16.3 C
Yerevan

Հայաստան-Սփիւռք Գործընկե­րութիւն

Ակնյայտ է, որ Հայաստա­նը այսօր՝ կը նաւարկէ աշխարհա­կարգա­յին փոփո­խութիւննե­րու փոթո­րի­կին մէջ եւ ամէն ժամա­նա­կէ աւե­լի հրա­տապ է, որ Հայաստան-Սփիւռք անքակտե­լի ու խորքա­յին գործընկե­րութեան մը ծնունդը առաջնորդէ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ դէպի խաղաղ նաւա­հանգիստ։

Յարութ Գալայճեան

Երեւա­նի մէջ մեկնարկուած է արդէն Հայաստան-Սփիւռք բազմա­մարդ Գագաթնա­ժո­ղո­վը, որուն 3‑օրեայ գործունէութեան ականջա­լուր է լինե­լու իւրա­քանչիւր յանձնա­ռու հայ անհատ:

Լսո­ղաց ենք, որ Գագաթնա­ժո­ղո­վի մասնա­կիցնե­րը առա­ջին հերթին եւ ուղղա­կիօ­րէն՝ ՀՀ Կառա­վա­րութեան կարգ մը ներկա­յա­ցուցիչնե­րէն պիտի տեղե­կա­նան զանա­զան ոլորտնե­րու մէջ արձա­նագրուած յառաջխա­ղացքնե­րու եւ ցարդ ՉՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒԱԾ խնդիրնե­րու մասին։

Բնա­կա­նա­բար ակնկա­լե­լի է, որ Գագաթնա­ժո­ղո­վը առնէ իր գործնա­կան քայլը Համա­հայկան Միասնութեան մարմնաւորման իր առա­քե­լութեան եւ վերջնա­կա­նօ­րէն դուրս գայ անցեա­լի կաղա­պա­րուած ու անպտուղ յայտա­րա­րութիւննե­րու երգե­ցո­ղութե­նէն եւ կեանքի կոչէ նոր գաղա­փարներ ու գործի­քա­կազմեր։

Այս Գագաթնա­ժո­ղո­վը պարտի Սփիւռքը ԽՈՐԱՊԷՍ սերտել նոր աշխարհա­յացքով եւ ՓՈԽԱԴԱՐՁԱԲԱՐ Սփիւռքը՝ Հայաստա­նին, փոխ-ներգործօ­նութեան հաստա­տա­կա­մութեամբ։

Սպա­սե­լի է նաեւ, որ ԳԻՏԱԿԱՆ քննարկման ենթարկուին հետեւեալ առա­ջադրանքնե­րը

1- Միասնա­բար պայքա­րիլ Հայաստանն ու Սփիւռքը ապատեղեկացնող/ապակայունացնող երեւոթնե­րու դէմ եւ առ այդ ստեղծել միջ-հաղորդակցութեան մնա­յուն խողո­վակներ։

2- Որո­նել նոր մեքե­նա­կա­նութիւն (mechanism) եւ միջոցներ վերջ դնե­լու համար Սփիւռքի գաղութա­յին տրա­մադրութիւննե­րուն եւ՝ Հայաստա­նի 5‑րդ Շարա­սիւնի գործունէութեան։

3- Սփիւռքի փորձա­գե­տերն ու ներդրումնե­րը ներգրաւել համա­պա­տասխան ՀՀ Նախա­րա­րութիւննե­րուն մէջ։

4- Ստեղծել ապակուսակցական/Համահայկական Գործա­դիր Մարմին, որուն մէջ ներկա­յա­ցուած ըլլան Հայաստանն ու Սփիւռքի Շրջաննե­րը։

5- Գագաթնա­ժո­ղո­վի ԿԱՐԳԱԽՕՍԸ արժէ որ ընդգրկէ՝ «Հայաստա­նը Սփիւռքի համար եւ Սփիւռքը՝ Հայաստա­նի» մտա­ծո­ղութիւնը։

Ակնյայտ է, որ Հայաստա­նը այսօր՝ կը նաւարկէ աշխարհա­կարգա­յին փոփո­խութիւննե­րու փոթո­րի­կին մէջ եւ ամէն ժամա­նա­կէ աւե­լի հրա­տապ է, որ Հայաստան-Սփիւռք անքակտե­լի ու խորքա­յին գործընկե­րութեան մը ծնունդը առաջնորդէ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ դէպի խաղաղ նաւա­հանգիստ։

Եւ այդ իմաստով, ջերմօ­րէն մաղթե­լի է, որ Համա­հայկա­կան Գագաթնա­ժո­ղո­վը արձա­նագրէ պետականամետ/շօշափելի յաջո­ղութիւններ։

28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022ՄՈՒՂՆԻ

Գրա­ռումը՝ Յարութ Գալայճեանի ֆեյսբուքյան էջից:

Առնչվող Հոդվածներ