25.1 C
Yerevan

350 Տարի Ետք

Եթէ Էջմիա­ծի­նի առա­ջին գաղտնի ժողո­վը Հայաստա­նի ազա­տագրութեան ծառա­յե­լու կոչուած էր, ապա մօտաւո­րա­պէս երեք հարիւր յիսուն տարի ետք, նոյն վայրին մէջ, դժբախտա­բար, քննարկուած է Հայաստա­նը յանձնե­լու գործընթա­ցը:

Գէորգ Թորո­յեան

1677ին, Յակոբ Դ․ Ջուղա­յե­ցի կաթո­ղի­կո­սի նախա­ձեռնութեամբ, Էջմիա­ծի­նի մէջ կը գումա­րուի գաղտնի ժողով մը, որուն կը մասնակցէին վեց աշխարհա­կաններ եւ վեց կղե­րա­կաններ: Այս ժողո­վը հիմք հանդի­սա­ցաւ Հայաստա­նի ազա­տագրութեան շարժման, թէեւ իր բարե­յա­ջող աւարտին չհա­սաւ: Այստեղ պէտք է նշել մէկ կարեւոր փաստ, որ այս ժողո­վէն առաջ, 1662էն սկսեալ, օրուան կաթո­ղի­կո­սի նախա­ձեռնութեամբ կատա­րուած էին տարբեր բանակցութիւններ եւ նախա­պատրաստա­կան աշխա­տանքներ: Էջմիա­ծի­նի գաղտնի այս ժողո­վը հայոց պատմութեան մէջ կը մնայ որպէս սկիզբ՝ Հայաստա­նը թուրք-պարսկա­կան լուծէն ազա­տագրե­լու եւ պետա­կա­նութիւն ստեղծե­լու արշաւին, մեր վերջին թագաւո­րութեան՝ Կիլի­կիոյ թագաւո­րութեան անկումէն երեք հարիւր տարի ետք:

Այս ժողո­վէն 245 տարի ետք, 2022ի Սեպտեմբեր 22ին, դարձեալ Էջմիա­ծի­նի մէջ գումա­րուե­ցաւ ժողով մը, Ամե­նայն Հայոց կաթո­ղի­կոս Գարե­գին Բ․ Ներսի­սեա­նի նախա­ձեռնութեամբ եւ գլխաւո­րութեամբ․ ժողո­վին մասնակցե­ցան Հայաստա­նի առա­ջին երեք նախա­գահներ՝ Լեւոն Տէր Պետրո­սեան, Ռոպերթ Քոչա­րեան եւ Սերժ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Արցա­խի նախա­գահներ՝ Արկա­դի Ղուկա­սեան եւ Բակօ Սահա­կեան:

Այս ժողո­վէն քանի մը օր ետք, Հայաստա­նի առա­ջին երեք նախա­գահնե­րը անդրա­դարձան ժողո­վին։ Թէեւ տարբեր դիտանկիւնէ ներկա­յա­ցուե­ցան հարցե­րը, բայց խորքա­յին իմաստով անոնք տարբեր չէին: Ամէ­նէն դրա­կա­նը հաւա­նա­բար Տէր Պետրո­սեա­նի արտա­յայտած գաղա­փարն էր, որ իշխա­նութեան հետ պէտք է սկսիլ երկխօ­սութեան, Հայաստա­նին պարտադրուող նուա­զա­գոյն ցաւոտ լուծումը ընդունե­լու եւ պատասխա­նա­տուութիւնը հաւա­սա­րա­պէս վերցնե­լու համար։

Անկախ նախա­գահնե­րուն արտա­յայտած կարծիքնե­րուն շուրջ կատա­րուած հանրա­յին քննարկումնե­րէն եւ քննա­դա­տութիւննե­րէն, բազմա­թիւ հարցումներ կան, որոնց պատասխաննե­րը պէտք է յստա­կացնեն վերոնշեալ հանդիպման մասնա­կիցնե­րը:

Ուշագրաւ էր Հայաստա­նի 4րդ նախա­գահ Արմէն Սարգսեա­նի բացա­կա­յութիւնը, որուն մասին ոչ ոք ոչինչ ըսաւ: Պէտք է նշել, որ ան Հայաստա­նի նախա­գահ էր 44օրեայ պատե­րազմի օրե­րուն:

Ահաւա­սիկ հարցումներ, որոնք կարե­լի է ուղղել այդ ժողո­վի մասնա­կիցնե­րուն.

Ա․ Ինչու այսօ­րի­նակ նախա­ձեռնութեան չդի­մուե­ցաւ Արցա­խեան 44օրեայ պատե­րազմի օրե­րուն, մասնաւո­րա­բար երբ յստա­կա­ցաւ, թէ թշնա­մին մօտե­ցած էր Շուշիին: Արդեօք Էջմիա­ծի­նի ժողո­վա­կաննե­րուն համար Արցա­խը Հայաստան չէ՞:

Բ․ Հայաստա­նի առա­ջին երեք նախա­գահնե­րը, որոնք դերա­կա­տար եղած են Արցա­խեան առա­ջին պատե­րազմին, ինչո՞ւ խաղա­ղութեան համա­ձայնա­գիր չպարտադրե­ցին Ատրպէյճա­նին եւ բաւա­րա­րուե­ցան սոսկա­կան զինա­դուլով, որ ոչ մէկ պարտաւո­րութեան տակ կը դնէր անոր իբրեւ պարտուած երկիր․ նման զինա­դուլը ինքնին դաւադրութիւն մըն էր Հայաստա­նի եւ Արցա­խի դէմ:

Գ․ 1988–1991 տարի­նե­րուն, երբ երեք նախա­գահնե­րը հանգա­մանքնե­րու բերումով քաղա­քա­կան դաշտ մտան եւ միաւո­րուած հայութեան ներուժը օգտա­գործե­լով կերտե­ցին Արցա­խեան առա­ջին պատե­րազմի յաղթա­նա­կը, ինչու հայութեան միաւորման կոչով հանդէս չեն գար, հայութեան համար բարենպաստ բանակցա­յին փաստա­թուղթ մը գոյացնե­լու ճամբուն վրայ:

Դ․ Յանձնուո­ղա­կան պայմա­նա­գի­րի ստո­րագրումը եթէ չի բխիր Հայաստա­նի շահե­րէն, որո՞ւ շահե­րէն կը բխի, մանաւանդ ռուսե­րու հարցա­կան լռութեան դիմաց:

Վերջին շաբաթնե­րու իրա­դարձութիւննե­րը կը յուշեն, որ Հայաստան կանգնած է լինել-չլի­նե­լու կացութեան առջեւ: Ուքրա­նիոյ պատե­րազմի բերումով հետզհե­տէ տկա­րա­ցող Ռուսիան կը փորձէ առաւե­լա­գոյնը ձեռք բերել կովկա­սեան ճակա­տին վրայ: Միա­ժա­մա­նակ, Արեւմուտքը, օգտուե­լով Ռուսիոյ տկա­րա­ցումէն, թափանցած է Կովկաս: Քանի մը ամիս առաջ Միա­ցեալ Նահանգնե­րու, Ռուսիոյ եւ Իրա­նի գաղտնի սպա­սարկութիւննե­րու պետե­րու Հայաստան այցե­լութիւնը պատա­հա­կա­նութիւն չէր, իսկ Սեպտեմբե­րի ատրպէյճա­նա­կան յարձա­կումէն ետք Փելո­սիի Հայաստան այցը եւ Հայաստա­նի պետա­կան այրե­րու այցե­լութիւննե­րը Միա­ցեալ Նահանգներ եւ անոնց տեսակցութիւննե­րը տարբեր մակարդա­կի քաղա­քա­կան եւ ապա­հո­վա­կան պատասխա­նա­տունե­րու հետ, կը խօսին այն մասին, թէ Հայաստան-Միա­ցեալ Նահանգներ սերտ համա­գործակցութիւն կայ:

Անշուշտ Հայաստա­նի այս քայլե­րը հետեւանք են ռուսա­կան քաղա­քա­կա­նութեան: Արցա­խեան 44օրեայ պատե­րազմը եւ անոր յաջորդած դէպքե­րը եւ մասնաւո­րա­բար անցեալ Մայի­սի 12ի եւ այս Սեպտեմբե­րի 13ի ատրպէյճա­նա­կան յարձա­կումնե­րը (առանց մոռնա­լու Արցա­խի մէջ պատա­հող դէպքե­րը) ապա­ցուցե­ցին, թէ ռուսե­րը ոչ միայն վստա­հե­լի դաշնա­կիցներ չեն, այլ նաեւ այն, որ ինչ տեղի կ՛ունենայ 2020ի Սեպտեմբեր 27էն ի վեր, համա­կարգուած է Ատրպէյճա­նի հետ: Այս է պատճա­ռը, որ Հայաստա­նի մէջ քաղա­քա­կան ուժեր վերջերս սկսան պահանջել Հայաստա­նի ՀԱՊԿ կազմա­կերպութե­նէն դուրս գալ իսկ աւե­լի արմա­տա­կաններ՝ ռուսա­կան 102րդ ռազմա­կան խարիսխի փակումը:

Ըստ երեւոյթին, Արեւմուտքը եւս միա­կարծիք չէ հայ-ատրպէյճա­նա­կան հակա­մարտութեան գծով: Եւրո­պա­ցիք, ռուսա­կան ուժա­նիւթի փոխա­րէն այլընտրանք ունե­նա­լով Ատրպէյճա­նի կազը, աւե­լի «մեղմ» եւ «չափաւոր» մօտե­ցում կը ցուցա­բե­րեն, մինչ Միա­ցեալ Նահանգներ կաշկանդուած չըլլա­լով նմա­նօ­րի­նակ հաշիւնե­րէ, աւե­լի կարծր եւ վճռա­կան է իր քայլե­րուն մէջ: Վերջին քանի մը շաբաթնե­րու իրա­դարձութիւննե­րը ցոյց տուին, թէ Ամե­րի­կա իր ձեռքը վերցուցած է Կովկա­սի տիրութիւն ընե­լու նախա­ձեռնութիւնը: Սեպտեմբե­րի 13ին սկսած պատե­րազմը կասեցնո­ղը եղաւ Ուա­շինկթը­նը եւ ան եղաւ առա­ջի­նը, որ ոչ միայն զինա­դա­դար պարտադրեց, այլ կը պահանջէ ատրպէյճա­նա­կան զօրքե­րու դուրսբե­րումը Հայաստա­նի սահմաննե­րէն:

Թէ Ամե­րի­կա­յի կողմէ ի՞նչ դերա­կա­տա­րութիւն վստա­հուած է Հայաստա­նին եւ Հայաստան որքանո՞վ կրնայ կատա­րել իր դերա­կա­տա­րութիւնը, միա­ժա­մա­նակ օգտուե­լով ամե­րի­կեան աջակցութե­նէն շրջա­նին մէջ կայա­նա­լու իբրեւ քաղա­քա­կան ինքնուրոյն գործօն, կախեալ է Հայաստա­նի ղեկա­վա­րութեան դիւա­նա­գի­տա­կան հմտութիւննե­րէն: Պարզա­պէս յիշեցման համար նշենք, որ Ուիլսը­նեան Հայաստա­նը խոստա­ցո­ղը Ամե­րի­կան էր, իր դեմոկրատ նախա­գա­հով:

Ահաւա­սիկ այս պարունա­կին մէջ պէտք է հասկնալ Էջմիա­ծի­նի հանդի­պումը: Եթէ Էջմիա­ծի­նի առա­ջին գաղտնի ժողո­վը Հայաստա­նի ազա­տագրութեան ծառա­յե­լու կոչուած էր, ապա մօտաւո­րա­պէս երկու հարիւր յիսուն տարի ետք, նոյն վայրին մէջ, դժբախտա­բար, քննարկուած է Հայաստա­նը յանձնե­լու գործընթա­ցը:

Այսօր Հայաստա­նը կը դիմագրաւէ գոյութե­նա­կան խնդիր եւ իւրա­քանչիւր հայու պարտաւո­րութիւնն է համախմբուիլ Հայաստա­նի եւ Արցա­խի շուրջ, անոնց անվտանգութիւնը, անկա­խութիւնը եւ ինքնիշխա­նութիւնը ապա­հո­վե­լու:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ