18.3 C
Yerevan

Խաղա­ղութեան Պատե­րազմը

Ամե­նա-աննե­րե­լին այն է, որ 3 նախա­գահներն ալ 1994- ի մեր փառա­պանծ յաղթա­նա­կը վերա­ծե­ցին ԱՆԿԱՅՈՒՆ ԶԻՆԱԴՈՒԼ‑ի եւ աւե­լի քան 20 տարի՝ ԾՈՅԼ, ԿՈՂՈՊՏԻՉ եւ ՉԵԿԻՍՏԱԿԱՆ STATUS QUO‑ի։

Յարութ Գալայճեան

Ամեն ժամա­նա­կէ աւե­լի՝ այսօր, Հայաստա­նը իբրեւ պետութիւն ապրե­լու եւ արա­րե­լու համար թթուածնա­յին կարի­քը ունի խաղա­ղութեան։

Դարե­րու ընթացքին, մեր բոլոր թշնա­մի­նե­րը ոգի ի բռին արգելք հանդի­սա­ցած են մեր ժողո­վուրդի ինքնուրոյնութեան պահպա­ման եւ ինքնիշխա­նութեան ձգտումնե­րուն պարզ այն պատճա­ռով, որ բոլորն ալ գիտակցած են, որ հայը ինքզինք գերա­զանցե­լու genetics‑ն(կենսուժ) ու կրա­կը ունի։

Սակայն դժբախտա­բար, մեր ժողո­վուրդը միայն վերջերս սկսած է անդրա­դառնալ, որ պետութիւն դառնա­լու իր երկար ճանա­պարհին՝ հարկաւոր է ներքին ԱՆՔԱԿՏԵԼԻ միասնա­կա­նութիւն, հայկա­կա­նա­ցուած դիւա­նա­գի­տութիւն եւ իր պատմա­կան իրաւունքներնե­րու ձեռքբերման համար՝ հանգրուա­նա­յին երկա­րա­շունչ քաղա­քա­կա­նութիւն։

Մեր Առա­ջին Անկա­խութեան մենք ունե­ցանք ներքին դաւա­ճա­նութիւններ, նոր աշխարհա­կարգ ստեղծող արտա­քին ճարտա­րա­պե­տութիւններ եւ անբաւա­րար ժամա­նակ՝ ինքնուրոյն դիւա­նա­գի­տութիւն որդեգրե­լու պատե­հութիւն։

Մեր երկրի կարճա­տեւ անկա­խութեան յաջորդող 70 տարի­նե­րը սովե­տա­կա­նա­ցուցին նորա­ծին հայ քաղա­քա­կան միտքը եւ հարցա­կա­նի տակ բերին մեր ինքնութեան գաղա­փա­րը։

Սովե­տա­կան փլուզումով մեզի բախտով հրամցուած վերանկա­խացման առի­թը չկա­րո­ղա­ցանք պետա­կա­նացման եւ իսկա­կան անկա­խացման ճանա­պարհին վրայ տեղադրել, ոչ իսկ՝ մէկ հանգրուա­նով, ոչ իսկ՝ համա­կարգա­յին մէկ փոփո­խութեամբ։ Որովհե­տեւ, իրա­րա­հա­ջորդ 3 նախա­գահներն ալ ՈՉ ՄԻԱՅՆ զուրկ էին ժողո­վուրդը պետութեան գաղա­փա­րին շուրջ համախմբե­լու թէ’ կարո­ղութե­նէն եւ թէ’ գիտակցութե­նէն, ազգա­յին բնա­ծին մտա­ծո­ղութե­նէն եւ քաղա­քա­կան զէնքի իմա­ցութե­նէ­նԷՆ, ԱՅԼ ՆԱՅԵՒ՝ իրենց սովե­տա­սո­վոր խառնուածքով աշխա­տա­տե­ղե­րը քանդե­ցին եւ օտա­րին վաճա­ռե­ցին մեր երկրի սեփա­կան հարստութիւննե­րը։ Եւ ամեն-աննե­րե­լին այն է, որ 3 նախա­գահներն ալ 1994- ի մեր փառա­պանծ յաղթա­նա­կը վերա­ծե­ցին ԱՆԿԱՅՈՒՆ ԶԻՆԱԴՈՒԼ‑ի եւ աւե­լի քան 20 տարի՝ ԾՈՅԼ, ԿՈՂՈՊՏԻՉ եւ ՉԵԿԻՍՏԱԿԱՆ STATUS QUO‑ի:

Եւ ի վերջոյ, մեր յղփա­ցած «հերոս»- գենե­րալնե­րու անկուշտ կենացնե­րէն եւ մեր տքնա­ջան գիւղա­ցի­նե­րու երկա­րա­մեայ զրկանքնե­րէն ետք՝ 2018-ին յորդե­ցաւ ժողովրդա­յին ցասումի բաժա­կը եւ մեր ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ գտան իրենց բարե­բեր հողը։

2019‑ը եղաւ յարա­բե­րա­բար յուսա­լից տարի մը եւ միա­ժա­մա­նակ ի յայտ եկաւ, որ նախորդ 3 տասնա­մեակնե­րու ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՂԲԻ մաքրա­գործումը եւ մեր ժողովրդա­վա­րութեան ամրապնման աշխա­տանքնե­րը պիտի բախէին արտա­քին (յատկա­պէս ռուսա­կան) եւ ներքին ԳՈՐԾԱԿԱԼԱԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՒ, որոնք միտուած էին երթա­լու 3 նախա­գահնե­րու ձեռնարկած ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՎԱՃԱՌՔԸ Նիկո­լով նուի­րա­կա­նացնե­լու ուխտագնա­ցութեան եւ այն սպա­սումով, որ այդ վաճառքը միանգա­մընդմիշտ կը լուծէր Ալիեւին քանիցս հրամցուած-մերժուած Արցա­խեան մեր «գխու ցաւ»ը, մեծ կորուստնե­րով պարտուած Նիկո­լի եւ անոր ժողովրդա­վա­րութեան հարցը, Փոքր Արցախյան օղա­կով մը կ՚ամրացնէր ռուսա­կան ներկա­յութիւնը եւ վերջա­պէս՝ կ՚ապահովէր իրենց պետա­կան թալա­նը փրկած ՆԱԽԿԻՆՆԵՐՈՒ վերա­դարձը։

2020‑ը սաստկա­ցաւ համաշխարհա­յին Համա­վա­րա­կով եւ ներքին փողո­ցա­յին քոչա­րեա­նա­կան ցնցումնե­րով եւ պայթե­ցաւ Արցա­խեան ռուս-թրքա­կան գործակցութեամբ եւ Trump‑ի(Դոնալդ Թրամփ) արտա­քին աշխարհին աչք փակե­լու քաղա­քա­կա­նութեան խաղարկութեամբ։

Արցա­խեան մեր մարդկա­յին ու հողա­յին ԱՀԱՒՈՐ կորուստնե­րէն ետք, 2021- Յունի­սին տեղի ունե­ցան Արտա­հերթ Ընտրութիւններ, ուր մեր ժողո­վուրդը խուսա­փե­լով ՆԱԽԿԻՆՆԵՐԷՆ նախընտրեց իշխա­նութեան վրայ պահել «պարտուած» վարչա­պե­տը։

2022‑ի Փետրուա­րի ռուս-ուքրաի­նա­կան մինչեւ այս պահը շարունա­կուող պատե­րազմը խաղա­ղութեան պատուհան մը բացաւ Հայաստա­նի համար։ Ռուսա­կան կայսե­րա­պաշտա­կան եւ լայնա­ծաւալ պատե­րազմներ հրահրող քաղա­քա­կա­նութիւնը այլեւս դարձած էր ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՎՏԱՆԳ, որուն դէմ զինուո­րագրուե­ցաւ գրե­թէ ամբողջ Արեւմուտքը եւ բնա­կա­նա­բար Հայաստա­նը իր Ժողովրդա­վա­րա­կան Հաւա­տամքով եւ խաչմե­րուկա­յին աշխարհագրութեամբ շահագրգռեց Արեւմուտքը ու կարճ ժամա­նա­կի մէջ դիւա­նա­գի­տա­կան բազմա­շերտ սերտակցութեամբ Հայաստա­նին ընձե­ռեց Հնդկաստա­նէն եւ այլ երկիրնե­րէ իր ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ամրապնդող միջոցներ ստա­նա­լու կարե­լիութիւնը ու միա­ժա­մա­նակ՝ Ալիեւին մեր գերի­նե­րը վերա­դարձնե­լու եւ անոր թնդա­նօթնե­րը լռեցնե­լու իրո­ղութիւնը։

Այո, այսօր Հայաստա­նը կը մղէ իր ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ։ Որովհե­տեւ, թէկուզ ժամա­նա­կաւոր, մենք պատմա­կան կարի­քը ունինք խաղա­ղութեան, որպէսզի՝

1- Համա­կարգա­յին միջոցնե­րով զօրացնենք մեր կրթութիւնը,տնտեսութիւնը, դատաի­րաւա­կան անկա­խութիւնը եւ բանա­կը։
2- Վերա­կազմա­կերպենք Սփիւռքը եւ գօտեպնդենք Հայրե­նա­դարձութիւնը։
3- Կարե­նանք արա­րել եւ հետաքրքրենք աշխարհը մեր երկրով։
4- Մեր ներքին քաղա­քա­կան դաշտը դառնայ կառուցո­ղա­կան։
5- Մեր երկի­րը ըլլայ իսկա­պէս ինքնիշխան եւ անոր սահմաննե­րուն հսկեն ՄԻԱՅՆ մեր քաջա­րի զինուորնե­րը։

Վերջին հաշուով, խաղա­ղութիւնը մերժողնե­րը մեր դարաւոր «դաշնակից»-ն ու անոր Հայաստա­նի Գործա­կալներն են եւ խաղա­ղութիւնը ինքնա­բե­րա­բար՝ զանոնք կը դատա­պարտէ մնա­յուն գործազրկութեան։

Առնչվող Հոդվածներ