16.2 C
Yerevan

Հնդկա­կան Մետաքսի Ճանա­պարհը Եւ Հայաստան


Հարց է, թէ ինչո՛ւ Ամե­րի­կա, ի հեճուկս իր դաշնա­կից Թուրքիոյ, պիտի ուզէ զօրա­վիգ կանգնիլ Հայաստա­նին: Այստեղ արդէն պէտք է նկա­տի ունե­նալ, որ քաղա­քա­կա­նութիւնը յարա­տեւօ­րէն փոխուող երեւոյթ է եւ աշխարհա­կարգը մնա­յուն եւ հաստա­տուն չէ:

Աւօ  Պօղո­սեան

Կ՛ըսեն, որ յոյսը վերջին մեռնո­ղը կ՛ըլլայ:

Հայաստան այսօր՝ ինչպէս միշտ, դարձեալ մինակ է իր գոյութե­նա­կան պայքա­րին մէջ:

Շրջա­պա­տուած թշնա­մի երկու թրքա­կան պետութիւննե­րով՝ մեկուսա­ցած աշխարհէն, բացի Վրաստա­նի եւ Իրա­նի տարածքնե­րով անցող ճամբա­նե­րէն, զուրկ՝ դէպի ծովեր ելքե­րով, մեզի պարտադրա­բար կը մնար դաշնակցիլ Ռուսիոյ հետ՝ երկիր մը, որ հարաւա­յին Կովկա­սը կը նկա­տէր իր ազդե­ցութեան գօտին: Աւա՜ղ, մեր հզօր դաշնա­կի­ցը ազատ կը զգար դաշնա­կի­ցին օգնութեան հասնե­լու, երբ ինք անոր պէտք ունէր, իսկ դաւա­ճա­նել անոր, երբ իր շահե­րը չէր համընկներ դաշնա­կի­ցի շահե­րուն:

Այդպէս եղաւ Արցա­խի վերջին պատե­րազմին ընթացքին եւ անկէ ետք, երբ Ռուսիա բացա­յայտօ­րէն կողմ եղաւ Ատրպէյճա­նի սանձա­զերծած պատե­րազմին, եւ օգնեց անոր, առնուազն աչք փակե­լով անոր յառաջխա­ղացքին: Մնա­ցեալ մանրա­մասնութիւննե­րը կրկնե­լու կարիք չկայ. արդէն անոնք ծանօթ են բոլո­րիս:

Ռուսիա, ինչպէս բոլոր պետութիւննե­րը, առա­ջին հերթին կը գործէ իր քաղա­քա­կան շահե­րէն մեկնած, եւ հետեւա­բար այս անգամ տարբեր չէր կրնար ըլլալ: Ատրպէյճա­նին պէտք ունէր, որպէսզի ռազմա­կան յենա­կէտ ունե­նար այդ երկրին մէջ. մէկ կողմէ մօտէն հակակշռե­լու եւ հսկե­լու անոր, ու նոյն ժամա­նակ Իրա­նի շարժումնե­րը, միւս կողմէ՝ ապա­հո­վե­լու Թուրքիոյ չէզո­քութիւնը Ուքրա­նիոյ հետ իր պատե­րազմին մէջ, իսկ Իրա­նի դէպի Սեւ Ծով ելքը Հայաստա­նի միջո­ցով, ըստ երեւոյթին, Ռուսիոյ համար հաճե­լի չէ:

Այս փաստե­րուն դիմաց, բնա­կա­նա­բար, մեզի կը մնայ մեր արտա­քին քաղա­քա­կա­նութիւնը հաւա­սա­րակշռել, Ռուսիոյ հետ մեր բարե­կա­մութիւնը շարունա­կե­լու կողքին նոր դաշնա­կիցներ գտնե­լու հարկադրանքով, կամ անձնա­տուր ըլլալ մեր դաշնա­կի­ցի քմա­հա­ճոյքին: Եթէ նոր դաշնա­կիցնե­րու կարի­քը ունինք, ուրեմն ո՞վ՝ բացի Արեւմուտքէն: Արեւմուտքը կ՛ընդգրկէ Եւրո­պան եւ Հիւսի­սա­յին Ամե­րի­կան, մասնաւո­րա­բար Միա­ցեալ Նահանգնե­րը:

Եւրո­պան ընդհանրա­պէս մեծա­պէս կախեալ է Ռուսիա­յէն իր ուժա­նիւթի կարիքնե­րուն համար. առանց Ռուսիոյ կազի մատա­կա­րարման եւրո­պա­կան տնտե­սութիւնը մեծա­պէս կը տուժէ եւ այդ պատճա­ռով ալ անի­կա ընդհանրա­պէս չի կրնար Թուրքիան եւ Ատրպէյճա­նը նեղացնել՝ կողմ ըլլա­լով Հայաստա­նին, որովհե­տեւ Պաքուի կազը Թուրքիոյ ճամբով, իր ծարաւը մասամբ կը յագեցնէ:

Ֆրանսա համե­մա­տա­բար նուազ կախեալ է ատրպէյճա­նա­կան եւ նոյնիսկ ռուսա­կան կազէն՝ շնորհիւ իր այլընտրանքա­յին ուժա­նիւթի աղբիւրնե­րուն: Ֆրանսա իր ուժա­նիւթը առաւե­լա­բար կը ստա­նայ իր ադո­մա­կան կայաննե­րէն, որոնք իրենց հզօ­րութեամբ ամե­րի­կեա­նէն ետք երկրորդն են աշխարհի վրայ եւ մօտաւո­րա­պէս 78 տոկո­սով իր ուժա­նիւթի կարիքնե­րը կը մատա­կա­րա­րուի այդ կայաննե­րէն: Կազի իր կարիքնե­րը կը ներա­ծէ Նորվե­կիա­յէն, Հոլանտա­յէն, Ալճե­րիա­յէն եւ Նիճե­րիա­յէն, իսկ մնա­ցեա­լը՝ ուժա­նիւթի այլընտրանքա­յին աղբիւրնե­րէ, ինչպէս աղբի վերամշա­կումնե­րէն, հեղուկ կազէն եւ քամի­նե­րէն:

Ամե­րի­կա բոլո­րո­վին ազատ է եւ կաշկանդուած չէ այս իմաստով, ընդհա­կա­ռա­կը՝ անի­կա արդէն իր հեղուկ կազի արտա­ծումը գրե­թէ կրկնա­պատկած է եւ կը ծրագրէ սատա­րել Եւրո­պա­յին, անոր նաւա­հանգիստնե­րուն մէջ, մասնաւոր ենթա­կա­ռոյցներ կառուցե­լով, որպէսզի Ամե­րի­կա­յէն արտա­ծուած կազը, որ հեղուկի վերա­ծուե­լէ ետք կ՛ուղարկուի Եւրո­պա, այդտեղ դարձեալ կազի վերա­ծուե­լու եւ խողո­վակնե­րու միջո­ցով մղուե­լու դէպի պահանջուած ուղղութիւններ: Ներկա­յիս այդ կառոյցնե­րը արդէն կան, կը մնայ զանոնք աւելցնել:

Հարց է, թէ ինչո՛ւ Ամե­րի­կա, ի հեճուկս իր դաշնա­կից Թուրքիոյ, պիտի ուզէ զօրա­վիգ կանգնիլ Հայաստա­նին: Այստեղ արդէն պէտք է նկա­տի ունե­նալ, որ քաղա­քա­կա­նութիւնը յարա­տեւօ­րէն փոխուող երեւոյթ է եւ աշխարհա­կարգը մնա­յուն եւ հաստա­տուն չէ:

Ներկայ ռուս-ուքրա­նա­կան պատե­րազմը յառաջ բերած է նոր ուժե­րու յարա­բե­րակցութիւն: Ռուսիա, Եւրո­պա­յի եւ Արեւմուտքի հետ առճա­կատման լոյսին տակ, նոր դաշնա­կից գտած է յանձինս Չինաստա­նի: Վերջինս դէպի Եւրո­պա նորօ­րեայ իր Մետաքսի ճանա­պարհի ծրա­գի­րով (Belt and Road initiative) կը ձգտի իր շուկան ընդարձա­կել եւ ցամա­քի ճանա­պարհով ալ հասնիլ Եւրո­պա: Այս ծրա­գի­րի յաջո­ղութեան համար, Եւրո­պա­յի դռնե­րուն վրայ կայ Թուրքիան, որ նաեւ ակնյայտօ­րէն Ռուսիոյ հետ բարե­կա­մա­կան եւ ռազմա­վա­րա­կան գործակցութիւն ունի, ինչպէս երեւաց Արցա­խի պատե­րազմին ընթացքին: Չինաստան Թուրքիոյ հետ իր մերձե­ցումը բացա­յայտեց, երբ 2014ին, Թուրքիոյ մէջ, միա­ցեալ ռազմա­փորձեր իրա­կա­նա­ցուց: Ահա այս դիտանկիւնէն մեկնած՝ Ամե­րի­կա շահագրգռուած չէ տեսնե­լու Չինաստան, Ռուսիա եւ Թուրքիա համա­ձայնութիւն մը, մանաւանդ երբ Չինաստան մեծա­պե­տա­կան ախորժակներ կը ցուցա­բե­րէ Խաղա­ղա­կա­նի եւ մանաւանդ Հարաւա­յին Չինաստա­նի ծովուն մէջ (South China Sea):

Չինա­կան այս նկրտումնե­րուն դէմ, Չինա­կան ծովուն եւ Հնդկաց ովկիա­նո­սին մէջ Ամե­րի­կա պէտք ունի նոր եւ ուժեղ դաշնա­կի­ցի մը եւ այդ ուժը Հնդկաստանն է:

Հնդկաստան աճող եւ գերոյժ դառնա­լու թեկնա­ծու երկիր է: Ներկա­յիս, ճիշդ է, որ անոր տնտե­սութիւնը քանի մը անգամ աւե­լի թոյլ է քան չինա­կա­նը, սակայն Ամե­րի­կա­յի աջակցութեամբ, անի­կա կրնայ բարե­լաւել իր տնտե­սութիւնը եւ դառնալ գերպե­տութիւն. կը մնայ նաեւ, որ անի­կա իր շուկան ընդարձա­կէ: Ահա այդ եւրո­պա­կան շուկան հասնե­լու համար եւ մրցակցե­լու Չինաստա­նի հետ, անի­կա ունի աւե­լի նուազ ծախսա­լի ճանա­պարհ իր արդիւնա­բե­րութիւնը այնտեղ հասցնե­լու համար:

Հնդկաստա­նի ամէ­նէն մօտիկ նաւա­հանգիստէ մը ծովով դէպի մօտա­կայ Իրան եւ այդտե­ղէն ցամա­քա­յին ճամա­պարհով դէպի Հայաստան եւ Վրաստա­նի ճամբով դէպի Սեւ ծով ճանա­պարհը, քանի մը անգամ աւե­լի կարճ է՝ քան Չինաստա­նէն Ատրպէյճա­նի միջո­ցով դէպի Սեւ ծով ճանա­պարհը: Չմոռնանք որ Չինաստան սերտ դաշնա­կից է Հնդկաստա­նի ոխե­րիմ թշնա­մի Փաքիստա­նի հետ:

Չինաստան-Ամե­րի­կա հակա­մարտութիւնը սկսած է սուր բնոյթ ստա­նալ, իսկ եթէ Հայաստան այս տրա­մա­բա­նութեամբ Հնդկաստա­նի հզօ­րացման ճանա­պարհին վրայ կարեւոր տարածք է, որմէ կրնանք օգտուիլ մենք, տնտե­սա­կան եւ մանաւանդ Ամե­րի­կա­յի զօրակցութիւնը ունե­նա­լու իմաստով, մեզի կը մնայ յուսալ անոր յաջո­ղութեան համար եւ ողջունել զայն:

Թէեւ ապա­գան ցարդ անո­րոշ է, սակայն վհա­տի­լը անձնասպա­նութիւն է. պէտք է ամէն ջանք թափենք, որպէսզի հասնինք մեր սեփա­կան սպա­ռա­զի­նութիւնը արտադրե­լու, բայց մինչ այդ, անհրա­ժեշտ է զինուիլ որեւէ երկրի զէնքե­րով, որպէսզի չապաւի­նինք որեւէ երկրի զօրակցութեան, որովհե­տեւ չկան մնա­յուն դաշնա­կիցներ, կան միայն մնա­յուն շահեր:

Պետութիւննե­րը կ՛առաջնորդուին միայն իրենց սեփա­կան շահե­րով:

Հոդվա­ծը՝ asbarez.am կայքից:

Առնչվող Հոդվածներ