13.4 C
Yerevan

Վերջին Խօսքը Շարքե­րունն Է

Ինչու՞ միա­կողմա­նի։

-Որովհե­տեւ չներկա­յա­ցուց իր մէջ (առնուազն Խորհրդակցա­կան Ձայնով) ՀՅԴ Շարքե­րու լու՜ռ ու դժգոհ կուսակցա­կաննե­րը։

Յարութ Գալայճեան

Հ. Յ.Դաշնակցութիւնը 100 տարի գործեց ու ապրե­ցաւ Հայաստա­նի եւ Սփիւռքի մէջ շնորհիւ հայ ժողո­վուրդին, իր գաղա­փա­րա­կան ուժին եւ պետա­կա­նա­կեդրոն պայքա­րին։

Վերջին 30 տարին «վերանկա­խա­ցած» Հայաստան հապճեպ ու անկազմա­կերպ իր մուտքով եւ անցեա­լի փառա­հեղ դրա­մագլուխի հետեւո­ղա­կան աղաւա­ղումով ու մսխումով՝ ՀՅԴ‑ն այսօր կը տապլտկի Քաղա­քա­կազմա­կերպա­կան Մահա­քունի մէջ, ուր վերա­կենդա­նացման նախանշաններ գրե­թէ չկան…

Վերջերս քուէա­կան հաշուարկնե­րով նախա­պատրաստուած եւ քոչա­րեա­նա­ռուս ներշնչումնե­րով գումա­րուած ՀՅԴ 34-րդ ԸԺ‑ը եկաւ այդ Մահա­քունին տալու յաւե­լեալ յոռե­տե­սութիւն։
Ըստ երեւոյթին, վերջին ԸԺ‑ը միա­կողմա­նի, վախկոտ եւ ջայլա­մեան քննարկումնե­րով չվա­րա­նե­ցաւ հրա­պա­րա­կայնօ­րէն եզրա­կացնե­լու, որ «Արտա­կարգ էր ու՝ Պատմա­կան»…

• Ինչու՞ միա­կողմա­նի՝

  • Որովհե­տեւ չներկա­յա­ցուց իր մէջ (առնուազն Խորհրդակցա­կան Ձայնով) ՀՅԴ Շարքե­րու լու՜ռ ու դժգոհ կուսակցա­կաննե­րը։

• Ինչու՞ վախկոտ՝

  • Որովհե­տեւ չհա­մարձա­կե­ցաւ որդեգրել ինքնուրոյն քաղա­քա­կա­նութիւն ու նախընտրեց մնալ Քոչա­րեա­նի գրկին մէջ։

• Ինչու՞ ջայլա­մեան՝

  • Որովհե­տեւ մերժեց տեսնել ՀՅԴ‑ի ընդհա­նուր հեղի­նա­կազրկման իսկա­կան պատճառնե­րը։

Եւ ամե­նաողբերգա­կա­նը եղաւ այն՝ որ նորընտիր (կամ վերարտադրուած) բիւրո­յի Մարմիննե­րուն եւ Ընկերնե­րուն փոխանցած Անդրա­նիկ-Շրջա­բե­րա­կա­նը յատկա­ցուե­ցաւ «Գերա­գոյն Խնդրին»՝ ՀՅԴ ԱՄՆ‑ի Արեւմտեա­նի «Ապօ­րի­նի եւ Ինքնա­կոչ» Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէին, իբրեւ երկրորդ մանկունակ սպառնա­լիք՝ ԸԺ‑ի գումա­րումէն ասդին…
Կը հասկցուի այնպէս, որ ՀՅԴ‑ի հիմնախնդի­րը այսօր ոչ թէ մեր պետա­կա­նութիւնն ու ինքնիշխա­նութիւնն է, այլ՝ Արեւմտեա­նի բռնի հպա­տա­կե­ցումը ՀՅԴ ՀԵՂԻՆԱԿԱԶՐԿՈՒԱԾ ՔՍԱՆԱՄԵԱՅ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ։
Կը հասկցուի այնպէս, որ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱ՜Ն են ԸԺ‑ի Բանա­ձեւե­րը, ժողովրդա­յին վարկա­նի­շի գրե­թէ զերո­յա­կա­նա­ցումը, շարքե­րու վերա­կանդա­նա­ցումն ու միասնութիւնը, քաղա­քա­կան ինքնուրոյնութիւնը, Կանո­նագրի ու Ծրագրի վերա­թարմա­ցումը, Սփիւռքի ճահճա­ցումը, եւայլն-եւայլն…

Փաստօ­րէն, ՀՅԴ Քարա­ցած Վերնա­խաւը վերջին տարի­նե­րուն անհիմն պատճա­ռա­բա­նութիւննե­րով եւ կանո­նագրա­յին աճպա­րա­րութիւննե­րով դաշնակցա­կան վաստա­կաւոր ընկերներ դուրս շպրտե­լէ ետք միամտա­բար կը շարունա­կէ հաւա­տալ , որ Դաշնակցութեան սպառնա­ցող միակ վտանգը տակաւին իր մէջ է, Արեւմտեա­նի Կեդրո­նա­կան Կոմի­տէութիւնն է, եւ ՈՉ՝ իր թեւե­րուն տակ թաքնուած նոր Աղուաններն ու Ռուբէն Յակո­բեաննե­րը կամ այլ սերժքո­չա­կան «դաշնակցա­կան» իշխաններ։

Այլա­պէս, Դաշնակցութեան Շարքե­րը եւ Ապա­կեդրո­նա­ցեալ Շրջաննե­րը ինչպէ՜ս կրնան հանդուրժել նման ԸԺ‑ի ներկա­յացման խայտա­ռա­կութեան եւ բաւա­րա­րուիլ անոր լոզունգա­յին յայտա­րա­րութեամբ՝ «Արցա­խի Հայա­թա­փում եւ Հայաստա­նի Թուրքացում»-ին դէմ պայքար մղե­լու պղտոր ու գինով ամփո­փումով, առանց քաղա­քա­գի­տա­կան վերլուծումի եւ առարկա­յա­կան փաստարկումնե­րու։

Այսօ­րուան բոլոր երեւոյթներն ալ 2 իրո­ղութիւն կը մատնանշեն•
1- Մնալ նոյն ալե­կոծ ծովուն մէջ եւ պահպա­նել խորտակման սպառնա­ցող նաւուն ղեկը, նոյն մարի­շալնե­րով։
2- Շարունա­կել քոչա­րեա­նա­կան հակա­պե­տա­կան քաղա­քա­կա­նութիւնը ԳՄ‑ի (կամ՝ 2‑րդ Բիւրո­յի) ղեկա­վա­րութեամբ։

Դաշնակցութեան ԸԺ-ները ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԱՏԵԱՆՆԵՐՆ ԵՆ, ուր կը բարձրա­ձայնուին գործուած սխալներն ու ձեռքբե­րումնե­րը, կը չեղարկուին հնա­մաշ տարա­զաւո­րումնե­րը, կը վերա­հաստա­տուին նոր ընթացքին հետ քայլ պահող նախկին որո­շումնե­րը եւ կ՚ամրագրուին ներքին-կազմա­կերպա­կան, Հայաստա­նեան, տարա­ծաշրջա­նա­յին եւ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան բանա­ձեւումներ։
34-րդ ԸԺ‑ը եղաւ ՈՒՐԻՇ ԲԱՆ։

Վերջին խօսքը՝ Շարքերու՜նն է…

20 ՄԱՐՏ 2022
ՄՈՒՂՆԻ

Գրա­ռումը՝ Harout Kalaidjian-ի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ