14.6 C
Yerevan

Ինքնա­կա­յացման Վերջին Առի­թը

Ծրագրա­յին եւ կառուցա­յին հիմնա­կան վերա­նա­յումնե­րու եւ անխուսա­փե­լի պատշա­ճե­ցումնե­րու քարուղիին վրայ կանգնած է Դաշնակցութիւնը։

Նազա­րեթ Պէրպէ­րեան

Հին Էջեր, Ապրող Էջեր

ԽՈՒՍԱՓՈՒՄ ՉԿԱՅ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԵՆԷՆ

Աթէնք, 28 Փետրուար 2022

Հայաստա­նի մէջ Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւնը այսօր բացումը կատա­րեց իր Ընդհա­նուր Ժողո­վին, որուն վրայ սեւե­ռած են բոլոր լուսարձակնե­րը հայ քաղա­քա­կան մտքի, որովհե­տեւ իբրեւ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴ՝ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ջերմա­չափն ու հայե­լին է Հայ Ազգի եւ Հայոց Հայրե­նի­քի, Մեր Ժողո­վուրդի ու Հայկա­կան Պետութեան հաւա­քա­կան ԵՐԹԻՆ։
Իբրեւ այդպի­սին՝ Հ․Յ․Դ․ այսօ­րուան Ընդհա­նուր Ժողո­վը կոչուած է, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, ԱՐԺԵՒՈ­ՐՈՒՄն ու ՀԱՇՈՒԵ­ՏՈՒՈՒԹԻՒՆը կատա­րե­լու շրջա­նաւարտ Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի եռա­մեայ գործունէութեան՝ ըրա­ծին եւ չըրա­ծին, հայ կեանքի ընդհա­նուր նուա­ճումնրուն եւ ընկրկումնե­րուն համա­պարփակ լոյսին տակ։
Իր այդ առա­քե­լութեան տէր կանգնե­լու բարո­յա­կան ուժը պիտի կարենա՞յ նուա­ճել ժողո­վը, իմա՝ պիտի կայանա՞յ իբրեւ Հ․Յ․Դ․ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ։
Օրա­կարգը բացուած է հանրա­յին քննարկման համար եւ մտքե­րու անկաշկանդ արծարծման կը կարօ­տի։
Օրա­կարգին յուշա­րար թող ըլլայ 2014ին գրուած, Հ․Յ․Դ․ Ընդհա­նուր Ժողո­վի ԿԱՅԱՑՄԱՆ նուի­րուած, բայց գրաքննա­կան արգելքով անտիպ մնա­ցած արխիւա­յին հետա­գայ էջը․

ՕՐՈՒԱՆ ՄՏԱԾՈՒՄԸ

Կը կայանա՞յ Դաշնակցութեան Ընդհա­նուր Ժողո­վը

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

(Յատուկ՝ «Ասպարէզ»ին, 20 Նոյեմբեր 2014)

Ինչպէս որ հայ իրա­կա­նութիւնը յուզող ազգա­յին-քաղա­քա­կան ամէն խմո­րում իր տեղը կը գրաւէ դաշնակցա­կան մտքի օրա­կարգին վրայ, այնպէս ալ Դաշնակցութեան կեանքը յուզող ներքին խմո­րումնե­րը իրենց վրայ կը կեդրո­նացնեն հայ քաղա­քա­կան մտքին ընդհա­նուր ուշադրութիւնը։
Պատճա­ռը նախ այն է, որ «միսը միսէն եւ ոսկո­րը ոսկո­րէն» առած ըլլա­լու կազմա­խօ­սա­կան իր կապով՝ Դաշնակցութիւնը միա­ձուլուած է հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին նկա­րագրին ու կենսա­գործութեան հետ։
Իբրեւ «Հայ Յեղա­փո­խա­կաննե­րի Դաշնակցութիւն» ծնունդ առնե­լով եւ անմի­ջա­պէս «Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան» վերա­ծուե­լով հանդերձ, Դաշնակցութիւնը բնաւ չդարձաւ սոսկա­կան կուսակցութիւն մը՝ բառին քաղա­քա­կան-կազմա­կերպա­կան մասնա­կի կամ ընթա­ցիկ ուժ մը նշա­նա­կե­լու իմաստով։
Ընդհա­կա­ռակն՝ հայ ժողո­վուրդին ազգա­յին ինքնադրսեւորման եւ ինքնա­հաստատման յեղա­փո­խա­կան դրօ­շա­կի­րը եղաւ ու կը շարունա­կէ ըլլալ Դաշնակցութիւնը ահա՛ 124 տարիէ ի վեր։
Դաշնակցութեան ընտրանքներն ու քայլե­րը մաս կը կազմեն հանուր հայութեան օրա­կարգին նաեւ ու մանաւանդ այն պատճա­ռով, որ վերջին քառորդ դարուն, Հայ Դատի ուժա­կան պայքա­րի սփիւռքեան զարթօնքէն, Արցա­խի ազա­տագրումէն եւ Հայաստա­նի վերանկա­խա­ցումէն ասդին՝ աւե­լիով շեշտուած է Դաշնակցութեան վիճա­կուած ազգա­յին ջերմա­չա­փի նշա­նա­կութիւնը։
Այսինքն՝ Հայաստա­նի եւ հայութեան մերօ­րեայ նուա­ճումներն ու ընկրկումնե­րը խորա­չա­փե­լու եւ արժեւո­րե­լու համար, կարե­լի է հայ քաղա­քա­կան մտքի քննա­կան լուսարձա­կը կեդրո­նացնել Դաշնակցութեան ըրա­ծին ու չըրա­ծին, առա­ջադրա­ծին ու անտե­սա­ծին… հաշուե­յարդա­րին վրայ։
Իսկ այդ առումով, միշտ ալ, յատուկ նշա­նա­կութիւն ու կարեւո­րութիւն ներկա­յա­ցուցած են Դաշնակցութեան Ընդհա­նուր Ժողովնե­րը, որոնք աւանդա­բար չորս տարին անգամ մը գումա­րուե­լով՝ կոչուած են արտա­յայտե­լու եւ ամրագրե­լու Դաշնակցութեան ԿԱՄՔը։
Եւ որովհե­տեւ այս օրե­րուն Դաշնակցութիւնը կը պատրաստուի իր հերթա­կան Ընդհա­նուր Ժողո­վին, խորագրով խտա­ցուած հարցադրումը կը վերա­բե­րի անոր գումարման եւ դիմագրաւած խնդիրնե­րուն՝
Կը կայանա՞յ Դաշնակցութեան Ընդհա­նուր Ժողո­վը։
Հարցա­կա­նը անտե­ղի չէ, որովհե­տեւ Հայաստա­նի ու հայութեան դիմագրաւած ինքնաքննա­դա­տութեան եւ ռազմա­վա­րա­կան ծրագրումի ընդհա­նուր մարտահրաւէ­րը իր տրա­մա­բա­նութիւնը կը պարտադրէ նաեւ ու մանաւանդ Դաշնակցութեան։
Ինչպէս որ Դաշնակցութիւնը չի կրնար նուա­զե­ցուիլ սոսկա­կան քաղա­քա­կան կազմա­կերպութեան կամ ինքնանպա­տակ կուսակցութեան մը, այնպէս ալ Հ.Յ.Դ. Ընդհա­նուր Ժողո­վը չի կրնար վերա­ծուիլ ընկա­լեալ կուսակցութեան մը ընդհա­նուր համա­գումա­րին, որ լաւա­գոյն պարա­գա­յին կը ծառա­յէ քաղա­քա­կան ուժի եւ ժողովրդա­յին համակրանքի ցուցադրութեան…
Հ.Յ.Դ. Ընդհա­նուր Ժողո­վը ըստ ամե­նայնի կը զրկուի իր գոյութեան իմաստէն եւ դաշնակցա­կան նշա­նա­կութե­նէն, եթէ իր կազմութեան ու գումարման առա­ջին իսկ պահէն՝ իրեն հաշիւ տալու եւ իր հաւա­նութեան արժա­նա­նա­լու պարտաւո­րութեան տակ չդնէ գործող Հ.Յ.Դ. մարմիննե­րը — Բիւրո­յէն մինչեւ շրջաննե­րու Կ. Կոմի­տէ­ներն ու Հայաստա­նի Գերա­գոյն Մարմի­նը եւ Առանձնա­կի Կոմի­տէ­նե­րը։
Այո՛, կը կայանա՞յ Դաշնակցութեան Ընդհա­նուր Ժողո­վը, որ իր մէջ պիտի գտնէ ուժը հաշիւ պահանջե­լու Հ.Յ.Դ. Բիւրո­յի եւ շրջա­նա­յին Մարմիննե­րու անցեալ տարի­նե­րու վրէպնե­րուն, դեդեւումնե­րուն եւ ձախո­ղութիւննե­րուն համար։
Ի վերջոյ Դաշնակցութեան Ընդհա­նուր Ժողո­վը պատասխա­նա­տուութիւն պէտք է ստանձնէ Հայաստա­նի խորհրդա­րա­նա­կան եւ նախա­գա­հա­կան վերջին ընտրութեանց գայթակղութիւննե­րուն համար, որոնք ծանրացնե­լու եկան արտա­գաղթի վերա­նո­րոգ թափով աղէտն ու ընկե­րա­յին անարդա­րութեան ծանրա­ցող բեռը։
Դաշնակցութիւնը ի՞նչ կրնար ընել եւ չըրաւ՝ թումբ կանգնե­լու համար ահագնա­ցող թաւալգլոր անկումին։
Աւելի՛ն.
Դաշնակցութեան Ընդհա­նուր Ժողո­վը ի վիճա­կի պիտի ըլլա՞յ, հայ իրա­կա­նութեան նորօ­րեայ քարտէ­սին վրայ, օրի­նա­կե­լի նախա­դէ­պը ստեղծե­լու քաղա­քա­կան ամէն կարգի արատնե­րէ մաքրուե­լու խստա­պա­հանջութեան՝ առա­ջին հերթին իշխա­նութեան թէ ղեկա­վա­րութեան ինքնա­վե­րարտադրման արմա­տա­ցող ընդհա­նուր ախտէն… ձերբա­զա­տուե­լով։
Կը կայանա՞յ, վերջա­պէս, Դաշնակցութեան Ընդհա­նուր Ժողո­վը, որ հայ ժողո­վուրդի աշխարհասփիւռ գոյա­կերպի պայմաննե­րուն մէջ, պիտի յաջո­ղի ապա­կեդրո­նացման իր հուժկու զէնքը պատշա­ճեցնել ժամա­նա­կի կշռոյթին՝ գաղա­փա­րա­կան-բարո­յա­կան միութեան յառա­ջացման ճամբուն վրայ չիյնա­լով կեդրո­նացման դիւրին, այլեւ կործա­նա­րար որո­գայթնե­րուն մէջ։
Այո՛, ծրագրա­յին եւ կառուցա­յին հիմնա­կան վերա­նա­յումնե­րու եւ անխուսա­փե­լի պատշա­ճե­ցումնե­րու քառուղիին վրայ կանգնած է Դաշնակցութիւնը, եթէ կը շարունա­կէ իր մէջ զգալ Հայաստա­նի եւ հայութեան դիմագրաւած մեծ մարտահրաւէրնե­րուն համա­պա­տասխան իր կեանքն ու գործը շարունա­կե­լու գաղա­փա­րա­կան ներուժը։
Դաշնակցա­կան սերունդնե­րու զոհա­բե­րութեամբ կուտա­կուած գաղա­փա­րա­կան այդ ներուժը ամրագրե­լու կոչուած է Դաշնակցութեան Ընդհա­նուր Ժողո­վը։

Առնչվող Հոդվածներ