26.7 C
Yerevan

Ի՞նչ Փոխուե­ցաւ

Արտա­քին ճակա­տի վրայ եւս կատա­րուե­ցան նոր իրա­դարձութիւններ: Միա­ցեալ Նահանգնե­րը ԵԱՀԿի նոր ներկա­յա­ցուցիչ նշա­նա­կեց եւ կը փորձէ վերաշխուժացնել ԵԱՀԿի Մինսքի խմբա­կը, որուն յաջորդեց Պրիւքսէ­լի մէջ կայա­ցած Շարլ Միշէ­լի, Փաշի­նեա­նի եւ Ալիեւի միջեւ հանդի­պումը:

Գէորգ Թորո­յեան

Հայաստա­նի խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութիւնը մօտաւո­րա­պէս երկուքուկէս ամսուան դադա­րէ ետք, Սեպտեմբեր 2ին կազմա­կերպեց հերթա­կան հանրա­հաւա­քը, Երեւա­նի Ֆրանսա­յի հրա­պա­րա­կին վրայ եւ ազդա­րա­րեց նոր սկիզբ մը, այսպէս կոչուած իր «Դիմադրութիւն» շարժման:

Թուա­կա­նի ընտրութիւնը պատա­հա­կան չէր: Ան կը զուգա­դի­պէր Արցա­խի անկա­խութեան հռչակման 31րդ տարե­դարձին եւ շատ հաւա­նա­բար կազմա­կերպիչնե­րու հաշուարկնե­րով այս հանգա­մանքը կրնար մեծա­թիւ ներկա­յութիւն ապա­հո­վել եւ «կանաչ լոյս» տալ անցնող Ապրի­լի նման մեկնարկած անհնա­զանդութեան քայլե­րուն: Սակայն, թուա­կա­նի այս կարեւո­րութիւնը ոչինչ փոխեց իրա­կա­նութե­նէն եւ ըստ որոշ աղբիւրնե­րու գնա­հա­տումին, ցոյցե­րուն ներկայ եղած են մօտաւո­րա­պէս 2500 հոգի:

Ցոյցե­րը համա­կարգող Իշխան Սաղա­թէ­լեան Յունի­սի 15ին ցոյցե­րու դադրե­ցումին զուգա­հեռ խոստա­ցած էր անցնիլ ցանցա­յին պայքա­րի (առանց մանրա­մասնե­լու, թէ ինչ է ցանցա­յին պայքա­րը եւ ինչպէս պիտի տարուի), սակայն այս իմաստով ոչ մէկ քայլ տեսնուե­ցաւ հանրութեան կողմէ: Միա­ժա­մա­նակ, Սեպտեմբեր 2ի գլխաւոր պատգա­մա­խօ­սը ըլլա­լով, ան նորութիւններ չունէր: Ան յայտա­րա­րեց, թէ իրենց նպա­տա­կը իշխա­նութեան ձգտումը չէ այլ Հայաստա­նի առջեւ ծառա­ցած մարտահրաւէրնե­րու ազգա­յին միասնա­կա­նութեամբ հայանպաստ լուծման հասնի­լը: Միեւնոյն ժամա­նակ, ան իր խօսքին մեծ մասը յատկա­ցուց իշխա­նա­փո­խութեան գործընթա­ցին: Այլ խօսքով, երկու տասնա­մեակ երկի­րը ղեկա­վա­րած քաղա­քա­կան ուժե­րու այս համախմբումը քաղա­քա­կան խօսք կամ պատգամ չունէր:

Անցեալ Յունի­սին, ինքզինք սպա­ռած նկա­տե­լով, խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութիւնը ճիշդ քայլի դիմեց դադրեցնե­լով հանրա­հաւաքներն ու երթե­րը: Ի՞նչ փոխուե­ցաւ այս երկու ամիսնե­րուն, որ խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութիւնը վերա­դարձաւ փողոց, ակնկա­լե­լով որ հայրե­նի հայութիւնը արձա­գանքէ նորա­ցուած, բայց հինցած այս հանրա­հաւաքնե­րուն:

Ամէ­նէն յատկանշա­կան իրա­դարձութիւնը, անկասկած, Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Սօս գիւղե­րու յանձնումն էր Ատրպէյճա­նին: Այս մասին հանրա­հաւա­քի կազմա­կերպիչնե­րը քար լռութիւն պահե­ցին յանձնումի ամբողջ գործընթա­ցի ընթացքին եւ Սեպտեմբեր 2ին ոչ մէկ ակնարկութիւն կատա­րուե­ցաւ այդ գծով: Ճիշդ է, որ անոնք առա­ջին իսկ օրէն յայտա­րա­րած էին, թէ պիտի չվի­ճարկեն Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րութիւնը, բայց եւ այնպէս քաղա­քա­կան այս ուժե­րը 22 ամիս ժամա­նակ ունէին քաղա­քա­կան աշխա­տանք տանե­լու Նոյեմբեր 9ի յայտա­րա­րութեամբ նախա­տե­սուած հայկա­կան երեք գիւղե­րու յանձնումը խոչընդո­տե­լու կամ առնուազն որոշ ժամա­նա­կով յետաձգե­լու, սպա­սե­լով քաղա­քա­կան նոր իրա­վի­ճակնե­րու, որոնցմէ կարե­լի էր հայանպաստ կէտեր կորզել: Լռե­լեայն այս համա­ձայնութիւնը հարցա­կաններ ստեղծեց հասա­րակ հայ քաղա­քա­ցիին մօտ, անոնց Արցա­խը փրկե­լու կոչե­րուն իրաւա­ցիութեան շուրջ: Հայաստա­նի քաղա­քա­ցին հարց կու տայ, թէ վերոնշեալ երեք գիւղե­րը Արցա­խի մաս չէի՞ն կազմեր, եւ հետեւա­բար այս մեղսա­կից-յանցա­կից լռութիւնը կասկա­ծի տեղ կու տայ անոնց յայտա­րա­րուած նպա­տակնե­րուն շուրջ: Նաեւ շատեր հարց կու տան, թէ ինչու այս ընդդի­մութիւնը կարգա­խօս ընտրած է, որ Արցա­խը Ատրպէյճա­նի մաս պիտի չկազմէ, եւ չեն յայտա­րա­րեր, թէ Արցա­խը Հայաստա­նի մաս պէտք է կազմէ կամ առնուազն անկախ պետութիւն է: Ընտրուած կարգա­խօ­սը ակա­նուած է եւ չի բխիր Հայաստա­նի եւ հայ ժողո­վուրդի շահե­րէն:

Արտա­քին ճակա­տի վրայ եւս կատա­րուե­ցան նոր իրա­դարձութիւններ: Միա­ցեալ Նահանգնե­րը ԵԱՀԿի նոր ներկա­յա­ցուցիչ նշա­նա­կեց եւ կը փորձէ վերաշխուժացնել ԵԱՀԿի Մինսքի խմբա­կը, որուն յաջորդեց Պրիւքսէ­լի մէջ կայա­ցած Շարլ Միշէ­լի, Փաշի­նեա­նի եւ Ալիեւի միջեւ հանդի­պումը: Հայաստան-Միա­ցեալ Նահանգներ գործակցութեան նոր հորի­զոններ կրնան բացուիլ Հայաստա­նի պաշտպա­նութեան նախա­րա­րի Միա­ցեալ Նահանգներ կատա­րած այցով: Հայ-ատրպէյճա­նա­կան հակա­մարտութեան արեւմտեան այս միջամտութեան գործունեայ քայլե­րը հաշտ աչքով չեն դիտուիր Մոսկուա­յի կողմէ, որ կը փորձէ այս հակա­մարտութեան բոլոր լծակնե­րը պահել իր ձեռքե­րուն մէջ: Ուշագրաւ էր նոյն այս օրե­րուն ռուսաստաբնակ մեծա­հա­րուստ Ռուբէն Վարդա­նեա­նի Արցախ հաստա­տուե­լու որո­շումը, որ համընկնե­ցաւ Սեպտեմբեր 2ի ցոյցե­րուն: Ինչպէս նաեւ Հայաստա­նի նախկին վարչա­պետ Կարէն Կարա­պե­տեա­նի որո­շումը՝ վերա­դառնալ քաղա­քա­կան կեանք, համա­կարգուած աշխա­տանք մըն է, Հայաստա­նին պարտադրե­լու ռուսա­կան օրա­կարգը:

Խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութեան փողոց վերա­դարձին մէջ թերեւս պէտք է տեսնել նաեւ անոնց կողմէ վերջին ճիգ մը, ջուրի երես մնա­լու: Սեպտեմբեր 25ին 18 խոշո­րա­ցուած համայնքնե­րու մէջ պիտի կատա­րուին տեղա­կան ինքնա­կա­ռա­վարման մարմիննե­րու (ՏԻՄ) ընտրութիւններ: Անցեալ տարի ՏԻՄ ընտրութիւննե­րուն խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութիւնը փայլուն արդիւնքներ չարձա­նագրեց: Անցեալ Յունի­սի, «Դիմադրութիւն» շարժման անփա­ռունակ աւարտով, ընդդի­մութեան վարկա­նի­շը մեծ անկում արձա­նագրած է: Այս հանրա­հաւաքնե­րով անոնք կը յուսան խայծ մը տալ տարբեր շրջաննե­րու իրենց ընտրա­կան մեքե­նա­նե­րուն եւ գէթ պահե­լու իրենց ընտրա­զանգուա­ծը:

Յառա­ջի­կայ ամիսնե­րը կրնան վճռո­րոշ ըլլալ Հայաստա­նի պետա­կա­նութեան համար: Խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութիւնը իր քաղա­քա­կան անբո­վանդակ ծրա­գի­րով ի վիճա­կի չէ այս ձեւով նպաստե­լու պետա­կա­նութեան ամրացման:

 Հայաստա­նի մէջ երի­տա­սարդ մտաւո­րա­կաննե­րու սերունդ մը կայ որ արդէն կը բարձրա­ձայնէ երրորդ ուժի մը գոյացման անհրա­ժեշտութիւնը:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ