Ռուսիոյ այս քաղաքականութիւնը նոր երեւոյթ չէ: Անիկա անցեալին՝ 17-19րդ դարերուն եւ 20րդ դարու սկիզբը նոյն ձեւը որդեգրած էր, մեզ իբրեւ յառաջապահ օգտագործած, ապա նահանջած եւ մեզ միայնակ ձգած թրքական բանակներուն դէմ:
Աւօ Պօղոսեան
Հայաշխարհը դարձեալ ցնցուած է՝ ի լուր ատրպէյճանական վերջին քստմնելի ոճիրներուն: Գերիներ խոշտանգելը եւ անմարդկային կտտանքներու ենթարկելը, զանոնք անդամահատելը եւ սպաննելը, առաւել՝ հաւաքականօրէն գնդակահարելը եւ համայն աշխարհին ցուցադրելը՝ միջին դարերուն յատուկ երեւոյթ եւ վերաբերմունք կը կարծուէր, եւ քաղաքակիրթ աշխարհը մոռցած էր զանոնք, բայց ահա դարձեալ ականատես եղաւ անոր:
Թրքական ցեղերուն յատուկ է այս մարտավարութիւնը եւ անիկա գործադրուած էր միջին դարերու իրենց արշաւանքներուն ընթացքին: Այդ մարտավարութիւնը կը բաղկանար նախ թշնամի բանակի ճամբարը եւ մանաւանդ մեկուսացած գիւղերը լաւապէս ուսումնասիրելէ եւ անոնց տկար կէտերը գտնելէ ետք յարձակելէն, ապա անզէն բնակչութիւնը գերեվարելէ ետք, ամէնէն զազրելի եւ անմարդկային ձեւերով սպաննելէն ու ազատ արձակելէն մի քանին, որոնք բօթը տարածելով՝ սարսափ պիտի ձգէին ժողովուրդին եւ բանակին մէջ, ջլատելով անոնց մարտունակութիւնը, եւ խուճապի մատնելով զանոնք:
Այս մարտավարութիւններուն միջոցաւ, անոնք անցեալին հասած էին մինչեւ Եւրոպայի խորերը, եւ կանգ առած ու նահանջած միայն՝ երբ Վիեննայի պարիսպներուն տակ ուժեղ դիմադրութեան հանդիպելով՝ պարտութիւն կրած էին:
2020ի Արցախի 44օրեայ պատերազմին մենք պարտութիւն կրեցինք շարք մը գործօններու պատճառով. անոնցմէ էին վերը նշուած մարտավարութիւնը, իրենց թուական եւ սպառազինութեան գերակայութիւնը, թուրքական միաւորներու եւ իսլամական մուճահէտիններու ներկայութիւնը, մեր ներքին երկպառակութիւնը եւ անմիաբանութիւնը, թերեւս եւ դաւադրական արարքները, բայց նաեւ ամէնէն հիմնականը՝ մեր ռազմավարական դաշնակիցի արդէն բացայայտօրէն մեր դէմ դաւաճանութիւնը եւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ պայմանաւորուածութիւնը, որ ակներեւ դարձած էր քանի մը ամիս ետք, Ուքրանիոյ դէմ սանձազերծուած ռուսական պատերազմով: Ռուսիան պէտք ունէր կորզելու ուքրանական պատերազմին Թուրքիոյ առնուազն չէզոքութիւնը, իսկ Պաքուի ալ համաձայնութիւնը, պէտք եղած պարագային ատրպէյճանական խողովակներու օգտագործումով, ռուսական կազը Եւրոպա հասցնելու համար: Այս զոյգ գործարքներուն գինը պիտի ըլլար Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին ռուսական չէզոքութիւնը, հայոց երկինքը անպաշտպան ձգելը, ապա իբրեւ փրկիչ յայտնուելով՝ Արցախի փոքր մասի մը ապահովութիւնը ստանձնելը, բայց խորքին մէջ այս ռազմավարութեամբ Ատրպէյճանի մէջ ռուսական ռազմակայանի մը ստեղծումը:
Ռուսիոյ այս քաղաքականութիւնը նոր երեւոյթ չէ: Անիկա անցեալին՝ 17-19րդ դարերուն եւ 20րդ դարու սկիզբը նոյն ձեւը որդեգրած էր, մեզ իբրեւ յառաջապահ օգտագործած, ապա նահանջած եւ մեզ միայնակ ձգած թրքական բանակներուն դէմ:
Ռուսիոյ ազգային ապահովութեան համար խիստ կարեւոր եղած է հարաւային իր սահմաններու ապահովութիւնը: Ռուսական ընդարձակ տափաստանները զուրկ ըլլալով ռազմավարական նշանակութեամբ բարձր յենակէտերէ՝ կովկասեան բարձր լեռները ամրակուռ պարիսպներու դեր կը կատարեն այդ ճակատին վրայ: Սակայն, Կովկասը կը բաղկանայ երկու հատուածներէ՝ Հիւսիսային Կովկասի լեռնաշղթան (The Greater Caucasus) եւ Հարաւային Կովկասի լեռնաշղթան (The Lesser Caucasus): Հարաւայինին մէջ են՝ Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան: Ռուսիոյ համար երկրորդ ամրութիւնները եւ կարմիր գիծը կը նկատուի Հիւսիսային Կովկասը, իսկ Հարաւայինը առաջին գիծ է, որմէ պէտք եղած պարագային կարելի է մարտավարական նահանջ ունենալ, հետագային առիթը ընձեռնուելու պահուն վերադառնալու համար: Այս մարտավարական նահանջին պատճառով, հայերս ենթարկուեցանք Ցեղասպանութեան, առնուազն Արեւմտեան Հայաստանի արեւելեան նահանգներու հայութեան պարագային, որմէ ետք ստիպուեցանք միայնակ Սարդարապատի եւ միւս ճակատամարտերը մղել, եւ որուն իբրեւ արդիւնք՝ ի սպառ բնաջնջումէ փրկուեցանք ու երկար ընդմիջումէ մը ետք մեր հանրապետութիւնը հիմնեցինք, սակայն երկու տարի ետք, Ռուսիա իր ներքին հարցերը լուծելէ ետք, վերադարձաւ տարածաշրջանը եւ մեր երկիրը կցեց իր ստեղծած Խորհրդային Միութեան:
Սարդարապատի ճակատամարտին մենք կրցանք դիմակայել թրքական բանակները, որովհետեւ անոնք մեզմէ աւելի մեծաթիւ ըլլալով հանդերձ՝ սպառազինութեան տարբերութիւնը շատ մեծ չէր եւ զէնքերը նոյնանման էին: Այսօր, սակայն, այդպէս չէ եւ անոնք շարք մը գործօններու պատճառով, որոնք թուարկելու անհրաժեշտութիւնը չկայ ներկայիս, մեզմէ անհամեմատ աւելի յառաջացած են եւ ուժեղ, յագեցած արդի սպառազինութեան ամէնէն կատարելագործուած տեսակներով:
Պէտք չէ մոռնալ, որ անոնք ներկայիս Ամերիկայէն ետք մեծագոյն ուժն են ՆԱԹՕի միացեալ բանակին մէջ, իսկ Ռուսիոյ կացութիւնը ուքրանական ճակատին վրայ, այդքան ալ յստակ եւ ի նպաստ իրեն չէ: Ռուսիա լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի, հետեւաբար մեր ճգնաժամը ծանր է եւ մենք այս գոյութենական պայքարին մէջ, անհրաժեշտօրէն նոր դաշնակիցներ գտնելու հարկադրանքին տակ կը գտնուինք, դիմակայելու համար մեզմէ գերազանցօրէն աւելի ուժեղ թշնամին, որուն մօտ բացայայտ է մեր երկրին տիրանալու իր վաղեմի երազը իրականացնելու ծրագիրը:
Այո, մենք նոր դաշնակիցներ գտնելու հարկադրանքին առջեւ ենք, սակայն, որոնք կրնան ըլլալ անոնք: Ռուսիա, ինչպէս տեսանք, չի կրնար ըլլալ: Բնական դաշնակից պէտք է ըլլայ մեր հարաւի դրացի Իրանը, որ սակայն, ներկայիս ինչպէս կը տեսնենք, կլանուած է մէկ կողմէ իր ներքին հարցերով, միւս կողմէ իրեն պարտադրուած միջազգային պատժամիջոցներով:
Եւրոպական Միութիւնը պէտք է ըլլար հաւանական դաշնակից, որ ի յայտ եկաւ մասնաւորաբար Ֆրանսայի կողմէ կարգ մը նախաձեռնութիւններու եւ յայտարարութիւններու ընթացքին, սակայն շուտով երեւցաւ անոնց կողմէ մեր եւ ատրպէյճանցիներուն միջեւ հաւասարութեան նշաններ դնելու փաստը: Եւրոպան փաստօրէն կաշկանդուած քաղաքականութիւն վարելու հարկադրանքին տակ է, եւ զանազան գործօններու բերումով կը թեքի Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան սիրաշահելու քաղաքականութեան կողմը:
Ռուսիոյ կազի հոսքը դադրեցնելու սպառնալիքին դիմաց, այլընտրանքային աղբիւրներէն հիմնականը Պաքուի կազն է, որուն խիստ կարիքը ունի Եւրոպան, եւ որ կ՛անցնի Թուրքիոյ տարածքով. իսկ Թուրքիան թէ՛ մեծ շուկայ է նոյնինքն Եւրոպայի արդիւնաբերութեան համար եւ թէ աժան արտադրութիւններ ներածելու երկիր: Ապահովական տեսանկիւնէն ալ Թուրքիա իր ձեռքը ունի Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած միլիոնաւոր սուրիացի գաղթականներ, որոնցմով կը սպառնայ ողողել Եւրոպան, իսկ բուն Եւրոպայի եւ մասնաւորաբար Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ կան միլիոնաւոր թուրք գաղթականներ, որոնք կրնան օգտագործել ապակայունացնելու այդ երկիրները:
Իբրեւ հաւանական դաշնակից կը մնայ Արեւմուտքի ամէնէն ուժեղ երկիրը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որ շահագրգռուած է տարածաշրջանին մէջ մուտք գործելով եւ ներկայութիւն ըլլալով:
Ամերիկան, ճիշդ է որ Թուրքիոյ դաշնակից պետութիւն է եւ Պաղ պատերազմի ամբողջ ընթացքին մշտապէս եւ ամէն կերպ աջակցած էր անոր հզօրացման, որովհետեւ ան անմիջական դրացնութեամբ էր Խորհրդային Միութեան, սակայն այսօր այլ է պատկերը. Խորհրդային Միութիւնը այլեւս չկայ, այլ կան նախկին խորհրդային եւ այսօր՝ անկախ հանրապետութիւններ, թէկուզ ռուսական ազդեցութեան գօտիին մէջ, իսկ Թուրքիա այնքան հզօրացած է թէ՛ ռազմական գետնի վրայ եւ թէ տնտեսապէս, որ սկսած է անկառավարելի ըլլալ, ու վերջին տասնամեակին ընթացքին, թէ՛ ՆԱԹՕի մէջ հարցեր յարուցել, թէ՛ նոյնիսկ Ամերիկայի շահերուն հակառակ քայլեր առնել: Այսօր անիկա չափազանց լարուած յարաբերութիւններ ունի դրացի եւ նոյնպէս ՆԱԹՕի անդամ Յունաստանի հետ, Եգէական ծովու յունական շարք մը կղզիներու նկատմամբ իր ծաւալապաշտական նկրտումներուն պատճառով, եւ նոյնիսկ կը սպառնայ զէնքի դիմել անոր դէմ: Իսրայէլի հետ ալ լարուած յարաբերութիւններ ունէր, թէեւ ներկայիս անիկա մեղմացած կը թուի ըլլալ արդէն: Ամերիկայի կողմէ իր դէմ կարգ մը զինատեսակներու արգելքին իբրեւ պատասխան՝ անիկա չվարանեցաւ ռուսական S-400 հրթիռային համակարգեր գնելու եւ աթոմակայան կառուցելու պայմանագիրներ կնքելու Ռուսիոյ հետ:
Ամերիկայի կողմէ Հայաստանի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը եւ զօրակցական վերջին քայլերը հաւանաբար թրքական աճող ազդեցութիւնը արգելակելու նպատակ ունին: Թուրքիոյ փանթուրանական ձգտումները հաւանաբար խոտոր կը համեմատին Ամերիկայի աշխարհաքաղաքական շահերուն հետ: Ապագայ Թուրանը կրնայ հաւանական դաշնակիցը ըլլալ Չինաստանի՝ ընդդէմ Ամերիկայի, եւ ընդհանրապէս նոր կայսրութեան մը կազմաւորումը առնուազն մտահոգիչ կրնայ ըլլալ որեւէ գերպետութեան մը համար: Այդ տեսանկիւնէն, Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային անձեռնմխելիութիւնը անհրաժեշտ է Ամերիկայի այդ քաղաքականութեան համար: Ահա այստեղ է Հայաստանի եւ Սիւնիքի ռազմավարական կարեւորութիւնը Ամերիկայի համար:
Այս տրամաբանութեան ճիշդ ըլլալու պարագային սակայն, չի նշանակեր որ մենք պէտք է ամբողջութեամբ վստահինք Ամերիկայի՝ մեր հետ հաւանական բարեկամական յարաբերութիւններուն: Մենք պէտք է անդադար ձգտինք մեր սեփական ռազմարդիւնաբերութիւնը ունենալու եւ զարգացնելու: Իսրայէլի օրինակը ուսանելի է. հակառակ Ամերիկայի՝ անոր հանդէպ անվերապահ աջակցութեան, եւ նոյնինքն Ամերիկայի մէջ հրէական ուժեղ լոպիի գոյութեան, անիկա զարգացուցած է իր սեփական ռազամարդիւնաբերութիւնը, որ զինք վերածած է սպառազինութիւն արտահանող երկիր մը եւ վերջապէս տարածաշրջանային գերպետութիւն մը:
Մեր ռուսական քաղաքական արեւելումը ամերիկեանով փոխարինելը հասկնալիօրէն դիւրին չէ եւ բազմաթիւ դժուարութիւններով լեցուն է: Մեր տնտեսութիւնը բազմաթիւ թելերով կապուած է Ռուսիոյ հետ եւ մեր տնտեսական ենթակառոյցները «գոյք պարտքի դիմաց» գործարքով անցած է ռուսական կողմին, իսկ Ռուսիոյ տարածքին ապրող եւ այնտեղ աշխատանքի մեկնած 2-3 միլիոն հայրենակիցներու ճակատագիրը մեծ հարցականներու առջեւ կրնայ դնել մեզ: Կազով մատակարուելու համար մենք չունինք այլ աղբիւրներ բացի ռուսականէն եւ այսպէս անվերջ:
Ի՞նչ է լուծումը այս իրավիճակէն դուրս գալու: Կտրուկ արեւելում փոխելը յղի է բազմապիսի վտանգներով, որովհետեւ Հայաստանի մէջ կայ ռուսական ռազմակայանը: Արցախի հայկական մնացած մասը թերեւս ապահով կը մնայ ռուսերու ներկայութեան պատճառով, մինչեւ այն օրը, երբ անոնք ստիպուած կ՛ըլլան դուրս գալու այնտեղէն զանազան պատճառներու բերումով: Հետեւաբար, մինչ այդ լաւագոյնը եւ խելամիտ քայլը, հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելով՝ օգտուիլն է Ամերիկայի մեր տարածաշրջանի նկատմամբ աշխարհաքաղաքական շահագրգռուածութենէն, եւ ընթացք տալը անոր եւ քաջալերելը՝ կիրարկելու փափուկ ուժի քաղաքականութեամբ (soft power) ներդրումներ մեր երկրին մէջ, որ մեր դիմադրողականութիւնը պիտի աւելցնէ եւ մեզի առիթ տայ պատրաստուելու այն օրուան, երբ Ռուսիա կը ստիպուի մեր տարածքէն հեռանալու, իսկ այդ ստիպողականութեան չիրականանալու պարագային, Ռուսիա գոնէ մեզի նկատմամբ կ՛ըլլայ աւելի ուշադիր, պարզապէս մրցակցելու համար ամերիկեան քաղաքականութեան հետ: Ուրիշ ելքի կարելիութիւնը ներկայիս չ՛երեւար:
Իսկ մինչ այդ պէտք է անյապաղ զինուինք եւ զէնք ճարենք որեւէ տեղէ: Ով գիտէ, թերեւս հնդկական զէնքի Հայաստան մուտքը, եթէ իրականութիւն է, յանձնարարուած ըլլայ նոյնինքն Ամերիկայի կողմէ:
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից։