Հայաստան

Զովասարը՝ Գողտրիկ Գիւղ Մը

Գիւղին փառքն ու պատիւն են նաեւ Արցախեան 44օրեայ պատերազմի նահատակները: Հազիւ 500 բնակիչ ունեցող Զովասարը տուած է չորս նահատակ, ինչ որ համեմատութեան կարգով, ամենամեծ թիւն է իբրեւ բնակավայր եւ բնակչութիւն:

Գէորգ Թորոյեան

Հայաստանի անկախութենէն ետք, իշխանութիւնները դժբախտաբար շարունակեցին գիւղերը անտեսելու Խորհրդային Միութեան օրերու քաղաքականութիւնը:

Փոքրիկ շրջագայութիւն մը գիւղերուն մէջ կը բացայայտէ քաղաքներու եւ գիւղերու միջեւ ակնյայտ տարբերութիւնը: Այս տարբերութիւնը աւելի եւ աւելի տեսանելի կը դառնայ հեռաւոր եւ փոքր գիւղերու պարագային:

Երեւանէն շուրջ 80 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Արագածի լանջերուն թառած, մօտաւորապէս 2100 մեթր բարձրութեան վրայ կը գտնուի Զովասար փոքր գիւղը, որ Թալինի 28 գիւղերէն ամենափոքր գիւղերէն մէկն է:

Այս տարին կը զուգադիպի գիւղի հիմնադրութեան 100ամեակին: Զովասարը հիմնադրուած է 1922ին, դաշնակցական ֆետայի Մօրուք Կարոյին կողմէ, որ միաժամանակ եղած է նաեւ գիւղին առաջին գիւղապետը: Բնակիչները մեծամասնութեամբ Սասնոյ Կելիեկիւզան գիւղէն են (Մօրուք Կարոյի համագիւղացիները): Ներկայիս հոն կ՛ապրին շուրջ 500 հոգի եւ հիմնականին մէջ կը զբաղին գիւղատնտեսական աշխատանքներով:

Հակառակ այն իրողութեան, որ գիւղը ունի զարգացման լայն հնարաւորութիւններ, հոն տարրական ենթակառոյցներու բացակայութիւնը ակներեւ է: Գիւղը առաջին հերթին ունի կենցաղային դժուարութիւններ: Կազատարը հոն չէ հասած եւ ձմրան դաժան եղանակին տուներու ջերուցումը կը կատարուի ելեկտրականութեամբ, որ ահագին սուղ է, կամ՝ փայտով: Այստեղ պէտք է յիշեցնել, որ այս տարածքի ձմեռը շատ խիստ է եւ մինչեւ երկու մեթր կը ձիւնէ: Համացանցը նոյնպէս մուտք չէ գործած գիւղ եւ նորահաս սերունդը զուրկ է անկէ օգտուելու եւ համացանցի միջոցով գիտելիքներ ամբարելու եւ արտաքին աշխարհին հետ կապ հաստատելու հնարաւորութիւններէն:

Զովասարը ունի երկրորդական իր դպրոցը, որ հիմնուած է 1972ին եւ շահագործման յանձնուած է 1976ին: Անցեալին մինչեւ 300 աշակերտ ունեցած է իսկ ներկայիս աշակերտներուն թիւը մօտաւորապէս 60 աշակերտ է: Ինչպէս գիւղը, դպրոցը նոյնպէս ձգուած է անխնամ վիճակի մէջ, դժբախտաբար: Դպրոցի արտաքին տեսքը ընդունելի է (լուսանկարը), մինչդեռ ներքին շէնքային յարմարութիւնները՝ մասնաւորաբար դասարանները, միջանցքները եւ մարզասրահը, ինչպէս նաեւ կահաւորանքը, ոչ մէկ առնչութիւն ունին կրթական օճախի մը նուազագոյն պայմաններուն հետ: Դաժան ձմեռը կ՛անցնեն անպատմելի դժուար պայմաններու մէջ: Բոլորը կը պատմեն, թէ ձմրան, դպրոցի անբարենպաստ պայմաններու պատճառով, աշակերտները նուազ 4-5 աստիճանի մէջ դասաւանդութիւն կը կատարեն:

Գիւղին ընկերային հիմնական դժուարութիւնը անգործութիւնն է, որ իր հերթին դուռ բացած է այլ մտահոգիչ խնդիրներու: Ամուսնութիւն եւ ընտանիք կազմելը ահագին մեծ դժուարութիւն է գիւղի այսօրուան երիտասարդութեան համար, իսկ նորակազմ երիտասարդ ընտանիքները արդէն առաջուան նման բազմազաւակ չեն, ինչ որ մտահոգիչ երեւոյթ է եւ երկար ժամանակի վրայ կրնայ ընկերային եւ ժողովրդագրական այլ խնդիրներու պատճառ դառնալ:

Հակառակ այս խնդիրներուն, գիւղը ունի նաեւ հարստութիւններ, որոնց ճիշդ օգտագործման պարագային, մեծ փոփոխութիւններ կրնան ստեղծուիլ գիւղին մէջ, լուծելով բազմաթիւ առկայ խնդիրներ: Խ. Միութեան օրերուն Զովասարը ունեցած է քանի մը հազար մսացու անասուն: Պատճառը այն է, որ անիկա ունի հսկայական արօտավայրեր, եւ հետեւաբար, այսօր ալ ի վիճակի է մեծ քանակութեամբ մսացու կենդանիներ պահելու: Նմանօրինակ ծրագիրի մը ստեղծումը նոր աշխատատեղեր կրնայ ստեղծել գիւղին մէջ եւ թեթեւցնել գիւղացիներուն դժուարութիւնները:

Զովասարը, գտնուելով Արագածի փէշերուն, հարուստ է նաեւ մաքուր եւ սառնորակ ջուրով: Գիւղացիք խմելու եւ ոռոգման ջուրի խնդիր չունին: Ուրեմն պէտք է մտածել գիւղի հիմնական հարստութիւն կազմող առատ եւ մաքուր ջուրը օգտագործելու մասին, ինչ որ կրնայ նորանոր աշխատատեղեր ստեղծել գիւղի բնակիչներուն համար:

Փոքր գիւղի փոքրաթիւ գիւղացիք բնականաբար իրարու կը ճանչնան եւ գրեթէ մէկ մեծ ընտանիքի մը նման են: Հիւրընկալ, բաց սրտով, աշխատասէր եւ աւանդական սասունցիները յիշեցնող մարդիկ են: Գրեթէ բոլորին տուներուն շրջափակը խնամքով ցանուած են տարբեր ծառեր եւ բանջարեղէններ: Բարձրադիր եւ ցուրտ եղանակ ունենալու պատճառով, հոն ամէն ինչ չաճիր:

Գիւղացիք յաճախ կը խօսին իրենց բարբառով, եւ նոյնիսկ գրական հայերէն խօսելու պարագային, Սասնոյ բարբառէն բառեր կը գործածեն, ինչ որ տարբեր համ ու հոտ կու տայ անոնց խօսակցութեան:

Զովասարը նաեւ հերոսներու բնակավայր է: Անոնք Կեյիեկիւզանցի քաջերու արժանաւոր ժառանգորդներն են: Կը պատմեն, թէ այդ տարածաշրջանը թաթարներէ մաքրագործելու մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած են առաջին զովասարցիները:

Գիւղին փառքն ու պատիւն են նաեւ Արցախեան 44օրեայ պատերազմի նահատակները: Հազիւ 500 բնակիչ ունեցող Զովասարը տուած է չորս նահատակ, ինչ որ համեմատութեան կարգով, ամենամեծ թիւն է իբրեւ բնակավայր եւ բնակչութիւն:

Իւրաքանչիւր այցելու անտարբեր չի կրնար մնալ հիւրընկալ, խաղաղ, հանգիստ ու գողտրիկ Զովասարին նկատմամբ եւ անոր կարիքներուն դարմանը կը մնայ նախ եւ առաջ՝ Հայաստանի իշխանութիւններու ուսերուն եւ իբրեւ հայ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրիս վրայ:

Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *