Բարի լոյս՝ հայոց ցանուցրիւ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԵՍերէն վեր կանգնող, ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԿԱՄՔ եւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ կռանող, ՀՈՒԺԿՈՒ ԲԱԶՈՒԿ եւ ԱՆՔԱԿՏԵԼԻ ԲՌՈՒՆՑՔ մարմնաւորող բոլոր ՔԱՋԱՐԻ հայորդիներուն, որոնք Միհրանի ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ԿՈՐՈՒՍՏին առիթով ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑԻՆ Հայաստանի եւ Հայութեան ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ պայքարին արիւնոտ ԵՐԹը շարունակելու, միեւնոյն ՀԱՍՏԱՏԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ ու ԱՆՄՆԱՑՈՐԴ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ՈՒՂԻով յառաջ մղելու, այլեւ ԹԷԺԱՑՆԵԼՈՒ Գաղափարական ՈՒԽՏը։
Նազարեթ Պէրպէրեան
(ՄԻՀՐԱՆ ԱՍԱՏՐԵԱՆի անմեռ յիշատակին)
Նազարէթ Պէրպէրեան
20 Սեպտեմբեր 2022
Բարի լոյս՝ այն բոլոր, բոլո՜ր գաղափարի մարտիկներուն, որոնք մօտէն ճանչցան եւ խրամներու մէջ թէ խրամներէ անդին ընկերացան, գործակցեցան, ճամբայ կտրեցին եւ միասնաբար ՈՒՂԻ ՀԱՐԹԵՑԻՆ հայ ժողովուրդի արժանաւոր, հերոսական այս ԾՆՈՒՆԴին հետ, որ օրեր առաջ, Հայաստան Աշխարհի սահմանագիծին, անհեթեթ ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով՝ հայոց մերօրեայ պատմութեան անցաւ ՄԻՀՐԱՆ ԱՍԱՏՐԵԱՆ անուն-ազգանունով։
Բարի լոյս՝ Նախկին ՆԱՈՒՄականի մարտունակ, այլեւ Գաղափարի Զինուորի մարտական ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ ստացած հայոց նորօրեայ քաջորդիներուն ու ազատամարտիկներուն, որոնք Ազգի եւ Հայրենիքի ազատ ու անկախ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ամրապնդման ու պաշտպանութեան սիրոյն՝ Անձնդիր Ներկայութեան, Ամբողջական Նուիրաբերումի եւ Գերագոյն Զոհողութեան հայ յեղափոխական աւանդը ՆՈՐՈՎԻ ԿԵՆՍԱՒՈՐԵՑԻՆ՝ անմոռանալի Միհրանի հետ կողք-կողքի մղելով ՀԱՅՈՑ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻ նորօրեայ մարտերը, անխտի՛ր բոլոր ճակատներու վրայ։
Բարի լոյս՝ հայոց ցանուցրիւ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԵՍերէն վեր կանգնող, ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԿԱՄՔ եւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ կռանող, ՀՈՒԺԿՈՒ ԲԱԶՈՒԿ եւ ԱՆՔԱԿՏԵԼԻ ԲՌՈՒՆՑՔ մարմնաւորող բոլոր ՔԱՋԱՐԻ հայորդիներուն, որոնք Միհրանի ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ԿՈՐՈՒՍՏին առիթով ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑԻՆ Հայաստանի եւ Հայութեան ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ պայքարին արիւնոտ ԵՐԹը շարունակելու, միեւնոյն ՀԱՍՏԱՏԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ ու ԱՆՄՆԱՑՈՐԴ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ՈՒՂԻով յառաջ մղելու, այլեւ ԹԷԺԱՑՆԵԼՈՒ Գաղափարական ՈՒԽՏը։
Բարի լոյս եւ բիւր օրհնանք ԱՆՄԵՌ ՅԻՇԱՏԱԿին Հայոց բոլոր, բոլո՜ր Հերոսներուն, որոնք ՎԱՀԱՆՈՎ ԹԷ ՎԱՀԱՆԻ ՎՐԱՅ նոր կեանք տուին եւ անմահ վկաները դարձան ՄԵԾՆ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆի յաւերժացուցած անկրկնելի ՄԱՀԵՐԳին․
ԱՌԿԱՅԾ ՃՐԱԳ
ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ
Յաղթանակի գիշերն է այս տօնական.
Հա՛րս, եղ լեցո՛ւր ճրագին։
Պիտի դառնայ կռիւէն տղաս յաղթական.
Հա՛րս, քիթը ա՛ռ պատրոյգին․
Սայլ մը կեցաւ դրան առջեւ, հորին քով.
Հա՛րս, վառէ՛ լոյսը ճրագին։
Տղաս կու գայ ճակատն հպարտ դափնիով.
Հա՛րս, բեր ճրագը շեմին։
Բայց․․․ սայլին վրայ արի՞ւն եւ սո՞ւգ բեռցեր են․․․
Հա՛րս, ճրագը ասդի՛ն երկարէ։
Հերոս տղաս հոն զարնուա՜ծ է սրտէն․
Ա՜խ, հա՛րս, ճրագըդ մարէ՜․․․։
Գրառումը Նազարեթ Պէրպէրեանի ֆեյսբւքյան էջից։