16.2 C
Yerevan

Հաւա­սա­րակշռուած Քաղա­քա­կա­նութիւն Վարե­լու Հրա­մա­յա­կա­նը

Ռուսիոյ այս քաղա­քա­կա­նութիւնը նոր երեւոյթ չէ: Անի­կա անցեա­լին՝ 17–19րդ դարե­րուն եւ 20րդ դարու սկիզբը նոյն ձեւը որդեգրած էր, մեզ իբրեւ յառա­ջա­պահ օգտա­գործած, ապա նահանջած եւ մեզ միայնակ ձգած թրքա­կան բանակնե­րուն դէմ:

Աւօ Պօղո­սեան

Հայաշխարհը դարձեալ ցնցուած է՝ ի լուր ատրպէյճա­նա­կան վերջին քստմնե­լի ոճիրնե­րուն: Գերի­ներ խոշտանգե­լը եւ անմարդկա­յին կտտանքնե­րու ենթարկե­լը, զանոնք անդա­մա­հա­տե­լը եւ սպաննե­լը, առաւել՝ հաւա­քա­կա­նօ­րէն գնդա­կա­հա­րե­լը եւ համայն աշխարհին ցուցադրե­լը՝ միջին դարե­րուն յատուկ երեւոյթ եւ վերա­բերմունք կը կարծուէր, եւ քաղա­քա­կիրթ աշխարհը մոռցած էր զանոնք, բայց ահա դարձեալ ակա­նա­տես եղաւ անոր:

Թրքա­կան ցեղե­րուն յատուկ է այս մարտա­վա­րութիւնը եւ անի­կա գործադրուած էր միջին դարե­րու իրենց արշաւանքնե­րուն ընթացքին: Այդ մարտա­վա­րութիւնը կը բաղկա­նար նախ թշնա­մի բանա­կի ճամբա­րը եւ մանաւանդ մեկուսա­ցած գիւղե­րը լաւա­պէս ուսումնա­սի­րե­լէ եւ անոնց տկար կէտե­րը գտնե­լէ ետք յարձա­կե­լէն, ապա անզէն բնակչութիւնը գերե­վա­րե­լէ ետք, ամէ­նէն զազրե­լի եւ անմարդկա­յին ձեւե­րով սպաննե­լէն ու ազատ արձա­կե­լէն մի քանին, որոնք բօթը տարա­ծե­լով՝ սարսափ պիտի ձգէին ժողո­վուրդին եւ բանա­կին մէջ, ջլա­տե­լով անոնց մարտունա­կութիւնը, եւ խուճա­պի մատնե­լով զանոնք:

Այս մարտա­վա­րութիւննե­րուն միջո­ցաւ, անոնք անցեա­լին հասած էին մինչեւ Եւրո­պա­յի խորե­րը, եւ կանգ առած ու նահանջած միայն՝ երբ Վիեննա­յի պարիսպնե­րուն տակ ուժեղ դիմադրութեան հանդի­պե­լով՝ պարտութիւն կրած էին:

2020ի Արցա­խի 44օրեայ պատե­րազմին մենք պարտութիւն կրե­ցինք շարք մը գործօննե­րու պատճա­ռով. անոնցմէ էին վերը նշուած մարտա­վա­րութիւնը, իրենց թուա­կան եւ սպա­ռա­զի­նութեան գերա­կա­յութիւնը, թուրքա­կան միաւորնե­րու եւ իսլա­մա­կան մուճա­հէ­տիննե­րու ներկա­յութիւնը, մեր ներքին երկպա­ռա­կութիւնը եւ անմիա­բա­նութիւնը, թերեւս  եւ դաւադրա­կան արարքնե­րը, բայց նաեւ ամէ­նէն հիմնա­կա­նը՝ մեր ռազմա­վա­րա­կան դաշնա­կի­ցի արդէն բացա­յայտօ­րէն մեր դէմ դաւա­ճա­նութիւնը եւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճա­նի հետ պայմա­նաւո­րուա­ծութիւնը, որ ակնե­րեւ դարձած էր քանի մը ամիս ետք, Ուքրա­նիոյ դէմ սանձա­զերծուած ռուսա­կան պատե­րազմով: Ռուսիան պէտք ունէր կորզե­լու ուքրա­նա­կան պատե­րազմին Թուրքիոյ առնուազն չէզո­քութիւնը, իսկ Պաքուի ալ համա­ձայնութիւնը, պէտք եղած պարա­գա­յին ատրպէյճա­նա­կան խողո­վակնե­րու օգտա­գործումով, ռուսա­կան կազը Եւրո­պա հասցնե­լու համար: Այս զոյգ գործարքնե­րուն գինը պիտի ըլլար Արցա­խի դէմ շղթա­յա­զերծուած պատե­րազմին ռուսա­կան չէզո­քութիւնը, հայոց երկինքը անպաշտպան ձգե­լը, ապա իբրեւ փրկիչ յայտնուե­լով՝ Արցա­խի փոքր մասի մը ապա­հո­վութիւնը ստանձնե­լը, բայց խորքին մէջ այս ռազմա­վա­րութեամբ Ատրպէյճա­նի մէջ ռուսա­կան ռազմա­կա­յա­նի մը ստեղծումը:

Ռուսիոյ այս քաղա­քա­կա­նութիւնը նոր երեւոյթ չէ: Անի­կա անցեա­լին՝ 17–19րդ դարե­րուն եւ 20րդ դարու սկիզբը նոյն ձեւը որդեգրած էր, մեզ իբրեւ յառա­ջա­պահ օգտա­գործած, ապա նահանջած եւ մեզ միայնակ ձգած թրքա­կան բանակնե­րուն դէմ:

Ռուսիոյ ազգա­յին ապա­հո­վութեան համար խիստ կարեւոր եղած է հարաւա­յին իր սահմաննե­րու ապա­հո­վութիւնը: Ռուսա­կան ընդարձակ  տափաստաննե­րը զուրկ ըլլա­լով ռազմա­վա­րա­կան նշա­նա­կութեամբ բարձր յենա­կէ­տե­րէ՝ կովկա­սեան բարձր լեռնե­րը ամրա­կուռ պարիսպնե­րու դեր կը կատա­րեն այդ ճակա­տին վրայ: Սակայն, Կովկա­սը կը բաղկա­նայ երկու հատուածնե­րէ՝ Հիւսի­սա­յին Կովկա­սի լեռնաշղթան (The Greater Caucasus) եւ Հարաւա­յին Կովկա­սի լեռնաշղթան (The Lesser Caucasus): Հարաւա­յի­նին մէջ են՝ Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան: Ռուսիոյ համար երկրորդ ամրութիւննե­րը եւ կարմիր գիծը կը նկա­տուի Հիւսի­սա­յին Կովկա­սը, իսկ Հարաւա­յի­նը առա­ջին գիծ է, որմէ պէտք եղած պարա­գա­յին կարե­լի է մարտա­վա­րա­կան նահանջ ունե­նալ, հետա­գա­յին առի­թը ընձեռնուե­լու պահուն վերա­դառնա­լու համար: Այս մարտա­վա­րա­կան նահանջին պատճա­ռով, հայերս ենթարկուե­ցանք Ցեղասպա­նութեան, առնուազն Արեւմտեան Հայաստա­նի արեւե­լեան նահանգնե­րու հայութեան պարա­գա­յին, որմէ ետք ստի­պուե­ցանք միայնակ Սարդա­րա­պա­տի եւ միւս ճակա­տա­մարտե­րը մղել, եւ որուն իբրեւ արդիւնք՝ ի սպառ բնաջնջումէ փրկուե­ցանք ու երկար ընդմի­ջումէ մը ետք մեր հանրա­պե­տութիւնը հիմնե­ցինք, սակայն երկու տարի ետք, Ռուսիա իր ներքին հարցե­րը լուծե­լէ ետք, վերա­դարձաւ տարա­ծաշրջա­նը եւ մեր երկի­րը կցեց իր ստեղծած Խորհրդա­յին Միութեան:

Սարդա­րա­պա­տի ճակա­տա­մարտին մենք կրցանք դիմա­կա­յել թրքա­կան բանակնե­րը, որովհե­տեւ անոնք մեզմէ աւե­լի մեծա­թիւ ըլլա­լով հանդերձ՝ սպա­ռա­զի­նութեան տարբե­րութիւնը շատ մեծ չէր եւ զէնքե­րը նոյնանման էին: Այսօր, սակայն, այդպէս չէ եւ անոնք շարք մը գործօննե­րու պատճա­ռով, որոնք թուարկե­լու անհրա­ժեշտութիւնը չկայ ներկա­յիս, մեզմէ անհա­մե­մատ աւե­լի յառա­ջա­ցած են եւ ուժեղ, յագե­ցած արդի սպա­ռա­զի­նութեան ամէ­նէն կատա­րե­լա­գործուած տեսակնե­րով:

Պէտք չէ մոռնալ, որ անոնք ներկա­յիս Ամե­րի­կա­յէն ետք մեծա­գոյն ուժն են ՆԱԹՕի միա­ցեալ բանա­կին մէջ, իսկ Ռուսիոյ կացութիւնը ուքրա­նա­կան ճակա­տին վրայ, այդքան ալ յստակ եւ ի նպաստ իրեն չէ: Ռուսիա լուրջ մարտահրաւէրնե­րու առջեւ կը գտնուի, հետեւա­բար մեր ճգնա­ժա­մը ծանր է եւ մենք այս գոյութե­նա­կան պայքա­րին մէջ, անհրա­ժեշտօ­րէն նոր դաշնա­կիցներ գտնե­լու հարկադրանքին տակ կը գտնուինք, դիմա­կա­յե­լու համար մեզմէ գերա­զանցօ­րէն աւե­լի ուժեղ թշնա­մին, որուն մօտ բացա­յայտ է մեր երկրին տիրա­նա­լու իր վաղե­մի երա­զը իրա­կա­նացնե­լու ծրա­գի­րը:

Այո, մենք նոր դաշնա­կիցներ գտնե­լու հարկադրանքին առջեւ ենք, սակայն, որոնք կրնան ըլլալ անոնք: Ռուսիա, ինչպէս տեսանք, չի կրնար ըլլալ: Բնա­կան դաշնա­կից պէտք է ըլլայ մեր հարաւի դրա­ցի Իրա­նը, որ սակայն, ներկա­յիս ինչպէս կը տեսնենք, կլա­նուած է մէկ կողմէ իր ներքին հարցե­րով, միւս կողմէ իրեն պարտադրուած միջազգա­յին պատժա­մի­ջոցնե­րով:

Եւրո­պա­կան Միութիւնը պէտք է ըլլար հաւա­նա­կան դաշնա­կից, որ ի յայտ եկաւ մասնաւո­րա­բար Ֆրանսա­յի կողմէ կարգ մը նախա­ձեռնութիւննե­րու եւ յայտա­րա­րութիւննե­րու ընթացքին, սակայն շուտով երեւցաւ անոնց կողմէ մեր եւ ատրպէյճանցի­նե­րուն միջեւ հաւա­սա­րութեան նշաններ դնե­լու փաստը: Եւրո­պան փաստօ­րէն կաշկանդուած քաղա­քա­կա­նութիւն վարե­լու հարկադրանքին տակ է, եւ զանա­զան գործօննե­րու բերումով կը թեքի Ատրպէյճա­նը եւ Թուրքիան սիրա­շա­հե­լու քաղա­քա­կա­նութեան կողմը:

Ռուսիոյ կազի հոսքը դադրեցնե­լու սպառնա­լի­քին դիմաց, այլընտրանքա­յին աղբիւրնե­րէն հիմնա­կա­նը Պաքուի կազն է, որուն խիստ կարի­քը ունի Եւրո­պան, եւ որ կ՛անցնի Թուրքիոյ տարածքով. իսկ Թուրքիան թէ՛ մեծ շուկայ է նոյնինքն Եւրո­պա­յի արդիւնա­բե­րութեան համար եւ թէ աժան արտադրութիւններ ներա­ծե­լու երկիր: Ապա­հո­վա­կան տեսանկիւնէն ալ Թուրքիա իր ձեռքը ունի Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած միլիո­նաւոր սուրիա­ցի գաղթա­կաններ, որոնցմով կը սպառնայ ողո­ղել Եւրո­պան, իսկ բուն Եւրո­պա­յի եւ մասնաւո­րա­բար Գերմա­նիոյ եւ Ֆրանսա­յի մէջ կան միլիո­նաւոր թուրք գաղթա­կաններ, որոնք կրնան օգտա­գործել ապա­կա­յունացնե­լու այդ երկիրնե­րը:

Իբրեւ հաւա­նա­կան դաշնա­կից կը մնայ Արեւմուտքի ամէ­նէն ուժեղ երկի­րը՝ Ամե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նահանգնե­րը, որ շահագրգռուած է տարա­ծաշրջա­նին մէջ մուտք գործե­լով եւ ներկա­յութիւն ըլլա­լով:

Ամե­րի­կան, ճիշդ է որ Թուրքիոյ դաշնա­կից պետութիւն է եւ Պաղ պատե­րազմի ամբողջ ընթացքին մշտա­պէս եւ ամէն կերպ աջակցած էր անոր հզօ­րացման, որովհե­տեւ ան անմի­ջա­կան դրացնութեամբ էր Խորհրդա­յին Միութեան, սակայն այսօր այլ է պատկե­րը. Խորհրդա­յին Միութիւնը այլեւս չկայ, այլ կան նախկին խորհրդա­յին եւ այսօր՝ անկախ հանրա­պե­տութիւններ, թէկուզ ռուսա­կան ազդե­ցութեան գօտիին մէջ, իսկ Թուրքիա այնքան հզօ­րա­ցած է թէ՛ ռազմա­կան գետնի վրայ եւ թէ տնտե­սա­պէս, որ սկսած է անկա­ռա­վա­րե­լի ըլլալ, ու վերջին տասնա­մեա­կին ընթացքին, թէ՛ ՆԱԹՕի մէջ հարցեր յարուցել, թէ՛ նոյնիսկ Ամե­րի­կա­յի շահե­րուն հակա­ռակ քայլեր առնել: Այսօր անի­կա չափա­զանց լարուած յարա­բե­րութիւններ ունի դրա­ցի եւ նոյնպէս ՆԱԹՕի անդամ Յունաստա­նի հետ, Եգէա­կան ծովու յունա­կան շարք մը կղզի­նե­րու նկատմամբ իր ծաւա­լա­պաշտա­կան նկրտումնե­րուն պատճա­ռով, եւ նոյնիսկ կը սպառնայ զէնքի դիմել անոր դէմ: Իսրա­յէ­լի հետ ալ լարուած յարա­բե­րութիւններ ունէր, թէեւ ներկա­յիս անի­կա մեղմա­ցած կը թուի ըլլալ արդէն: Ամե­րի­կա­յի կողմէ իր դէմ կարգ մը զինա­տե­սակնե­րու արգելքին իբրեւ պատասխան՝ անի­կա չվա­րա­նե­ցաւ ռուսա­կան S‑400 հրթի­ռա­յին համա­կարգեր գնե­լու եւ աթո­մա­կա­յան կառուցե­լու պայմա­նա­գիրներ կնքե­լու Ռուսիոյ հետ:

Ամե­րի­կա­յի կողմէ Հայաստա­նի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը եւ զօրակցա­կան վերջին քայլե­րը հաւա­նա­բար թրքա­կան աճող ազդե­ցութիւնը արգե­լա­կե­լու նպա­տակ ունին: Թուրքիոյ փանթուրա­նա­կան ձգտումնե­րը հաւա­նա­բար խոտոր կը համե­մա­տին Ամե­րի­կա­յի աշխարհա­քա­ղա­քա­կան շահե­րուն հետ: Ապա­գայ Թուրա­նը կրնայ հաւա­նա­կան դաշնա­կի­ցը ըլլալ Չինաստա­նի՝ ընդդէմ Ամե­րի­կա­յի, եւ ընդհանրա­պէս նոր կայսրութեան մը կազմաւո­րումը առնուազն մտա­հո­գիչ կրնայ ըլլալ որեւէ գերպե­տութեան մը համար: Այդ տեսանկիւնէն, Հայաստա­նի ինքնիշխա­նութիւնը եւ տարածքա­յին անձեռնմխե­լիութիւնը անհրա­ժեշտ է Ամե­րի­կա­յի այդ քաղա­քա­կա­նութեան համար: Ահա այստեղ է Հայաստա­նի եւ Սիւնի­քի ռազմա­վա­րա­կան կարեւո­րութիւնը Ամե­րի­կա­յի համար:

Այս տրա­մա­բա­նութեան ճիշդ ըլլա­լու պարա­գա­յին սակայն, չի նշա­նա­կեր որ մենք պէտք է ամբողջութեամբ վստա­հինք Ամե­րի­կա­յի՝ մեր հետ հաւա­նա­կան բարե­կա­մա­կան յարա­բե­րութիւննե­րուն: Մենք պէտք է անդա­դար ձգտինք մեր սեփա­կան ռազմարդիւնա­բե­րութիւնը ունե­նա­լու եւ զարգացնե­լու: Իսրա­յէ­լի օրի­նա­կը ուսա­նե­լի է. հակա­ռակ Ամե­րի­կա­յի՝ անոր հանդէպ անվե­րա­պահ աջակցութեան, եւ նոյնինքն Ամե­րի­կա­յի մէջ հրէա­կան ուժեղ լոպիի գոյութեան, անի­կա զարգա­ցուցած է իր սեփա­կան ռազա­մարդիւնա­բե­րութիւնը, որ զինք վերա­ծած է սպա­ռա­զի­նութիւն արտա­հա­նող երկիր մը եւ վերջա­պէս տարա­ծաշրջա­նա­յին գերպե­տութիւն մը:

Մեր ռուսա­կան քաղա­քա­կան արեւե­լումը ամե­րի­կեա­նով փոխա­րի­նե­լը հասկնա­լիօ­րէն դիւրին չէ եւ բազմա­թիւ դժուա­րութիւննե­րով լեցուն է: Մեր տնտե­սութիւնը բազմա­թիւ թելե­րով կապուած է Ռուսիոյ հետ եւ մեր տնտե­սա­կան ենթա­կա­ռոյցնե­րը «գոյք պարտքի դիմաց» գործարքով անցած է ռուսա­կան կողմին, իսկ Ռուսիոյ տարածքին ապրող եւ այնտեղ աշխա­տանքի մեկնած 2–3 միլիոն հայրե­նա­կիցնե­րու ճակա­տա­գի­րը մեծ հարցա­կաննե­րու առջեւ կրնայ դնել մեզ: Կազով մատա­կա­րուե­լու համար մենք չունինք այլ աղբիւրներ բացի ռուսա­կա­նէն եւ այսպէս անվերջ:

Ի՞նչ է լուծումը այս իրա­վի­ճա­կէն դուրս գալու: Կտրուկ արեւե­լում փոխե­լը յղի է բազմա­պի­սի վտանգնե­րով, որովհե­տեւ Հայաստա­նի մէջ կայ ռուսա­կան ռազմա­կա­յա­նը: Արցա­խի հայկա­կան մնա­ցած մասը թերեւս ապա­հով կը մնայ ռուսե­րու ներկա­յութեան պատճա­ռով, մինչեւ այն օրը, երբ անոնք ստի­պուած կ՛ըլլան դուրս գալու այնտե­ղէն զանա­զան պատճառնե­րու բերումով: Հետեւա­բար, մինչ այդ լաւա­գոյնը եւ խելա­միտ քայլը, հաւա­սա­րակշռուած քաղա­քա­կա­նութիւն վարե­լով՝ օգտուիլն է Ամե­րի­կա­յի մեր տարա­ծաշրջա­նի նկատմամբ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան շահագրգռուա­ծութե­նէն, եւ ընթացք տալը անոր եւ քաջա­լե­րե­լը՝ կիրարկե­լու փափուկ ուժի քաղա­քա­կա­նութեամբ (soft power) ներդրումներ մեր երկրին մէջ, որ մեր դիմադրո­ղա­կա­նութիւնը պիտի աւելցնէ եւ մեզի առիթ տայ պատրաստուե­լու այն օրուան, երբ Ռուսիա կը ստի­պուի մեր տարածքէն հեռա­նա­լու, իսկ այդ ստի­պո­ղա­կա­նութեան չիրա­կա­նա­նա­լու պարա­գա­յին, Ռուսիա գոնէ մեզի նկատմամբ կ՛ըլլայ աւե­լի ուշա­դիր, պարզա­պէս մրցակցե­լու համար ամե­րի­կեան քաղա­քա­կա­նութեան հետ: Ուրիշ ելքի կարե­լիութիւնը ներկա­յիս չ՛երեւար:

Իսկ մինչ այդ պէտք է անյա­պաղ զինուինք եւ զէնք ճարենք որեւէ տեղէ: Ով գիտէ, թերեւս հնդկա­կան զէնքի Հայաստան մուտքը, եթէ իրա­կա­նութիւն է, յանձնա­րա­րուած ըլլայ նոյնինքն Ամե­րի­կա­յի կողմէ:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից։

Առնչվող Հոդվածներ