ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հայաստան-Սփիւռք Գործընկերութիւն

Ակնյայտ է, որ Հայաստանը այսօր՝ կը նաւարկէ աշխարհակարգային փոփոխութիւններու փոթորիկին մէջ եւ ամէն ժամանակէ աւելի հրատապ է, որ Հայաստան-Սփիւռք անքակտելի ու խորքային գործընկերութեան մը ծնունդը առաջնորդէ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։

Յարութ Գալայճեան

Երեւանի մէջ մեկնարկուած է արդէն Հայաստան-Սփիւռք բազմամարդ Գագաթնաժողովը, որուն 3-օրեայ գործունէութեան ականջալուր է լինելու իւրաքանչիւր յանձնառու հայ անհատ:

Լսողաց ենք, որ Գագաթնաժողովի մասնակիցները առաջին հերթին եւ ուղղակիօրէն՝ ՀՀ Կառավարութեան կարգ մը ներկայացուցիչներէն պիտի տեղեկանան զանազան ոլորտներու մէջ արձանագրուած յառաջխաղացքներու եւ ցարդ ՉՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒԱԾ խնդիրներու մասին։

Բնականաբար ակնկալելի է, որ Գագաթնաժողովը առնէ իր գործնական քայլը Համահայկան Միասնութեան մարմնաւորման իր առաքելութեան եւ վերջնականօրէն դուրս գայ անցեալի կաղապարուած ու անպտուղ յայտարարութիւններու երգեցողութենէն եւ կեանքի կոչէ նոր գաղափարներ ու գործիքակազմեր։

Այս Գագաթնաժողովը պարտի Սփիւռքը ԽՈՐԱՊԷՍ սերտել նոր աշխարհայացքով եւ ՓՈԽԱԴԱՐՁԱԲԱՐ Սփիւռքը՝ Հայաստանին, փոխ-ներգործօնութեան հաստատակամութեամբ։

Սպասելի է նաեւ, որ ԳԻՏԱԿԱՆ քննարկման ենթարկուին հետեւեալ առաջադրանքները

1- Միասնաբար պայքարիլ Հայաստանն ու Սփիւռքը ապատեղեկացնող/ապակայունացնող երեւոթներու դէմ եւ առ այդ ստեղծել միջ-հաղորդակցութեան մնայուն խողովակներ։

2- Որոնել նոր մեքենականութիւն (mechanism) եւ միջոցներ վերջ դնելու համար Սփիւռքի գաղութային տրամադրութիւններուն եւ՝ Հայաստանի 5-րդ Շարասիւնի գործունէութեան։

3- Սփիւռքի փորձագետերն ու ներդրումները ներգրաւել համապատասխան ՀՀ Նախարարութիւններուն մէջ։

4- Ստեղծել ապակուսակցական/Համահայկական Գործադիր Մարմին, որուն մէջ ներկայացուած ըլլան Հայաստանն ու Սփիւռքի Շրջանները։

5- Գագաթնաժողովի ԿԱՐԳԱԽՕՍԸ արժէ որ ընդգրկէ՝ <<Հայաստանը Սփիւռքի համար եւ Սփիւռքը՝ Հայաստանի>> մտածողութիւնը։

Ակնյայտ է, որ Հայաստանը այսօր՝ կը նաւարկէ աշխարհակարգային փոփոխութիւններու փոթորիկին մէջ եւ ամէն ժամանակէ աւելի հրատապ է, որ Հայաստան-Սփիւռք անքակտելի ու խորքային գործընկերութեան մը ծնունդը առաջնորդէ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։

Եւ այդ իմաստով, ջերմօրէն մաղթելի է, որ Համահայկական Գագաթնաժողովը արձանագրէ պետականամետ/շօշափելի յաջողութիւններ։

28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022ՄՈՒՂՆԻ

Գրառումը՝ Յարութ Գալայճեանի ֆեյսբուքյան էջից:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *