15.7 C
Yerevan

Իրա­կա­նութեանց Հետ Առե­րե­սուե­լու Պահը

Եկած եմ այն տխուր եզրա­կա­ցութեան, որ 21րդ դարուն, փոքր երկիրնե­րու գոյութիւնը միայն մեծե­րու հաշիւնե­րուն համա­պա­տասխան ըլլա­լուն մէջ է. գոյութիւն կ՛ունենան եթէ գերպե­տութիւննե­րուն վնաս չեն ներկա­յացներ եւ շատ յաճախ, երբ անոնք պատուար կը հանդի­սա­նան երկու հզոր պետութիւննե­րու միջեւ շփման գիծը հեռացնե­լու իմաստով։

Աւօ Պօղո­սեան

Իրա­կա­նութեան հետ առե­րե­սուե­լու պահը
Կարծեմ ժամա­նա­կը եկած է եթէ անգամ ուշ չէ, որ վերջա­պէս առե­րե­սուինք մեր իրա­կա­նութեան հետ, առանց մտա­ծե­լու ինչպէս մինչեւ ներկա­յիս, որ մեր աղտոտ լաթե­րը պետք չէ հանրութեան ու մանաւանդ մեր թշնա­մի­նե­րուն  առջեւ ցուցադրուին, որովհե­տեւ մենք կ’ապրինք քսանմե­կե­րորդ դարում եւ գիտութիւնը այնքան զարգա­ցած է որ օտարնե­րը հասու են գիտնա­լու մեր մասին այն բոլո­րը ինչը մենք ինքներս անգամ երբեմն չենք գիտեր, եւ  հետեւա­բար այդպի­սի մօտե­ցում մեր կողմէն պիտի նմա­նի ջայլա­մի վարմունքին։ 
Մեր մասին արտա­յայտուե­լէ առաջ, անհրա­ժեշտ է ճանչնալ մեր անմի­ջա­կան հարեւաննե­րը, ապա կարկի­նը աւե­լի լայն բանա­լով հասկնալ նաեւ տարա­ծաշրջա­նին մէջ խաղա­ցող պետութիւննե­րու քաղա­քա­կա­նութիւնը։
Առա­ջին հերթին ի հարկէ Թուրքիան է որ պետք է ճանչնանք եւ առանց ստո­րա­կա­յութեան  բարդոյթի ընդունինք ինչպէս որ են ներկա­յիս, այսինքն գիտակցինք որ գործ ունինք հարեւա­նի մը հետ որ մարդկա­յին անհա­մե­մատ աւե­լի ներուժ ունի մեզի համե­մատ ու ամէն ոլորտնե­րուն մէջ. Պետք է հաշտուինք այն իրո­ղութեան հետ որ Աթա­թուրքով ու անկէ ետք մինչեւ Էրտո­ղա­նի իշխա­նութեան գալը, արդէն դարձած էր բաւա­կա­նին ուժեղ եւ կայուն պետութիւն, որու հաշիւը կ’ը­նէին գերպե­տութիւննե­րը, շնորհիւ նաեւ անոր աշխարհագրա­կան դիրքին իբր կամուրջ Եւրո­պա­յի եւ Ասիոյ միջեւ ու նաեւ որպէս սահմա­նա­կից այդ օրե­րուն Սովե­տա­կան Միութեան։ Պաղ պատե­րազմի աւարտով ու Սովե­տա­կան Միութեան փլուզմամբ եւ քիչ անց Էրտո­ղա­նի իշխա­նութեան գալով, թէեւ Թուրքիոյ նախկին կարեւո­րութիւնը նուա­զե­ցաւ, քանի այլեւս չկար նախկին ուժեղ Խորհրդա­յին միութիւնը, սակայն երեւան եկաւ Էրտո­ղա­նի շշմե­ցուցիչ գործունէութիւնը որ շրջեց ամէն կանխա­տե­սում Թուրքիոյ մասին ու աշխարհը ակա­նա­տես եղաւ այդ մարդուն բացա­ռիկ կառա­վա­րե­լու կարո­ղութեան եւ հմուտ դիւա­նա­գի­տութեան, ինչը երկի­րը վերա­ծեց տնտե­սա­կան եւ ռազմա­կան շրջա­նա­յին, եւ նոյնիսկ միջազգա­յին հզոր պետութեան, այնքան որ նոյնիսկ անուա­նի քաղա­քա­կան փորձա­գետներ երկու տասնա­մեակ առաջ կը նախա­տե­սէին որ քսանմե­կե­րորդ դարու կեսե­րուն անոնք պիտի կարե­նան յառա­ջա­նալ մինչեւ Կովկա­սի սիրտը ու անկէ անդին։ 
Երկրորդը, մեր միւս թրքա­ցեղ հարեւան‘ Ազրբէյճանն է։ Ինչ կարե­լի է ըսել անոր մասին բացի անկէ, որ բնութիւնը զայն շնորհած ըլլա­լով հսկա­յա­կան ընթերքա­յին հարստութեամբ, ան կրցաւ այդ լծա­կը լաւա­պէս օգտա­գործել իր շրջա­նա­յին քաղա­քա­կա­նութեան առաջ տանե­լուն, գերա­զանցա­պէս զինուե­լուն եւ օգտուե­լով նաեւ Ռուսաստա­նի լուռ համա­ձայնութե­նէն ու Թուրքիոյ արհեստա­գի­տա­կան եւ ռազմա­գի­տա­կան օգնութե­նէն, շղթա­յա­զերծե­լու վերջին, մեր համար աղե­տա­լի պատե­րազմը։
Երրորդը գուցէ Իրա­նի մասին պետք է ըսել, որ հակա­ռակ իր խորքա­յի­նօ­րէն տրա­մա­բա­նա­կան հակադրութեան իր հիւսի­սը տեղի ունե­ցող իրա­դարձութիւննե­րուն եւ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան նոր ձեւա­վո­րումնե­րուն նկատմամբ, շատ հեշտութեամբ չի կրնար գործնա­կա­նօ­րէն միջա­մուխ ըլլալ եւ ի նպաստ իրեն փոխել քաղա­քա­կան եւ ապա­հո­վա­կան զարգա­ցումնե­րը, տրուած ըլլա­լով արեւմուտքի կողմէ իր դէմ գոյութիւն ունե­ցող պատժա­կան  միջո­ցա­ռումնե­րը եւ քաղա­քա­կա­նութիւնը։ 
Մեր հիւսի­սի հարեւան Վրաստա­նը միւս երե­քէն աւե­լի թոյլ պետութիւն ըլլա­լով հանդերձ մեր նկատմաբ առաւե­լութիւն ունի, քանի աշխարհագրա­կա­նօ­րէն աւե­լի նպաստաւոր դիրքի վրայ կը գտնուի եւ աշխարհին բացուե­լու եւ հաղորդակցուե­լու ծովը ունի։ 
Ռուսաստա­նը‘ մեր ռազմա­վա­րա­կան դաշնա­կի­ցը, այսօր կը գտնուի ճակա­տագրա­կան մեծ մարտահրաւէ­րի դէմ յանդի­ման որ կրնայ սպառնալ թէ իր, եւ թէ մոլո­րա­կի գոյութեան. Այո իր համար գոյութե­նա­կան վտանգ կը սպառնայ Ռուս_Ուքրաինական պատե­րազմին վերջի­նին յաղթա­նա­կով աւարտը, ու այստեղ պետք չկայ մտնե­լու բացատրութիւննե­րու մէջ։ Արցա­խեան պատե­րազմին ալ Ռուսաստա­նի Ազրբէյջա­նի կողմ թեքումը պետք է բացատրել Ուքրաի­նա­յի մէջ իր սանձա­զերծած պատե­րազմա­կան գործո­ղութիւննե­րու ծրագրումին տրա­մա­բա­նութեան մէջ. կ’ուզէր իր հարաւը ամրապնդել եւ վնա­սա­զերծել, միւս կողմէ ալ մօտ ըլլալ նաֆթա­մուղե­րուն, հակակշռե­լու եւ վերահսկե­լու եւ պետք եղած միջո­ցին ալ արգի­լե­լու արեւմտեան աշխարհի հաւա­նա­կան միջամտութիւննե­րը։ Պետք է նաեւ շեշտել որ մեր կողմէ երբեմն զարմա­ցա­կան հարցադրումնե­րը Ռուսաստա­նի Կովկա­սեան քաղա­քա­կա­նութեան մասով, եւ զգուշացնող հորդորնե­րը թէ Կովկա­սի թուրքա­ցումը կամ այն թուրքա­կան ազդե­ցութեան գոտիի վերա­ծումը, Ռուսաստա­նի կործանման ամե­նա­մօտ ճանա­պարհը կրնայ ըլլալ, իրա­տե­սա­կան չեն, ու պարզա­պէս պետք է նայիլ մեր աշխարհագրա­կան տարածքին ու բաղդա­տել այն Ռուսաստա­նի զբա­ղե­ցուցած տարածքին հետ, ու այնժամ գիտակցիլ որ ան‘ Ռուսաստա­նը, հսկա­յա­կան տարածքնե­րու կը տիրա­պե­տէ ու այնտեղ բազմա­թիւ ժողո­վուրդներ ու ազգութիւններ իրեն հպա­տա­կե­ցուցած է, իսկ մօտ անցեա­լին աւե­լի մեծ տարածքներ ալ կցած էր իր ստեղծած խորհրդա­յին Միութեան մէջ, ու այսօր ալ անոնք կը գտնուին իր ազդե­ցութեան գոտիէն ներս, իսկ մենք փոքր, աշխարհագրա­կա­նօ­րէն մեզի շատ անհրա­ժեշտ եւ կենսա­կան, Արցա­խի տերը չկա­րո­ղա­ցանք ըլլալ ու պահել զայն, հակա­ռակ որ երե­սուն տարի մեզի նուէ­րի նման ժամա­նակ շնորհուած էր։ Ուրեմն պետք է գիտակցինք որ Ռուսաստա­նը իր պետա­կան շահե­րուն շատ աւե­լի գիտա­կից է քան մենք կը հաւակնինք ըլլալ։  
Այս ամէ­նը գիտնա­լով, ինչ պետք է ընենք մենք, որպեսզի գոյա­տեւենք այս կտոր մը հողին վրայ։ Եկած եմ տխուր եզրա­կա­ցութեան մը.  քսանմե­կե­րորդ դարուն, փոքր երկիրնե­րու գոյութիւնը միայն մեծե­րու հաշիւնե­րուն համա­պա­տասխան ըլլա­լուն մէջ է, գոյութիւն կ’ունե­նան եթէ գերպե­տութիւննե­րուն վնաս չեն ներկա­յացներ եւ շատ յաճախ երբ անոնք պատուար կը հանդի­սա­նան երկու հզոր պետութեանց միջեւ շփման գիծը հեռացնե­լու իմաստով։ Մեր պարա­գա­յին նոյնպէս, մեր գոյութիւնը պայմա­նաւո­րուած է գերպե­տութեանց եւ շրջա­նա­յին ուժե­րու միջեւ հաւա­սա­րակշռութեանց հաշուին, այլա­պէս եթէ բոլոր մեր հարեւաննե­րուն համար  միասնա­բար նպա­տա­կա­յարմար ըլլար մեր վերա­ցումը, այդ անկա­րե­լիութիւն մը չէր, որովհե­տեւ մենք զուրկ ենք մեր գոյութիւնը մինչեւ վերջ պահպա­նե­լու համար պետք եղած ամէն ինչէ, սկսած մարդկա­յին ներուժէն մինչեւ տնտե­սա­կան, ռազմա­կան, ռազմարդիւնա­բե­րա­կան եւ միւս  կառոյցներն ու համա­կարգե­րը։ Հետեւա­բար կը կարծեմ որ մեզի համար լաւա­գոյն ռազմա­վա­րութիւնը պիտի ըլլար ամէն գնով ջանալ պահպա­նել ներկայ իրա­վի­ճա­կը ( status quo )մինչեւ որ մենք խելքի գանք ու փոխա­նակ ամէն առիթ օգտա­գործենք պետութիւնը տկա­րացնե­լու պարզա­պես իշխա­նա­փո­խութիւն իրա­կա­նացնե­լու համար, նուի­րուինք պետութիւն կառուցե­լու դժուա­րին եւ հետեւո­ղա­կան աշխա­տանքին, գոյացնե­լով առողջ եւ կառուցո­ղա­կան ընդդի­մութիւն, կառա­վա­րողնե­րուն զգաստացնե­լու եւ ճիշտ ուղղուն բերե­լու համար, եւ ամենքով լծուինք երկի­րը ամէն միջոցնե­րով հզո­րացնե­լու։ Այդ նպա­տա­կին հասնե­լու համար նախա­պայման է որ գիտակցինք որ մենք ամէն ինչով մեր հարեւաննե­րէն ետ ենք, եւ քանի արդէն ուշա­ցած ենք այս մրցա­վազքին մէջ, պարտինք մենք մեզ գերա­զանցել ու մղուիլ կրթե­լու մեր սերունդնե­րը, անոնց ջամբե­լով ամե­նա­բարձր մակարդա­կի գիտութիւն որ ունե­նանք ֆիզի­կոսնե­րու, մաթե­մա­թի­կոսնե­րու, ճարտա­րա­գետնե­րու, ճարտա­րա­պետնե­րու, բժիշկնե­րու, քաղա­քա­գետնե­րու, դիւա­նա­գետնե­րու, տնտե­սա­գետնե­րու եւ այլ մասնա­գի­տութիւննե­րու բանակ։ Մենք այս կրթութեան մակարդա­կին հասնե­լէ ետք ալ թերեւս  չկա­րե­նանք մրցակցիլ հարեւաննե­րուն հետ քանի իրենք վստա­հա­բար ձեռնա­ծալ պիտի չմնան, սակայն գերպե­տութիւննե­րու հաշիւնե­րուն մէջ գուցէ ի նպաստ մեզ փոփո­խութիւն կը յառա­ջացնենք, առնուազն տնտե­սա­կան ներդրումնե­րու հոսքի առումով։ Վերջա­պէս տգէտ, հետամնաց, ու թոյլ պետութիւն մը ոչ մէկուն ալ պետք չէ, ինչ փոյթ որ հազա­րա­մեակնե­րու պատմութիւն ունի։ 

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ