Հարց է, թէ ինչո՛ւ Ամերիկա, ի հեճուկս իր դաշնակից Թուրքիոյ, պիտի ուզէ զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանին: Այստեղ արդէն պէտք է նկատի ունենալ, որ քաղաքականութիւնը յարատեւօրէն փոխուող երեւոյթ է եւ աշխարհակարգը մնայուն եւ հաստատուն չէ:
Աւօ Պօղոսեան
Կ՛ըսեն, որ յոյսը վերջին մեռնողը կ՛ըլլայ:
Հայաստան այսօր՝ ինչպէս միշտ, դարձեալ մինակ է իր գոյութենական պայքարին մէջ:
Շրջապատուած թշնամի երկու թրքական պետութիւններով՝ մեկուսացած աշխարհէն, բացի Վրաստանի եւ Իրանի տարածքներով անցող ճամբաներէն, զուրկ՝ դէպի ծովեր ելքերով, մեզի պարտադրաբար կը մնար դաշնակցիլ Ռուսիոյ հետ՝ երկիր մը, որ հարաւային Կովկասը կը նկատէր իր ազդեցութեան գօտին: Աւա՜ղ, մեր հզօր դաշնակիցը ազատ կը զգար դաշնակիցին օգնութեան հասնելու, երբ ինք անոր պէտք ունէր, իսկ դաւաճանել անոր, երբ իր շահերը չէր համընկներ դաշնակիցի շահերուն:
Այդպէս եղաւ Արցախի վերջին պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք, երբ Ռուսիա բացայայտօրէն կողմ եղաւ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին, եւ օգնեց անոր, առնուազն աչք փակելով անոր յառաջխաղացքին: Մնացեալ մանրամասնութիւնները կրկնելու կարիք չկայ. արդէն անոնք ծանօթ են բոլորիս:
Ռուսիա, ինչպէս բոլոր պետութիւնները, առաջին հերթին կը գործէ իր քաղաքական շահերէն մեկնած, եւ հետեւաբար այս անգամ տարբեր չէր կրնար ըլլալ: Ատրպէյճանին պէտք ունէր, որպէսզի ռազմական յենակէտ ունենար այդ երկրին մէջ. մէկ կողմէ մօտէն հակակշռելու եւ հսկելու անոր, ու նոյն ժամանակ Իրանի շարժումները, միւս կողմէ՝ ապահովելու Թուրքիոյ չէզոքութիւնը Ուքրանիոյ հետ իր պատերազմին մէջ, իսկ Իրանի դէպի Սեւ Ծով ելքը Հայաստանի միջոցով, ըստ երեւոյթին, Ռուսիոյ համար հաճելի չէ:
Այս փաստերուն դիմաց, բնականաբար, մեզի կը մնայ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը հաւասարակշռել, Ռուսիոյ հետ մեր բարեկամութիւնը շարունակելու կողքին նոր դաշնակիցներ գտնելու հարկադրանքով, կամ անձնատուր ըլլալ մեր դաշնակիցի քմահաճոյքին: Եթէ նոր դաշնակիցներու կարիքը ունինք, ուրեմն ո՞վ՝ բացի Արեւմուտքէն: Արեւմուտքը կ՛ընդգրկէ Եւրոպան եւ Հիւսիսային Ամերիկան, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգները:
Եւրոպան ընդհանրապէս մեծապէս կախեալ է Ռուսիայէն իր ուժանիւթի կարիքներուն համար. առանց Ռուսիոյ կազի մատակարարման եւրոպական տնտեսութիւնը մեծապէս կը տուժէ եւ այդ պատճառով ալ անիկա ընդհանրապէս չի կրնար Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը նեղացնել՝ կողմ ըլլալով Հայաստանին, որովհետեւ Պաքուի կազը Թուրքիոյ ճամբով, իր ծարաւը մասամբ կը յագեցնէ:
Ֆրանսա համեմատաբար նուազ կախեալ է ատրպէյճանական եւ նոյնիսկ ռուսական կազէն՝ շնորհիւ իր այլընտրանքային ուժանիւթի աղբիւրներուն: Ֆրանսա իր ուժանիւթը առաւելաբար կը ստանայ իր ադոմական կայաններէն, որոնք իրենց հզօրութեամբ ամերիկեանէն ետք երկրորդն են աշխարհի վրայ եւ մօտաւորապէս 78 տոկոսով իր ուժանիւթի կարիքները կը մատակարարուի այդ կայաններէն: Կազի իր կարիքները կը ներածէ Նորվեկիայէն, Հոլանտայէն, Ալճերիայէն եւ Նիճերիայէն, իսկ մնացեալը՝ ուժանիւթի այլընտրանքային աղբիւրներէ, ինչպէս աղբի վերամշակումներէն, հեղուկ կազէն եւ քամիներէն:
Ամերիկա բոլորովին ազատ է եւ կաշկանդուած չէ այս իմաստով, ընդհակառակը՝ անիկա արդէն իր հեղուկ կազի արտածումը գրեթէ կրկնապատկած է եւ կը ծրագրէ սատարել Եւրոպային, անոր նաւահանգիստներուն մէջ, մասնաւոր ենթակառոյցներ կառուցելով, որպէսզի Ամերիկայէն արտածուած կազը, որ հեղուկի վերածուելէ ետք կ՛ուղարկուի Եւրոպա, այդտեղ դարձեալ կազի վերածուելու եւ խողովակներու միջոցով մղուելու դէպի պահանջուած ուղղութիւններ: Ներկայիս այդ կառոյցները արդէն կան, կը մնայ զանոնք աւելցնել:
Հարց է, թէ ինչո՛ւ Ամերիկա, ի հեճուկս իր դաշնակից Թուրքիոյ, պիտի ուզէ զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանին: Այստեղ արդէն պէտք է նկատի ունենալ, որ քաղաքականութիւնը յարատեւօրէն փոխուող երեւոյթ է եւ աշխարհակարգը մնայուն եւ հաստատուն չէ:
Ներկայ ռուս-ուքրանական պատերազմը յառաջ բերած է նոր ուժերու յարաբերակցութիւն: Ռուսիա, Եւրոպայի եւ Արեւմուտքի հետ առճակատման լոյսին տակ, նոր դաշնակից գտած է յանձինս Չինաստանի: Վերջինս դէպի Եւրոպա նորօրեայ իր Մետաքսի ճանապարհի ծրագիրով (Belt and Road initiative) կը ձգտի իր շուկան ընդարձակել եւ ցամաքի ճանապարհով ալ հասնիլ Եւրոպա: Այս ծրագիրի յաջողութեան համար, Եւրոպայի դռներուն վրայ կայ Թուրքիան, որ նաեւ ակնյայտօրէն Ռուսիոյ հետ բարեկամական եւ ռազմավարական գործակցութիւն ունի, ինչպէս երեւաց Արցախի պատերազմին ընթացքին: Չինաստան Թուրքիոյ հետ իր մերձեցումը բացայայտեց, երբ 2014ին, Թուրքիոյ մէջ, միացեալ ռազմափորձեր իրականացուց: Ահա այս դիտանկիւնէն մեկնած՝ Ամերիկա շահագրգռուած չէ տեսնելու Չինաստան, Ռուսիա եւ Թուրքիա համաձայնութիւն մը, մանաւանդ երբ Չինաստան մեծապետական ախորժակներ կը ցուցաբերէ Խաղաղականի եւ մանաւանդ Հարաւային Չինաստանի ծովուն մէջ (South China Sea):
Չինական այս նկրտումներուն դէմ, Չինական ծովուն եւ Հնդկաց ովկիանոսին մէջ Ամերիկա պէտք ունի նոր եւ ուժեղ դաշնակիցի մը եւ այդ ուժը Հնդկաստանն է:
Հնդկաստան աճող եւ գերոյժ դառնալու թեկնածու երկիր է: Ներկայիս, ճիշդ է, որ անոր տնտեսութիւնը քանի մը անգամ աւելի թոյլ է քան չինականը, սակայն Ամերիկայի աջակցութեամբ, անիկա կրնայ բարելաւել իր տնտեսութիւնը եւ դառնալ գերպետութիւն. կը մնայ նաեւ, որ անիկա իր շուկան ընդարձակէ: Ահա այդ եւրոպական շուկան հասնելու համար եւ մրցակցելու Չինաստանի հետ, անիկա ունի աւելի նուազ ծախսալի ճանապարհ իր արդիւնաբերութիւնը այնտեղ հասցնելու համար:
Հնդկաստանի ամէնէն մօտիկ նաւահանգիստէ մը ծովով դէպի մօտակայ Իրան եւ այդտեղէն ցամաքային ճամապարհով դէպի Հայաստան եւ Վրաստանի ճամբով դէպի Սեւ ծով ճանապարհը, քանի մը անգամ աւելի կարճ է՝ քան Չինաստանէն Ատրպէյճանի միջոցով դէպի Սեւ ծով ճանապարհը: Չմոռնանք որ Չինաստան սերտ դաշնակից է Հնդկաստանի ոխերիմ թշնամի Փաքիստանի հետ:
Չինաստան-Ամերիկա հակամարտութիւնը սկսած է սուր բնոյթ ստանալ, իսկ եթէ Հայաստան այս տրամաբանութեամբ Հնդկաստանի հզօրացման ճանապարհին վրայ կարեւոր տարածք է, որմէ կրնանք օգտուիլ մենք, տնտեսական եւ մանաւանդ Ամերիկայի զօրակցութիւնը ունենալու իմաստով, մեզի կը մնայ յուսալ անոր յաջողութեան համար եւ ողջունել զայն:
Թէեւ ապագան ցարդ անորոշ է, սակայն վհատիլը անձնասպանութիւն է. պէտք է ամէն ջանք թափենք, որպէսզի հասնինք մեր սեփական սպառազինութիւնը արտադրելու, բայց մինչ այդ, անհրաժեշտ է զինուիլ որեւէ երկրի զէնքերով, որպէսզի չապաւինինք որեւէ երկրի զօրակցութեան, որովհետեւ չկան մնայուն դաշնակիցներ, կան միայն մնայուն շահեր:
Պետութիւնները կ՛առաջնորդուին միայն իրենց սեփական շահերով:
Հոդվածը՝ asbarez.am կայքից: