Սփիւռք

Աղանդաւորական Հոգեբանութիւնը

Նեղմիտ ղեկավարներ եւ անդամներ դարձած են աւելի ու աւելի նուազ հմուտ՝ վեր կանգնելու քաղաքական, գաղափարական, կազմակերպական, կրօնական կողմնակալութենէ, լսելու տարբեր տեսակէտներ եւ հասնելու լուծումի:

Յարութ Մկրտիչեան

«Շատ աղանդներ բարձրասլաց տեսլականներով ճամբայ կ՛ելլեն, սակայն կ՛աղաւաղուին իրենց ղեկավարներուն կամ խորհրդականներուն կողմէ, որոնք կը ջանան աղանդի անդամներուն վրայ ամբողջական տիրապետութիւն հաստատել։ Օրինակելի տեսլականներով կազմուած ոչ մէկ խմբաւորում ճամբայ կ՛ելլէ իբրեւ «աղանդ», այլ անոր կը վերածուի, երբ իր մոլորեալ ընթացքը կը բացայայտուի»։

Ֆիլիփ Զիմպարտօ

Շատերուս համար աղանդ բառի նշանակութիւնը կապուած է միայն կրօնական խմբաւորումներու հետ: Իրականութեան մէջ աղանդները կրնան ըլլալ նաեւ քաղաքական, ընկերային, մշակութային, զինեալ, եւայլն: Կան նաեւ այսպէս կոչուած ներքին աղանդներ, որոնք կը գոյանան խմբաւորումի մը մէջ ստեղծելով երկուութիւն: Օրինակ, կազմակերպութիւն մը կրնայ երկար տարիներ գործել իր իսկ սահմանած աւանդներով, եւ յանկարծ իր հունէն դուրս գալով կը վերածուի ծայրայեղականներու աղանդի:

Ոեւէ մէկը կամաւոր չի միանար աղանդի մը. միացողները պարզապէս կը նորագրուին (recruit) իրենց փոխանցուող սուտ եւ ոչ ամբողջական տեղեկութիւններով: Գիտական հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ բոլոր աղանդաւորները ունին խոցելի կողմեր, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ հիւանդութիւնը (հոգեկան կամ ֆիզիքական), հարազատի կամ սիրելիի մը մահը, սիրային յարաբերութեան մը խզումը, ամուսնալուծումը, աշխատանքի կորուստը, երկրէ մը ուրիշ երկիր տեղափոխուիլը, ըմբռնելու եւ հաղորդակցելու անկարողութիւնը, թմրեցուցիչի կամ ոգելից ըմպելի հետ կապուած խնդիրները, չլուծուած սեռական հարցերը, վախն ու սպառնալիքը, զանազան տեսակի մոլութիւնները, իրականութենէ կտրուած եւ երեւակայական աշխարհի մէջ ապրիլը, մանկութեան ընթացքին ծնողքին կամ ուրիշներու կողմէ ֆիզիքական, սեռային չարաշահումները, հոգեկան ճնշումներն ու նախատինքը, եւ վերջապէս արմատականութիւնն ու ինքզինք կամովին ծայրայեղականացնելը: Այս բոլոր խոցելի իրավիճակները առիթ կու տան աղանդ «ծախողներուն» (recruiters) յաջողելու իրենց առաքելութեան մէջ:

Աղանդներու առաջնորդները, որոնք նկարագրով եսակեդրոն, նարկիզական (narcissist) եւ հետեւաբար մենատէրեր կ՛ըլլան, կ՛ուզեն մարդիկ, որոնք հնազանդ ըլլան անձնապէս իրենց եւ իրենց սահմանած կանոններուն: Անոնք միջոցներ կը կիրարեն մարդոց «ընտելացնելու». մարդիկ, որոնք տքնաջան եւ երկար ժամեր կ՛աշխատին քիչ կամ առանց վարձատրութեան: Անոնք նաեւ միջոցներ կ՛օգտագործեն հին անդամներու հաւատարմութիւնը պահպանելու եւ նորերը ներգրաւելու համար:

Մէկ խօսքով, անոնք կամաւոր ստրուկներ կ՛ուզեն։ Ուրեմն, երբ աղանդաւորին միտքն ու մտածելակերպը հակակշռուած է եւ իր դատողութիւնը մշուշապատուած, ան կրնայ երջանիկ թուիլ եւ ամէն ինչ ընել առաջնորդին կամ խումբին շահերուն համար: Այսպէս, անդամներուն երջանկութիւնը կը կայանայ ղեկավարին եւ խումբին համար «լաւ» գործունէութեան մէջ, հաւատալով, որ իրենք ճիշդը կ՛ընեն կամ իրենք գտած են ապրելու լաւագոյն ձեւը: Բայց այդպէս ապրելու համար խիստ հնազանդութիւն կը պահանջուի անոնցմէ։ Ուրեմն՝ այս մարդիկը կ՛ապրին կախեալ իրենց ղեկավարին քմահաճոյքէն, միշտ վախի եւ մեղքի զգացումով ու կը մնան խրուած այդ կացութեան մէջ, առանց ելքի:

Բայց որեւէ նոր ազդեցութիւն չի ջնջեր մարդու հին ինքնութիւնը, այլ՝ իրականութեան մէջ կը ստեղծէ նոր ինքնութիւն՝ ճնշելու հինը: Տարբեր տեսակի ճնշումներէ ետք նոր ինքնութեան ստեղծումը կը կատարուի քայլ առ քայլ՝ պաշտօնական ուսուցման նիստերու միջոցաւ եւ ոչ պաշտօնական՝ անդամներու շողոքորթ խօսքերով, ընկերային ցանցերու վրայ տեսանիւթերու հրապարակումով: Այս ընթացքին, նաեւ կ՛օգտագործուի վարքագիծի փոփոխման միջոցներ, ինչպիսին են՝ պաշտօններ բաժնել, պատժել (օրինակ մեկուսացնել կամ վտարել), խօսքի եւ գործի ազատութիւնը կաշկանդել, եւայլն: Եւ այսպէս նոր ինքնութիւնը կ՛ամրապնդուի, իսկ հին ինքնութիւնը կը ճնշուի:

Տեղին է յիշել, որ աղանդի մը անդամակցողները կրնան ըլլալ երիտասարդներ եւ տարեցներ, առանց սեռի խտրութեան, իսկ ուսման մակարդակը անպայմանօրէն կարեւոր չէ: Օրինակ՝ 1997 Մարտ 26ին, Քալիֆորնիոյ Ռենչօ Սանթա Ֆէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական անձնասպանութիւն մը։ Աղանդի մը անդամ տարբեր տարիքի 21 կին եւ 18 տղամարդ մահացան, բոլորն ալ ուսանողներ կամ համալսարաններու դասախօսներ:

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՂԱՆԴԱՒՈՐԱԿԱՆ ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ

Համաշխարհայնացումին (globalization) պատճառով վերջին երեսուն եւ աւելի տարիներու ընթացքին, աշխարհի վրայ նկատելի է ժամանակին աւելի հանդուրժողական վարքագիծ ունեցող երկիրներու ժողովուրդներուն եւ իշխանութիւններուն, կուսակցութիւններու, կրօնական հաստատութիւններու, անդամներու եւ անոնց ղեկավարներուն մօտ աղանդաւորական մտածելակերպն ու գործելաոճը: Այս տեսակի մարդիկ սկսած են հաւատալ, թէ ան, որ իրենցմէ չէ լաւ մարդ չէ, լաւ կրօնական չէ, դաւաճան է, եւ այս տեսակ անհիմն եւ երեխայական գաղափարներու:

Ուրիշներ քիչ մը աւելի լայնցնելով իրենց երեւակայական աշխարհը, սկսած են կարծել եւ հաւատալ, որ աշխարհի մարդկութիւնը իր ամբողջութեամբ պարտաւոր է հաւատալ եւ անդամակցիլ իրենց, կամ նուազագոյնը համակիրը ըլլալ: Թէ ոչ, տուեալ անձը, կազմակերպութիւնը, ժողովուրդը, բոլորն ալ դաւաճաններ են: Այսինքն, այս տեսակ մարդիկ եւ անոնց ղեկավարները իրաւունք տուած են իրենց որոշելու, թէ որոնք են հայրենասէրները կամ դաւաճանները, լաւը կամ գէշը, հրեշտակը կամ սատանան: Այս տեսակ ախտաւոր մտածելակերպ միայն կարելի է գտնել աղանդաւորներու մօտ:

Հետեւաբար, կարելի է եզրակացնել, թէ այս տեսակ կազմակերպութիւններ բռնած են աղանդի վերածուելու ճամբան:

Ի տես այս երեւոյթին, մեզմէ ոմանք անդադար կը բողոքեն իրենց պատկանած երկրին, կազմակերպութեան, կրօնական հաստատութեան, եւ կուսակցութեան ղեկավարութեան քաղաքականութեան եւ վարքագիծին հանդէպ, որոնցմէ շատերը արդէն հեռացած են աղանդաւորներու խմբաւորումներէն, իսկ ուրիշներ կը խուսափին այդ մասին որեւէ քննարկումէ:

Նեղմիտ ղեկավարներ եւ անդամներ դարձած են աւելի ու աւելի նուազ հմուտ՝ վեր կանգնելու քաղաքական, գաղափարական, կազմակերպական, կրօնական կողմնակալութենէ, լսելու տարբեր տեսակէտներ եւ հասնելու լուծումի:

Դեռ աւելի գէշն այն է, որ այդ մարդիկ կարծես սկսած են կորսնցնել հաւատքը ոչ միայն ժողովրդավարութեան եւ գաղափարախօսութեանց, այլ իրարու նկատմամբ: Մեծ է թիւը անոնց, որոնք կը զգան, որ ընդհանուր տեսլական կերտելու եւ մեծ խնդիրներ լուծելու իրենց պատկանած աղանդին ղեկավարութեան կարողութիւնը սկսած է չքանալ:

Անոնցմէ շատերը նաեւ կը տեսնեն իրենց ղեկավարութեան թերութիւնները եւ յաջորդ սերունդին սպառնացող վտանգները, բայց չեն մտածեր լուծումներու մասին: Անոնք գիտեն այս նահանջին տուն տուող պատաճառները, սակայն կը նախընտրեն լուռ մնալ: Աւելի ցաւալին այն է, որ անոնք գիտեն ինչ պէտք է ընել կացութիւնը բարելաւելու համար, բայց կը նախընտրեն մեղադրել ուրիշը, յաճախ իրենց իսկ կողմնակիցները, տուեալ հաստատութեան կամ գործերու ձախողութիւններուն համար: Մէկ խօսքով, իրենց աղանդը եւ անոր ղեկավարները դասել ամէն բանէ վեր:

Ասոնք երեւոյթներ են, որոնք, ինչպէս վերը յիշեցինք, կարելի է գտնել միայն աղանդներու մէջ:

Դժբախտաբար, այս վիճակէն զերծ չէ մնացած Հայաստանն ու հայութիւնը: Օրինակ, նկատելի է հայաստանեան ղեկավարութեանց եւ անոնց հետեւորդներուն մօտ «եթէ մեզմէ չէ ուրեմն անպէտք է» մտածելակերպը: Ցայտուն օրինակներէն է նաեւ, իմ կուսակցութիւնը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ զերծ չէ մնացած աղանդաւորական արհաւիրքէն: Կուսակցութիւն մը, որ իր ծնունդէն ի վեր միշտ եղած է ջատագովը խօսքի ազատութեան, հանդուրժողութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ պայծառատեսութեան, այսօր՝ աղանդաւորական հոգեբանութեան զարգացման պատճառով, կը դիմագրաւէ ներքին եւ արտաքին խնդիրներ եւ անոր ղեկավարման համակարգը, որուն վրայ միշտ վստահած են շարքայինները խնդիրներու լուծման համար, դարձած է անկարող:

Համաշխարհային մակարդակով եղափոխուող եւ դէպի աղանդաւորական հոգեբանութիւն տանող այս վարքագիծը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ համայն մարդկութեան համար: Հետեւաբար, խորքային ուսումնասիրութիւններ կարեւոր են կասեցնելու ընթացքը: Սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ այս խնդրի ուսումնասիրութիւնը կրնայ յուսահատեցնել մեզ, մասամբ այն պատճառով, որ շատ բարդ եւ անյաղթահարելի կը թուի:

Համամարդկային այս հարցը կը պահանջէ բազմաբնոյթ լուծումներ, որոնց մէկ մասը կրնայ շատ վեր ըլլալ մեր անհատական ​​հնարաւորութիւններէն, որուն հետեւանքով կրնայ ամրապնդուիլ մեզմէ շատերուն մէջ արդէն իսկ տիրող յուսալքման եւ անճարակութեան զգացումը:

Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *