Եթէ Էջմիածինի առաջին գաղտնի ժողովը Հայաստանի ազատագրութեան ծառայելու կոչուած էր, ապա մօտաւորապէս երեք հարիւր յիսուն տարի ետք, նոյն վայրին մէջ, դժբախտաբար, քննարկուած է Հայաստանը յանձնելու գործընթացը:
Գէորգ Թորոյեան
1677ին, Յակոբ Դ․ Ջուղայեցի կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ, Էջմիածինի մէջ կը գումարուի գաղտնի ժողով մը, որուն կը մասնակցէին վեց աշխարհականներ եւ վեց կղերականներ: Այս ժողովը հիմք հանդիսացաւ Հայաստանի ազատագրութեան շարժման, թէեւ իր բարեյաջող աւարտին չհասաւ: Այստեղ պէտք է նշել մէկ կարեւոր փաստ, որ այս ժողովէն առաջ, 1662էն սկսեալ, օրուան կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ կատարուած էին տարբեր բանակցութիւններ եւ նախապատրաստական աշխատանքներ: Էջմիածինի գաղտնի այս ժողովը հայոց պատմութեան մէջ կը մնայ որպէս սկիզբ՝ Հայաստանը թուրք-պարսկական լուծէն ազատագրելու եւ պետականութիւն ստեղծելու արշաւին, մեր վերջին թագաւորութեան՝ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն երեք հարիւր տարի ետք:
Այս ժողովէն 245 տարի ետք, 2022ի Սեպտեմբեր 22ին, դարձեալ Էջմիածինի մէջ գումարուեցաւ ժողով մը, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ․ Ներսիսեանի նախաձեռնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ․ ժողովին մասնակցեցան Հայաստանի առաջին երեք նախագահներ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Արցախի նախագահներ՝ Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան:
Այս ժողովէն քանի մը օր ետք, Հայաստանի առաջին երեք նախագահները անդրադարձան ժողովին։ Թէեւ տարբեր դիտանկիւնէ ներկայացուեցան հարցերը, բայց խորքային իմաստով անոնք տարբեր չէին: Ամէնէն դրականը հաւանաբար Տէր Պետրոսեանի արտայայտած գաղափարն էր, որ իշխանութեան հետ պէտք է սկսիլ երկխօսութեան, Հայաստանին պարտադրուող նուազագոյն ցաւոտ լուծումը ընդունելու եւ պատասխանատուութիւնը հաւասարապէս վերցնելու համար։
Անկախ նախագահներուն արտայայտած կարծիքներուն շուրջ կատարուած հանրային քննարկումներէն եւ քննադատութիւններէն, բազմաթիւ հարցումներ կան, որոնց պատասխանները պէտք է յստակացնեն վերոնշեալ հանդիպման մասնակիցները:
Ուշագրաւ էր Հայաստանի 4րդ նախագահ Արմէն Սարգսեանի բացակայութիւնը, որուն մասին ոչ ոք ոչինչ ըսաւ: Պէտք է նշել, որ ան Հայաստանի նախագահ էր 44օրեայ պատերազմի օրերուն:
Ահաւասիկ հարցումներ, որոնք կարելի է ուղղել այդ ժողովի մասնակիցներուն.
Ա․ Ինչու այսօրինակ նախաձեռնութեան չդիմուեցաւ Արցախեան 44օրեայ պատերազմի օրերուն, մասնաւորաբար երբ յստակացաւ, թէ թշնամին մօտեցած էր Շուշիին: Արդեօք Էջմիածինի ժողովականներուն համար Արցախը Հայաստան չէ՞:
Բ․ Հայաստանի առաջին երեք նախագահները, որոնք դերակատար եղած են Արցախեան առաջին պատերազմին, ինչո՞ւ խաղաղութեան համաձայնագիր չպարտադրեցին Ատրպէյճանին եւ բաւարարուեցան սոսկական զինադուլով, որ ոչ մէկ պարտաւորութեան տակ կը դնէր անոր իբրեւ պարտուած երկիր․ նման զինադուլը ինքնին դաւադրութիւն մըն էր Հայաստանի եւ Արցախի դէմ:
Գ․ 1988-1991 տարիներուն, երբ երեք նախագահները հանգամանքներու բերումով քաղաքական դաշտ մտան եւ միաւորուած հայութեան ներուժը օգտագործելով կերտեցին Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակը, ինչու հայութեան միաւորման կոչով հանդէս չեն գար, հայութեան համար բարենպաստ բանակցային փաստաթուղթ մը գոյացնելու ճամբուն վրայ:
Դ․ Յանձնուողական պայմանագիրի ստորագրումը եթէ չի բխիր Հայաստանի շահերէն, որո՞ւ շահերէն կը բխի, մանաւանդ ռուսերու հարցական լռութեան դիմաց:
Վերջին շաբաթներու իրադարձութիւնները կը յուշեն, որ Հայաստան կանգնած է լինել-չլինելու կացութեան առջեւ: Ուքրանիոյ պատերազմի բերումով հետզհետէ տկարացող Ռուսիան կը փորձէ առաւելագոյնը ձեռք բերել կովկասեան ճակատին վրայ: Միաժամանակ, Արեւմուտքը, օգտուելով Ռուսիոյ տկարացումէն, թափանցած է Կովկաս: Քանի մը ամիս առաջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Իրանի գաղտնի սպասարկութիւններու պետերու Հայաստան այցելութիւնը պատահականութիւն չէր, իսկ Սեպտեմբերի ատրպէյճանական յարձակումէն ետք Փելոսիի Հայաստան այցը եւ Հայաստանի պետական այրերու այցելութիւնները Միացեալ Նահանգներ եւ անոնց տեսակցութիւնները տարբեր մակարդակի քաղաքական եւ ապահովական պատասխանատուներու հետ, կը խօսին այն մասին, թէ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ սերտ համագործակցութիւն կայ:
Անշուշտ Հայաստանի այս քայլերը հետեւանք են ռուսական քաղաքականութեան: Արցախեան 44օրեայ պատերազմը եւ անոր յաջորդած դէպքերը եւ մասնաւորաբար անցեալ Մայիսի 12ի եւ այս Սեպտեմբերի 13ի ատրպէյճանական յարձակումները (առանց մոռնալու Արցախի մէջ պատահող դէպքերը) ապացուցեցին, թէ ռուսերը ոչ միայն վստահելի դաշնակիցներ չեն, այլ նաեւ այն, որ ինչ տեղի կ՛ունենայ 2020ի Սեպտեմբեր 27էն ի վեր, համակարգուած է Ատրպէյճանի հետ: Այս է պատճառը, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական ուժեր վերջերս սկսան պահանջել Հայաստանի ՀԱՊԿ կազմակերպութենէն դուրս գալ իսկ աւելի արմատականներ՝ ռուսական 102րդ ռազմական խարիսխի փակումը:
Ըստ երեւոյթին, Արեւմուտքը եւս միակարծիք չէ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան գծով: Եւրոպացիք, ռուսական ուժանիւթի փոխարէն այլընտրանք ունենալով Ատրպէյճանի կազը, աւելի «մեղմ» եւ «չափաւոր» մօտեցում կը ցուցաբերեն, մինչ Միացեալ Նահանգներ կաշկանդուած չըլլալով նմանօրինակ հաշիւներէ, աւելի կարծր եւ վճռական է իր քայլերուն մէջ: Վերջին քանի մը շաբաթներու իրադարձութիւնները ցոյց տուին, թէ Ամերիկա իր ձեռքը վերցուցած է Կովկասի տիրութիւն ընելու նախաձեռնութիւնը: Սեպտեմբերի 13ին սկսած պատերազմը կասեցնողը եղաւ Ուաշինկթընը եւ ան եղաւ առաջինը, որ ոչ միայն զինադադար պարտադրեց, այլ կը պահանջէ ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերումը Հայաստանի սահմաններէն:
Թէ Ամերիկայի կողմէ ի՞նչ դերակատարութիւն վստահուած է Հայաստանին եւ Հայաստան որքանո՞վ կրնայ կատարել իր դերակատարութիւնը, միաժամանակ օգտուելով ամերիկեան աջակցութենէն շրջանին մէջ կայանալու իբրեւ քաղաքական ինքնուրոյն գործօն, կախեալ է Հայաստանի ղեկավարութեան դիւանագիտական հմտութիւններէն: Պարզապէս յիշեցման համար նշենք, որ Ուիլսընեան Հայաստանը խոստացողը Ամերիկան էր, իր դեմոկրատ նախագահով:
Ահաւասիկ այս պարունակին մէջ պէտք է հասկնալ Էջմիածինի հանդիպումը: Եթէ Էջմիածինի առաջին գաղտնի ժողովը Հայաստանի ազատագրութեան ծառայելու կոչուած էր, ապա մօտաւորապէս երկու հարիւր յիսուն տարի ետք, նոյն վայրին մէջ, դժբախտաբար, քննարկուած է Հայաստանը յանձնելու գործընթացը:
Այսօր Հայաստանը կը դիմագրաւէ գոյութենական խնդիր եւ իւրաքանչիւր հայու պարտաւորութիւնն է համախմբուիլ Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ, անոնց անվտանգութիւնը, անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը ապահովելու:
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։