ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հաւաքական Ղեկավարութիւն

Դաշնակցութեան ծոցին մէջ ծնունդ առած են անհատականութիւններ, որոնք հաւաքական ղեկավարութեան հասկացողութեան մէջ գործելով լաւագոյնս կրցած են դրսեւորել իրենց անհատականութիւնը եւ անջնջելի հետք ձգած են թէ՛ ՀՅԴի եւ թէ հայոց պատմութեան մէջ:

Գէորգ Թորոյեան

ՀՅԴի հիմնադրութեան պատմութիւնը գրողները կամ անդրադարձողները միշտ կը շեշտեն, որ Դաշնակցութեան ծնունդը բազմաթիւ տարբեր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու միաձուլումն էր մէկ նպատակի շուրջ եւ այդ ծնունդը կատարուած է երկարատեւ բանակցութիւններէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք, որու արդիւնքով հաւաքական ճիգերով հնարաւոր եղած է հիմնել Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը: Այդ պատճառով ալ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՍԵՐՈՒՆԴ եզրոյթը կը գործածուի Դաշնակցութեան հիմնադրութեան պատմութեան մէջ: Թէեւ բոլորն ալ անխտիր կը շեշտեն Քրիստափոր Միքայէլեանի առանցքային եւ հիմնական դերակատարութիւնը Դաշնակցութեան ծնունդին մէջ:

ՀՅԴի հիմնադրութեան հաւաքական ճիգի եւ կամքի դրսեւորման այդ բացատրութիւնը պատահականութիւն չէ: Իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն, Դաշնակցութիւնը ներկայացած է իբրեւ հաւաքական կամքի արտայայտութիւն եւ առանց ժխտելու անհատին դերակատարութիւնը, հիմք դրած է հաւաքական ղեկավարութիւն հասկացողութեան վրայ: Այդ պատճառով ալ առաջին Ընդհանուր ժողովի իսկ կազմուած Կանոնագիրով, Դաշնակցութիւնը իր կազմակերպական կառոյցին շարժիչ մեքենան համարած է Դաշնակցական մարմինները, որոնք հաւաքաբար որոշումներ կը կայացնեն, հաւաքաբար կը գործեն եւ հաւաքաբար կը կրեն պատասխանատուութիւնը: Այս պարունակին մէջ նաեւ պէտք է հասկնալ, որ Դաշնակցութեան կառոյցին մէջ ժողովները աւելի գերադաս համարուած են, որովհետեւ անոնք ունին աւելի ներկայացուցչական բնոյթ եւ հետեւաբար կուսակցութեան ընկերներու հաւաքական կամքի եւ մտածողութեան արտայայտիչը կը հանդիսանան:

Ինչպէս նշեցինք, հակառակ այն իրողութեան, որ Քրիստափոր Միքայէլեան ինք հանդիսացած է Դաշնակցութեան հիմնադրութեան գաղափարախօսը, կազմակերպողը եւ համադրողը, սակայն ան կուսակցապետ չդարձաւ, ինչպէս պարագան է անցեալի եւ ներկայի բազմաթիւ հայկական եւ օտար կուսակցութիւններուն։ Նոյնիսկ հիմնադիր սերունդին մէջ անոր դերակատարութիւնը կը շաղկապուի Սիմոն Զաւարեանին եւ Ռոստոմ Զօրեանին հետ եւ հաւաքաբար կը ճանչցուին իբրեւ հիմնադիր երրորդութիւն:

Հաւաքական ղեկավարութիւն հասկացողութիւնը Դաշնակցութեան մէջ ծնունդ առած է քանի մը պատճառներով եւ նոյնպէս ալ կը շարունակէ մնալ մինչեւ այսօր:

Դաշնակցութիւնը անհատներու կուսակցութիւն չէր եւ չէ: Ան հիմնադրուած էր ժողովուրդին համար եւ նպատակ ունի ծառայելու նոյն այդ ժողովուրդին: Յեղափոխական սկզբունքներով առաջնորդուող կուսակցութիւն մը չէր կրնար անհատը գերակայ համարել, երբ ինք ստեղծուած էր հայ հաւաքականութեան շահերուն ծառայելու: Եւ իբրեւ հաւաքականութեան շահերուն ծառայող կազմակերպութիւն, ան հաւաքականութեան տարբեր շերտերու եւ մտածողութիւններու հանգանակը պիտի հանդիսանայ:

Դաշնակցութեան գործունէութիւնը առաջին իսկ օրէն բազմաբնոյթ ըլլալով, անհատի(ներու) ղեկավարութեան վրայ հիմնուած կուսակցութիւն մը ի վիճակի պիտի չըլլար (եւ չըլլայ) արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալելու, եւ Դաշնակցութեան պարագային, յեղափոխական գործունէութիւնն ու կռիւը պիտի վիժէին առաջին իսկ օրէն:

Ճիշդ է որ Դաշնակցութիւնը միայն 1907ին, 4րդ Ընդհանուր ժողովին պաշտօնապէս որդեգրեց ընկերվարութիւնը, բայց հիմնադիր սերունդը իր աշխարհահայեացքով առաջին իսկ օրէն կը թեքէր այդ ուղղութեամբ, եւ «Մշակ, Բանուոր»ներու կուսակցութիւնը իր դրօշին տակ միացնելով հայութեան տարբեր շերտերը՝ գիւղացին-բանուորը, մտաւորականը եւ ռազմիկը (լաւագոյն ձեւով պատկերուած ՀՅԴ զինանշանին վրայ), այդ շերտերուն կամքի արտայայտութիւնը դարձաւ եւ հաւաքականօրէն դրսեւորեց այն թէ՛ կուսակցութեան ժողովներու-մարմիններու եւ թէ աշխատանքներու ընթացքին:

Վերջապէս Դաշնակցութիւնը տարբեր հոսանքներու եւ կազմակերպութիւններու, այլ խօսքով, տարբեր մտածողութիւններու եւ աշխատանքի հաւատացողներու միաձուլումը ըլլալով, այդ բոլորին արտայայտիչը դարձաւ իր հաւաքական ղեկավարութեան շնորհիւ, ինչ որ նպաստեց եւ կը նպաստէ տարբեր կարծիքներու, տեսակէտներու, գաղափարներու հանդիպմամբ բիւրեղացումին, նոր  գաղափարներով հարստացնելով զայն: Այս է նաեւ պատճառներէն մէկը, որ Դաշնակցութեան ծոցին մէջ ծնունդ առած են անհատականութիւններ, որոնք հաւաքական ղեկավարութեան հասկացողութեան մէջ գործելով լաւագոյնս կրցած են դրսեւորել իրենց անհատականութիւնը եւ անջնջելի հետք ձգած են թէ՛ ՀՅԴի եւ թէ հայոց պատմութեան մէջ:

Դաշնակցութեան երկար տարիներու Բիւրոյի անդամ Բաբգէն Փափազեան կը գրէ. «Դաշնակցութեան մէջ անձերու պաշտամունք չկայ եւ չի կրնար ըլլալ: Դաշնակցութիւնը «շէֆ»եր չունի: Ունի ծառայողներ միմիայն. հաւաքական կամք ունի, հետեւաբար՝ դաշնակցականը չի կրնար ասոր կամ անոր դաշնակցականը ըլլալ»:

Այս խօսքը պատգամն է դաշնակցականներուն եւ բոլորին, որ Դաշնակցութիւնը անհատ-ղեկավարներու կուսակցութիւն չէ եւ թէ անոր շարքայինները ՀՅԴ Ծրագիրին հաւատալով մուտք գործած են այնտեղ եւ կոչուած են Դաշնակցութեան ճամբով ծառայելու Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։ Անհատապաշտութիւնը, ըստ էութեան, տեղ չունի Դաշնակցութեան մէջ եւ խոտոր կը համեմատի անոր ընկալումներուն: Դաշնակցութեան մէջ ոչ «շէֆ»եր կան ոչ ալ ստրուկներ, այլ նոյն եւ միեւնոյն գաղափարներուն եւ նպատակներուն ծառայող համահաւասար ընկերներ:

Որովհետեւ, ի՛նքը՝ Դաշնակցութիւնը, հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքի խտացման արտայայտութիւնն է:


Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *