18.7 C
Yerevan

Դաշնակցութիւնը Ապա­կեդրո­նա­ցեալ Կուսակցութիւն Է

920էն ետք, երբ ՀՅԴ‑ն հայութեան մէկ հատուա­ծին նման դարձաւ տարա­գիր կուսակցութիւն, լծուե­ցաւ գաղութնե­րու կազմա­կերպման աշխա­տանքին: Իր ապա­կեդրոն աշխա­տանքի դրութիւնը նպաստեց տարբեր երկիրնե­րու մէջ ճիւղաւո­րուե­լու, տուեալ երկի­րի պայմաննե­րէն մեկնած որդեգրե­լու իր քաղա­քա­կա­նութիւնը, թէ՛ տեղա­կան իշխա­նութիւննե­րու հետ համա­գործակցե­լու առումով եւ թէ գաղութա­յին դժուա­րութիւննե­րը յաղթա­հա­րե­լու գծով։

Գէորգ Թորո­յեան

ՀՅԴի առա­ջին Ընդհա­նուր ժողո­վը՝ գումա­րուած 1892ին, մասնաւո­րա­բար Սիմոն Զաւա­րեա­նի եւ Յովնան Դաւթեա­նի ջանքե­րով որդեգրեց կազմա­կերպա­կան ապա­կեդրո­նա­ցեալ դրութիւնը:

Իր հիմնադրութե­նէն երկու տարի ետք, կազմա­կերպա­կան այս դրութեան որդեգրումը պատա­հա­կա­նութեան արդիւնք չէր: Երկու տարին բաւա­րար եղած էր Դաշնակցութեան առա­ջին գործիչնե­րը համո­զե­լու համար, որ նորաստեղծ կուսակցութեան տարածման, հզօ­րացման եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան համար նմա­նօ­րի­նակ դրութեան մը որդեգրումը անհրա­ժեշտութիւն է:

Յեղա­փո­խա­կան գործունէութիւնը հիմնա­կա­նին մէջ տարա­ծուած ըլլա­լով Արեւմտա­հա­յաստա­նի, ցարա­կան Հայաստա­նի, Պարսկաստա­նի եւ մասամբ Եւրո­պա­յի մէջ, Դաշնակցութիւնը կը դառնար ճկուն կառոյց մը, որ իւրա­քանչիւր շրջա­նի պատասխա­նա­տու մարմի­նին կու տար դաշնակցա­կան գործունէութիւն ծաւա­լե­լու իր տարածքի քաղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ մշա­կութա­յին պայմաննե­րէն մեկնած, միշտ հաւա­տա­րիմ մնա­լով գաղա­փա­րա­կան սկզբունքնե­րուն, ծրագրա­յին դրոյթնե­րուն եւ Ընդհա­նուր ժողովնե­րու որո­շումնե­րուն:

Ապա­կեդրոն գործե­լու այս որո­շումը անիշխա­նա­կան վիճակ չստեղծեց: Գաղա­փա­րա­կան ամուր հէնքը, որուն վրայ խարսխուած էր կուսակցութիւնը, եւ կենդա­նի գործի պայմաննե­րը այնքան ամուր էին, որ ՀՅԴ Բիւրոն իբրեւ համադրող եւ համա­կարգող մարմին, կատա­րուե­լիք եւ կատա­րուած աշխա­տանքնե­րուն, յաջո­ղե­ցաւ կարճ ժամա­նա­կի մը մէջ ստեղծել կուռ եւ արդիւնաւէտ կառոյց մը, որ անընդհատ ինքնա­վե­րա­նո­րո­գուե­ցաւ եւ թարմա­ցաւ:

ՀՅԴի ապա­կեդրոն գործունէութեան լաւա­գոյն ապա­ցոյցը կը մնայ 1904 թուա­կա­նի Դուրան-Բարձրաւանդա­կի (Տարօն) Կեդրո­նա­կան կոմի­տէի որո­շումը: Դեռ 1890ականներէն Դաշնակցութեան գործունէութեան հիմնա­կան գիծե­րէն էին ֆետա­յա­կան-ինքնա­պաշտպա­նա­կան կռիւնե­րը, որոնք հիմնա­կա­նին մէջ կեդրո­նա­ցած էին Տարօ­նի մէջ: Բոլոր շրջաննե­րու պատասխա­նա­տու մարմիննե­րը ամէն միջոցնե­րով (զէնք-զինամթերք հայթայթել, գործիչներ առա­քել, եւ այլն) կ՛օժանդակէին այդ շարժումին: 1904ին, Սասնոյ Բ. ապստամբութե­նէն ետք, երբ Մուշի եւ Մշոյ դաշտին մէջ, օսմա­նեան կառա­վա­րութիւնը ֆետա­յի­ներ որո­նե­լու պատրուա­կով կը հարստա­հա­րէր եւ անա­սե­լի բռնութիւններ կը գործադրէր հայ գիւղա­ցի­նե­րուն նկատմամբ, Տարօ­նի ԿԿը կ՛որոշէ վերջ տալ ֆետա­յա­կան-փարթի­զա­նա­կան կռիւնե­րուն եւ կը հրա­հանգէ ֆետա­յի­նե­րուն հեռա­նալ Մշոյ աշխարհէն: Այս որո­շումը ըստ էութեան կը մեկնէր շահե­րէն Տարօ­նի հայութեան, որուն ֆիզի­քա­կան գոյութիւնը սպառնա­լի­քի տակ էր ամէն օր եւ Տարօ­նի ԿԿի որո­շումը Դաշնակցութեան յեղա­փո­խա­կան կռիւ մղե­լու որո­շումին չէր հակադրուեր: Իբրեւ Տարօ­նի հայութեան ֆիզի­քա­կան ապա­հո­վութեան պատասխա­նա­տու, ԿԿը կը գտնէր, որ գէթ ժամա­նա­կաւո­րա­պէս դադրեցնե­լով ֆետա­յա­կան շարժումը, աւե­լի տանե­լի պայմաններ պիտի ստեղծուին տեղւոյն հայութեան համար: 

Դաշնակցութեան բազմաբնոյթ աշխա­տանքնե­րը, ապա­կեդրոն դրութեան հետ միա­սին խթան հանդի­սա­ցան, որ անհա­տա­կա­նութիւններ կերտուին եւ իրենք զիրենք լաւա­գոյն ձեւով դրսեւո­րեն կազմա­կերպութեան գործունէութեան մէջ, դառնա­լով առանցքա­յին դէմքեր թէ՛ Դաշնակցութեան եւ թէ առհա­սա­րակ հայ ժողո­վուրդի պատմութեան մէջ:

Հարցա­կան է, որ եթէ Դաշնակցութիւնը ապա­կեդրոն կուսակցութիւն չըլլար, պիտի ծնէի՞ն Նիկոլ Դումաններ, Դրոններ, Նժդեհներ, Արամներ ու Ռուբէններ: Փաստը այն է, որ յեղա­փո­խա­կան այդ սերունդի ներկա­յա­ցուցիչնե­րը, իրենց ազգա­յին եւ յեղա­փո­խա­կան-գաղա­փա­րա­կան գործունէութիւնը յաջո­ղե­ցան կատա­րել եւ դարձան նշա­նա­կա­լի անհա­տա­կա­նութիւններ Դաշնակցութեան ճկուն բայց միա­ժա­մա­նակ կուռ կառոյցին շնորհիւ: Այլ խօսքով՝ ապա­կեդրոն կառոյցը դարբնո­ցը հանդի­սա­ցաւ անհա­տա­կա­նութիւննե­րու ստեղծման եւ ինքնադրսեւորման:

1920էն ետք, երբ ՀՅԴն հայութեան մէկ հատուա­ծին նման դարձաւ տարա­գիր կուսակցութիւն, լծուե­ցաւ գաղութնե­րու կազմա­կերպման աշխա­տանքին: Իր ապա­կեդրոն աշխա­տանքի դրութիւնը նպաստեց տարբեր երկիրնե­րու մէջ ճիւղաւո­րուե­լու, տուեալ երկի­րի պայմաննե­րէն մեկնած որդեգրե­լու իր քաղա­քա­կա­նութիւնը, թէ՛ տեղա­կան իշխա­նութիւննե­րու հետ համա­գործակցե­լու առումով եւ թէ գաղութա­յին դժուա­րութիւննե­րը յաղթա­հա­րե­լու գծով:

Այսօր՝ ՀՅԴ Առա­ջին Ընդհա­նուր ժողո­վէն 130 տարի ետք, երբ հայութեան քաղա­քա­կան եւ աշխարհագրա­կան պայմաննե­րը մեծ փոփո­խութիւններ կրած են Ցեղասպա­նութեան հետեւանքով, երբ հայութիւնը այլեւս կեդրո­նա­ցած չէ միմիայն հայրե­նի­քի մէջ եւ իր համրանքին մեծա­մասնութիւնը կ՛ապրի տարբեր երկիրնե­րու մէջ, երբ աշխարհը դարձած է աւե­լի բազմա­գոյն եւ բազմա­շերտ, ՀՅԴ ապա­կեղրոն գործունէութիւնը կը դառնայ աւե­լի քան հրա­մա­յա­կան, մեկնե­լով իւրա­քանչիւր գաղութի ներքին պայմաննե­րէն եւ նաեւ տուեալ երկի­րի քաղա­քա­կան-հասա­րա­կարգէն, անշուշտ միշտ մնա­լով հաւա­տա­րիմ ՀՅԴ Ծրա­գի­րին, բարո­յա­կան արժէքնե­րուն եւ պատմա­կան աւանդին ու առա­քե­լութեան:

Ներկայ բարդ ժամա­նակնե­րու եւ քաղա­քա­կան յարա­փո­փոխ պայմաննե­րու լոյսին տակ, Դաշնակցութիւնը իր ապա­կեղրո­նա­ցեալ դրութեամբ եւ գործունէութեամբ, ի վիճա­կի է հայութեան առջեւ ծառա­ցած խնդիրնե­րուն գտնել յարմա­րա­գոյն ելքե­րը եւ նպաստել մեր ժողո­վուրդին բարօ­րութեան եւ Հայաստա­նի պետա­կա­նութեան հզօ­րացման:

Ամբողջա­կան հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ