի իշխա­նութիւն ու փառք մսխե­լու ելած կեդրո­նա­ձիգ վաշխա­ռունե­րուն։

Բարի լոյս՝ Դաշնակցութեան մէջ սոսկա­կան կուսակցութե­նէ մը աւե­լին արժեւո­րող, այլեւ Հայ Ժողո­վուրդի ԱՊԱԿԵԴՐՈՆ ԱՇԽԱՐՀԱ­ԿԱՐԳի Գաղա­փա­րա­կան ու Կազմա­կերպա­կան ՈՂՆԱ­ՇԱ­Րին մարմնաւո­րումը տեսնող Դաշնակցա­կան Ուխտեալնե­րուն, որոնք հաւա­տարմագրուած են Դաշնակցութիւնը ՀԱԿԱԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ, ԽՈՐԱՊԷՍ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄԻ ԱՅԼԱՍԵՐՄԱՆ սադրանքնե­րուն դէմ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ գաղա­փա­րա­պաշտ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄԻՆ։

24 Փետրուար 2022

Առնչվող Հոդվածներ