ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

ՀՅԴ-ն Ազգային Վերնախաւ Չունի

34-րդ ԸԺ-ը չընկալեց ՀՅԴ-ի առջեւ ծառացած ահռելի պատուարները եւ եւ ընթացաւ քուէական չոր տրամաբանութեամբ միայն՝ թերագնահատելով խորհրդակցական ձայնով շարքերէն վաստակաւոր ընկերներ հրաւիրելու կանոնագրային ՈԳԻԻ յանձնարարականը։

Յարութ Գալայճեան

Որեւէ իշխանութիւն, որ իր ժամանակաշրջանը կ՚աւարտէ բացայայտ ձախողութեամբ, ինչ որ ալ ըլլայ ատոր պստճառահետեւանքային բացատրութիւնը, հարկադրուած է ինքնահեռանալ կամ հեռացուիլ առնուազն հանգրուանի մը համար։ Այս տարրական տրամաբանութեան մերժեց հետեւիլ ՀՅԴ սահմանադիր ժողովը։ Բնականաբար, նման մերժումի մը պատճառները կրնան ըլլալ աթոռամոլութիւնը, մտաւորականութեան բացակայութիւնը, շարքերու անկենդան վիճակը, քաղաքական արտաքին ճնշումները եւ այլ ազդակներ։

ԱՌ Ի ՀԵՏԵՒԱՆՔ այդ ձախողութեան անտեսումին, Դաշնակցութեան կիսախորտակ նաւը կրնայ յայտնուիլ փոթորկալի ալեկոծումներու դէմ յանդիման։ Արդէն շշուկներ կը լսուին, որ Բիւրոյի նախկին կազմէն անդամ մը կանխահասօրէն լքած է ժողովը եւ հրաժարական ներկայացնելու գնով մերժած է զինք վերընտրելու ամէն առաջարկ։ Իսկ նորընտիր կազմէն անդամ մը՝ արդէն հրաժարած է։

Առ այժմ, բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ 34-րդ ԸԺ-ը չընկալեց ՀՅԴ-ի առջեւ ծառացած ահռելի պատուարները եւ եւ ընթացաւ քուէական չոր տրամաբանութեամբ միայն՝ թերագնահատելով խորհրդակցական ձայնով շարքերէն վաստակաւոր ընկերներ հրաւիրելու կանոնագրային ՈԳԻԻ յանձնարարականը։

Վերջին 3 տարիներուն Դաշնակցութեան արձանագրած ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՆՋԸ եւ Բիւրոյի «նոր» Կազմը (8 վերարտադրուած եւ 3 նորեկ) ենթադրել կու տան, որ այս ԸԺ-ը ՀԱՆԳԱՄԱՆՕՐԷՆ ՉԷ ՔՆՆԱՐԿԱԾ երիտասարդական/ ուսանողական տխուր վիճակը, ապակեդրոնացման խախտումները, կանոնագրի հնամաշութիւնը, մտաւորական ճահճացումը, բազմակարծութեան խեղդումը, յեղափոխական գաղափարի տապալումը, պետական մտածողութեան խեղաթիւրումը, շարքերու ապատեղեկատուացումը ու պառակտման հաւանական վտանգները, ԳՄ-ի բիւրոյականացումը, քաղաքական ապադաշնակցական գործունէութիւնը եւ ժողովրդային վարկանիշի զերոյական սահմանամերձութիւնը։

Արդարեւ, 34-րդ ԸԺ-ը արհամարհեց Դաշնակցութեան հասցէին կատարուած վերջին 3 տարիներու ժողովրդային ցաւոտ գնահատականները, չուզեց արդարօրէն անդրադառնալ Մեր Ուղին-ի նախազգուշացումներուն եւ հայրենի մեծագոյն մտաւորականներէն՝ Հակոբ Մովսեսի խարազանող ազդարարութեան•
— «Մեր սրտերը լցվել են անսահման մի ցավով, որ Դաշնակցությունը փոխանակ իր ժողովրդի եւ պետության այս խարխուլ, ցեխի մեջ խրված սայլին լծվեր, լծվեց այդ ցեխի մեջ խրած եւ մեր պատմության մեջ ամենաավազակաբարո եւ ամենահակահայ իշխանության կառքին»։

Եւ այդպէ՜ս, Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովն ալ չկարողացաւ բարձրանալ իր շարքերն ու պետութիւնը չարչրկող հարցերու արդար վերլուծման/վճռահատման բարձր նշաձողին• բայց «յանդգնեցաւ» իջնել այն աստիճանին, որ նույն ժողովի ընթացքին, ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ-ի կազմակերպական թնճուկը փորձեց լուծել վերջնագրով ու կտրուկ սպառնալիքներով, չանդրադառնալով՝ որ Արեւմտեան Հարցի հանգուցածման վիժումը կրնայ առաջացնել ցնցումային հակազդեցութիւններ ամբողջ կազմակերպութեան վրայ։

Ակնկալելի է տակաւին, որ նորընտիր Բիւրոն շրջադարձային հոգեփոխութեամբ մը՝ ձգտի վերադառնալ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԵՐՆԱԽԱՒԻ ԻՐ ԵՐԲԵՄՆԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ։

09 ՄԱՐՏ 2022
ՄՈՒՂՆԻ

Գրառումը՝ Յարութ Գալայճեան-ի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *