24.7 C
Yerevan

Միլիո­նով Վերա­հաստա­տուած Համընդհա­նուր ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ

ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐ՝ որոնց գձուձ հեղի­նակնե­րը ամէն գնով կը փորձեն իրենց ողորմե­լի գրպաննե­րը լեցնել ու յղփա­նալ՝ Սերունդնե­րու Ծով Զոհա­բե­րութեամբ նուա­ճուած մեր կեդրոններն ու հաստա­տութիւննե­րը վաճառքի հանե­լու եւ հասոյթը իւրացնե­լու, ԻՒՐԱՅԻՆՆԵՐԸ «ԿԵՐԱԿՐԵԼՈՒ» ընչա­քաղցութեամբ։

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ հայ ժողո­վուրդի Հաւա­քա­կան Կամքին եւ Միա­կամ Բռունցքին մէջ իր Յաղթա­կան Յառա­ջընթա­ցի կռուաննե­րը որո­նող, յայտնա­գործող ու ամրապնդող Երի­տա­սարդ Հայութեան։
Բարի լոյս՝ մանաւանդ Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան գաղա­փա­րա­կան-կազմա­կերպա­կան ԱՒԱՆԴին հաւա­տարմօ­րէն Տէր Կանգնած մարտունակ հայորդի­նե­րուն, որոնք ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱ­Կի հաստա­տա­կա­մութեամբ, յանդգնութեամբ ու անձնուի­րումով՝ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԱՐԺԷ­Քը ամէն գնով կը պահպա­նեն ու կը պաշտպա­նեն աջէն թէ ձախէն Գաղա­փա­րի Մեր Շարժումը ներսէն կրծող եւ դուրսէն խոցող սադրանքնե­րուն դէմ։
Բարի լոյս՝ որո­շա­պէս Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Շրջա­նի հնաւանդ, այլեւ միշտ Երի­տա­սարդա­կան Աւիւնով վերա­նո­րոգ կազմա­կերպութեան, որ այս օրե­րուն ինքնա­հաստատման անմնա­ցորդ պայքար կը մղէ հոս ու հոն ծաւա­լած, «Հ․Յ․Դ․ Բիւրօ» անունին տակ մղուող՝ Մեր Կուսակցութեան ԱՆԱՌԻԿ ԲԵՐԴը ներսէն գրաւե­լու, կազմա­քանդե­լու եւ կործա­նե­լու անարգ սադրանքնե­րուն դէմ։
ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐ՝ որոնց գձուձ հեղի­նակնե­րը ամէն գնով կը փորձեն իրենց ողորմե­լի գրպաննե­րը լեցնել ու յղփա­նալ՝ Սերունդնե­րու Ծով Զոհա­բե­րութեամբ նուա­ճուած մեր կեդրոններն ու հաստա­տութիւննե­րը վաճառքի հանե­լու եւ հասոյթը իւրացնե­լու, ԻՒՐԱՅԻՆՆԵՐԸ «ԿԵՐԱԿՐԵԼՈՒ» ընչա­քաղցութեամբ։
Բարի լոյս՝ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի արժա­նաւոր կազմա­կերպութեան անկա­շառ շարքե­րուն, որոնք ԳԻՏԱԿԻՑ ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԵԱՄԲ եւ գաղա­փա­րա­կան մեր աւանդնե­րուն ներշնչումով՝ իրենց ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՆ կու տան ԾԱՌԱ­ՅՈՒԹԵԱն ՎԱՍՏԱԿՈՎ հաստա­տուած մեր պատասխա­նա­տու ընկերնե­րուն, այլ ոչ թէ ինչ-ինչ խաղե­րով եւ դասաւո­րումնե­րով «իշխա­նութեան կրպակ»ներ բացած պատե­հա­պաշտնե­րու․․․
Բարի լոյս՝ Արեւմտեան Ամե­րի­կա­յի օրի­նա­կե­լի մեր ժողո­վուրդին, որ ՄԵՐԺԵՑ կեղեւին ու հանգա­մանքին տալ իր ՔՈՒԷՆ, այլ ընդհա­կա­ռակն՝ մէկ միլիոն տոլա­րի նուի­րա­հաւա­քով՝ ԲՈԼՈՐՈՒԵՑԱՒ ու ԹԵՒ-ԹԻԿՈՒՆՔ կանգնե­ցաւ տասնա­մեակնե­րու ծառա­յութեամբ համայնքի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՆԱՒը դէպի ՆԱԽԱՆՁԵԼԻ ՔԱՐԱՓ առաջնորդած Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամերկա­յի Կ․ Կոմի­տէին։
Վերա­հաստա­տուած Վստա­հութեան Քուէով ու Մէկ Միլիո­նի Նուի­րա­հաւա­քով գօտեպնդուած՝ Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամերկա­յի մեր շրջա­նը, իր այս յաղթա­նա­կով, ոչ միայն ԴՈՒՌ ՉԻ ՓԱԿԵՐ մոլո­րեալ իր երբեմնի ընկերնե­րուն առջեւ, այլ բոլո­րին կոչ կ՚ուղղէ՝ Ազգին ու Հայրե­նի­քին ամբողջա­կան ազա­տագրութեան ՍՐԲԱԶԱՆ ԿՌԻՒը վեր ու բարձր պահե­լու ամէն կարգի փորձութիւննե­րէ եւ չարա­շա­հումնե­րէ։
Որովհե­տեւ՝
Բանաստեղծին իսկ բառե­րով՝
«Նպա­տակս տկա­րութիւն չի Ճանչնար»․․․

Գրա­ռումը՝ Նազա­րէթ Պէրպէ­րեանի ֆեյսբուքյան էջից։

Առնչվող Հոդվածներ