27.4 C
Yerevan

Հայաստան-Թուրքիա Կնճռոտ Բանակցութիւննե­րը

Որքան կրնայ Ալիեւը դիմա­կա­յել արեւմտեան ճնշումնե­րուն, ակնյայտ կրնայ դառնալ յառա­ջի­կայ շաբաթնե­րուն: Հոկտեմբեր 15ին Ֆրանսա­յի Ծերա­կոյտը պիտի քննարկէ Ատրպէյճա­նի դէմ պատժա­մի­ջոցներ որդեգրե­լու բանա­ձեւը: Բնա­կա­նա­բար այս քայլը քաղա­քա­կան ճնշում է Ատրպէյճա­նի դէմ՝ ենթարկուե­լու խաղին արեւմտեան կանոննե­րուն:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

1991ին, Հայաստա­նի անկա­խա­ցումով hայ-թրքա­կան յարա­բե­րութիւննե­րը որա­կա­պէս նոր փուլ թեւա­կո­խե­ցին: Խորհրդա­յին ժամա­նա­կաշրջա­նին անոնք չգոյ էին: Մոսկուա ինք կը տնօ­րի­նէր ամէն ինչ եւ հայկա­կան կողմը ոչ մէկ խօսք ունէր տարուող արտա­քին քաղա­քա­կա­նութեան մէջ: Անկա­խութեան սկզբնա­կան շրջա­նին քայլեր ձեռնարկուե­ցան յարա­բե­րութիւննե­րը որո­շա­կիօ­րէն բարե­լաւե­լու, սակայն 1993ին Արցա­խի առա­ջին պատե­րազմի ընթացքին հայկա­կան բանա­կի յաղթա­նակնե­րը պատճառ դարձան, որ Թուրքիա միա­կողմա­նիօ­րէն գոցէ Հայաստա­նի հետ իր սահմա­նը: Թուրքիոյ այս քայլէն պէտք է հասկնալ, որ հայ-թրքա­կան յարա­բե­րութիւննե­րուն մէջ նշա­նա­կա­լից դերա­կա­տար է նաեւ հայ-ատրպէյճա­նա­կան յարա­բե­րութիւննե­րը:

2009ին, թէ Ռուսիոյ եւ թէ Արեւմուտքի, մասնաւո­րա­բար Միա­ցեալ Նահանգնե­րու ջանքե­րով կարե­լի եղաւ դիւա­նա­գի­տա­կան աշխա­տանք մը յաջո­ղեցնել եւ ստո­րագրուե­ցաւ փաստա­թուղթ մը, որ չվաւե­րա­ցուե­ցաւ Թուրքիոյ խորհրդա­րա­նին կողմէ, իսկ առհա­սա­րակ այս դիւա­նա­գի­տա­կան ճիգը ի դերեւ ելաւ Ռուսիոյ եւ Ամե­րի­կա­յի յարա­բե­րութիւննե­րուն լարուա­ծութեան պատճա­ռով:

Արցա­խեան 44օրեայ պատե­րազմէն ետք, հայ-թրքա­կան յարա­բե­րութիւննե­րը բնա­կա­նո­նացնե­լու յստակ միտում մը սկսաւ նախ Ռուսիոյ կողմէ, իսկ քիչ մը աւե­լի ուշ նաեւ Արեւմուտքին կողմէ: Ըստ երեւոյթին իրա­րու հակա­դիր երկու կողմերն ալ շահագրգռուած են Հայաստան-Թուրքիա կապե­րու բնա­կա­նո­նա­ցումով, իւրա­քանչիւրը իր օրա­կարգը ունե­նա­լով:

Ռուսիոյ համար Հայաստա­նով Թուրքիոյ միա­նա­լու նպա­տա­կը ցամա­քա­յին երկրորդ ճանա­պարհի մը բացումը կը նշա­նա­կէ: Վրաստա­նը յուսա­լի ճամբայ չէ եւ թէ՛ վրա­ցի­նե­րու հակա­ռուսա­կան տրա­մադրութիւննե­րը եւ թէ Արեւմուտքի աճող ազդե­ցութիւնը կրնայ այդ ճամբան վտանգել: Հայաստա­նը կը մնայ այլընտրանքա­յին ճամբայ Ռուսիոյ համար: Ռուսե­րը նաեւ լռե­լեայն համա­ձայն են Ատրպէյճա­նի Սիւնի­քի միջանցքի նկրտումնե­րուն: Այդ միջանցքի վերահսկո­ղութիւնը ստանձնե­լով, անոնք կը լուծեն միա­ժա­մա­նակ քանի մը խնդիրներ.

Ա․ Յաւե­լեալ լծակներ ձեռք կը ձգեն իրենց ազդե­ցութիւնը զօրացնե­լու թէ՛ Հայաստա­նի եւ թէ Ատրպէյճա­նի վրայ:

Բ․ Կը խափա­նեն կամ առնուազն իրենց վերահսկո­ղութեան տակ կ՛առնեն Հիւսիս-հարաւ ճանա­պարհը, որ ըստ էութեան որ ոչ միայն կը շրջանցէ Ռուսիան, այլեւ կը միտի յաւե­լեալ մեկուսա­ցումի մատնել զինք:

Գ․ Թուրքիոյ ճամբով դէպի Եւրո­պա եւ ինչպէս նաեւ դէպի Միջին Արեւելք՝ մանաւանդ արա­բա­կան երկիրներ, ցամա­քա­յին ազատ ճանա­պարհ ունե­նալ:

Արեւմուտքի համար հայ-թրքա­կան յարա­բե­րութիւննե­րու բնա­կա­նո­նա­ցումը նոյնպէս կարեւոր է: Առա­ջին հերթին սահմաննե­րու բացումը կրնայ նոր ներդրումներ բերել Հայաստան եւ այս վերջի­նը ժամա­նա­կի ընթացքին նուազ կախեալ ըլլայ Ռուսիա­յէն (ներկա­յիս Հայաստա­նը տնտե­սա­պէս 80 առ հարիւրով կախեալ է Ռուսիա­յէն) եւ այս ձեւով արեւմտեան ազդե­ցութիւնը կրնալ մեծնալ երկի­րի մը մէջ, որ կը նկա­տուի Ռուսիոյ Կովկա­սի բանա­լին:

Այս բոլո­րը ցոյց կու տան թէ հայ-թրքա­կան բանակցութիւննե­րը զուտ հայկա­կան կամ զուտ թրքա­կան օրա­կարգ չէ եւ միայն տուեալ երկիրնե­րը չեն, որ կ՛որոշեն իրենց միջեւ առկայ խնդիրնե­րուն կարգաւո­րումը: Բայց եւ այնպէս, անոնցմէ իւրա­քանչիւրին մօտե­ցումը եւ դիւա­նա­գի­տա­կան ճիգե­րը կրնան նշա­նա­կութիւն ունե­նալ յառա­ջի­կա­յին զարգա­նա­լիք իրա­դարձութիւննե­րուն վրայ: Այս իմաստով, Թուրքիա իր նախա­գահ Էրտո­ղա­նի բերնով ուղղա­կիօ­րէն հայ-թրքա­կան յարա­բե­րութիւննե­րու կարգաւո­րումը կապեց հայ-ատրպէյճա­նա­կան հարցե­րու լուծման, ինչ որ անուղղա­կիօ­րէն բանակցա­յին առանց նախա­պայմաննե­րու գործընթա­ցը պայմա­նաւո­րեց հայ-ատրպէյճա­նա­կան խնդիրնե­րու կարգաւորմամբ: Այս մէկը յաւե­լեալ փաստ է, թէ մեր երկու դրա­ցի-թշնա­մի­նե­րը տասնա­մեակնե­րէ ի վեր համա­կարգուած աշխա­տած են իրար հետ:

Փրա­կա­յի մէջ տեղի ունե­ցած քառա­կողմ հանդի­պումը՝ Փաշի­նեան-Մաքրոն-Միշէլ-Ալիեւ, այդքան ալ Ատրպէյճա­նի ի նպաստ չեղաւ: Այս հանդի­պումին յայտա­րա­րութեան գլխաւոր երկու կարեւոր կէտե­րը անոնք էին որ Հայաստանն ու Ատրպէյճա­նը կը ճանչնան իրա­րու հողա­յին ամբողջա­կա­նութիւնը, եւ այդ իմաստով յղում կատա­րուած էր 1991ի Դեկտեմբեր 10ի Ալմա Աթա­յի ԱՊՀ հիմնա­դիր ժողո­վին: Այդ ժողո­վի նախօ­րէին Արցա­խը անկա­խութիւն յայտա­րա­րած էր եւ դուրս եկած էր թէ՛ փլուզուող խորհրդա­յին կայսրութե­նէն եւ թէ Ատրպէյճա­նէն: Եթէ սա հայկա­կան դիւա­նա­գի­տութեան շնորհիւ եղած էր, ապա պէտք է ծափա­հա­րել, իսկ եթէ պատա­հա­կա­նութիւն էր, ապա պէտք է օգտուիլ այս հանգա­մանքէն:

Երկրորդ կարեւոր կէտը եւրո­պա­ցի քաղա­քա­ցիա­կան դիտորդնե­րու տեղա­կա­յումն է հայ-ատրպէյճա­նա­կան սահմա­նին, երկու ամիս ժամա­նա­կով: Ալիեւ համա­միտ չէր այս քայլին, մինչ անի­կա Հայաստա­նի համար կենսա­կան նշա­նա­կութիւն ունի, որովհե­տեւ այս ձեւով անուղղա­կիօ­րէնն Հայաստա­նը կը լուծէ անվտանգութեան խնդի­րը մասնա­կիօ­րէն, ինչպէս նաեւ այս որո­շումը կրնայ նախա­քայլ ըլլալ միջազգա­յին խաղա­ղա­պահնե­րու տեղա­կայման:

Որքան կրնայ Ալիեւը դիմա­կա­յել արեւմտեան ճնշումնե­րուն, ակնյայտ կրնայ դառնալ յառա­ջի­կայ շաբաթնե­րուն: Հոկտեմբեր 15ին Ֆրանսա­յի Ծերա­կոյտը պիտի քննարկէ Ատրպէյճա­նի դէմ պատժա­մի­ջոցներ որդեգրե­լու բանա­ձեւը: Բնա­կա­նա­բար այս քայլը քաղա­քա­կան ճնշում է Ատրպէյճա­նի դէմ՝ ենթարկուե­լու խաղին արեւմտեան կանոննե­րուն:

Հայ-թրքա­կան յարա­բե­րութիւննե­րու կարգաւորման հարցին մէջ ամէ­նէն զգա­յուն կէտը կը մնայ Հայոց Ցեղասպա­նութեան հարցը եւ այս իմաստով ամէ­նէն աւե­լի փոթորկո­ղը հայկա­կան Սփիւռքն է, իբրեւ ժառանգորդ այդ Մեծ Ոճի­րէն վերապրողնե­րու: Կը մնայ որ Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը ոչ մէկ փաստա­թուղթ ստո­րագրեն Թուրքիոյ հետ, որուն մէջ նուա­զա­գոյն ակնարկութիւնը կայ Ցեղասպա­նութեան։

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ