ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Փոքր Քայլերով Եւ Կաթիլներով Կը Նախապատրաստուին Մեծ Ոստումներն Ու Հեղեղները

Զգոյշ, սակայն, հայուն համբերատարութիւնը ոչ ձեռնթափութիւն է ու համակերպում, ոչ ալ անձնատուութեան ու ինքնասպանութեան յանգող երկչոտութիւն։

Նազարէթ Պէրպէրեան

18 Յուլիս 2022

Յուսահատութեան ու անզօրութեան զգացում մը սկսած է հետզհետէ հեղձուցիչ դառնալ հայ իրականութեան մէջ։
Բացայայտօրէն՝ բարձրադիր հարթակներէ այսօր-վաղը շռնդալից յաղթանակներ կամ անփառունակ պարտութիւններ շեփորող ամբոխավարները այլեւս չեն գրաւեր մարդոց հետաքրքրութիւնը։
Մտահոգիչը այն է, սակայն, որ աջէն թէ ձախէն մեր ժողովուրդին բաշխուող խոստումները եւ յոյսերը եւս նուազելու, ցամքե՛լու որեւէ հակում ցոյց չեն տար․․․
Ոչ ալ մեր ժողովուրդին մօտ կը նահանջէ մեծ ոստումներու եւ յախուռն թռիչքներու դեռ հաւատալու՝ այլեւ ՍՊԱՍԵԼՈ՛Ւ երազանքը։
Հայ ժողովուրդը անհամբերութեամբ յատկորոշուած ազգ չէ․ ընդհակառակն՝ աւելի քան վեց դար տոկացինք անարգութեան շղթաներուն․․․
Զգոյշ, սակայն, Հայուն Համբերատարութիւնը ո՛չ ձեռնթափութիւն ու համակերպում է, ոչ ալ անձնատուութեան ու ինքնասպանութեան յանգող երկչոտութիւն։
Գաղտնիքը Հայուն դիմադրական տոկունութեան մէջ է, որ անդադար ու անդեդեւ՝ փոքր քայլերով եւ փոքրիկ կաթիլներով դէպի յառաջ կը շարժի, դէպի գերագոյն լարումն ու ծառացումը ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԵՐ ԿԱՄՔԻՆ ԵՒ ՈՒԺԻՆ։
Հայու Ազգային այդ ՀԶՕՐԱՆՔԻՆ կառչելու իմաստութեամբ եւ մարտունակութեամբ է, որ մեծատաղանդ Թոթովենց կը պատգամէ․-
«Գարնան, ձիւնհալի ժամանակ, երբ կը տեսնեմ լեռներու կողերէն դանդաղօրէն վազող ջուրերը, որոնք կուգան վարը, կը կազմեն մեծ առուներ եւ երթալով դէպի հովիտները կը միանան ուրիշ առուներու եւ կը հեղեղանան՝ կը զգամ, որ մարդուն հմտութիւնն ալ այդպէս դանդաղօրէն, կաթիլներով կը կազմուի եւ օր մըն ալ կը դառնայ անդիմադրելի, հզօր եւ տիրական։
«Հոգեկան ուժն ալ, կեանքի զառիթափէն դարվար, կը կազմուի փոքրիկ կաթիլներով։
«Արհամարհել փոքր բաները, կը նշանակէ գաղափար չունենալ մեծութեանց կառուցման մասին»։

Գրառումը Նազարէթ Պէրպէրեանի ֆեյսբուքյան էջից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *