14.6 C
Yerevan

ՀՅԴ‑ն Ազգա­յին Վերնա­խաւ Չունի

34-րդ ԸԺ‑ը չընկա­լեց ՀՅԴ‑ի առջեւ ծառա­ցած ահռե­լի պատուարնե­րը եւ եւ ընթա­ցաւ քուէա­կան չոր տրա­մա­բա­նութեամբ միայն՝ թերագնա­հա­տե­լով խորհրդակցա­կան ձայնով շարքե­րէն վաստա­կաւոր ընկերներ հրաւի­րե­լու կանո­նագրա­յին ՈԳԻԻ յանձնա­րա­րա­կա­նը։

Յարութ Գալայճեան

Որեւէ իշխա­նութիւն, որ իր ժամա­նա­կաշրջա­նը կ՚աւարտէ բացա­յայտ ձախո­ղութեամբ, ինչ որ ալ ըլլայ ատոր պստճա­ռա­հե­տեւանքա­յին բացատրութիւնը, հարկադրուած է ինքնա­հե­ռա­նալ կամ հեռա­ցուիլ առնուազն հանգրուա­նի մը համար։ Այս տարրա­կան տրա­մա­բա­նութեան մերժեց հետեւիլ ՀՅԴ սահմա­նա­դիր ժողո­վը։ Բնա­կա­նա­բար, նման մերժումի մը պատճառնե­րը կրնան ըլլալ աթո­ռա­մո­լութիւնը, մտաւո­րա­կա­նութեան բացա­կա­յութիւնը, շարքե­րու անկենդան վիճա­կը, քաղա­քա­կան արտա­քին ճնշումնե­րը եւ այլ ազդակներ։

ԱՌ Ի ՀԵՏԵՒԱՆՔ այդ ձախո­ղութեան անտե­սումին, Դաշնակցութեան կիսա­խորտակ նաւը կրնայ յայտնուիլ փոթորկա­լի ալե­կո­ծումնե­րու դէմ յանդի­ման։ Արդէն շշուկներ կը լսուին, որ Բիւրո­յի նախկին կազմէն անդամ մը կանխա­հա­սօ­րէն լքած է ժողո­վը եւ հրա­ժա­րա­կան ներկա­յացնե­լու գնով մերժած է զինք վերընտրե­լու ամէն առա­ջարկ։ Իսկ նորընտիր կազմէն անդամ մը՝ արդէն հրա­ժա­րած է։

Առ այժմ, բոլոր երեւոյթնե­րը ցոյց կու տան, որ 34-րդ ԸԺ‑ը չընկա­լեց ՀՅԴ‑ի առջեւ ծառա­ցած ահռե­լի պատուարնե­րը եւ եւ ընթա­ցաւ քուէա­կան չոր տրա­մա­բա­նութեամբ միայն՝ թերագնա­հա­տե­լով խորհրդակցա­կան ձայնով շարքե­րէն վաստա­կաւոր ընկերներ հրաւի­րե­լու կանո­նագրա­յին ՈԳԻԻ յանձնա­րա­րա­կա­նը։

Վերջին 3 տարի­նե­րուն Դաշնակցութեան արձա­նագրած ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՆՋԸ եւ Բիւրո­յի «նոր» Կազմը (8 վերարտադրուած եւ 3 նորեկ) ենթադրել կու տան, որ այս ԸԺ‑ը ՀԱՆԳԱՄԱՆՕՐԷՆ ՉԷ ՔՆՆԱՐԿԱԾ երիտասարդական/ ուսա­նո­ղա­կան տխուր վիճա­կը, ապա­կեդրո­նացման խախտումնե­րը, կանո­նագրի հնա­մա­շութիւնը, մտաւո­րա­կան ճահճա­ցումը, բազմա­կարծութեան խեղդումը, յեղա­փո­խա­կան գաղա­փա­րի տապա­լումը, պետա­կան մտա­ծո­ղութեան խեղա­թիւրումը, շարքե­րու ապա­տե­ղե­կա­տուա­ցումը ու պառակտման հաւա­նա­կան վտանգնե­րը, ԳՄ‑ի բիւրո­յա­կա­նա­ցումը, քաղա­քա­կան ապա­դաշնակցա­կան գործունէութիւնը եւ ժողովրդա­յին վարկա­նի­շի զերո­յա­կան սահմա­նա­մերձութիւնը։

Արդա­րեւ, 34-րդ ԸԺ‑ը արհա­մարհեց Դաշնակցութեան հասցէին կատա­րուած վերջին 3 տարի­նե­րու ժողովրդա­յին ցաւոտ գնա­հա­տա­կաննե­րը, չուզեց արդա­րօ­րէն անդրա­դառնալ Մեր Ուղին‑ի նախազգուշա­ցումնե­րուն եւ հայրե­նի մեծա­գոյն մտաւո­րա­կաննե­րէն՝ Հակոբ Մովսե­սի խարա­զա­նող ազդա­րա­րութեան•
— «Մեր սրտե­րը լցվել են անսահման մի ցավով, որ Դաշնակցությունը փոխա­նակ իր ժողովրդի եւ պետության այս խարխուլ, ցեխի մեջ խրված սայլին լծվեր, լծվեց այդ ցեխի մեջ խրած եւ մեր պատմության մեջ ամե­նաա­վա­զա­կա­բա­րո եւ ամե­նա­հա­կա­հայ իշխա­նության կառքին»։

Եւ այդպէ՜ս, Դաշնակցութեան բարձրա­գոյն ժողովն ալ չկա­րո­ղա­ցաւ բարձրա­նալ իր շարքերն ու պետութիւնը չարչրկող հարցե­րու արդար վերլուծման/վճռահատման բարձր նշա­ձո­ղին• բայց «յանդգնե­ցաւ» իջնել այն աստի­ճա­նին, որ նույն ժողո­վի ընթացքին, ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ‑ի կազմա­կերպա­կան թնճուկը փորձեց լուծել վերջնագրով ու կտրուկ սպառնա­լիքնե­րով, չանդրա­դառնա­լով՝ որ Արեւմտեան Հարցի հանգուցածման վիժումը կրնայ առա­ջացնել ցնցումա­յին հակազդե­ցութիւններ ամբողջ կազմա­կերպութեան վրայ։

Ակնկա­լե­լի է տակաւին, որ նորընտիր Բիւրոն շրջա­դարձա­յին հոգե­փո­խութեամբ մը՝ ձգտի վերա­դառնալ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԵՐՆԱԽԱՒԻ ԻՐ ԵՐԲԵՄՆԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ։

09 ՄԱՐՏ 2022
ՄՈՒՂՆԻ

Գրա­ռումը՝ Յարութ Գալայճեան-ի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ