26 C
Yerevan

Զովա­սա­րը՝ Գողտրիկ Գիւղ Մը

Գիւղին փառքն ու պատիւն են նաեւ Արցա­խեան 44օրեայ պատե­րազմի նահա­տակնե­րը: Հազիւ 500 բնա­կիչ ունե­ցող Զովա­սա­րը տուած է չորս նահա­տակ, ինչ որ համե­մա­տութեան կարգով, ամե­նա­մեծ թիւն է իբրեւ բնա­կա­վայր եւ բնակչութիւն:

Գէորգ Թորո­յեան

Հայաստա­նի անկա­խութե­նէն ետք, իշխա­նութիւննե­րը դժբախտա­բար շարունա­կե­ցին գիւղե­րը անտե­սե­լու Խորհրդա­յին Միութեան օրե­րու քաղա­քա­կա­նութիւնը:

Փոքրիկ շրջա­գա­յութիւն մը գիւղե­րուն մէջ կը բացա­յայտէ քաղաքնե­րու եւ գիւղե­րու միջեւ ակնյայտ տարբե­րութիւնը: Այս տարբե­րութիւնը աւե­լի եւ աւե­լի տեսա­նե­լի կը դառնայ հեռաւոր եւ փոքր գիւղե­րու պարա­գա­յին:

Երեւա­նէն շուրջ 80 քիլո­մեթր հեռաւո­րութեան վրայ, Արա­գա­ծի լանջե­րուն թառած, մօտաւո­րա­պէս 2100 մեթր բարձրութեան վրայ կը գտնուի Զովա­սար փոքր գիւղը, որ Թալի­նի 28 գիւղե­րէն ամե­նա­փոքր գիւղե­րէն մէկն է:

Այս տարին կը զուգա­դի­պի գիւղի հիմնադրութեան 100ամեակին: Զովա­սա­րը հիմնադրուած է 1922ին, դաշնակցա­կան ֆետա­յի Մօրուք Կարո­յին կողմէ, որ միա­ժա­մա­նակ եղած է նաեւ գիւղին առա­ջին գիւղա­պե­տը: Բնա­կիչնե­րը մեծա­մասնութեամբ Սասնոյ Կելիե­կիւզան գիւղէն են (Մօրուք Կարո­յի համա­գիւղա­ցի­նե­րը): Ներկա­յիս հոն կ՛ապրին շուրջ 500 հոգի եւ հիմնա­կա­նին մէջ կը զբա­ղին գիւղատնտե­սա­կան աշխա­տանքնե­րով:

Հակա­ռակ այն իրո­ղութեան, որ գիւղը ունի զարգացման լայն հնա­րաւո­րութիւններ, հոն տարրա­կան ենթա­կա­ռոյցնե­րու բացա­կա­յութիւնը ակնե­րեւ է: Գիւղը առա­ջին հերթին ունի կենցա­ղա­յին դժուա­րութիւններ: Կազա­տա­րը հոն չէ հասած եւ ձմրան դաժան եղա­նա­կին տունե­րու ջերուցումը կը կատա­րուի ելեկտրա­կա­նութեամբ, որ ահա­գին սուղ է, կամ՝ փայտով: Այստեղ պէտք է յիշեցնել, որ այս տարածքի ձմե­ռը շատ խիստ է եւ մինչեւ երկու մեթր կը ձիւնէ: Համա­ցանցը նոյնպէս մուտք չէ գործած գիւղ եւ նորա­հաս սերունդը զուրկ է անկէ օգտուե­լու եւ համա­ցանցի միջո­ցով գիտե­լիքներ ամբա­րե­լու եւ արտա­քին աշխարհին հետ կապ հաստա­տե­լու հնա­րաւո­րութիւննե­րէն:

Զովա­սա­րը ունի երկրորդա­կան իր դպրո­ցը, որ հիմնուած է 1972ին եւ շահա­գործման յանձնուած է 1976ին: Անցեա­լին մինչեւ 300 աշա­կերտ ունե­ցած է իսկ ներկա­յիս աշա­կերտնե­րուն թիւը մօտաւո­րա­պէս 60 աշա­կերտ է: Ինչպէս գիւղը, դպրո­ցը նոյնպէս ձգուած է անխնամ վիճա­կի մէջ, դժբախտա­բար: Դպրո­ցի արտա­քին տեսքը ընդունե­լի է (լուսանկա­րը), մինչդեռ ներքին շէնքա­յին յարմա­րութիւննե­րը՝ մասնաւո­րա­բար դասա­րաննե­րը, միջանցքնե­րը եւ մարզասրա­հը, ինչպէս նաեւ կահաւո­րանքը, ոչ մէկ առնչութիւն ունին կրթա­կան օճա­խի մը նուա­զա­գոյն պայմաննե­րուն հետ: Դաժան ձմե­ռը կ՛անցնեն անպատմե­լի դժուար պայմաննե­րու մէջ: Բոլո­րը կը պատմեն, թէ ձմրան, դպրո­ցի անբա­րենպաստ պայմաննե­րու պատճա­ռով, աշա­կերտնե­րը նուազ 4–5 աստի­ճա­նի մէջ դասաւանդութիւն կը կատա­րեն:

Գիւղին ընկե­րա­յին հիմնա­կան դժուա­րութիւնը անգործութիւնն է, որ իր հերթին դուռ բացած է այլ մտա­հո­գիչ խնդիրնե­րու: Ամուսնութիւն եւ ընտա­նիք կազմե­լը ահա­գին մեծ դժուա­րութիւն է գիւղի այսօ­րուան երի­տա­սարդութեան համար, իսկ նորա­կազմ երի­տա­սարդ ընտա­նիքնե­րը արդէն առա­ջուան նման բազմա­զաւակ չեն, ինչ որ մտա­հո­գիչ երեւոյթ է եւ երկար ժամա­նա­կի վրայ կրնայ ընկե­րա­յին եւ ժողովրդագրա­կան այլ խնդիրնե­րու պատճառ դառնալ:

Հակա­ռակ այս խնդիրնե­րուն, գիւղը ունի նաեւ հարստութիւններ, որոնց ճիշդ օգտա­գործման պարա­գա­յին, մեծ փոփո­խութիւններ կրնան ստեղծուիլ գիւղին մէջ, լուծե­լով բազմա­թիւ առկայ խնդիրներ: Խ. Միութեան օրե­րուն Զովա­սա­րը ունե­ցած է քանի մը հազար մսա­ցու անա­սուն: Պատճա­ռը այն է, որ անի­կա ունի հսկա­յա­կան արօ­տա­վայրեր, եւ հետեւա­բար, այսօր ալ ի վիճա­կի է մեծ քանա­կութեամբ մսա­ցու կենդա­նի­ներ պահե­լու: Նմա­նօ­րի­նակ ծրա­գի­րի մը ստեղծումը նոր աշխա­տա­տե­ղեր կրնայ ստեղծել գիւղին մէջ եւ թեթեւցնել գիւղա­ցի­նե­րուն դժուա­րութիւննե­րը:

Զովա­սա­րը, գտնուե­լով Արա­գա­ծի փէշե­րուն, հարուստ է նաեւ մաքուր եւ սառնո­րակ ջուրով: Գիւղա­ցիք խմե­լու եւ ոռոգման ջուրի խնդիր չունին: Ուրեմն պէտք է մտա­ծել գիւղի հիմնա­կան հարստութիւն կազմող առատ եւ մաքուր ջուրը օգտա­գործե­լու մասին, ինչ որ կրնայ նորա­նոր աշխա­տա­տե­ղեր ստեղծել գիւղի բնա­կիչնե­րուն համար:

Փոքր գիւղի փոքրա­թիւ գիւղա­ցիք բնա­կա­նա­բար իրա­րու կը ճանչնան եւ գրե­թէ մէկ մեծ ընտա­նի­քի մը նման են: Հիւրընկալ, բաց սրտով, աշխա­տա­սէր եւ աւանդա­կան սասունցի­նե­րը յիշեցնող մարդիկ են: Գրե­թէ բոլո­րին տունե­րուն շրջա­փա­կը խնամքով ցանուած են տարբեր ծառեր եւ բանջա­րե­ղէններ: Բարձրա­դիր եւ ցուրտ եղա­նակ ունե­նա­լու պատճա­ռով, հոն ամէն ինչ չաճիր:

Գիւղա­ցիք յաճախ կը խօսին իրենց բարբա­ռով, եւ նոյնիսկ գրա­կան հայե­րէն խօսե­լու պարա­գա­յին, Սասնոյ բարբա­ռէն բառեր կը գործա­ծեն, ինչ որ տարբեր համ ու հոտ կու տայ անոնց խօսակցութեան:

Զովա­սա­րը նաեւ հերոսնե­րու բնա­կա­վայր է: Անոնք Կեյիե­կիւզանցի քաջե­րու արժա­նաւոր ժառանգորդներն են: Կը պատմեն, թէ այդ տարա­ծաշրջա­նը թաթարնե­րէ մաքրա­գործե­լու մէջ մեծ դերա­կա­տա­րութիւն ունե­ցած են առա­ջին զովա­սարցի­նե­րը:

Գիւղին փառքն ու պատիւն են նաեւ Արցա­խեան 44օրեայ պատե­րազմի նահա­տակնե­րը: Հազիւ 500 բնա­կիչ ունե­ցող Զովա­սա­րը տուած է չորս նահա­տակ, ինչ որ համե­մա­տութեան կարգով, ամե­նա­մեծ թիւն է իբրեւ բնա­կա­վայր եւ բնակչութիւն:

Իւրա­քանչիւր այցե­լու անտարբեր չի կրնար մնալ հիւրընկալ, խաղաղ, հանգիստ ու գողտրիկ Զովա­սա­րին նկատմամբ եւ անոր կարիքնե­րուն դարմա­նը կը մնայ նախ եւ առաջ՝ Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րու ուսե­րուն եւ իբրեւ հայ՝ մեզմէ իւրա­քանչիւրիս վրայ:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ