Սփիւռք

Սփիւռքը` Մնայո՞ւն, Թէ՞ Անցողակի Ներկայութիւն

Հայկական սփիւռքի գլխաւոր մտահոգութիւնը, եթէ մէկ կողմէ իւրաքանչիւր անհատի եւ ընտանիքի բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելն է, նոյնքան նաեւ հաւաքական իմաստով ազգային եւ մշակութային ինքնութեան պահպանումն է, ինչպէս որ յաճախ կը բնութագրուի որպէս ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ:

Հրայր Ճէպէճեան

Հայկական սփիւռքը, գէթ` դասականը, Ցեղասպանութեան հետեւանք է: Այդ պարտադրուած իրականութիւն մըն է, երբ ազգովին տեղահան եղանք մեր  պապենական հողէն եւ կազմեցինք փոքրիկ հայաստաններ: Դասական սփիւռքին վրայ եկան աւելնալու Հայաստանէն դուրս ելլող հայորդիները` վերջին երեսուն տարիներուն: Այս բոլորէն առաջ կարգ մը երկիրներու մէջ կային նաեւ հայկական գաղութներ, որոնք արմատ նետած են միջին դարերէն սկսեալ, եւ որոնց մէկ կարեւոր մասը ներկայիս ձուլուած է տեղացի ժողովուրդներուն հետ: Պարսկահայ գաղութը կը կազմէ յիշատակելի բացառութիւն մը, որ մինչեւ այսօր պահած է հայկական ամուր պատուանդան: Հայաստանը, միջազգային դիտարկումներէ մեկնելով, կը դասուի այն քիչ երկիրներու շարքին, որոնց սփիւռքի մէջ ապրող քաղաքացիներու թիւը շատ աւելի մեծ է, քան` հայրենիքին մէջ:

Հայկական սփիւռքի գլխաւոր մտահոգութիւնը, եթէ մէկ կողմէ իւրաքանչիւր անհատի եւ ընտանիքի բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելն է, նոյնքան նաեւ հաւաքական իմաստով ազգային եւ մշակութային ինքնութեան պահպանումն է, ինչպէս որ յաճախ կը բնութագրուի որպէս ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ: Հայապահպանումը ունեցած է եւ, երեւի, պիտի ունենայ իր տարբեր դրսեւորումները` մեկնելով իւրաքանչիւր գաղութի պայմաններէն եւ անոր պարունակէն:

Նախ արժէ խօսիլ հայկական սփիւռքի կազմութեան եւ նկարագիրին մասին:

Եթէ սփիւռքը հայկական է եւ մէկ ամբողջութիւն, բայց կան նաեւ տարբերութիւններ: Կարելի չէ ըսել, որ հայկական սփիւռքները աշխարհի տարածքին նոյնանման են: Եթէ մեզ բոլորս միացնող օղակը հայոց լեզուն է, անկախ թէ որքան մայրենի լեզուն պահպանուած է եւ կը գործածուի իւրաքանչիւր գաղութին մէջ, բայց նաեւ կան ազգային մշակոյթը, քրիստոնէական ժառանգը եւ պատմական աւանդը: Ասոր կողքին կան զուգահեռ ընթացող իւրաքանչիւր երկրի դրոշմած նկարագիրը եւ մշակոյթը: Ահա թէ ինչո՛ւ պիտի ըսենք, որ լիբանանահայ ենք եւ ոչ անպայմանօրէն կը նմանինք ֆրանսահայուն, պրազիլահայուն ու տակաւին: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ ծնած հայ նաեւ կը ստանայ այդ երկրին մշակոյթը եւ կենցաղը: Հայկականին վրայ կու գայ աւելնալու իւրաքանչիւր երկրի  նկարագիրը: Այս իրականութիւնը կը նմանի «երկսայրի սուրի», որ կրնայ իր վնասները գործել, բայց նոյնքան նաեւ` օգտակարութիւններ ունենալ, եթէ լաւապէս համադրուի եւ դրոշմուի:

Հիմնական կը մնայ այն, թէ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ որքա՞ն կարելի եղած է հաւասարակշռութիւն ստեղծել հայկական եւ սփիւռքի մէջ ստեղծուած նկարագիրներուն միջեւ: Ո՞րքան հայկականը եւ տեղականը կրցած ենք կամրջել իրարու, որպէսզի ունենանք  հաւասարակշռուած սփիւռք-հայ` իմա սփիւռքահայ: Եթէ այս հաւասարակշռութեան գործօնը կրցած ենք յաջողցնել պատմութեան ընթացքին, գէթ` որոշ համեմատութեամբ, բայց պէտք է նայիլ ներկայ օրերուն եւ ապագային` տեսնելու, թէ որքա՞ն պիտի կարենանք ընել այդ մէկը:

Հայկական սփիւռքը կը տարբերի այլ ազգերու սփիւռքներէն, որովհետեւ հայը ունի պահանջատիրութեան իրողականութիւնը: Հայը իրաւազրկուած ժողովուրդ է, եւ սփիւռքը մինչեւ այսօր կը տքնի, որպէսզի տիրանայ իր արդար իրաւունքին: Այս ընելու համար անհրաժեշտ է, որ սփիւռքահայը պահէ իր ազգային ու մշակութային ինքնագիտակցութիւնը  եւ հաւասարակշռէ իր հայկական ու տեղական ինքնութիւնները:  Դժուար առաքելութիւն մը, բայց` ոչ անկարելի: Անհրաժեշտ է որոնել նոր միջոցներ` մեկնելով կեանքի ստեղծած աշխարհաքաղաքական, տնտեսական եւ կենցաղային նոր իրավիճակներէն եւ տեղեկատուութեան շնորհած մեծ նուաճումներէն:

Կայ միացնող օղակ մը, այսպէս ըսած, «հին» թէ «նոր» օրերու եւ անոնց հայապահպանումի գործընթացին մէջ: Այս ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ եւ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ գործօնն է եւ` անոր անփոխարինելի դերը մեր ինքնութեան ու պատմութեան շարունակականութեան մէջ:

Քաղաքացիական եւ ազգային դաստիարակութիւնը պիտի կերտէ մեր  կեանքերը իր մշակութային, քրիստոնէական եւ պահանջատիրութեան ինքնութիւններով: Այս դաստիարակութիւնը նոյնքան անհրաժեշտ գրաւական է` կերտելու մեր հայրենիքը եւ ապահովելու անոր  անվտանգութիւնը: Այս դաստիարակութիւնը հայուն համար համապարփակ գործընթաց է: Հայրենասիրութիւնը, ազգասիրութիւնը, մշակութային աւանդը, քրիստոնէական կեանքի դաստիարակութիւնը եւ անոր իմաստը հայը կը պահեն ու կը զօրացնեն: Սփիւռքեան պայմաններու մէջ պատմութեան փորձը ցոյց տուած է, որ դաստիարակութիւնը եղած է մեր գոյատեւման հիմքը: Այս նոյն դաստիարակութիւնը ջամբելու համար հայը հիմնեց  եկեղեցի, դպրոց, մամուլ, նաեւ` ազգային, կուսակցական ու բարեսիրական կազմակերպութիւններ: Այս բոլորը իրենց կարողականութիւնները մէկտեղեցին, որպէսզի հայուն ջամբեն դաստիարակութիւն եւ սորվեցնեն, որ սփիւռքահայը պիտի ապրի իր երկու ինքնութիւններով եւ անոնց հաւասարակշռութեամբ, եւ կարելի չէ սակարկել ու զիջիլ հայկականը` տեղականին դիմաց:

Հայը, որ կը մեծնայ եւ կ՛ապրի սփիւռքեան իրականութեան մէջ, եթէ մէկ կողմէ պիտի գիտակցի, սորվի եւ կոփուի իր հայկական, ազգային եւ քրիստոնէական ինքնութեամբ, նոյնքան նաեւ` տեղական իր պատկանելիութեամբ: Եթէ Ցեղասպանութենէն  ետք հայը ամփոփեց իր կեանքը ինքն իր մէջ, բայց այդ մէկը այլեւս կարելի չէ եւ առողջ չէ: Հայը պիտի ապրի ու ընդունի իր տեղական ինքնութիւնը եւ համընկնի անոր հետ: Այս ունի իր դրական անդրադարձը եւ ներդրումը, եթէ լաւապէս հաւասարակշռուի եւ ազգային ու մտաւոր դրամագլուխի վերածուի:

Այս սփիւռքեան եւ սփիւռքահայ հայկական-տեղական դրամագլուխները ունին իրենց ազգային ու համահայկական օգտակարութիւնները, եթէ լաւապէս ներմուծուին մարդկային եւ մտաւոր ներուժով: Տարբեր երկիրներու մէջ ծնած եւ դաստիարակուած հայը իրեն հետ կը բերէ այդ երկրին փորձն ու գիտելիքը: Եթէ այս բոլոր փորձերը իրարու գումարենք, կ՛ունենանք համահայկական դրամագլուխ մը` միջազգային տարբեր երանգներով, փորձառութիւններով եւ կարողութիւններով: Այս, եթէ լաւապէս համադրուի, կրնայ նոյնքան իր ներդրումը ունենալ հայրենիքի հիմնահարցերուն եւ անոնց կարգաւորումին մէջ:

Ժամանակը եւ պայմանները սկսած են ցոյց տալ, որ սփիւռքը անցողակի չէ, եւ ա՛լ պէտք է նկատել զայն որպէս մնայուն ներկայութիւն: Պիտի փորձենք տեսնել եւ գործել, թէ ինչպէ՛ս այս մնայուն կարգավիճակ ունեցող իրականութիւնը պիտի վերածենք ամուր, տոկուն եւ համահայկական մեծ մարդուժ-ներուժի: Այս պիտի նշանակէ, որ արժէ հոգալ եւ զարգացնել սփիւռքը: Ինչպէս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր «Սփիւռքի տարի»-ի հռչակակագիրին մէջ կը յստակացնէ. «Հզօր Հայաստան-հզօր սփիւռք»: Սփիւռքի վերակազմակերպումը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` ուժեղացումը, կրնայ ընթանալ երկու փուլերով:

Առաջինը` ներքին, ուր իւրաքանչիւր գաղութ կը ձեւաւորէ եւ կ՛աշխուժացնէ իր ընթացքը` զարկ տալով կրօնական, ազգային, մշակութային, եւ պահանջատիրութեան դաստիարակութեան: Նոր ժամանակները կը պահանջեն նոր մտայղացումներ, մօտեցումներ եւ կեցուածքներ: Առկայ են նաեւ ներկայ օրերու այլ պարագաները: Հայեր, որոնք հայերէն կը խօսին կամ ոչ: Անոնք, որոնք լման հայեր են իրենց ծնողական արմատներով, եւ անոնք, որոնց մէկ ծնողը հայ է: Այս բոլոր իրականութիւնները կարելի չէ անտեսել եւ ստորադասել:

Երկրորդ փուլը պիտի ըլլայ համասփիւռքեան եւ հայաստանեան-արցախեան իրականութիւններուն մէջէն: Սփիւռքեան իրականութիւնները նոյնանման չեն: Հայ ենք, բայց ունինք տարբերութիւններ: Գործնական տուեալներէ մեկնելով` համահայկական սփիւռքեան կազմակերպչական խորհուրդ-կարգավիճակ ստեղծելը բաւական դժուար գործընթաց մըն է: Ասոր կողքին անհրաժեշտ է, որ մտածուի համահայկական-հայաստանեան համադրողական միջոցառումի մը ստեղծման մասին, որ կարենայ համադրել համասփիւռքեան տուեալներն ու կարողականութիւնները եւ կամրջել զանոնք հայրենիքի իրականութեան հետ:

Հոս ունինք փորձը եւ փորձառութիւնը:

Խորհրդային համակարգի ժամանակ կար սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն, որ իր օրերուն լաւ գործունէութիւն ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ: Անկախութենէն ետք ստեղծուեցաւ սփիւռքի նախարարութիւնը, որ իր տասնամեայ գործունէութեան մէջէն ցոյց տուաւ, որ իրագործելիք շատ բան կայ: Հայաստան-սփիւռք համաժողովները մէկ լաւ ազդանշանները տուին այդ ուղղութեամբ: Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը ցոյց տուաւ, որ կար հնարաւորութիւնը, տրամադրութիւնը եւ խանդավառութիւնը` ի մի հաւաքելու  հայկական մարդուժը: Անհրաժեշտ է, որ հայրենի պետականութիւնը համոզուի ու վերստեղծէ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ սփիւռքահայ իրականութիւններու հետ կազմակերպէ աշխատանքային կառոյց` համադրելու համար գաղութներու կարողականութիւնը մէկ կողմէ, բայց նաեւ` առնչելու զանոնք հայրենիքին հետ:

Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք ապրելու կարողականութիւնը եւ յենարանը մեր «փափուկ ուժին» մէջ է: Իսկ փափուկ ուժին հիմքը հայուն մշակութային հսկայական ժառանգն է եւ իր մտաւոր ու ազգային տարբեր ոլորտներու մէջ իր մասնագիտական մարդուժը: Հայուն պատմութեան շարունակականութիւնը պիտի ապահովուի, եթէ կարենանք այս փափուկ ուժը լաւապէս պահել եւ ներմուծել մեր համահայկական ազգային կեանքին մէջ: Այս փափուկ ուժը լաւապէս կը կազմակերպուի, երբ առկայ է համահայկական օրակարգը եւ անոր գործընթացը:

Սփիւռքը` մնայո՞ւն, թէ՞ անցողակի իրականութիւն: Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան, կայ մէկ կարեւոր առաքելութիւն` հայկական-սփիւռքեան կեանքի վերակազմակերպումը եւ վերաշխուժացումը: Հայուն գոյութիւնը իր ազգային կեանքին շարունակականութիւնը ապահովելուն մէջ է: Իսկ այդ ընելու համար պիտի հաւատանք, որ սփիւռքը պիտի պահենք եւ պիտի վերակազմակերպենք` քաջ գիտնալով տարբերութիւնները, որոնք առկայ են իւրաքանչիւր գաղութի մէջ: Բայց նոյնքան նաեւ պիտի համոզուինք, որ այս տարբերութիւնները եթէ լաւապէս համադրուին, կրնան վերածուիլ ուժի մը, որ կրնայ ամրապնդել մեր ընդհանրական կեանքերը: Արժէ, որ հայրենիքն ալ տեսնէ, թէ իր ուժը սփիւռքին ուժեղացումին մէջ է:

Սփիւռքը` մշտակա՞ն, թէ՞ անցողակի իրականութիւն: Ինչ եւ ինչպէս որ ալ  ըլլան պարագաները եւ պայմանները, պիտի հաւատանք հայուն կեանքը ապրելու գրաւականին: Իսկ ապրելու համար անհրաժեշտ է քաղաքացիական եւ ազգային դաստիարակութիւնը: Սփիւռք-հայ կեանքի դաստիարակութիւնը հայը պիտի վերածէ զօրաւոր սփիւռքահայու: Հայուն այս սփիւռքահայ կեանքը պիտի ապահովէ նոյնինքն իր պատմութեան շարունակականութեան գործընթացը:

Յուլիս, 2022

Հոդվածը՝ aztagdaily.com կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *