24.5 C
Yerevan

Բարի Լոյս

Նորե­լուկ փանջունի­ներ չուզե­ցին հասկնալ, այլեւ չեն ուզեր ընդունիլ, որ առանց համա­պա­տասխան ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ՝ կարե­լի չէ ՓՈՂՈՑ ԻՋՆՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ հայրե­նա­կերտ ու պետա­կա­նա­կերտ ՈՒԺ յառաջ բերել, թափ հաւա­քել եւ համա­կողմա­նի զարգացման ՈՒՂԻ ՀԱՐԹԵԼ։

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Երբ գաղա­փա­րա­կան պայքարն ու քաղա­քա­կան բանա­վէ­ճը կը զոհա­բե­րուին․․․ ՓՈՂՈՑԱՅԻՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ

15 Յուլիս 2022

Ահա­զանգը շատոնց կը հնչէ, բայց լսո­ղը ո՜վ է, լուրջի առնո­ղը ո՜ւր է․․․
Շատեր զգուշա­ցուցին, նոյնիսկ ազդա­րա­րողներ եղան, որ հնա­րաւոր չէ փոխա­դարձ անձնա­կան անուա­նարկումնե­րով, նախա­տա­կան վերագրումնե­րով եւ, մանաւա՛նդ, փողո­ցա­յին լուտանքնե­րով ժողո­վուրդ առաջնորդել, քաղա­քա­կան ուղի հարթել։
Սակայն քաղա­քա­ցիա­կան հասա­րա­կութեանց եւ ժողովրդա­վա­րա­կան երկիրնե­րու շարքին դասուե­լու յաւակնութեամբ լեզու առած նորե­լուկ փանջունի­ներ չուզե­ցին հասկնալ, այլեւ չեն ուզեր ընդունիլ, որ առանց համա­պա­տասխան ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ՝ կարե­լի չէ ՓՈՂՈՑ ԻՋՆՈՂ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ հայրե­նա­կերտ ու պետա­կա­նա­կերտ ՈՒԺ յառաջ բերել, թափ հաւա­քել եւ համա­կողմա­նի զարգացման ՈՒՂԻ ՀԱՐԹԵԼ։
Արդէն անհե­թեթ եւ անարդա­րա­նա­լի բեւե­ռացման աքցա­նին մէջ ՊԱՏԱՆԴ ինկած ենք ազգո­վին՝ ժողո­վուրդով, քաղա­քա­կան կառոյցնե­րով եւ պետա­կան կռուաննե­րով։
Իսկ աւե­լի ահաւո­րը՝ փաստի սով մատնող հայհո­յանքը այնքան համա­տա­րած, համայնա­կուլ ու հեղձուցիչ դարձած է, որ արդէն սպառնա­լի­քի եւ ահա­բե­կումի սեւ ասպետնե­րու ցուցադրած․․․ սուրե­րով ու տասնոցնե­րով կատա­րեալ արշա­կաւա­նի մը վերա­ծուած է Հայաշխարհը՝ քաղա­քա­մայր Երեւա­նէն մինչեւ Սփիւռքի ամէ­նէն ծայրա­մա­սա­յին ու լքուած անկիւնը։
Այլեւս ինչո՜ւ զարմա­նալ կամ հարց տալ՝ հարց տալու սիրոյն, թէ Ֆրանսա­յի մէջ, օրի­նակ, ինչո՛ւ հայը ինքն իրեն իրաւունք կու տայ օր ցերե­կով եւ յաչս արար աշխարհին ՎԱՐԿԱԲԵԿԵԼՈՒ Հայաստա­նի պետա­կան ներկա­յա­ցուցիչնե­րը՝ իմա՛ ՊԵՏԱ­ԿԱ­ՆՈՒԹԻՒՆը, իսկ փոխա­դարձա­բար՝ Հայաստան մուտքի սահմա­նա­պահ հայ ոստի­կա­նը ի՛նչ իրաւունքով ԿԸ ԲՌՆԱԳՐԱՒԷ եւ կը պղծէ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԺԱՄԱՆՈՂ ՀԱՅՈՒՆ հայաստա­նեան անձնա­գի­րը։
Սթա­փե­ցէք այլեւս․ ԻՆՉ ՈՐ ՑԱՆԵՍ, ԱՅՆ ԿԸ ՀՆՁԵՍ․․․
Վերջին հաշուով՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՓՈՂՈ­Ցը քաղա­քակրթա­կան եւ քաղա­քա­ցիա­կան զարգացման ԱՆՍՊԱՌ ու ԱՆԿԱՇԱՌ ՈՒԺ Է, երբ կը ներշնչուի ու կ՚առաջնորդուի Ազգի ու Հայրե­նի­քի, Ժողո­վուրդի ու Պետա­կա­նութեան ԴԱՐԱՒՈՐ ԵՐԹՈՎ նուա­ճուած, այլեւ ծաղկած ու ինքնա­մաքրուած ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹՈՎ։
Հայաստանն ու Հայութիւնը արդար եւ օրի­նաւոր ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆ ԵՆ ազգա­կերտման ու պետա­կա­նա­կերտման ՀԱՅՈՑ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՈՒԺԻ ԱՒԱՆԴԻՆ։
Փողո­ցին մէջ խեղդա­մահ չի կրնար ըլլալ սերունդէ սերունդ փոխանցուած ԱՒԱՆԴը։
Շահա­գործող ցեցե­րու փողո­ցա­յին տիղմէն հեռու պահենք ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՆ

Գրա­ռումը՝ Նազա­րեթ Պէրպէրյանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ