20 C
Yerevan

Յայտա­րա­րութիւն՝ ՀՅԴ Արևմտեան Ամե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան Կոմի­տեի

Մեր թշնա­մի­նե­րը պիտի շարունա­կեն իրենց դաւադրութիւննե­րը իրա­գործել, իսկ մեր այսպէս կոչուած դաշնա­կիցնե­րը գործնա­կան քայլե­րու պիտի դիմեն, միայն երբ իրենց շահե­րը այդ կը պահանջեն։

Հայկա­կան հողեր բռնագրաւե­լու նպա­տա­կով Հայաստա­նի ինքնիշխան տարածքին վրայ Ատրպէյճա­նի յարձա­կումնե­րը դարձեալ կը հաստա­տեն, թէ մեր թշնա­մի­նե­րը ամէն առիթ կը շահա­գործեն՝ իրա­գործե­լու համար հայութեան եւ մեր հայրե­նի­քի դէմ իրենց յարձա­կո­ղա­պաշտ օրա­կարգը։

Գեղարքունի­քի, Սիւնի­քի եւ Վայոց Ձորի ռազմա­կան ու քաղա­քա­ցիա­կան դիրքե­րու վրայ այս շաբթուան յարձա­կումը դարձեալ մարդկա­յին ծանր վնասներ պատճա­ռեց՝ խլե­լով առնուազն 135 զինուորնե­րու կեանքե­րը եւ վիրաւո­րե­լով տասնեակնե­րով ուրիշներ, հազա­րաւոր քաղա­քա­ցի­նե­րու տեղա­հա­նութեան պատճառ դառնա­լու կողքին։

Կը խոնարհինք հայրե­նի­քի պաշտպա­նութեան ընթացքին զոհուած մեր հերոս զինուորնե­րուն առջեւ եւ կը խոստա­նանք ամբողջա­կան նեցուկ տրա­մադրել միջազգա­յին օրէնքնե­րու այս նորա­գոյն խախտումէն վնաս ստա­ցած անձե­րուն։ Պիտի շարունա­կենք պաշտպա­նել Հայաստա­նի եւ Արցա­խի ինքնիշխա­նութեան իրաւունքը եւ անոնց սահմաննե­րու անխախտե­լիութիւնը։

Նորա­գոյն բռնա­րարքնե­րէն ետք, ակա­նա­տես դարձանք միջազգա­յին համայնքէն եւ ՄԱԿի Ապա­հո­վութեան խորհուրդէն առաւել ընդունե­լի հակա­դարձութիւննե­րու, ուր յաւե­լեալ զգօ­նութիւնը բացա­յայտ էր, յատկա­պէս նախորդ յարձա­կումնե­րուն յաջորդած կրաւո­րա­կան կեցուածքնե­րուն հետ բաղդա­տած։

Իբրեւ ամե­րի­կա­ցի­ներ՝ մենք Ուա­շինկթը­նէն կ՛ակնկալենք աւե­լի խիստ եւ կտրուկ քայլեր՝ կասեցնե­լու համար Ատրպէյճա­նի վայրագ եւ յարձա­կո­ղա­պաշտ մօտե­ցումնե­րը՝ առնուազն դադրեցնե­լով տասնա­մեակնե­րէ ի վեր Պաքուի ոճրա­գործ վարչա­կազմին տրա­մադրուող ռազմա­կան աջակցութիւննե­րը։ Այս նպա­տա­կով, Պայտը­նի վարչա­կազմին նաեւ կոչ կ՛ընենք, որ գործադրէ դէպի Ատրպէյճան ռազմա­կան արտա­ծումնե­րը արգի­լող թիւ 907 յաւե­լուա­ծին պայմաննե­րը, որպէսզի ամե­րի­կեան օժանդա­կութիւննե­րը Արցա­խի եւ Հայաստա­նի դէմ չգործա­ծուին։

Հայաստա­նի եւ Ատրպէյճա­նի ռազմա­կան եւ տնտե­սա­կան աղբիւրնե­րուն միջեւ ակնա­ռու անհաւա­սա­րութիւնը բացա­յայտ իրա­կա­նութիւն է։ Նաեւ, վերջին 30 տարի­նե­րուն եւ յատկա­պէս 44օրեայ պատե­րազմէն ետք յստակ դարձաւ, որ մեր թշնա­մի­նե­րուն՝ Ատրպէյճա­նի եւ Թուրքիոյ, համար անի­մաստ են զինա­դա­դա­րի համա­ձայնութիւննե­րը։

Անցեա­լին մեր խիստ բողո­քը եւ զայրոյթը յայտնած ու դատա­պարտած ենք Հայաստա­նի կառա­վա­րութեան քայլե­րը եւ նոյնիսկ պահանջած ենք անոր հրա­ժա­րա­կա­նը։ Ժամա­նա­կը հասած է, որ Հայաստա­նի կառա­վա­րութիւնը դադրի երկի­րը ղեկա­վա­րե­լէ կուսակցա­կան շահե­րէ մղուած եւ վարուի իբրեւ պատե­րազմ դիմագրաւող կառա­վա­րութիւն մը, որպէսզի կարե­նայ ընդարձա­կել իր կարո­ղա­կա­նութիւննե­րը եւ համայն հայութեան ջանքե­րը, յատկա­պէս Սփիւռքի­նը, եւ զանոնք ի սպաս դնէ թշնա­մին զսպե­լու նպա­տա­կին։

Կոչ ըրած ենք, որ Հայաստա­նի եւ Սփիւռքի բոլոր քաղա­քա­կան ուժե­րը պէտք է համախմբումին՝ իրա­կա­նացնե­լու համար մեր հայրե­նի­քը պահպա­նե­լու, պաշտպա­նե­լու եւ զօրացնե­լու, ինչպէս նաեւ Հայաստա­նի եւ Արցա­խի ժողո­վուրդի ապա­հո­վութիւնը երաշխաւո­րե­լու մեր սուրբ առա­քե­լութիւնը։

Մեր թշնա­մի­նե­րը պիտի շարունա­կեն իրենց դաւադրութիւննե­րը իրա­գործել, իսկ մեր այսպէս կոչուած դաշնա­կիցնե­րը գործնա­կան քայլե­րու պիտի դիմեն, միայն երբ իրենց շահե­րը այդ կը պահանջեն։

Մենք՝ իբրեւ ազգ, պարտաւոր ենք կռուե­լու եւ պաշտպա­նե­լու մեր հայրե­նի­քը։ Այս դժուար մարտահրաւէրնե­րուն եւ խոչընդոտնե­րուն դիմաց, հաւա­տա­րիմ կը մնանք հայրե­նի­քի պաշտպա­նութեան մեր նուի­րուա­ծութեան եւ այդ նպա­տա­կով առաւե­լա­գոյն ներդրումը տրա­մադրե­լու մեր խոստումին։

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
16 Սեպտեմբեր 2022

Առնչվող Հոդվածներ