Որքան կրնայ Ալիեւը դիմակայել արեւմտեան ճնշումներուն, ակնյայտ կրնայ դառնալ յառաջիկայ շաբաթներուն: Հոկտեմբեր 15ին Ֆրանսայի Ծերակոյտը պիտի քննարկէ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու բանաձեւը: Բնականաբար այս քայլը քաղաքական ճնշում է Ատրպէյճանի դէմ՝ ենթարկուելու խաղին արեւմտեան կանոններուն:
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
1991ին, Հայաստանի անկախացումով hայ-թրքական յարաբերութիւնները որակապէս նոր փուլ թեւակոխեցին: Խորհրդային ժամանակաշրջանին անոնք չգոյ էին: Մոսկուա ինք կը տնօրինէր ամէն ինչ եւ հայկական կողմը ոչ մէկ խօսք ունէր տարուող արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Անկախութեան սկզբնական շրջանին քայլեր ձեռնարկուեցան յարաբերութիւնները որոշակիօրէն բարելաւելու, սակայն 1993ին Արցախի առաջին պատերազմի ընթացքին հայկական բանակի յաղթանակները պատճառ դարձան, որ Թուրքիա միակողմանիօրէն գոցէ Հայաստանի հետ իր սահմանը: Թուրքիոյ այս քայլէն պէտք է հասկնալ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ նշանակալից դերակատար է նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները:
2009ին, թէ Ռուսիոյ եւ թէ Արեւմուտքի, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու ջանքերով կարելի եղաւ դիւանագիտական աշխատանք մը յաջողեցնել եւ ստորագրուեցաւ փաստաթուղթ մը, որ չվաւերացուեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ, իսկ առհասարակ այս դիւանագիտական ճիգը ի դերեւ ելաւ Ռուսիոյ եւ Ամերիկայի յարաբերութիւններուն լարուածութեան պատճառով:
Արցախեան 44օրեայ պատերազմէն ետք, հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականոնացնելու յստակ միտում մը սկսաւ նախ Ռուսիոյ կողմէ, իսկ քիչ մը աւելի ուշ նաեւ Արեւմուտքին կողմէ: Ըստ երեւոյթին իրարու հակադիր երկու կողմերն ալ շահագրգռուած են Հայաստան-Թուրքիա կապերու բնականոնացումով, իւրաքանչիւրը իր օրակարգը ունենալով:
Ռուսիոյ համար Հայաստանով Թուրքիոյ միանալու նպատակը ցամաքային երկրորդ ճանապարհի մը բացումը կը նշանակէ: Վրաստանը յուսալի ճամբայ չէ եւ թէ՛ վրացիներու հակառուսական տրամադրութիւնները եւ թէ Արեւմուտքի աճող ազդեցութիւնը կրնայ այդ ճամբան վտանգել: Հայաստանը կը մնայ այլընտրանքային ճամբայ Ռուսիոյ համար: Ռուսերը նաեւ լռելեայն համաձայն են Ատրպէյճանի Սիւնիքի միջանցքի նկրտումներուն: Այդ միջանցքի վերահսկողութիւնը ստանձնելով, անոնք կը լուծեն միաժամանակ քանի մը խնդիրներ.
Ա․ Յաւելեալ լծակներ ձեռք կը ձգեն իրենց ազդեցութիւնը զօրացնելու թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի վրայ:
Բ․ Կը խափանեն կամ առնուազն իրենց վերահսկողութեան տակ կ՛առնեն Հիւսիս-հարաւ ճանապարհը, որ ըստ էութեան որ ոչ միայն կը շրջանցէ Ռուսիան, այլեւ կը միտի յաւելեալ մեկուսացումի մատնել զինք:
Գ․ Թուրքիոյ ճամբով դէպի Եւրոպա եւ ինչպէս նաեւ դէպի Միջին Արեւելք՝ մանաւանդ արաբական երկիրներ, ցամաքային ազատ ճանապարհ ունենալ:
Արեւմուտքի համար հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը նոյնպէս կարեւոր է: Առաջին հերթին սահմաններու բացումը կրնայ նոր ներդրումներ բերել Հայաստան եւ այս վերջինը ժամանակի ընթացքին նուազ կախեալ ըլլայ Ռուսիայէն (ներկայիս Հայաստանը տնտեսապէս 80 առ հարիւրով կախեալ է Ռուսիայէն) եւ այս ձեւով արեւմտեան ազդեցութիւնը կրնալ մեծնալ երկիրի մը մէջ, որ կը նկատուի Ռուսիոյ Կովկասի բանալին:
Այս բոլորը ցոյց կու տան թէ հայ-թրքական բանակցութիւնները զուտ հայկական կամ զուտ թրքական օրակարգ չէ եւ միայն տուեալ երկիրները չեն, որ կ՛որոշեն իրենց միջեւ առկայ խնդիրներուն կարգաւորումը: Բայց եւ այնպէս, անոնցմէ իւրաքանչիւրին մօտեցումը եւ դիւանագիտական ճիգերը կրնան նշանակութիւն ունենալ յառաջիկային զարգանալիք իրադարձութիւններուն վրայ: Այս իմաստով, Թուրքիա իր նախագահ Էրտողանի բերնով ուղղակիօրէն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կապեց հայ-ատրպէյճանական հարցերու լուծման, ինչ որ անուղղակիօրէն բանակցային առանց նախապայմաններու գործընթացը պայմանաւորեց հայ-ատրպէյճանական խնդիրներու կարգաւորմամբ: Այս մէկը յաւելեալ փաստ է, թէ մեր երկու դրացի-թշնամիները տասնամեակներէ ի վեր համակարգուած աշխատած են իրար հետ:
Փրակայի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպումը՝ Փաշինեան-Մաքրոն-Միշէլ-Ալիեւ, այդքան ալ Ատրպէյճանի ի նպաստ չեղաւ: Այս հանդիպումին յայտարարութեան գլխաւոր երկու կարեւոր կէտերը անոնք էին որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը ճանչնան իրարու հողային ամբողջականութիւնը, եւ այդ իմաստով յղում կատարուած էր 1991ի Դեկտեմբեր 10ի Ալմա Աթայի ԱՊՀ հիմնադիր ժողովին: Այդ ժողովի նախօրէին Արցախը անկախութիւն յայտարարած էր եւ դուրս եկած էր թէ՛ փլուզուող խորհրդային կայսրութենէն եւ թէ Ատրպէյճանէն: Եթէ սա հայկական դիւանագիտութեան շնորհիւ եղած էր, ապա պէտք է ծափահարել, իսկ եթէ պատահականութիւն էր, ապա պէտք է օգտուիլ այս հանգամանքէն:
Երկրորդ կարեւոր կէտը եւրոպացի քաղաքացիական դիտորդներու տեղակայումն է հայ-ատրպէյճանական սահմանին, երկու ամիս ժամանակով: Ալիեւ համամիտ չէր այս քայլին, մինչ անիկա Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այս ձեւով անուղղակիօրէնն Հայաստանը կը լուծէ անվտանգութեան խնդիրը մասնակիօրէն, ինչպէս նաեւ այս որոշումը կրնայ նախաքայլ ըլլալ միջազգային խաղաղապահներու տեղակայման:
Որքան կրնայ Ալիեւը դիմակայել արեւմտեան ճնշումներուն, ակնյայտ կրնայ դառնալ յառաջիկայ շաբաթներուն: Հոկտեմբեր 15ին Ֆրանսայի Ծերակոյտը պիտի քննարկէ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու բանաձեւը: Բնականաբար այս քայլը քաղաքական ճնշում է Ատրպէյճանի դէմ՝ ենթարկուելու խաղին արեւմտեան կանոններուն:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ ամէնէն զգայուն կէտը կը մնայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը եւ այս իմաստով ամէնէն աւելի փոթորկողը հայկական Սփիւռքն է, իբրեւ ժառանգորդ այդ Մեծ Ոճիրէն վերապրողներու: Կը մնայ որ Հայաստանի իշխանութիւնները ոչ մէկ փաստաթուղթ ստորագրեն Թուրքիոյ հետ, որուն մէջ նուազագոյն ակնարկութիւնը կայ Ցեղասպանութեան։
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։